Վանիկ Յովհաննէսեանի վաստակին նուիրուած «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերուն տարեկան համերգը հոգեթով պահեր պարգեւեց թորոնթոհայութեան
Զոյգ երգչախումբերու վաստակաւոր դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեան իր սրտի խօսքը կը փոխանցէ: (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)
Շաբաթ, 7 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահը լեցուն էր խանդավառ արուեստասէրներով: Համազգայինի «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերու տարեկան համերգն էր։ Սովորական համերգներէ անդին՝ տօնախմբութիւն մը կարելի է ըսել, նուիրուած՝ զոյգ երգչախումբերու վաստակաւոր դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի։ Ելոյթին հիւրաբար իր մասնակցութիւնը կը բերէր հանրածանօթ սոփրանօ Լին Իշնար։
Հրաւիրեալներու շարքին էին՝ հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ, նաեւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Աբգար Միրաքեան։
Բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Ռիթա Խաչոյեանը: Ան ողջունեց ներկաները Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան անունով, ներկայացուց ձեռնարկին յատուկ նպատակը, կարեւորելով հմուտ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ տաղանդաւոր երաժիշտ, դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի դերը՝ զոյգ երգչախումբերուն յառաջխաղացքին մէջ։ Նախքան երգչախումբերու ելոյթը, ան հրաւիրեց Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամ Յարութ Տոնոյեանը՝ ընկերակցութեամբ վարչութեան անդամներէն Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի, Էօժենի Բարսեղեանի եւ «Գլաձոր»-ի վարչութեան ատենապետ Ալինա Աւատիսեանի: Ընկեր Տոնոյեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Աբգար Միրաքեանի կենսագրութիւնը, վեր առնելով անոր կարեւոր դերը թէ՛ Թորոնթոյի մէջ Համազգայինի կազմութեան եւ թէ՛ Գանատայի հայ համայնքին ու Հայ դատի ծանօթացման աշխատանքներուն մէջ։ Վերջինս արժանացած է զանազան շքանշաններու եւ գնահատագիրներու։ Գնահատելով իր երկարամեայ ներդրումը՝ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը երախտիքի գիր յանձնեց ընկեր Աբգար Միրաքեանին։
Յաջորդեց երեկոյի յատկանշական բաժիններէն պարոն Վանիկ Յովհաննէսեանի մասին պատրաստուած տեսանիւթը՝ «Ի ծնէ երաժիշտը», ուր խօսքի, նուագի եւ լուսանկարներու համադրումը տպաւորիչ կերպով ցոլացուց պարոն Վանիկին դերը թէ՛ Պարսկաստանի երաժշտական կեանքին մէջ եւ թէ՛ մանաւանդ Թորոնթոյի՝ որպէս «Հայ աստղեր» եւ «Գուսան» երգչախումբերու երկարամեայ անզուգական դաշնակահար։ Երաժշտութիւնը իր կեանքին անբաժան մասը եղած է։ Անոր առաջին ուսուցիչը եղած է հայրը՝ Սահակ Յովհաննէսեանը, որ աքորտիոնի եւ դաշնամուրի ծանօթ ուսուցիչ էր, իսկ մայրը՝ Սաթիկ, գեղեցիկ ձայնով օժտուած էր։ Կանուխէն նուագելու շնորհները ի յայտ եկած են։ Երիտասարդ տարիքին հիմնած է իր նուագախումբը։ Նուագակիցը եղած է Պարսկաստանի հանրածանօթ երգիչներուն, մանաւանդ ձայնագրութիւններու ընթացքին։ Մասնակցած է զանազան փառատօններու Պարսկաստանէն ներս եւ դուրս։ Սիրելի հայկական երգեր, ինչպէս՝ «Ծաղիկներ ծաղիկներ», «Ով դու գեղեցիկ», իր մշակմամբ առաջին անգամ հնչած են Պարսկաստանի մէջ։ 1981-ին, Պարսկաստանէն Թորոնթօ հասած է իր կնոջ՝ տիկ. Սիլվային եւ երկու դուստրերուն՝ Անահիտին եւ Անիին հետ։ Տիկ. Սիլվան միշտ եղած է իր կողքին եւ քաջալերած է զինք, որ շարունակէ նուագել։ 1981-ին Պարսկաստանէն ժամանած խմբավար եւ ջութակահար պրն. Էդիկ Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ՝ կը հիմնուի Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը. շատ չի տեւեր, որ նուագակցող Ռիմա Մարտիրոսեանին յաջորդէ պարոն Վանիկը։ Այնուհետեւ, Վազգէն Գալճեանի խմբավարութենէն ետք, Հռիփսիմէ Թովմասեանի խմբավարութեամբ՝ «Գուսան»ի վերակազմութենէն եւ «Հայ Աստղեր»-ու հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, պարոն Վանիկը անբաժան եւ կարեւոր մասն է զոյգ երգչախումբերուն։
Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ, «Գուսան» երգչախումբի անդամ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան անդրադարձաւ համերգի յատուկ ծրագրին։ Երգացանկին մէջ տեղ գտած շարք մը երգերու երաժշտութիւնը յօրինումն է պարոն Վանիկ Յովհաննէսեանի, մինչ կան երգեր, որոնց երաժշտութեան մշակումը կամ ձայնաւորումը կատարած է պարոն Վանիկը։ Կարգ մը երգերու ինչպէս՝ «Անտառի երգը», «Անծանօթ աղջկան» առաջին ներկայացումն է։ Տեսանիւթը յիշատակներ արթնցուց անձերու մասին որոնք առյաւէտ բաժնուած են աշխարհէն, օրինակ՝ «Գլաձոր» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ «Գուսան»-ի անդամներէն ընկերներ Ժիրայր Յովհաննէսեանն ու Շուշիկ Պոյաճեանը, նաեւ երիտասարդ տարիքին կեանքին հրաժեշտ տուած «Գուսան» երգչախումբի անդամ Մայտա Մոմճեան Տանայեանը: Ան շարունակեց՝ ըսելով․ «Այսօրուան երգացանկը հարուստ է մեներգներով եւ խմբերգներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յղացման պատմութիւնը եւ որոնց հոգեթով կատարումները հմուտ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի առաջնորդութեամբ մերթ պիտի շոյեն ու մերթ՝ բոցավառեն մեր հոգիները։…Խմբավարի ու դաշնակահարի արգասաբեր ու սերտ գործակցութիւն, որ իր պտուղները կը շարունակէ տալ ի նպաստ զոյգ երգչախումբերուն, Համազգայինին, համայնքին, մշակոյթին»:
Բեմ բարձրացաւ մանկապատանեկան «Հայ աստղեր» երգչախումբը, Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար պարոն Վանիկ Յովհաննէսեանի։ Փոքրերէն մինչեւ մեծերու խումբը, բոլորը արժանացան հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին։ Յաջորդաբար ներկայացուեցան «Մայրենի լեզու», «Զատիկ», «Ձիւնը», «Քոյրիկ ունեմ», «Արդէն մեծ եմ», «Առուակ», «Սարի սիրուն եար», «Տիեզերք», «Երեւան-լոյսերի մէջ», «DeColores», «Մութն ընկել է», «Բարեւ արեւ, բարեւ», «Իմ անուշ հայրենիք», «Ես միշտ ուրախ եմ լինում», «Պատրանքի թեւով», «People of the Sun» երգերը։ «Իմ անուշ հայրենիք» երգին մենակատարն էր երգչախումբի երկարամեայ անդամներէն Մերի-Լիլիթ Նաճարեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով հմայեց բոլորը։ Իսկ «Պատրանքի թեւով» երգին միացաւ «Գուսան» երգչախումբի տաղանդաւոր մենակատար Մարինէ Շահինեանը, որուն հոգեթով ներկայացումը հիացուց հանդիսատեսը։
Շարունակելով ծրագիրը, Մարինէ Շահինեանի «Անտառի երգը» եւ «Անուշ հովիկը» երգերու առինքնող կատարումները արժանացան բուռն ծափերու։
Հանդիսավարը հակիրճ ներկայացուց «Գուսան»-ի մասին, որ 1981-ին հիմնադրուած է խմբավար պրն. Էդիկ Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ եւ բազմիցս բեմեր ծաղկեցուցած ազգային, դասական ու ժողովրդային երգերով։ Ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին խումբին անդամները, որոնք շարունակաբար հնչեցուցին առաւելաբար նոր երգեր՝ մեներգներով հարստացած։ «Մասիսին պաղատանքը» խմբերգը, «Երնէկ» - մեներգ՝ Սիլւա Խաչիկեանի ,«Սիրոյ հասակ»- մեներգ՝ Նշան Փափազեան, «Տարէք ինձ»-մեներգ՝ Ռազմիկ Կարպուշեան, «Ես առանց քեզ» եւ «Հայաստան ասելիս»- մեներգ՝ Սեւակ Յարութիւննեան, «Անծանօթ աղջկան»- մեներգ՝ Սեւակ Յարութիւննեան, որուն ընկերակցեցաւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբէն Անուշ Յարութիւնեանը, «Անցնում ես նազով»- մեներգ՝ Սեւակ Յարութիւննեան, «Անունդ տալիս»- մեներգ ՝ Մարինէ Շահինեան:
Իսկ «Գէթ մի գիշեր» եւ «Տուն իմ հայրենի» մեներգները հնչեցին հանրաճանաչ սոփրանօ Լին Իշնարի գրաւիչ մեկնաբանութեամբ եւ «Գուսան» երգչախումբի ընկերակցութեամբ։
«Գուսան» երգչախումբը տասնվեց երգերով խանդավառեց հանդիսատեսը: Պարգեւատրուեցան «Գուսան»-ի երկարամեայ անդամներէն՝ մեներգող Սիլւա Խաչիկեանը եւ Իռէն Թիլիմեանը, նաեւ անցեալին իր մասնակցութիւնը բերած Վիքթորիա Շահինեանը:
Երեկոյի աւարտին, ծաղկեփունջերով բեմ բարձրացան «Գլաձոր»-ի ատենապետ Ալինա Աւատիսեանը եւ փոխատենապետ Սիւզի Նաճարեանը, որոնք երախտիքի գիր յանձնեցին պարոն Վանիկ Յովհաննէսեանին եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին տաղանդաւոր խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանին:
Ձեռնարկին ընթացքին շնորհակալական խօսքեր հնչեցին խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի, ինչպէս նաեւ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանի կողմէ. Վերջինս իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ ի մասնաւորի իր սիրելի կողակիցին՝ անոր անվերապահ նեցուկին համար:
Մեներգողները եւ ղեկավարները ստացան ծաղկեփունջեր: Կարկանդակի հատումէն ետք երաժշտասէր հանրութիւնը մեկնեցաւ Հայ երգի ոգեղէն գոհարներով հարստացած: ֎
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ: