Highway 401-ին վրայ (Վրէժ-Արմէնի հետքերով)

Կը փորձեմ գծագրել

Յիշողութեանս մէջ

Highway 401-ի անվերջ ճամբան,

Որուն վրայ դուն կը քշես տակաւին:

Խմբագրատան լոյսերը վառ էին միշտ,

Ինչպէս մայրուղիին լոյսերը,

Ու ինչպէս հիմա` քու բառերդ

Կը լուսաւորեն մեր ճամբան:

Քանի՜ քանի՛ անգամ անցար այս ճամբէն`

Խմբագրականներդ գրելով մտքիդ մէջ,

Մինչ գիշերային ձիւնը կը պարէր

Լուսարձակներուն տակ:

Թորոնթօ-Մոնրէալ. հինգ ժամ երկարող

Այս ճամբան, որ անգիր գիտէի,

Այսօր միայն յիշողութիւն է արդէն:

Այժմ Երեւանը կը դիտեմ պատուհանէս,

Մինչ դուն կը շարունակես քու յամառ ճամբորդութիւնդ

Երկու քաղաքներու միջեւ,

Երկու սերունդներու միջեւ,

Երկու աշխարհներու միջեւ:

Քու գրիչդ կը հիւսէ կամուրջներ`

Աւելի ամուր քան պողպատէ կառոյցները Highway 401-ի,

Եւ ես, հեռուէն, կը սորվիմ տակաւին,

Թէ ինչպէս ճարտարապետը կը դառնայ բառերու վարպետ,

Ինչպէս հայրենասէրը կը դառնայ անխոնջ ուխտաւոր:

Ձմրան գիշերներուն, երբ այս քաղաքը կը քնանայ,

401-ի վրայ դեռ լոյսեր կը վառին.

Ահա՛ խմբագիրը կ՛անցնի,

Ահա՛ ճարտարապետը կը նախագծէ,

Ահա՛ մշակը կը մշակէ

Վաղուան արշալոյսը:

Ես թողուցի այդ ճամբան, բայց ան չթողուց զիս.

Ամէն առաւօտ քաղաքը կը դիտեմ,

Կը յիշեմ խօսքերդ`

«Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունին այս ժողովները,

Այս «զոհողութիւնները»:

Զոհողութիւն, այո՛, բայց` առանց չակերտի.

Սէր անսակարկ, անվերջ,

Ինչպէս սէրդ` հանդէպ լեզուին,

Հաւատքդ` հանդէպ մեր գոյատեւման:

Highway 401-ը կը մնայ յաւերժօրէն

Որպէս վկան անոնց,

Որոնք իրենց կեանքը դարձուցին կամուրջ

Երկու աշխարհներու միջեւ:

Եւ դուն,

Վրէժ-Արմէն,

Անոնց մէջ`

Ճարտարապետ մը, որ կառուցեց

Ո՛չ թէ լոկ շէնքեր, այլ`

Սերունդներու անխախտ հոգեւոր կամուրջներ: ֎

***

Գրուած՝ Վրէժ-Արմէնի «Այո՛, ա՛յս ենք մենք» յօդուածին

(«Դրօշակ» նոյ. 2024) ի պատասխան:

Նկար՝ Տորիս Ճ. ՄըքՔարթի, «401` ժամը 4:01-ին», 1992, ջրաներկ թուղթի վրայ, 47 x 56.5 x 3.2 սմ, Տորիս ՄըքՔարթիի Պատկերասրահ, Թորոնթոյի համալսարան (Սքարպորո): Նուէր` Ու. եւ Տ. Ուաքոյէն, 2022:

Ռուբէն Խաժակ

Թորթոծին, երեւանաբնակ կիսաբանաստեղծ: Գրական առաջին փորձերը կատարած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Զանք» տարեգիրքին մէջ։ Անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «Բագին»-ի, «Հորիզոն գրական»-ի, «Ազդակ»-ի, «Ալիք»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Ակօս»-ի, «Թորոնթոհայ»-ի եւ քանի մը այլ հանդէսներու էջերուն մէջ։

Previous
Previous

Տիրուկին հետ. Պոնափարթէն մինչեւ Հայկ նահապետ

Next
Next

Հայ որբերու բարօրութեան hամար՝ SOAR Toronto-ի սրտաբուխ նախաձեռնութիւնը