Հըտիվեալ փալասին մէջ (Թոմոյի յիշատակին)
Պոլսոյ «Ակօս» (AGOS) շաբաթաթերթի 20 դեկտ. 2024-ի թիւին մէջ լոյս տեսած է թորոնթոհայ բանաստեղծ Ռ. Խաժակի «Հըտիվեալ փալասին մէջ» քերթուածը նուիրուած Եդուարդ Թովմասեանի (Թոմոյի) յիշատակին:
Հըտիվեալ փալասին մէջ
մեծ մօրուքով մարդը
թէյ կը հրամցնէր
հեռաւոր ափերէն եկած
աշխարհ դեռ չտեսած երիտասարդի մը։
«Բախտաւոր ենք որ հոս ենք», կ՚ըսէր,
կը ժպտէր։
Իր հազար ու մէկ պատմութիւնները
կը հոսէին Պէյօղլուի փողոցներուն պէս,
Չարեն ցի հետքերու վրայէն,
մինչեւ Սամաթիա,
մինչեւ Սկիւտար,
մինչեւ այն օրերը երբ
երեք Եդուարդներ կային դասարանին մէջ:
Ու մէկը դարձաւ Թոմօ՝
Սուրբ Խաչի պատերուն տակ։
«Հասարակ մարդ եմ», կ՚ըսէր,
«Արուեստով իրար պիտի հասկնանք»։
Կը հաւատար
նոյնիսկ երբ խաւար ամպեր կուտակուեցան
Պոսֆորի երկնակամարին վրայ։
«Մենք պէտք է սորվեցնենք,
թէ ո՞վ է հայը»։
Հիմա Հըտիվեալ փալասին մէջ
մօրուքաւոր վարպետին աթոռը
պարապ է,
բայց գիրքերը կը շարունակեն խօսիլ,
լեզու գտնել,
կամուրջ կառուցել։
Ժամանակը փշրեց հին յոյսերը,
բայց քու ձայնդ է, Թոմօ,
որ տակաւին կը հնչէ
Պոլսոյ նեղ փողոցներուն մէջ,
ուր կը քալենք
քու երազած ճամբաներէն։
Երեւան, 2024