ՀՕՄ-ի «Ղեկավարներու պատրաստութեան ծրագիր»-ը յաջողութեամբ աւարտին հասաւ

23 նոյեմբեր 2024-ի կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնէն ներս, ջերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ Leadership Development Program («Ղեկավարներու պատրաստութեան ծրագիր») նախաձեռնութեան աւարտական հանդիսութիւնը։ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ՝ երրորդ շրջանը ընթացք առաւ դարձեալ աշխուժ հեւքով եւ երեք հանդիպումներով, ապա՝ աւարտին հասաւ ոգեւորուած՝ նոր մասնակիցները զինելով նորանոր եւ այժմէական գիտելիքներով։— with ARS Toronto Roubina Chapter.

Դասընթացքի դասախօսական կազմը կը բաղկանար հետեւեալ դասախօսներէն՝ Յասմիկ Ծառուկեան, Ռինա Խոսրոֆ, Ժագլին Աճէմեան, Նաթալի Կէօքշէնեան եւ Ալիք Ֆարրա Գիրէջեան։ Անոնք՝ ինքնաճանաչումի, ինքնագիտակցութեան, ինքնաարժեւորման, ինքնավստահութեան եւ ինքնագնահատման պահերու ճանաչողութիւնը եւ արժեւորումը կատարելով, մասնակիցներուն օգնեցինք աւելի գիտակցօրէն մօտենալու իրենց առօրեայ կեանքին, իսկ աշխատանքի մարզին մէջ՝ ճիշտ կողմնորոշմամբ նպատակասլաց եւ դրական քայլերով առաջ երթալու։

Դասընթացքի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ՀՕՄ-ի անդամներ չէին. անոնք այս դասընթացքին շնորհիւ շատ օգտուած եւ իրենց ուժերը գնահատել սորված էին։ Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ամիսը մէկ` չորս ժամուան տեւողութեամբ, երեք հանդիպումներով եւ ինը ենթաբաժանումներով իրականացած էին դասընթացքները հետեւեալ կարգով՝

21 սեպտեմբեր 2024

· Մաս 1. Մեկնարկ (Kick-off)

· Մաս 2. Կիրք, նպատակ եւ արժէքներ (Passion, purpose, and values)

· Մաս 3. Նպատակադրում (Goal setting)

19 հոկտեմբեր 2024

· Մաս 4. Ներառում եւ պատկանելիութիւն (Inclusion and belonging)

· Մաս 5. Անձնական ապրանքանիշ (Personal branding)

· Մաս 6. Սերունդներու աշխատուժ (Generational workforce)

23 նոյեմբեր 2024

· Մաս 7. Խորհրդատուութիւն եւ մարզում (Mentoring and coaching)

· Մաս 8. Ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ղեկավարման արուեստը (Art of managing up and across)

· Մաս 9. Դիմացկունութիւն եւ կամք (Resilience and grit)

Այժմէական գիտելիքներով լիացած նախաձեռնութեան հանդիսութեան ընթացքին մասնակիցները ստացան վկայագրեր (certificate of completion), ինչպէս նաեւ մէկական օրինակ նախորդ տարիներու «Տոհմիկ օր»-երու առիթով հրատարակուած գիրքերէն։

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն, ներկաներուն եւ մասնակիցներուն ու անոնց շնորհաւորելով վստահեցուց, որ դրական արդիւնքներ բովանդակող այս յաջողակ դասընթացքի մասնակիցները իրենց սորված եւ իւրացուցած գիտելիքները պիտի գործածեն անձնական կեանքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ աշխատանքի ծիրէն ներս։ Դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերած տասներկու անհատները, ո՛չ միայն դասախօսներէն, այլեւ զիրար լսելու եւ իրարմէ սորվելու առիթը ունեցան։

Ատենապետը իր խօսքին մէջ վստահեցուց, որ մասնակիցները իրենց առօրեայ կեանքին, աշխատանքային միջավայրին եւ ՀՕՄ-ի յանձնախումբերուն մէջ գիտակցօրէն ծառայելու, ղեկավարելու եւ վարչական պաշտօններ ստանձնելու ատակ կը դառնան այսպիսի նախաձեռնութիւններու մասնակցելով, ինչպէս նաեւ հոնկէ քաղած գիտելիքներով ու փորձառութեամբ՝ պատասխանատու ատենապետի, եւ այլ արժանավայել պաշտօններու տիրանալու հնարաւորութիւն եւ յաջողութեամբ առաջ տանելու առիթ կ’ունենան։

Վկայագիրներու տուուչութիւնը կատարուեցաւ ամենայն պատշաճութեամբ, իսկ խանդավառ մասնակիցները այդ թանկագին պահը անմահացնող անձնական եւ խմբային նկարներ նկարուելէն ետք, ՀՕՄ-ական ընկերուհիներուն հետ բերկրանքով հատեցին հանդիսութեան կարկանդակը ու համեղ հիւրասիրութեան եւ քաղցրեղէններով լի սեղանին շուրջ համախմբուած` բարեմաղթանքներով եւ հրաժեշտի խօսքերով ծաղկեցուցին խանդավառ մթնոլորտը։

Ծրագրին մասնակիցներէն Դալար Աթթարեանին, Նարինէ Խաչատրեանին եւ Մարիա Աթթարեանին հետ առիթ ունեցայ զրուցելու։

Դալար Աթթարեան ինծի հետ կիսելով իր տպաւորութիւնները դասընթացքին մասին՝ մասնաւորապէս ըսաւ․ «Ղեկավարներու պատրաստութիւն» նախաձեռնութեան նախաձեռնող անդամները հրաշալի օրինակ են հոգատարութեան եւ ուժեղ հայ կնոջ։ Ուսումնասիրելու ցանկութիւնը, բարեկամական մթնոլորտը, յարգանքը եւ վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անձնական մտահոգութիւնները ու տկարութիւնները ուրիշներու հետ կիսելու հնարաւորութիւնը բացառիկ էին եւ շատ լաւ ձեւով կազմակերպուած։ Դասապահերը իսկապէս գիտելիքներով լի էին։ Քննարկուած թեմաներու մասին շատ բան սորվեցայ, բայց ամենակարեւորը՝ ինքզինքդ սիրել ու ներելը, ճիշտ մարզիչ եւ ուղեկցորդ գտնելու կարեւորութիւնը, սերունդներու եւ անոնց յարաբերութիւններու տարբերութիւնները իմանալը։ Այս փորձը ինծի համար հոյակապ էր, ես անպայման կը մասնակցիմ այս գեղեցիկ ընտանիքի՝ ՀՕՄ-ի յաջորդ միջոցառումներուն»:

Նարինէ Խաչատրեան այս նախաձեռնութեան մասնակցութիւնը հարստացնող փորձ կը համարէ, որ կը խորացէ ըմբռնումը ղեկավարութեան կարեւոր յատկանիշներուն` ճկունութեան եւ նպատակի կարեւորութեան։ «Ես սորվեցայ, թէ ճիշդ ուղիի վրայ իրականացած ղեկավարութիւնը հիմնական դեր կը խաղայ ամուր հիմքեր ու կապուածութիւն ունեցող աշխատակազմ ու անձնակազմ ստեղծելու։ Դասապահերը շատ լաւ ձեւով կազմակերպուած էին եւ դասախօսները մեզի նուիրեցին արժէքաւոր միտքեր, որոնց միջոցով դասընթացքը դարձուցին հետաքրքրական ու ազդեցիկ։ Ինծի համար շատ կարեւոր էր՝ իմանալը ինքնագիտակցման ուժի մասին եւ անոր կարեւորութիւնը կապեր կառուցելու, բարձրանալու եւ բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ՝ մարտահրաւէրները յաղթահարելու ճկունութեամբ հմտանալը», ըսաւ ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընձեռուած առիթին համար։

Մարիա Աթթարեան շատ հետաքրքրական եւ իմաստալից կ'որակէ դասընթացքը, որ իրեն հնարաւորութիւն տուաւ հանդիպելու, կապուելու եւ սորվելու հիանալի եւ բանիմաց անձերու հետ: Ըստ անոր՝ ծրագիրը խթանեց գաղափարներու փոխանակման, փորձի կիսման եւ փոխադարձ աջակցութեան միջավայր մը, որ օգնեց բոլորին ձայնը լսելի դարձնելու ու գնահատուած զգալու, ինչպէս նաեւ աւելի խորապէս հասկնալու իրենց նպատակները եւ թէ ինչպէ՞ս կարենալ սահմանել կեանքի եւ մասնագիտական ուղին, առաւել եւս՝ կողմնորոշուիլ աւելի լաւ աշխատանքային միջավայր ստեղծելու համար։ «Այս դասընթացքի հիմքը կը ներկայացնէր մարտահրաւէրներու ընդմէջէն մտածողութեան աճ ձեռքբերելու ունակութիւնը եւ յաջողութիւն ունենալու կարողութիւնը», նշեց զրուցակիցս՝ բոլորին խորհուրդ տալով մասնակցելու այս հրաշալի ծրագրին:

Ահաւասիկ, ՀՕՄ-ի հոգատար եւ պատասխանատու յարկին տակ համախմբուած, մտերմացած եւ նոր ու կարեւոր գիտելիքներով զինուած հայուհիները՝ նոր տեսլականներու ուղիով եւ լայնածաւալ հորիզոններու խանդավառութեամբ պարուրուած, ինչպէս նաեւ լաւատեսութեամբ ու ինքնավստահ քայլերով իրենց անձնական եւ մասնագիտական կեանքը շարունակելու պատրաստակամութեամբ՝ հրաժեշտ տուին իրարու։ ֎

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Սամիր Ֆարուքի «Տափահացերու գրադարանը»` Թորոնթոյի պիէնալէին մէջ

Next
Next

Ընկեր Ժիրայրը