Ընկեր Ժիրայրը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան անունով՝ այս երկլեզու դամբանականը ներկայացուց Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը հանգուցեալ Ժիրայր Յովհաննէսեանի յուղակաւորութեան, որ տեղի ունեցաւ 11 յունուար 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ:
***
Սիրելի ընկերուհի Սոնա, Յովհաննէսեան ընտանիքի անդամներ, համազգայնականներ, սգակիրներ.
Dear friends,
Today, we pay tribute to a man whose journey and accomplishments speak of courage, strength, vision, and conviction; a dedicated husband, father, grandfather, also a dear friend and founding member of the Toronto chapter of Hamazkayin, a global non-profit educational and cultural society, the late Jirayr Hovhannesian.
As a proud member of Hamazkayin and an admirer and friend of Jirayr, I am honoured to share a few words about the man himself and the legacy he leaves behind.
Առատ եւ գանգուր մազերուն ներքեւ խորաթափանց, խոհուն, բոցավառ աչքեր. թուխ դէմքին՝ թեթեւ ժպիտ մը։
Անվարան սեւին` սեւ ըսող, սկզբունքի տէր եւ համոզումներուն մէջ հաստատ, նիհարակազմ հայ մարդը, որուն սիրտը երկար տարիներու վատառողջ իրավիճակով հանդերձ՝ տիւ եւ գիշեր տրոփեց հայ ազգին, մշակոյթին, ապագայի հեռանկարներուն հետ եւ արիւնեցաւ, այո՛, աշխարհի, բայց մանաւա՛նդ՝ իր ազգին ցաւով։
Այսպէս կը յիշեմ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանը, Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, մեր հաւատաւոր երէց ընկերը. իր անունին հաւատարիմ՝ ժիր այրը, որ մասնաճիւղիս հիմնադրութենէն անդին, տասնամեակներ շարունակ, թէ՛ տեղական, թէ՛ շրջանային մակարդակներու վրայ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով՝ թեւ եւ թիկունք կանգնեցաւ մեր սիրելի միութեան եւ իր միութենականի վարքով ու ազնուութեամբ բոլորիս յարգանքին արժանացաւ։
Behind his distinguished appearance was a hard-working and fiercely determined man, yearning for a better future; that dream brought him and his wife, Sona, to Canada in the 1960s, when Armenian community life was barely in its infancy. A man who, in the company of a few select members of this community, believed in forging a path for the future generation, who carried a sense of responsibility to pass on the Armenian culture. And he was successful in doing so through his charismatic nature and incredible ability to relate to people of all ages. He could carry a conversation, draw you in, and leave you motivated for your next endeavour.
He was a passionate man who believed in the power of our youth. During his tenure as a member of the Executive Board of the Hamazkayin Klatsor chapter of Toronto and the Regional Board of Canada, he made lasting contributions to the growth of their beloved organization, hand in hand and step by step with his wife, Sona.
«Շիւղ շիւղի՝ ... լոյս օրերու հիւրընկալ», ինչպէս պիտի ըսէր Զահրատ։
Երբ առիթով մը հեռաձայնած ըլլայի եւ ինք վերցուցած ըլլար ընկալուչը, գնահատական խօսք մը կամ շահեկան թելադրութիւն մը կ’ունենար անպայման։ Միշտ տեղին, զուսպ եւ դիմացինը ոգեւորող։ Մակերեսային խօսքեր չկային. բարեւ Աստծու բարինէն անդին՝ կը հարցնէր, կը հետաքրքրուէր իր սիրելի միութեան ծրագիրներուն մասին։ Համեստ, ազնիւ եւ բանիբաց մարդ էր ընկ. Ժիրայրը, ճամբայ կտրած եւ ճամբայ հարթած։ Հաճելի էին մեր զրոյցները, սարէն ձորէն, ինչպէս կ՛ըսեն. մէկ նիւթը միւսին կը յաջորդէր եւ կրնայիր ժամերով նստիլ հետը եւ զրուցել համայնքէն, հայրենիքէն, աւանդութիւններէն, անցեալի օրերէն, բայց մանաւա՛նդ գալիքէն։ Յուզումով կը յիշեմ Համազգայինի մէջ սկզբնական տարիներս եւ իր հոգատար վերաբերումը նոր եկողին, երիտասարդին ու անփորձին հանդէպ։ Զիս առաջին անգամ «Գլաձոր» մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովին հրաւիրողը ինքն էր. տակաւին չէի ամբողջացուցած ժողովի մասնակցութեան տուալները, «բան մը կ՚ընենք» ըսաւ, ու այդ եղաւ։
Երբ ակնարկ մը նետենք 1969-էն սկսեալ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի յիսունվեց տարիներուն վրայ, ընկեր Ժիրայրը կը տեսնենք բեմահարթակին կեդրոնը, որպէս Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբի գործունեայ անդամ. զինք կը տեսնենք «Գուսան» երգչախումբի շարքին, քուլիսներու ետին, վարչական պատասխանատուութիւններու վրայ, ցուցահանդէսներու, երաժշտական հանդէսներու, գրական նախաձեռնութիւններու ընթացքին. իսկ լուսանկարներուն մէջ, մօրուքին ետին՝ միշտ համեստ ժպիտով մը։ Կը յիշեմ ժողովներու ընթացքին կրքոտ, անկեղծ քննարկումները. կրնայիր չհամաձայնիլ հետը, բայց անպայմանօրէն կը յարգէիր զինք, իր անկեղծ, տրամաբանական, շահեկան արտայայտութիւններուն համար։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան քառասնամեակին առթիւ մեծարած էր զինք, նաեւ մասնաճիւղիս հիմնադիր յանձնախումբի մնացեալ անդամները (Շուշիկ Պոյաճեան, Վահէ Մարտիրոսեան, Աբգար Միրաքեան, Ներսէս Կէտիկեան, Սուրէն Չէքիճեան). թէեւ ինք լուսարձակ փնտռող մարդ չէր։ Ընկեր Ժիրայրին մեծագոյն գոհունակութիւնն ու վարձատրանքը իր սիրելի միութեան եւ յատկապէս Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վերելքին ականատես ըլլալն էր։
Հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն իր առողջական անկայուն վիճակը չէր արտօներ, որ յաճախակի կերպով ներկայ գտնուի միութեանս ձեռնարկներուն, գիտէինք, որ մեր քայլերուն հետեւող ու մեր մասին մտածող ընկեր Ժիրայրը, թէեւ մարմնով տկարացած սակայն հոգիով ու մտովի մեզի հետ է։
Ninety years of purposeful, fruitful life wrapped up in minutes: It’s simply not possible.
Our dear friend and pioneer Jirayr Hovhannesian’s legacy will live on as we continue to build upon what he and his friends started back in 1969. He was one of a handful of visionaries who paved the way and watched proudly as the future generation carried the torch of our cultural heritage and continues to do so to this day.
Today, we bow our heads in gratitude and appreciation of the man and his legacy.
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մեծ ընտանիքին անունով՝ խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ընկեր Ժիրայրին կնոջ՝ համազգայնական ժրաջան ընկերուհի Սոնային, որ քայլ առ քայլ իր կողքին կանգնեցաւ մինչեւ վերջին շունչը. զաւակներուն՝ Քրիստափորին եւ Սալբիին եւ իրենց կողակիցներուն՝ Քրիստինին եւ Թորսթընին, իր թոռներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր Համազգայնականի, որուն սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի ընկեր Ժիրայրը։
Թող ընկեր Ժիրայրին վաստակը գօտեպնդէ մեզ մեր փշոտ երթին մէջ. ու մենք շարունակենք քալել անվհատ, հաւատարիմ մնալով Համազգայինի բնաբանին՝ «Լոյսով՝ լոյսին»։
Խունկ ու աղօթք մեր սիրելի ընկերոջ հոգւոյն. Բի՜ւր յարգանք իր վաստակին։
***
«Թորոնթոհայ» ամսագիրի խմբագրութիւնն ու անձնակազմը խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնեն թերթի զօրակիցներէն՝ տիկին Սոնա Յովհաննէսեանին, ինչպէս նաեւ համայն Յովհաննէսեան ընտանիքին, Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ հանգուցեալին բոլոր հարազատներուն ու սիրելիներուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Խմբագրութիւն՝ «Թորոնթոհայ»-ի
11 յունուար 2025