ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամառնային ճամբարը պաշտօնապէս բացուեցաւ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»--ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամառնային ճամբարի 2025 տարեշրջանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 9 յուլիսին՝ ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, Ճամբարի յանձնախումբին, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչին, Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ծնողներու։
Բացման հանդիսութեան մեկնարկին հնչեցին Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները, ապա՝ ճաբարի տնօրէն Լալա Պարտագճեան ողջունեց ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց արարողութիւնը։
Խօսք առաւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի, եւ վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց ճամբարի մասնակիցներուն, անձնակազմին եւ տնօրէնութեան:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հոգեւոր տեսուչ՝ տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի, սրտի խօսքով ու պահպանիչով։
1979 թուականէն ի վեր, ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը ուրախութեամբ կ’ընդունի 4-12 տարեկան երեխաներ`, տրամադրելով անոնց անվտանգ, ապահով, հոգածութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուն միջավայր մը: Ճամբարը իր բացօթեայ տարածքներով, արդիական միջոցառումներով կը ստեղծէ մտերմիկ եւ հաճոյալի մթնոլորտ, որ լաւագոյն կարգաւորումն է` կերտելու աշակերտին ինքնավստահութիւնը:
Ճամբարի ծրագիրը կը վարէ փորձառու, մարզուած եւ խանդավառ անձնակազմ մը. տնօրէն, խորհրդատուներ, մանուկներու յատուկ հոգատարներ եւ կամաւորներ, որոնք բոլորն ալ կը հաղորդակցին երկու լեզուով(հայերէն-անգլերէն) եւ կը փորձեն, որ աշակերտը ձեռք ձգէ լաւագոյն հայկական-գանատական ճամբարի փորձառութիւնը: Ծրագրին մաս կը կազմեն զանազան մարզանքներ, ճատրակ, ռոպոթաշինութիւն, արուեստ, երգ, պար, ջուրով եւ աւազով խաղալու պահեր, ինչպէս նաեւ պտոյտներ եւ «յատուկ թեմա» ունեցող օրեր:
(լուսանկարը՝ ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի)