Մոմավառութիւն՝ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն յիշատակին
լուսանկարը տրամադրած է ՀՅԴ ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Կիրակի, 9 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի եւ մոմավառութեան արարողութիւն՝ 44-օրեայ պատերազմի նահատակ զինուորներուն անմառ յիշատակին։
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի կազմակերպած մոմավառութիւնը սկիզբ առաւ ԳԵՄ-ականներ Բալիկ Աստուրեանի եւ Յովան Մկրտիչեանի խօսքերով, որոնք փոխանցեցին մասնաճիւղին պատգամը։
Աստուրեան մասնաճիւղին խօսքը փոխանցելով՝ ըսաւ․ «Շուշին ինկաւ ոչ թէ որովհետեւ անպաշտպան մնաց, այլ անպաշտպան ձգելու որոշում տրուեցաւ Երեւանէն։ 9 նոյեմբերի տխրահռչակ յայտարարութենէն ետք առանց որեւէ դիմադրութեան մօտ երեսուն տարի ետք, հայկական հսկողութեան տակ եղած շրջանները յանձնուեցան թշնամիին»։ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Պապաս ինձ նայեց ու ասաց, որ պատերազմը սկսուել է։ Յաջորդող օրերը լինելու էին իմ կեանքի ամենացաւօտ օրերը։ Յաջորդ առաւօտեան գնացի դպրոց, դպրոցին տրամադրութիւնը բարձր էր, բայց՝ պատերազմի հետեւանքներն ու տխրութիւնը զգալի։ Իմ ծննդեան օրը պատերազմի ժամանակ էր, կարկանդակ չկար, նուէրներ չկային, միայն աղօթքներ՝ զինուորների համար»։
ՀՅԴ Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ Յովիկ Գույումճեան կոմիտէութեան եւ Հայ դատի խօսքը փոխանցելով՝ ըսաւ․ «Ինչպէս Գանատան կը յիշէ իր հերոսներն ու քաջերը, մենք ալ կը յիշենք մեր քաջերը, որոնց անունները պիտի մնան մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ»:
Գանատայի խորհրդարանական պատգամաւորներ Մակի Չի (Հիւսիային Տան վալի), Ճին Եիփ (Սքարպորօ-Էյճինքորթի), Ալի Էհսասսի (Ուիլոտէյլի), Թորոնթոյի քաղաքապետարանի անդամ Ճաշ Մաթլու (12-րդ ընտրաշրջանի՝ Սանթ Փոլի) խօսք առնելով՝ յիշեցին 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքը, անոր պատճառած հազարաւոր զոհերը եւ հարիւր քսան հազար հայերու բռնի տեղահանութիւնը, զոր բնորոշեցին որպէս ցեղային զտում։
ԳԵՄ-ական Նարինէ Արթին արտասանեց Միքայէլ Նալպանդեանի «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը։ Տէր Տաթեւ աւ․քհն․Միքայէլեան խօսք առնելով, ըսաւ․ «Ժամանակն է խօսքէ գործի անցնելու։ Այսօր, այս տեղէն, մեր բոլորին կողմէ կոչ կ’ուղղենք, ըսելու' ձեր լռութիւնը պատճառ կը դառնայ ցեղասպանութեան շարունակութեան։ Եթէ ցեղասպան թուրքը, ազերին դատուէին 1915-ին, այսօր համարձակութիւն չէին ունենար նորը գործելու»։
ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ԳՊՄ) անդամները Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները երգելէն ետք, ներկաները վառած մոմեր զետեղեցին հարիւրաւոր նահատակներու նկարներուն առջեւ՝ յարգելով անոնց անմառ յիշատակը։ Այնուհետեւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի երիտասարդներն ու պատանիները ուղղուեցան դէպի «Պապիկ-տատիկ» յուշատախտակ, որուն առջեւ զետեղեցին իրենց ձեռքին բռնած մոմերն ու ճերմակ վարդերը՝ երգելով «Վէրքերով լի» երգը՝ ի յիշատակ արցախեան պատերազմներուն նահատկուած մեր զինուորներուն եւ հայորդիներուն յիշատակին։