Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակի տօնակատարութիւն՝ Թորոնթոյի մէջ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան՝ Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 31 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահէն ներս։
լուսանկարները՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի
Սրահի մուտքին խումբ մը երիտասարդներ հանդիսականները կը դիմաւորէին եռագոյն զարդասեղներով, անուշեղէնի եռագոյն պատառներով եւ ընպելիքներով՝ հայկական գեղեցիկ երաժշտութեան ներքոյ։
Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) ֆանֆարի եւ սկաուտներու «Սարդարապատ» երգի նուագակցութեամբ՝ սրահ մուտքով։
Հանդիսութեան ներկայ էին հայր Գարեգին վրդ․ Շխմրտեան, տ․ Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան, ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ թորոնթոհայեր։
Օրուան հանդիսավար Արիանէ Ղազարեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ներկաներուն ու շնորհաւորեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնը։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդի դարերով անթեղուած անկախութեան գաղափարը, պատմաքաղաքական դէպքերու եւ իրադարձութիւններու յորձանուտին մէջ, աստիճանաբար ոգի եւ շունչ առաւ եւ Դաշնակցութեան անդուլ աշխատանքին ու խոհեմ քաղաքականութեան շնորհիւ դարձաւ կենդանի իրողութիւն։
Հանդիսավարը մատնանաշեց, որ ՀՅ դաշնակցութեան համար հայոց անկախ պետականութեան գաղափարը իր գործունէութեան ընթացքին միշտ առաջնահերթ եղած է եւ իր ամբողջ ուժականութիւնը ի սպաս դրած է Հայ դատի աշխատանքներուն, Արցախեան շարժման բոլոր հանգրուաններուն, ազգային պետականութիւն կերտելու եւ զայն պահելու ընթացքին։
Ղազարեան դիտել տուաւ, որ այսօր թէեւ ունինք անկախ հայրենիք, սակայն մայիսեան յաղթանակը ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած։ Այն ժողովուրդները, որոնք չեն գիտեր լաւ օգտուիլ իրենց անցեալի դասերէն, չեն կրնար առողջ ձեւով կերտել իրենց ապագան, ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը տակաւին շատ բան ունի մեզի սորվեցնելիք։
Ապա բեմ բարձրացան Գանատայի երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներ Սէրլի Կէրէքմէզեան եւ Էլիզապէթ Գանտահարեան, որոնք ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Մեզի հայ կ’ըսեն» բանաստեղծութիւնը, իսկ Նշան Փափազեան նուագեց «Ղարաբաղցին» եւ «Երեւան»-ը։
«Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Սեւան Հաճի Արթինեան։ Ընկերուհին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ այս տարի Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակին զուգահեռ կը նշենք նաեւ ՀՄԸՄ-ի 107 եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 97-ամեակները, որոնք հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու, հայապահպանութեան եւ հայակերտումի դարբնոցներ հիմնելու եւ պահելու գործին մէջ։
Հաճի Արթինեան մատնանշեց, որ 107 տարի առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը, Արամ Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան հիմնած պետականութիւնը, այսօր օրհասական վիճակի մէջ է: Մեր արեամբ ազատագրուած Արցախը՝ յանձնուած թշնամիին, հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող, հոգեպէս փճացած, քաղաքականապէս բոպիկ, մանկլաւիկ ապազգային իշխանութեան կողմէ։ Ան հաստատեց, որ այսօրուան առաջնահերթութիւնն ու հրամայականը ներքին թշնամին ընդմիշտ չէզոքացնելը պէտք է ըլլայ: «Անկախութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան մայիսեան օրերուն նոյնպէս կը դիմագրաւէր ներքին թշնամին։ Հայութեան ճակատագիրի տէր Մանուկեան Արամը, ամենայն պատասխանատուութեամբ կարգի հրաւիրեց եւ պատուհասեց սայթաքողներն ու անկախութեան երթը խոչընդոտող բոլոր ներքին թշնամիները։ Կը մնայ, որ մտահան չընենք պատգամը, թէ մինակ ենք, ուրեմն նաեւ` միասնական, բռնցքուած», ըսաւ ան, շեշտելով, որ «պարտաւո՛ր ենք Հայաստանին, Արցախին եւ համայն հայութեան վերադարձնել արժանապատուութիւնը՝ դարձեալ անկարելին դարձնելով կարելի, որովհետեւ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»։
Միացեալ Նահանգներէն յատուկ հրաւիրուած օրուան բանախօս դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան բեմ հրաւիրուեցաւ՝ փոխանցելու օրուան պատգամն ու խորհուրդը։
Դոկտ․ Յակոբճեան ներկայիս իրաւաբանական գործունէութիւն կը տանի Քալիֆորնիոյ մէջ, անդամ է Ամերիկայի հայ իրաւական կեդրոնի ու Հայ դատի արեւմտեան շրջանի տնօրէն խորհուրդներուն։ Ան աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը, ուսումը շարունակած է Անգլիոյ մէջ եւ 2013-ին Միջազգային օրէնքի մագիստրոսի կոչում ստացած է Լոնտոնի համալսարանէն։ Միջազգային օրէնքի դոկտորականի տիտղոսը ստացած է Վիեննայի համալսարանէն, ուր իր գիտական աշխատանքը կեդրոնացած է մարդկային ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վրայ՝ քննելով Լիբանանի եւ Թուրքիոյ մէջ հայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները։ Մագիստրոսական երկրորդ տիտղոս մը ստացած է նաեւ Ճորճ Մէյսըն համալսարանէն՝ խորանալով Ամերիկեան օրէնսդրութեան մէջ։ Հետեւած է լրագրական, մարմնային լեզուի (body language), հանրային կապերու եւ ծառայութեան, հետեւած է միջկրօնական երկխօսութեան դասընթացքներու Լոնտոնի, Երեւանի, Ժընեւի, Պրիւքսէլի, Պէյրութի, Լիզպոնի եւ Վիեննայի մէջ։
Բանախօսը իր խօսքը սկսաւ՝ նշելով, որ Հայոց նորագոյն պատմութեան ամենէն կարեւոր օրը՝ Մայիս 28-ը, վերջին քանի մը տարիներուն նախկին ոգեւորութեամբ եւ պարծանքով չենք ոգեկոչեր, որովհետեւ Հայաստանը շրջապատուած է անկայունութեամբ եւ սպառնալիքներով, անոր ինքիշխանութիւնը խոցուած է ու Արցախը առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած: Անորոշութիւն, խառնաշփոթ ու վտանգաւոր երեւոյթներ կը փոթորկեն հայ մարդու միտքն ու հոգին, ազգին ու պետութեան հանդէպ անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը վերածուած են կեանքի առօրեայի, շեշտելով, որ ստեղծուած այս իրավիճակին մէջ այսօր սարդարապատեան «խենթերու» եւ սարդարապատեան հնարքներու արդար փնտռտուք մը կայ:
Ան հրաւիրեց ներկաները այսօրուան վիճակին անդրադառնալէն առաջ վերյիշելու 1918-էն մեզի փոխանցուած սրբութիւնները, եռագոյն դրօշն ու զինանշանը պատուել, Արամներու, Դրօներու, Նժդեհներու, Քեռիներու, Գէորգ կաթողիկոսներու անթառամ յիշատակին առջեւ խոնարհիլ, ինչպէս նաեւ յստակօրէն ու բարձրաձայն, Սարդարպատի ղօղանջներուն նման բարձր ու զիլ պատգամ փոխանցել ու ո՛չ ըսել բոլոր անոնց, որոնք այսօր կը փորձեն մեր ազգային արժէքներն ու համազգային արժեհամակարգը խնդրոյ առարկայ դարձնել ու վերասահմանել։
Դեկտ․ Յակոբճեանի բանախօսութիւնը կեդրոնացաւ երեք հարցադրումներու յստակ պատասխաններ տալուն վրայ։
Առաջին հարցադրումը որ ըրաւ ան, թէ ի՞նչ է Մայիս 28-ի ժառանգութիւնը եւ՝ այդ ժառանգութեան այսօրուան պարզած վիճակը եւ պատասխանելով, ըսաւ՝ Մայիս 28-ի մեծագոյն ժառանգութիւնը պետութիւնն է, որ կերտուեցաւ ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներով, թշնամիի յարձակումներուն ենթարկուած, աղքատութեան եւ համատարած հիւանդութիւններու պայմաններուն մէջ։ Այդ ծանր եւ օրհասական վիճակին մէջ հայ ժողովուրդը կրցաւ հիմնել պետութիւն, պետական համակարգ, ազգային բանակ, որոնք կը հաստատեն, թէ հայ ժողովուրդը կրնայ վերածնիլ նոյնիսկ կործանումի եզրէն։
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ ներկայիս փաշինեանական իշխանութիւնը թրքական լսարանին ականջահաճոյ յայտարարութիւններով կը տարանջատէ անցեալն ու ներկան, կը հակադրէ պատմական եւ իրական Հայաստանը, հայրենիքն ու պետութիւնը, ազգայինն ու պետականը, Հայաստանն ու սփիւռքը, Արարատն ու Արագածը, Արցախն ու Հայաստանը: Այս բոլորը կ’ընէ արդարացնելու այն իրականութիւնը, որ այսօր մեր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը խոցուած է, ազերին տարածքներ բռնագրաւած է Հայաստանի միջազգայինօրէն ճանչցուած տարածներէն ու ներքին պառակտումները բեւեռացուցած են մեր հասարակութիւնը:
Բանախօսը նկատել տուաւ, որ Մայիս 28-ի ժառանգութիւնը երբեք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ չի սահմանափակուիր։ Ան ամբողջ հայ ժողովուրդին կը պատկանի, ներառեալ տարածուն եւ կենսունակ սփիւռքին: «Սփիւռքը այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, պէտք է վերագրաւէ իր արժանի տեղը՝ որպէս ռազմավարական միջոց ու հենարան Հայաստանի պետութիւնն ու պետականութիւնը ամրագրելու։ Այդ կը նշանակէ համակարգուած ձեւով ներդրում կատարել հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հետապնդման մէջ, ո՛չ միայն նիւթապէս, այլ նաեւ մտաւորական, դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական եւ քաղաքական մակարդակներով․․․ Մայիս 28-ը մեզ կը յիշեցնէ, որ հայ ազգը կը ծաղկի այն ատեն, երբ իր զաւակները՝ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ գտնուին, արիութիւն եւ յանձնառութիւն կը ցուցաբերեն», իր պատգամին մէջ նշեց ան։
Երկրորդ հարցադրմամբ, թէ որո՞նք են այն յստակ տարբերութիւնները 1918-ի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն միջեւ, Յակոբճեան համեմատականով մը պարզեց, որ սովետական պատմագրութենէն առ այսօր ՀՅԴ-ի անգնահատելի եւ կեդրոնական դերը միշտ կը նսեմացուի ՝ 1918-ի անկախութիւնը ներկայացնելով իբրեւ Թուրքիոյ «նուէր» եւ հայ քաղաքականութեան պարտադրուած ընթացք։ Մինչդեռ, իրականութիւնը այն է, որ խորհրդային տարիներէն մինչ այս պահը, ՀՅԴ-ն հայրենի խրամատներուն ու սփիւռքի մէջ յարատեւ պայքարի ճամբով անկախութեան գաղափարի ջատագովն էր ու կը շարունակէ մնալ: «Անկախութիւնը՝ որպէս անսակարկելի սկզբունք, եղած է ու պիտի մնայ Դաշնակցութեան ծրագրային առանցքը», հաստատեց ան։
Դոկտ․ Յակոբճեան անընդունելի համարեց Առաջին Հանրապետութեան ղեկավարներուն քայլերը նմանեցնել այսօրուան իշխանութիւններու ընտրած գործընթացներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։ Այն ժամանակուան ղեկավարները Ցեղասպանութեան ընթացող պայմաններուն մէջ, առանց դաշնակիցներու եւ ճանչցուած պետականութեան, կը բանակցէին ազգին ու նորածին պետութեան գոյատեւումը ապահովելու եւ ոչ թէ խաղաղութիւն մուրալու։ Այդ օրերու ղեկավարութիւնը կը բանակցէր ու փաստացի (De facto), ո՛չ իրաւական ու ոչ վաւերական պայմանագրեր կը կնքէր, միւս կողմէ կեանքի կը կոչէր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը ու մանաւա՛նդ՝ կը ծրագրէր ու կը գործադրէր «Նեմեսիս» գործողութիւնը...: Իսկ այսօր Հայաստանը անկախ եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւն է, ունի միջպետական ռազմավարական դաշինքներ, դիւանագիտական միջոցներ, աշխարհատարած սփիւռք եւ սփիւռքեան աջակցութիւն, լաւ թէ վատ 30 տարուան պետութիւն, կանոնաւոր բանակ, պետական հաստատութիւններ եւ լծակներ։ Բայց ներկայ իշխանութիւնները գիտակցաբար ու դիտաւորեալ որդեգրած են անձնատուութեան, պատմական իրողութիւններու ժխտման, Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման, թրքական թէզերու սպասարկման, Արցախէն, արցախահայութեան իրաւունքներէն ու համազգային պահանջատիրութենէն հրաժարման եւ առանց որեւէ անվտանգային երաշխիքի թշնամիներուն հետ բնականոնացման, Հայաստանի թրքացման քաղաքականութիւն։ «Հետեւաբար, այսօրուան իշխանութիւներուն ապազգային գործունէութիւնը 1918-ի արդարամիտ, ազգօգուտ եւ պետականամետ իշխանութիւններու գործունէութեան հետ համեմատելը՝ պարզապէս պատմութեան նենգ ու մոլորեցնող, խեղաթիւրող չարաշահում մըն է այսօրերու անդառնալի ձախողութիւնները արդարացնելու փորձ», հաստատեց բանախօսը։
Երրորդ հարցադրումը, որ ըրաւ օրուան բանախօսը այն էր, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ սին խօսոյթներու՝ «խաղաղութեան օրակարգ», «Հայրենիքը պետութիւնն է» եւ «իրական Հայաստան» յորջորջումներուն դէմ։
Բանախօսը նշեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» «Խաղաղութեան օրակարգ» հայեցակարգերով, ներկայ իշխանութիւնները ոչ թէ բարօրութեան ու կայուն խաղաղութեան կ’առաջնորդեն ազգն ու պետութիւնը, այլ հպատակացման ու նուաստացման: «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութիւնը, որ յառաջ կը մղուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, խորքային, նենգ նախագիծ մըն է, որ կը փորձէ վերասահմանել հայկական ինքնութիւնը, յիշողութիւնը եւ ազգային ձգտումներն ու արժէքները:
«Փաշինեանի պնդումը, թէ հայ ժողովուրդը այլեւս հայրենիք փնտռելու կարիք չունի, ոչ միայն կ’անտեսէ միլիոնաւոր հայրենազուրկ հայերու իրողութիւնն ու իրաւունքները, այլ նաեւ բառացիօրէն կը մերժէ հայրենիք հասկացողութեան համաժողովրդական, բազմաշերտ եւ պատմա-մշակութային արդար իմաստը», նկատել տուաւ բանախօսը։
Դոկտ․ Գէորգ Յակոբճեան իր բանախօսութիւնը եզրափակեց՝ շեշտելով, որ այս օրհասական օրերուն, վերոնշեալ քաղաքական սին արժեհամակարգերը կը պառակտեն ու կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ, կը դարձնեն մեզ աւելի խոցելի ու տկար, որոնք ձեռնտու են թշնամիին, ուրեմն՝ րոպէ առաջ պէտք է համախմբուիլ՝ յանուն անկախ պետականութեան հզօրացման, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ սեփական ճակատագրի տնօրինման: Այս առաջադրանքներուն մէջ, մեր ինքնաճանաչման, մեր ներշնչման ու հաւատքի աղբիւրը 28 մայիս 1918-ն է, մենք մեզ ճանչնալու հայելին Սարդարապատն է։
Դոկտ․ Յակոբճեանի շահեկան եւ աժմէական բանախօսութենէն ետք՝ տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Այնուհետեւ բեմը տրամադրուեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն շրջանաւարտ, Գերմանիայէն ժամանած երգիչ Տիգրան Յովհաննէսեանին՝ ազգային եւ յեղափոխական երգերով խանդավառելու տօնական երեկոն։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ: