Հայկական ակունքներուն զնգիւնը Գանատայի մէջ
«Ակունք» համոյթը ազգային հպարտութեան հոգեթով պահեր պարգեւեց թորոնթոհայութեան
Հայ երգը՝ մեր ժողովուրդի շունչը, մեր գոյութեան ամենէն հին ու անջնջելի վկայութիւնն է։ Երբ ան հնչէ, ժամանակը կը կանգնի եւ մեր նախնիներու ձայնը կը դառնայ ներկայ։
լուսանկարը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի տեսանիւթէն
Ահաւասիկ այդ ձայնն էր, որ կրկին հնչեց Գանատայի մէջ, երբ Հայաստանի «Ակունք» ազգագրական պետական համոյթը իր գունագեղ ու հոգեթով ելոյթներով վերակենդանացուց մեր հին երգերն ու պարերը, մեր բարբառներն ու սովորութիւնները։ Անոնք միայն չյայտնուեցան բեմին վրայ, այլ մտան սրտերուն մէջ, դարձան հպարտութեան լոյս եւ ազգային ոգիի նոր թափ։
Հայ երգի նուիրեալ բանահաւաք եւ մեծանուն երգիչ Հայրիկ Մուրատեանի «Հայ մնալ ու հայ ապրիլ» յորդոր-խնդրանքը կը շարունակէ հնչել անցեալէն այսօր՝ իբրեւ կանչ մը դէպի մեր արմատներուն խորքը։ Արդարեւ, «Հայկական է, պատուական է» արտայայտութիւնը լիովին արդարացաւ վերջին երկու շաբաթներու մշակութային եռուզեռի ընթացքին, երբ՝ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ՝ Գանատա հիւրընկալուած «Ակունք» համոյթին համերգաշարը՝ ազգագրական փառատօնի վերածուելով, գրաւեց գանատահայերուն սրտերը՝ Մոնթրէալէն մինչեւ Գէյմպրիճիմւ Թորոնթօ։
1974-ին, բանահաւաք եւ ազգագրագէտ Մարօ Մուրատեանի հիմնած «Ակունք» համոյթին առաքելութիւն առաջին իսկ օրերէն եղած է պահպանել, ներկայացնել եւ տարածել հայ ժողովրդական երգերն ու պարային, մշակութային արժէքները՝ որպէս հայ ազգային ինքնութեան անբաժանելի ժառանգութիւն։
Համոյթը, որ իր մէջ կը համախմբէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի բազմերանգ երգերն ու պարերը, տարազներն ու բարբառները, 4 հոկտեմբերին, իր երրորդ եւ եզրափակիչ համերգով՝ Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, բեմ բարձրացաւ՝ իր առինքնող ու հոգեթով ներկայացումով։
Մթնշաղի շողերով լուսաւորուած բեմին վրայ տեղադրուած փայտեայ օրօրոցը, խնոցին, կաւէ կուժը, ճախարակը եւ ձեռարուեստի նմուշները արդէն կը բանային միտքի դռները դէպի մեր բնօրրանը՝ այն ճանապարհով, ուրկէ անցած են մեր նախնիները։
Համազգայինի շրջանային վարչութեան անդամ եւ օրուան հանդիսավար Յարութ Տոնոյեան բեմ բարձրացաւ, ողջունեց հանդիսատեսը Համազգայինի անունով եւ ըսաւ․ «Մեծ պատիւ է կատարել այս գեղեցիկ երեկոյի բացումը՝ նուիրուած մեր ժողովուրդի հարուստ երաժշտական ու պարային ժառանգութեան։ Այսօր հաւաքուած ենք ո՛չ միայն երաժշտութիւն լսելու, այլ զգալու հայի հոգին՝ երգին, հնչիւնին եւ շարժման միջոցով»։ Ան նաեւ անդրադարձաւ համոյթի պատմութեան եւ անոր գեղարուեստական ղեկավար, կոմիտասագէտ Արթուր Շահնազարեանի անսակարկ նուիրումին՝ ընդգծելով, թէ անոր մասնագիտական խորագիտութիւնն է, որ կը պահէ համոյթին անաղարտ ընթացքը թէ՛ հայրենի բեմերուն, թէ՛ աշխարհի զանազան երկիրներու բեմերուն վրայ։
Երբ բեմին վառ լոյսերը փայլեցան, գունազարդ տարազներով երգիչ-երգչուհիները ներս մտան եւ իրենց տարազներու գոյներով բեմը վերածեցին Սարեանի հնչուն կտաւներէն մէկուն։ Երկու բաժիններով, մօտաւորապէս երեք ժամ տեւողութեամբ, հանդիսատեսին առաջ բացուեցաւ այնպիսի ներկայացում մը , որուն ընթացքին հնչեցին հարսանեկան, տօնական, աշխատանքային, օրօրոցային, քնարական, մանկական, պատմական եւ հայրենասիրական երգեր՝ պատմական Հայաստանի գրեթէ բոլոր գաւառներէն։ Համոյթին ներկայացումը ոչ միայն կատարողական էր, այլ նաեւ գիտական ու ազգագրական աշխատանք մը, որ հաւաքած, վերակենդանացուցած եւ բեմադրած էր մեր ժողովուրդի երբեմնի մոռցուած գանձերը՝ մաքրամաքուր ձայնով ու անխաթար հայկական հնչիւններով։
Առաջին բաժինը սկիզբ առաւ «Բարի լուսոյ»-ով, իսկ աշխատանքային երգերու շարքով վարուցանքի ամբողջ արարողութիւնը պարզուեցաւ հանդիսատեսին առաջ․ երգիչները արեւին առաջին շողերուն հետ արտ հասնելով՝ եզներուն հետ զրուցեցին, իրենց հնչեղ ձայնով գութանը պատրաստեցին ու հոն Վարուժանի «Ցորեանի ծովեր»-ը արթնցան ու մեղմօրէն երգեր փսփսացին ունկնդիրներուն ականջին։ Սեբաստիոյ պարով երջանկութիւն սփռուեցաւ ամենուրեք, «Աշուղ ա էկել», «Ջուր կու գէր» «Մեր տան իտեւ», «Տրինա» ժողովրդական երգերու եւ «Ուրֆանէ» պարի կատարումներէն ետք երգչուհիներուն երգած օրօրոցայինները սրտեր շարժեցին։ Բազմազան բարբառներով երգուող օրօրոցայինները Համազգայինի բեմէն շատ քաղցր հնչեցին ու մեր հարուստ լեզուի բարբառներուն ճոխութիւնը եւ հայ մայրերուն հոգատարութիւնը յայտարարեցին արար աշխարհին։ Չյուզուիլը անհնար էր։
Կատակ երգ «Իշու դնչուկ»-ով եւ «Նարէ» քնարական երգ ու պարով աւարտին հասաւ առաջին բաժինը։ Հայկական դհոլն ու զուռնան անընդհատ ընկերակցեցան հայկական զգացաշարժ տուտուկի մեղեդիներուն ու հայկական աւանդոյին ու մշակոյթի մասնիկներուն վառ օրինակը հանդիսանալով՝ հմայեցին հանդիսատեսը։
Երկրորդ բաժինով՝ սեւ ու ոսկեգոյն, ասեղնագործ տարազներով բեմ բարձրացան «Ակունք»-ի ինը երգիչ-երգչուհիներ եւ «Զողորմի»-ով, «Ռոստոմի»-ով, «Կիլիկիոյ տապքէ»-ով, «Թամզարա»-ով, Սասունի երգերու շարքով եւ «Ալաշկերտի քոչարի»-ով ճոխացուցին մթնոլորտը։ Ուրախ եւ դրական յոյզերով լիցքաւորուած հանդիսատեսը ծափողջիւններով միացաւ համոյթին։ Հանդիսատեսը «Իշխանական» պարի ընթացքին ծափ զարկաւ, «Հադիգոյ» եւ «Շիրխանի» խնճոյքի եւ հարսանեկան երգերուն եւ հանրածանօթ «Կտրիճ Դաւօ» երգին հետ քէֆ ընող հարազատներու ուրախութեան համն ու հոտը զգալով՝ միաբերան երգեց։
Կարգը հասած էր հայրենասիրական երգերու շարանին, որուն կատարման ժամանակ նոյնպէս՝ ամբողջ զգայարանքը ձայնին մէջ տեղաւորած, երգիչ-երգչուհիներուն հետ բարձրաձայն երգեց ոգեւորուած հանդիսատեսը։ Երբ հնչեցին «Նայ նայ»-ն ու «Հանինա»-ն, ապա «Քոչարի»-ն եւ «Եարխուշտա»-ն, սրահը դարձաւ հայկական բարձրավանդակ, ու բոլորը զգացին անպարտ եւ յաղթական հայի ոգիին ներկայութիւնը բեմին վրայ։
Ազգային հպարտութիւն ու երախտագիտութիւն կար բեմին վրայ ու սրահին մէջ։ Հայկական մշակոյթի թարմ շունչը իր էութեամբ զգացող խանդավառ հանդիսատեսը յոտնկայս ծափահարեց՝ «Ակունք» համոյթին, որ իր երգացանկով եւ կատարողութիւններով յաջողութեամբ պսակեց իր առաքելութիւնը, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, որ նախաձեռնողն ու կազմակերպողն էր այս շրջագայութեան՝ Մոնթրէալէն Գէյմպրիճ ու Թորոնթօ, ինչպէս նաեւ տեսլականը իրականացած «Սանահին», «Տաթեւ» եւ «Գլաձոր» մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ յանձնախումբերուն։
Յարութ Տոնոյեան Գ․ Էմինի «Սասուցիների պար»-էն տողեր արտասանեց ու բեմ հրաւիրեց Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Թամար Շահինեանը եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը՝ եզրափակելու այս բացառիկ երեկոն։
Պապիկեան բարձր գնահատեց համոյթին ելոյթը՝ ըսելով․ «Իւրայատուկ երեւոյթ մըն էր այս երեկոն։ Դուք մեզ տարիք պապենական հողերու փառքի օրերը։ Դուք էք յոյսն ու լոյսը հայ մշակոյթի զարթօնքին։ Դուք անաղարտ հայ երգարուեստը կը փոխանցէք մեր ապագայ սերունդին եւ անոր ճաշակը կը բարձրացնէք»։
Երեսփոխանը իր անունով գնահատագիրներ նուիրեց «Ակունք»-ի իւրաքանչիւր անդամին, առ ի գնահատանք իրենց տարած ազգապահպան աշխատանքներուն։ Ինչպէս նաեւ փոխանցեց նահանգապետ Տակ Ֆորտի գնահատագրերը՝ մէկը Շրջանային վարչութեան, իսկ միւսը՝ «Ակունք» համոյթին։
Թամար Շահինեան Համազգայինի շրջանային վարչութեան անունով յուշանուէր մը նուիրեց համոյթին՝ հետեւեալ գրութեամբ․ «Հայաստանի «Ակունք» պետական ազգագրական համոյթին՝ առ ի գնահատանք հայ մշակութային ժառանգութեան եւ ազգային աւանդութիւններու պահպանման ու տարածման ազնիւ առաքելութեան»։
Շահինեան վարչութեան անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթի անդամներուն ու խումբի ստեղծագործական ղեկավար Արթուր Շահնազարեանին, Ժողովրդական երաժշտութեան եւ պարի ազգային կենդրոնի ղեկավարութեան, որոնց համագործակցութեան արդիւնքով կատարեալ յաջողութեան դափնիով պսակուեցաւ Գանատայի մէջ կայացած այս համերգաշարը։ Ատենապետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, հովանաւորներուն, նուիրատուներուն, աջակից կամաւորներուն, Համազգայինի երեք մասնաճիւղերուն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանին, միշտ իրենց կողքին գտնուելուն եւ անխոնջ աշխատանքին համար, ապա ըսաւ․ «Կը հաւատանք, որ «Ակունք»-ի առաքելութիւնը նոյնն է, ինչ որ է մեր առաքելութիւնը, իբր Համազգային՝ պահպանել եւ տարածել հայկական մշակոյթը եւ զայն փոխանցել սերունդէ-սերունդ։ Եթէ իրենց առաքելութիւնը այդ է հայրենիքէն ներս, ապա մերը նոյնն է՝ հայրենիքէն դուրս, եւ մենք այս մէկը չենք կրնար իրականացնել առանց իրենց»։
Այսպէս, զուլալ հայկական ոգին նոր շունչ ստացաւ Գանատայի հողին վրայ։ «Ակունք»-ը դարձաւ կենդանի կամուրջ՝ անցեալէն դէպի ապագայ, իսկ անոր կրած յաջողութեան արձագանգը ներկայի եւ ապագայի հայ սերունդները ոգեւորող։ ֎
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյ. 2025 (#219) թիւին մէջ: