Տիրուկին հետ. Պոնափարթէն մինչեւ Հայկ նահապետ

Հալաուինին (Halloween) ընդառաջ, մեր աշակերտներուն ծնողներուն թելադրողական նամակ ուղարկեցինք, որ իրենց զաւակներուն վախնալիք, արիւնլուայ տարազներով, կամ խաղալիք զէնքերով, ռումբերով, դանակներով ամբողջացած, մէկ խօսքով վտանգ յառաջացնող կամ պզտիկներուն վրայ գէշ ազդեցութիւն ձգող տարազներ չհագցնեն, որովհետեւ վախնալու կամ վախցնելու առիթ տուող հանդիսութիւն չէ այդ, այլ՝ զուարճանալու ու զուարճացնելու։

Տուեալ օրը մանուկներու յարմար տարազներով ու լայն ժպիտով մանկապարտէզ եկած էին փոքրիկները։ Անոնց մէջ կային արջուկի, շնիկի, կատուի, մոխրոտիկի, էլզայի, վհուկի, ոստիկանի, սուփըրմէնի, իշխանի, իշխանուհիի եւ տակաւին շատ մը կերպարներու տարազները, որոնք զիրենք կրող փոքրիկները՝ իրենց անմեղութեամբ եւ պայծառութեամբ՝ բնականէն աւելի աչքառու եւ գեղեցիկ կը դարձնէին։

Փոքրիկներէն՝ ֆրանսացիի արմատներ ունեցողին տարազը ուշադրութիւնս այնքան գրաւեց, որ չդիմացայ ու յաջորդ օրը ծնողքին հարցուցի, թէ ուրկէ՞ առնուած էր այդ տարազը եւ կամ որո՞ւն գաղափարն էր զայն կրելը։ Նափոլիոն Պոնափարթը ներկայացնող տարազն էր 4-ամեայ տղուն՝ չինացիի ու ֆրանսացիի խառնուրդ Լէոյին կրածը, որ կը բաղկանար մեծկակ ու երկար, տասնեակ կոճակներով զարդարուն, քրուազէ վերարկուէ ու նաւակի տեսքով կարուած սեւ ու ոսկեգոյն երիզներով գլխարկէ մը։

Այս փոքրիկին տարազը տեսնելով՝ մրթմրթացի․ «Արդեօք մենք ինչո՞ւ չենք մտածած օտար երկիրներու մէջ, եւ կամ բարեկենդանի օրը, մեր ազգի հերոսները, կամ ականաւոր դէմքերը մարմնաւորող տարազներ հագցնել մեր փոքրիկներուն եւ այդպիսով մեր հերոսներն ու մեր ազգի մշակոյթը օտարներուն ծանօթացնել»։

Հիմա այս տողերս գրած պահուս յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս տարիներ առաջ Մոնթէ անունով չինացի աշակերտիս մօրը ըսած էի, թէ մեր ազգային հերոսներէն մէկը Մոնթէ անունը կը կրէ, համացանցէն նոյնիսկ անոր նկարը գտած ու սխրագործութիւնները անգլերէնի թարգմանելով տպած ու նուիրած էի կնոջ, որուն համար տղուն Մոնթէ անունը կրելը կրկնակի բերկրանքի ու հպարտութեան առիթ ընծայած էր։

Ազգութեամբ ֆրանսացի ու զաւկին Պոնափարթի տարազ հագցուցած հայրը շատ ուրախացած էր հետաքրքրութեանս համար եւ պատմած, թէ ինչպէ՛ս Մոնթրէալէն գտած էին վերարկուն, իսկ գլխարկը շատ սուղ ըլլալուն պատճառով չէին կրցած գնել զայն, փոխարէնը՝ աւելի աժան գնով կարել տուած էին Թորոնթոյի մէջ։ Իր ազգութեամբ ու ազգային հերոսով հպարտ մարդը հարցուց ինծի․ «Իսկ դուք ունի՞ք Նափոլիոնի նման հերոս, որուն կերպարը կրնան մարմնաւորել ձեր զաւակները»։

Հարցումը լսելուս պէս միտքէս՝ «Հերո՞ս, միայն մէ՞կ հերոս․․․հազարաւոր հերոսներ ունինք, այդ ալ ինչպիսի՞ սխրագործ հերոսներ», ըսի ու պահ մը լռութենէ ետք բերանս բացի ու չգոցեցի, այնքան հոգւով ու սրտով մխրճուեցայ պատասխանիս մէջ, որ նոյնիսկ մարդուն ուշի մնալն ու անընդհատ ժամացոյցին նայիլն անգամ չնկատեցի, մինչեւ որ ինքը ներողութիւն խնդրեց ու՝ «Կը ներես, գործիս ուշացայ, յաջորդ առթիւ մեր այս խօսակցութիւնը կը շարունակենք», ըսաւ աճապարելով ու դուրս վազեց, այն պահուն երբ ես կը փորձէի համացանցէն Հայկ նահապետին նկարը ցոյց տալ իրեն։

Այդ մարդուն ինչե՜ր պատմեցի։ Պատմեցի ու պատմեցի։ Սկսայ Հայկ նահապետէն՝ Հայկի եւ Բէլի պատմութիւնը ամբողջութեամբ պատմեցի, «Հայաստան» անուանումին մասին խօսեցայ, ապա՝ մտքիս մէջ սկսայ Հայոց պատմութեան էջերը թերթատել ու խօսիլ, ետքը՝ «Որքա՛ն շատ են մեր հերոսները, ականաւոր դէմքերն ու սուրբերը», մտածեցի ու մարդուն դառնալով աւելցուցի․ «Եթէ անոնց տարազները հագուելու ըլլանք, եւ կամ բարեկենդանի առթիւ զիրենք մարմնաւորենք, ապա՝ սրահները պիտի լեցուին ու յորդին անոնցմով»։

Ֆրանսացին վազեց գնաց, սակայն յաջորդ օրը բռնեցի զինք ու Հայկ նահապետի պատկերը ցոյց տալ ուզած ժամանակս՝ «Տեսա՛յ, տեսա՛յ։ Այնքան հետաքրքրական ձեւով պատմեցիր, որ տուն երթալուս պէս համացանցը պրպտելով նկարը գտայ», եղաւ անոր պատասխանը ու սկսաւ հարցումներ հարցնել Հայաստանի գեղեցիկ վայրերուն, հայկական մշակոյթին, Արցախի հիմնահարցին եւ նոյնիսկ հայկական ճաշատեսակներու մասին։ Այնքան հետաքրքրուած էր, որ յաջորդ օրերուն իսկ Թորոնթոյի հայկական ճաշարանները այցելած ու ընտանիքին հետ հայկական համեղ ճաշատեսակներ համտեսած, կերած ու սիրած էին։

Հիմա 2025-ի Բարեկենդանի տօնը կը մօտենայ, եկէ՛ք ամենայն մանրամասնութեամբ, հայավարի տօնենք մեր ազգին պատկանող այս տօնը։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ, եթէ ճօճանակներ շինենք ու մեր երեխաներուն ճօճելով քառեակներ ըսենք, եօթը փետուրով ու սոխով ակլատիսներ շինենք ու մեր խոհանոցներուն մէջ՝ բարձր տեղ մը դնենք ու ամէն շաբաթ, մինչեւ Յարութեան տօնը անկէ մէկ փետուր վերցնենք։

Եկէ՛ք այս տարուան Բարեկենդանի տօնին հայ ականաւոր դէմքերու տարազներ հագցնենք մեր զաւակներուն ու թող անոնք Վարդան Մամիկոնեաններ, Մոնթէներ, Ծովինարներ, Սասունցի Դաւիթներ, Գարեգին Նժդեհներ, Սօսէ Մայրիկներ, Խրիմեան Հայրիկներ, Խաչատուր Աբովեաններ, Գրիգոր Զօհրապներ, Կոմիտասներ, Զօրավար Անդրանիկներ, Յովհաննէս Թումանեաններ եւ ինչո՞ւ չէ անոր հեքիաթներուն հերոսները՝ Կիկոսը, Շունն ու Կատուն, Քաջ Նազարը, Հազարան բլբուլը, Գիգորը, Ձախորդ Փանոսը եւ միւսները թող մարմնաւորեն, ու մեր հայկական սրահներն ու դպրոցը այդ օր թող մեր ազգի պատմութեան փառահեղ օրերու արեւներով աւելի լուսաւորուին։ Այսպիսով՝ օտարներէն քանի մը հոգի, այս ֆրանսացիին նման, հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով՝ հարցումներ պիտի հարցնեն ու այդպիսով մեր քաջագործ հերոսները եւ մշակոյթի ականաւոր դէմքերը ձեւով մը կեանքի պիտի կոչուին, եւ ինչո՞ւ չէ՝ մեր փոքրիկները հոգեկան կապով պիտի կապուին մեր հերոսներուն հետ ու զանոնք մարմնաւորելով՝ ուժի ու կորովի զգացումներով պիտի ներշնչուին ու նոր յաղթանակներու պատրաստակամութեան աւիւնով պիտի փայլին ու դալարին։

Սիրելինե՛ր, դուք սկսեցէք բարեկենդանի տարազները պատրաստելու, իսկ ես արդէն իմ ամենօրեայ հեւքիս մէջ, սուրբ առաքելութիւնս շարունակելով, օտարներուն կը ծանօթացնեմ մեր պատմութիւնն ու լոյսի երկիր Հայաստանը, ինչպէս նաեւ գործակիցներուս խոստացած եմ օր մը Հայաստան տանիլ հետս։ ֎

***

Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2025 թիւին մէջ:

գծանկարը՝ Տալլ-իի

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

A conversation with Arshile Egoyan: Exploring identity and legacy in ‘Before They Joined Us’

Next
Next

Highway 401-ին վրայ (Վրէժ-Արմէնի հետքերով)