Տերեւաթափ. Արմենակ Եղիայեան (1939-2025)
12 նոյեմբեր 2025-ին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, լեզուագէտ, մանկավարժ, հրապարակախօս՝ տոքթ․ Արմենակ Եղիայեան։
«Թորոնթոհայ»-ի խմբագրական կազմը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ տոքթ․ Արմենակ Եղիայեանի մահուան տխուր առիթով։
Յիշատակն արդարոց օհնութեամբ եղիցի։
Նշենք, որ վերջին տարիներուն «Թորոնթոհայ»-ը կը հետեւի Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ին՝ որդեգրելով անոր արդի արեւմտահայերէնի լեզուական-ուղղախօսական կանոնները։
Տոքթ․ Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս «Ուղեցոյց»-ը եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր յառաջաբանին մէջ։
Արմենակ Եղիայեանի կենսագրութիւնը
Արմենակ Եղիայեան ծնած է 1939-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Յաճախած է տեղւոյն Աբգարեան ազգային վարժարանը, ապա Համազգայինի ճեմարանը, որ աւարտած է 1958-ին: Այնուհետեւ եօթը տարի նուիրուած է սուսուցչական ասպարէզին՝ ուսուցանելով հայերէն, ֆրանսերէն, ուսողութիւն եւ այլն: Ուսուցչութեան կողքին հետեւած է Ֆրանսական գրականութեան եւ լեզուաբանութեան դասընթացքներուն։ Կը հետեւի Ֆրանսական բժշկական համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմունքը, որ կ'աւարտէ 1970-ին: Անկէ ի վեր անընդմէջ կը ծառայէ այդ ասպարէզին:
Ազատ ասպարէզի կողքին տոքթ. Արմենակ Եղիայեան մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան՝ 1983-1998, միաժամանակ Ազգային ուսումնական խորհուրդին՝ 1983-1994: Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ կամաւոր հայերէն դասաւանդած է՝ 1991-94 թուականներուն:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան երկար տարիներ մաս կազմած է Կիլիկեան աթոռի «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին: Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուէրով պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի աջակցութեամբ հրապարակուած է առցանց եւ հասանելի է «Նայիրի» հարթակին վրայ։
լուսանկարը՝ V.H. Apelian's Blog-էն. Ա. Եղիայեանը նկարուած 1962-ին
Լիազօրուելով Ազգային ուսումնական խորհուրդէն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն՝ 1991-95-ին, տոքթ. Արմենակ Եղիայեան բոլորովին կամաւոր՝ պատրաստած է նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը, որ քսան տարի կիրարկուած է Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախակրթարաններուն մէջ, նաեւ՝ Յունաստանի, Մարսէյլի, Գանատայի, Նիու Ճըրսիի, Աւստրալիոյ, Քուէյթի, Իրաքի, Եգիպտոսի վարժարաններէն ներս: Ներկայիս անիկա կ’ուսուցանուի միայն Նիու Ճըրսիի եւ տեղւոյս Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ այլուր փոխարինուած ըլլալով նոր շարքով մը:
Հեղինակած է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութիւնը, որ հրատարակուած է 2005-ին Կիլիկեան աթոռին կողմէ՝ Կիւլպենկեան ֆոնտի մատենաշարով։ Յատուկ պատուէրով արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ հրատարակուած է Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ՝ 2 500 տպաքանակով եւ վերահրատարակուած 2017-ին՝ 3 500 օրինակով:
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին։