Աքսորի հետքերը․ Սաթօ Մուղալեան Թորոնթոյի մէջ կը բացայայտէ Երուսաղէմի հայկական յախճապակեգործութեան ժառանգութիւնը

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»- 30 մայիսին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիւրընկալեց պատմաբան, անուանի սրինգահար եւ լայն ընթերցողութիւն վայելող «Մոխիրներու խրախճանք. Դաւիթ Օհաննէսեանի կեանքն ու արուեստը» (Feast of Ashes: The Life and Art of David Ohannessian (Redwood Press Stanford University Press, 2019) գրքին հեղինակ Սաթօ Մուղալեանի խիստ յուզիչ եւ խորապէս անձնական դասախօսութիւնը հայկական յախճապակեգործութեան դարաւոր աւանդութեան մասին:

Ողջունելէ ետք ներկայները, ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներու միութեան Թորոնթոյի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Ուոլշը ընդգծեց սփիւռքեան պատմութիւններուն ուսումնասիրութեան եւ վերապրողներու ու անոնց սերունդներուն մշակութային նուիրումը գնահատելու կարեւորութիւնը։

Մուղալեան, որուն մայրական մեծ հայրը՝ Դաւիթ Օհաննէսեանը, Երուսաղէմի հայկական յախճապակեգործութեան աւանդութեան հիմնադիրներէն էր, սկսաւ հարց մը ուղղելով ներկաներուն. «Ի՞նչ է նշանակեր հայ ըլլալ»։ Պատասխանները՝ «պայքար», «մշակոյթ եւ հպարտութիւն», «գոյատեւութիւն», «ժառանգութիւն» եւ «իմ որբացած մեծ հօր-մեծ մօր պատմութիւնը», որոնք հիմքը հանդիսացան օրուան դասախօսութեան, որ կը հիւսէր կենսագրութիւն, արուեստի պատմութիւն եւ անձնական մտորումներ:

Պատմաբանի գործունէութեան հետ մէկտեղ Սաթօ Մուղալեան յայտնի սրինգահար է եւ Նիւ Եորքի Perspectives Ensemble-ի արուեստի տնօրէնը։ Հայկական յախճապակեգործութեան մասին իր 2019 թուականին լոյս տեսած գիրքը լայն ճանաչում ստացած է՝ արուեստը, յիշողութիւնը եւ քաղաքական պատմութիւնը մէկ գեղեցիկ հետազօտուած պատմութեան մէջ միաւորելուն համար։

Մուղալեանի ուսումնասիրութեան կեդրոնին է Դաւիթ Օհաննէսեանը՝ ծնած 1884 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան Մուրատչայ գիւղին մէջ։ 1907 թուականին ան արդէն Քիւթահիայի մէջ ճանչցուած էր որպէս վարպետ յախճապակեգործ. քաղաքի մը մէջ, որ յայտնի էր իր դարաւոր յախճապակեգործական արդիւնաբերութիւնով։ Անոր «Société Ottomane de Faïence» արհեստանոցը կը սպասարկէր թէ՛ օսմանեան, թէ՛ եւրոպական յաճախորդներուն, որոնցմէ ամենէն նշանաւորներէն մէկն էր անգլիացի դիւանագէտ Մարք Սայքսը, որ 1911 թուականին յանձնարարեր էր Օհաննէսեանին սալիկներով ծածկել իր Եորքշիրի տան սենեակներէն մին:

Օհաննէսեանին վերելքը ընդհատուեցաւ 1915 թուականին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ հայ բնակչութեան դէմ իր համակարգուած արշաւը: Ան ձերբակալուեցաւ քաղաքական գործունէութեան կեղծ մեղադրանքով եւ ընտանիքին հետ աքսորուեցաւ Հալէպ։ Հոն անոնք երկու տարիէ աւելի ապրեցան անորոշ պայմաններու մէջ։ «Անոնք գոյատեւեցին անցանկալի փախստականներու ստորգետնեայ համայնքին մէջ», պարզաբանեց Մուղալեան, նկարագրելով, թէ ինչպէս իր մեծ հայրը ճամբուն վրայ կորսնցուցած կամ լքած էր իր վրձինները, գունաթաթախիչներն ու գործիքները:

Սաթօ Մուղալեանը կը բանախօսէ ՀԲԸՄ Թորոնթոյի գրասենեակին մէջ (լուսանկարը՝ ՀԲԸՄ Թորոնթոյի)

Անկիւնադարձային պահը եկաւ 1918 թուականի վերջը, երբ Օհաննէսեանը՝ հազարաւոր ուրիշ տեղահանուած հայերու հետ շարքի կանգնեցաւ բրիտանական պատուիրակութեան առջեւ վկայութիւն տալու։ Պատուիրակութեան անդամներէն մէկը Սայքսն էր՝ նոյն մարդը, որ ժամանակին անոր աշխատանքը պատուիրեր էր։ Ճանչնալով անոր անունը՝ Սայքսը օգնեց, որ Օհաննէսեանը փոխադրուի բրիտանական մանդատային Պաղեստին։ «Մարք Սայքսի հետ այս հանդիպումը… փոխեց հայկական մշակութային արտադրութեան մէկ ոլորտի ուղղութիւնը: Առանց այդ հանդիպումին, մենք պիտի չունենայինք Երուսաղէմի փառաւոր հայկական յախճապակեգործութեան աւանդութիւնը», ըսաւ Մուղալեան:

Քանի մը շաբաթ ետք Օհաննէսեանն արդէն Երուսաղէմ էր։ Հոն ան հանդիպեցաւ քարային ճարտարապետութեամբ հարուստ, բայց յախճապակեգործական արուեստէ զուրկ քաղաքի մը։ 1919 թուականին՝ Ռոնալտ Ստորսի, «Փրօ Երուսաղէմ» ընկերակցութեան եւ այլ մանդատային պաշտօնեաներու աջակցութեամբ՝ Օհաննէսեանը հիմնեց արհեստանոց մը Գողգոթայի ճամբուն վրայ՝ նոր երկիրի մը մէջ վերածնելով գրեթէ մեռած արուեստ մը։

Բայց վերածնունդը միայն անորը չէր. ճանչնալով աջակցութեան եւ համագործակցութեան կարիքը՝ ան անդամագրեց երկու այլ հայ յախճապակեգործներ՝ Նշան Պալեանն ու Մկրտիչ Գարագաշեանը, որոնց ընտանիքներն ալ Եղեռնէն փրկուած էին։ Միասին անոնք հիմք դրին այն աւանդութեան, որ այսօր կը կոչուի Երուսաղէմի հայկական յախճապակեգործութեան աւանդութիւն՝ Հին քաղաքի եւ շրջակայ թաղամասերու տեսանելի ստորագրութիւնը։

Այնուամենայնիւ, արհեստանոցին առաջին տարիները ձեւաւորուեցան ոչ միայն այս վարպետ արհեստաւորներու տաղանդով, այլ նաեւ երեխաներու ձեռքերով։ «Այս լուսանկարը լայնապէս տարածուած է», ըսաւ Մուղալեան՝ մատնացոյց ընելով յախճապակեգործութիւն նկարող երիտասարդ աղջիկներու պատկերը։ «Սակայն գրեթէ երբեք չի նշուիր, որ այս երեխաներուն մեծ մասը Մեծ եղեռնի որբեր էին, որոնք մեծ հայրս տեղաւորեր էր Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան գործակալութեան միջոցով։ Անոնցմէ շատերուն համար արհեստանոցը թէ՛ ապաստան եւ թէ՛ ապագայի համար յոյս էր։ Ոմանք մնացին մինչեւ 1948 թուականը։ Անոնք կ՚ուզէին սորվիլ արհեստ մը աղքատութեան, սովի եւ ահաւոր կորուստներու պայմաններուն մէջ»,- ըսաւ ան,- «Եւ անոնք օգնեցին պահպանել աւանդութիւն մը, որ կրնար ամբողջապէս մեռնիլ»։

Օհաննէսեանին արհեստանոցին ազդեցութիւնը տարածուեցաւ անոր պատերէն շատ հեռու։ Օրինակ՝ Երուսաղէմի փողոցներու ցուցանակները, որոնցմէ շատերը երկլեզու են, պատրաստուած են զգուշօրէն ներկուած սալիկներէ. բոլորն ալ ունին այս աւանդութեան հետքը։

1922 թուականին Պալեանն ու Գարագաշեանը զատուեցան Օհաննեսեանէն եւ բացին իրենց արհեստանոցը՝ ծնունդ տալով յախճապակեգործութեան ընտանեկան արտադրութիւններու նոր ընթացքի մը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս. երկու վարպետներուն սերունդները կը շարունակեն առանձին արհեստանոցներով գործել: Ուրիշ արհեստաւորներ, ինչպիսիք են՝ Սանտրունի երեք եղբայրները, Վիգ Լեփեճեանն ու Յակոբ Անտրէասեանը, նոյնպէս ներդրում ունեցան ոճին գոյատեւութեան եւ բազմազանացման գործին մէջ։

Մուղալեան նշեց, որ աւանդութիւնը վերջերս նաեւ վերադարձած է Հայաստան. այսօր Գիւմրիի մէջ աշկերտներ կը սորվին Քիւթահիա-Երուսաղէմ ոճով, ու գիտելիքներու փոխանցումը կը շարունակուի։

Պատմականին հետ մէկտեղ՝ Մուղալեան ընդգծեց պաշտօնական եւ ընտանեկան արխիւներու դերակատարութիւնը կորսուած պատմութիւնները վերակառուցելու գործընթացքին մէջ։ Անոր հետազօտութիւնը տարաւ զինք դէպի Բրիտանական ազգային արխիւ, ուր ան բացայայտեց մոռցուած նամակակցութիւններ եւ հետախուզական զեկոյցներ, որոնք անունով կը նշէին անոր մեծ հայրը։ Սակայն իր կիսածին մեծ մասը, կու գար ընտանեկան արխիւներէ՝ բաղադրատետրերէ, լուսանկարներէ, յախճապակեգործութեան կաղապարներէ եւ բանաւոր պատմութիւններէ։ «Արխիւները անզուգական արժէքաւոր աղբիւրներ են, բայց անոնք միշտ բացեր կը պարունակեն», ըսաւ ան՝ կարեւորելով նաեւ անձնական եւ ընտանեկան յիշողութեան բաղադրիչը:

Ան գովեց Project SAVE-ի, «Յուշամատեան»-ի, Dining in Diaspora-ի եւ My Armenian Story-ի նման թուային նախագիծերը, որոնք սփիւռքահայութեան առիթը կու տան հանրութեան հետ իրենց ընտանեկան ժառանգութիւնը կիսուելու: «Այս համայնքային նախագիծերը,- ըսաւ ան,- մաս կը կազմեն պատմութիւն վերականգնելու աւելի լայն շարժումի մը»։

Երեկոյին վերջաւորութեան Մուղալեան նորէն մտածեց իր ընտանեկան ժառանգութեան մասին ու ըսաւ, «Ինծի համար հայ ըլլալու ամենէն կարեւոր որակներէն մէկ քանին ճկունութիւնն է, ստեղծագործութիւնը եւ շարունակականութիւնը։ Անոնք սերնդէ սերունդ կը փոխանցուին»: ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

«Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած դասախօսութիւնը անհատի նիւթական կարողութիւնները ճիշտ կառավարելու կարեւոր գիտելիքներով զինեց ներկաները

Next
Next

Eight questions for Don Valley North's newly elected MPP Jonathan Tsao