«Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած դասախօսութիւնը անհատի նիւթական կարողութիւնները ճիշտ կառավարելու կարեւոր գիտելիքներով զինեց ներկաները
Կիրակի, 8 յունիս 2025-ին, Հայ կեդրոնէն ներս, ֆինանսական եւ հաշուապահական խորհուրդներով լուսաբանուեցաւ թորոնթոհայութիւնը՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած՝ «Ֆինանսական գրագիտութիւն» խորագիրը կրող հանրային դասախօսական ձեռնարկին, որուն հիւրն էր թորոնթոհայ հանրածանօթ հաշուապահ եւ ֆինանսական խորհրդատու Հրանդ Մաթոսեան:
Ձեռնարկին դասախօս, հաշուապահ եւ ֆինանսական խորհրդատու Մաթոսեան, իր մասնագիտական գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ բազմիցս օգտակար եղած է Թորոնթոյի հայ կեդրոնին, ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանին, ինչպէս նաեւ մեր գաղութի բազմաբնոյթ ծրագիրներուն, իսկ այս հանրային դասախօսութեան շնորհիւ՝ մարդ արարածին արժանապատիւ եւ կայուն կեանքի հիմնական բաղադրիչը հանդիսացող նիւթական բարեկեցութիւնը ապահովող գիտելիքներով զինեց ներկաները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ Բէկի Աւընեան-Պապօղլեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ դասախօսական այս ձեռնարկի կարեւորութիւնը մատնանշելով՝ ըսաւ․ «Հայ օգնութեան միութիւնը, իր լայնածաւալ ու բազմաբնոյթ գործունէութեամբ եւ նուիրական ծառայութեամբ, մշտապէս կանգնած է մեր ժողովուրդի կողքին, եւ ահաւասիկ սոյն դասախօսութեամբ եւ Դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներուն կատարած աշխատանքներուն շնորհիւ, անգամ մը եւս, ան առիթ կ’ընծայէ թորոնթոհայութեան եւ ՀՕՄ-ականներուն զարգացնելու իրենց կազմակերպչական կարողութիւնները եւ հարստացնելու իրենց առօրեայ ու մասնագիտական հմտութիւնները։ Այսօրուան արագընթաց աշխարհին մէջ՝ ֆինանսական գրագիտութիւնը այլեւս ընտրանք մը չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն մը։ Համաշխարհային տնտեսական հոսանքներուն եւ առցանց ֆինանսական համակարգերու զարգացման հետ, անհատը՝ իբրեւ քաղաքացի, պարտաւոր է հասկնալ եւ տիրապետել ֆինանսական հիմնական հասկացողութիւններուն»։
Աւընեան-Պապօղլեան կարեւոր մատնանշում մը ընելով՝ ըսաւ․ «ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս հաշուապահական մասնագիտութիւն չունեցող անդամները, ղեկավարներու ցուցմունքներով, կը ծանօթանան եւ կը ներգրաւուին նիւթական փաստաթուղթերու, մուտքի եւ ելքի ստացագիրներու, շահի եւ բացի հաշուեկշիռներու եւ դրամատան շահութային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ։ Այսօր ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս կը ծառայեն բազմաթիւ մասնագէտ հաշուապահներ, որոնց ներգրաւուածութիւնը մեծապէս կը նպաստէ կազմակերպութեան ներքին աշխատանքի ճշգրտութեան, ծախսերու արդիւնաւէտ կառավարման եւ ծրագրերու յաջող իրագործման։ Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք՝ ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ամուր հիմքերու վրայ կառուցելով ապագայ նախաձեռնութիւնները»։
Բացման խօսքի ընթացքին հայերէն լեզուով ընթերցուեցաւ օրուան դասախօսին կենսագրութիւնը, ապա՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Արաքսի Փիլաւճեան անգլերէնով ներկայացուց՝ Մաթոսեանի եւ անոր գործակից՝ հաշուապահ Ռազմիկ Խշուաճեանի կենսագրութիւնները։
Դասախօս Հրանդ Մաթոսեան (CPA, CGA, CFP), իր մասնագիտական գիտելիքներով եւ երկարամեայ փորձառութեամբ, պարզ ու մատչելի ձեւով ներկայացուց առօրեայ կեանքին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ֆինանսական տեղեկութիւններ հետեւեալ թեմաներու մասին ՝ պիւտճէի կազմութեան հիմնական սկզբունքները, ներդրումներու եւ հարկային ծրագրաւորման ուղղութիւնները, պարտքերու կառավարման եղանակները, ինչպէս նաեւ թոշակային ապահովագրութեան կարեւորութիւնը:
Դասախօսին կ'ընկերակցէր իր գործակիցը՝ հաշուապահ Ռազմիկ Խշուաճեանը, որ եւս մասնագիտական մեկնաբանութիւններով անդրադարձաւ քանի մը վերոնշեալ նիւթերուն։ Մաթոսեան շեշտեց, որ հաշուապահական եւ խնայողութեան այս գիտելիքները պարտադիր են ո՛չ միայն մասնագէտներու, այլեւ համայնքի իւրաքանչիւր անդամի՝ անոր տարիքէն ու կացութենէն անկախ։
Ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան, օգտուելով Մաթոսեանի կողմէ պատրաստուած եւ տրամադրուած տպագիր թղթածրարներուն, որոնք կ’ընդգրկէին դասախօսութեան սահիկներն ու լրացուցիչ տեղեկատուական նիւթեր։ Ձեռնարկի աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ ուղղելու իրենց հարցումները։ Զրոյցի եւ հարց-պատասխանի միջոցով՝ անոնք օգտուեցան դասախօսին խորհուրդներէն եւ առիթը ունեցան զիրենք հետաքրքրող հարցերը արծարծել մասնագէտին հետ։ Դասախօսը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նաեւ պատասխանելու՝ դասախօսութենէն ետք ե-նամակով ուղղուած յաւելեալ հարցումներուն, ինչպէս նաեւ տրամադրել կարճաժամկէտ անձնական ֆինանսական խորհրդատուութիւն իր գրասենեակին մէջ՝ ըստ յատուկ պայմանաւորուածութեան։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօս Հրանդ Մաթոսեանին եւ Ռազմիկ Խշուաճեանին եւ ներկայացուած նիւթին կարեւորութիւնը շեշտելով՝ ըսաւ․ «Ֆինանսական գրագիտութիւնը, Financial Literacy-ի մասին երբ գաղափար մը ունենանք եւ ժամանակ տրամադրենք սորվելու այս գիտելիքները, մենք կրնանք մեր եկամուտը եւ ծախսերը կառավարելու արդիւնաւէտ որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը ձեռք ձգել եւ խուսափիլ ֆինանսական սթրեսէ եւ սուղ սխալներէ եւ կառուցանել երկարաժամկէտ հարստութիւն։ Ֆինանսական գրագիտութիւնը ո՛չ միայն հմտութիւն է, այլեւ կենսական կարեւոր կարողութիւն, որ կրնայ մեզի օգնել, որպէսզի մենք հասնինք ֆինանսական անկախութեան, կեանքի ապահովութեան եւ հոգեկան հանգիստի»:
Հոթոյեան-Ժոլին մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս դասախօսութիւնը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն, ապա իբրեւ երախտագիտութիւն՝ վարչութեան եւ յանձնախումբին անունով յատկանշական նուէրներ յանձնեց հիւրերուն՝ Հրանդին եւ Ռազմիկին։
Ձեռնարկի աւարտին Մաթոսեան՝ իր եւ Fidelity Investments ընկերութեան կողմէն, ազնիւ նուիրատուութեան անակնկալ յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ի նպաստ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին։
Դասախօսական ձեռնարկը եզրափակուեցաւ հիւրասիրութեամբ, երբ համադամ ուտեստներով ճոխ հիւրասիրութիւնն ու քաղցրեղէններու տեսականիները համտեսող ու բերան քաղցրացնող թորոնթոհայ ներկաները, ջերմ մթնոլորտի մէջ, առիթ ունեցան իրենց զրոյցը շարունակելու թէ՛ դասախօսին եւ թէ՛ իրարու հետ։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ: