«Թինտէյլ» համալսարանին մէջ դասաւանդուելիք Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն նիւթը առիթ է հայ ուսանողներուն ծանօթանալու մեր եկեղեցւոյ հարուստ ժառանգութեան. Գեղարդ ծվ. Քիւսպէկեան

Գանատայի Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ Թորոնթոյի «Թինտէյլ» (Tyndale) աստուածաբանական համալսարանի հետ գործակցաբար, յառաջիկայ յունուարին պիտի սկսի Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած համալսարանական դասընթացք մը։

Այս առթիւ, «Նոր հայ հորիզոն»-ի տնօրէն Սիւզի Մելիտոնեան հիւրընկալեց Գեղարդ ծվ. Քիւսպէկեանը, որ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ծրագրի ստեղծման դրդապատճառներուն, դասաւանդման արդիական դրութեան եւ միջազգային դասախօսական կազմին մասին։ Զրոյցը լուսարձակի տակ կ'առնէ այս ծրագրին կարեւորութիւնը՝ որպէս կամուրջ եկեղեցւոյ եւ համալսարանական երիտասարդութեան միջեւ, առիթ ընծայելով թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար ուսանողներուն գիտական մակարդակով ծանօթանալու հայ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան։

Սիւզի Մելիտոնեան- Աստուած օգնական, Հայր սուրբ: Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ Թորոնթոյի «Թինտէյլ» աստուածաբանական համալսարանի հետ համագործակցաբար հաստատուած է Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքը, որ շատ հետաքրքրական եւ ողջունելի է։ Արդեօք կարելի՞ է բացատրել, թէ ինչպէս ընթացք առաւ այս ծրագիրը։

Գեղարդ ծվ. Քիւսպէկեան- Շնորհակալ եմ այս առիթին համար եւ յուսամ կը տարածուի այս լուրը աւելիով, որովհետեւ արդէն բաւական արձագանգներ կը գտնենք։ Շատ պատահական ձեւով սկսաւ. երկու հայ աշակերտներ, որոնք «Թինտէյլ» աստուածաբանական համալսարանի ուսանող էին, Տարօն սարկաւագ Հալլաճեանը եւ վերապատուելի Զօհրապ Սարգիսեանը, իրենց միջեւ զրոյց ունեցած էին եւ մտածած էին ինչո՛ւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կամ աստուածաբանութեան մասին դասընթացք մը չսկսիլ «Թինտէյլ»-ի մէջ` նկատի ունենալով, որ Ղպտի եկեղեցին կամ այլ ազգային եկեղեցիներ հաստատած էին՝ իրենց դասընթացները: Երկուքին զրոյցը հասաւ Ազգային առաջնորդարան եւ սրբազանին՝ գերաշնորհ Բաբգէն արք. Չարեանին, որ շատ սիրով ընդառաջեց եւ խրախուսեց, որ անմիջապէս գործնական քայլերու անցնինք։ Ասիկա մեկնարկը եղաւ մեր խօսակցութեան, մինչեւ որ կապուեցանք համալսարանի տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն հետ։ Առաջնորդ սրբազանին առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ ատիկա ընթացք տուաւ մեր աշխատանքին, գործունէութեան: Կրնամ ըսել, որ գրեթէ երկու տարուան աշխատանքէ ետք` բանակցութիւններ, ժողովներ, դասացուցակ կազմել, աղբիւրներ գտնել, մանաւանդ անգլերէնով աղբիւրներ գտնելը դժուար է, Աստուծոյ շնորհքով յաղթահարեցինք այդ բոլորը։ Հիմա արդէն պատրաստ ենք, կը սպասենք աշակերտներու, արձանագրուողներ կան արդէն, իսկ այս բոլոր աշխատանքներուն պտուղը, արգասիքը պիտի քաղենք յունուար 2026-էն սկսեալ:

Մելիտոնեան- Իսկ դասընթացները բոլորը անգլերէն լեզուով պիտի ներկայացուի՞ն։

Հայր Գեղարդ- Այո, նկատի ունենալով, որ օտար աշակերտներ ալ կրնան հետաքրքրուիլ հայ եկեղեցիով, ուրեմն՝ անգլերէնով պիտի ըլլան դասընթացները, սակայն տողատակեր, ենթախորագիրներ (subtitles) պիտի դրուին հայերէնով։ Անոնք, որոնք դուրսէն պիտի մասնակցին, կրնան նաեւ հայերէնով հետեւիլ եւ մասնակցել դասընթացքին: Ըսեմ, որ արդէն երկու ոչ հայ աշակերտ արձանագրուած են։ Սա մեծ ուրախութիւն է, որովհետեւ այսպէս կը բացուինք նաեւ օտարներուն եւ կը ծանօթացնենք մեր եկեղեցին ոչ հայ քրիստոնեաներուն կամ ընդհանրապէս հետաքրքրուողներուն:

Անոնք, որոնք նիշի, credit-ի համար կ'ուզեն մասնակցել, պէտք է մագիստրոսական աստիճանի աշակերտ ըլլան. կրնան մասնակցիլ եւ նիշ ստանալ բոլոր անոնք, որոնք ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան աշակերտ են կամ աստուածաբանական դպրոցի աշակերտ են եւ կամ որեւէ այլ ճիւղի մէջ կը մասնագիտանան: Կրնան նաեւ որպէս ընտրողական նիւթ (elective) ընտրել: «Թինտէյլ»-ի աշակերտներէն բացի դասընթացքին կրնան մասնակցիլ, այլ համալսարաններու աշակերտներ եւ նիշ ստանալ՝ պայմանաւ, որ երկու համալսարաններու միջեւ համագործակցութեան համաձայնութիւն ըլլայ, որ պէտք է ստուգեն նախքան արձանագրուիլը:


Մելիտոնեան- Հայր սուրբ, դասընթացքը ի՞նչ ձեւով պիտի հրամցուի։

Հայր Գեղարդ- Ուրեմն, դասընթացքի մատուցման ձեւը պիտի ըլլայ web-based, asynchronous․ այսինքն` նախապէս արձանագրուած տեսերիզները տեղադրուած պիտի ըլլան համալսարանի կայքէջին վրայ եւ անոնք, որոնք կ’արձանագրուին, յատուկ մուտք գործելու միջոց պիտի ունենան, որպէսզի կարենան մասնակցիլ: Տեսերիզները պիտի դիտեն, գրաւորներ, ուսումնասիրութիւններ պիտի պատրաստեն, եւ այդ կայքէջին մէջ տեղադրեն: Հետեւաբար հաղորդակցութեան ձեւը կայքէջի ճամբով պիտի ըլլայ. իսկ որովհետեւ դասախօսութիւնները նախապէս արձանագրուած տեսերիզներ են՝ յատուկ ժամի եւ օրուան պարտադրանք չկայ, այսինքն` աշակերտի յարմարութեան կը ձգենք՝ որ ժամուն, որ օրը, շաբաթը քանի անգամ կ'ուզեն մտնել, դիտել այդ դասախօսութիւնները, նօթ առնել, արձանագրել, պարտականութիւնները պատրաստել, եւ այլն: Այս ձեւը որդեգրեցինք, որպէսզի աշխարհի չորս կողմէն, անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ ժամանակի անպատեհութիւն չունենան՝ կանուխ արթննալու, ուշ մնալու եւ այլն: Ուրախ եմ ըսելու, որ Ֆրանսայէն հայ երիտասարդ մը պիտի մասնակցի. ան շատ ուրախացաւ, որ ժամերու արգելքը վերցուած է եւ իրեն յարմար ժամի կրնայ հետեւիլ:


Մելիտոնեան- Իսկ նիւթերը ինչպէ՞ս ընտրուած են, նաեւ վստահ տարբեր դասախօսներ պիտի ըլլան։

Հայր Գեղարդ- Այո՛: Նիւթերէն սկսելով՝ մեր եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնն է՝ սկիզբէն մինչեւ գրեթէ մեր օրերը հասնող. նոյնիսկ նախաքրիստոնէական շրջանի ներածական մը կայ՝ Հայաստանի հեթանոսական շրջանը: Անշուշտ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատմութիւնը, Հայաստանի դարձը, քրիստոնէացումը, Հայ եկեղեցւոյ կառոյցը, զարգացումը, տիեզերական ժողովներու մեր մասնակցութիւնը (Նիիկիա, Կոստանդնուպոլիս, Եփեսոս), Ոսկեդարը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ գրականութեան ծաղկումը, Ոսկեդարի առաջացումը միջնադարեան շրջանը եւ այլն: Յետոյ, առանձին ժամանակահատուածներ առած ենք, օրինակ` Պարսկական կայսրութեան շրջանը, Օսմանեան կայսրութեան շրջանը, Ռուսական ցարական շրջանը, Ցեղասպանութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը Հայ եկեղեցւոյ վրայ։ Գիտէք՝ չորս հազարէ աւելի եկեղեցական նահատակներ ունեցած ենք: Յետոյ, սփիւռքը եւ Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային դերը՝ սփիւռքեան տարածքին, նուիրապետական աթոռները եւ այլն: Ընդհանրապէս նիւթերը ասոնք են, անշուշտ իրենց մանրամասնութիւններով։

Ուրախ եմ ըսելու, որ սկզբնական շրջանին Տարօն սարկաւագը եւ ես պիտի ըլլայինք դասախօսները, բայց անդրադարձանք, որ կան նեղ մասնագիտական կարգ մը նիւթեր, որոնք լաւ է, որ մասնագէտին վստահինք։ Որքան որ աղբիւրները պրպտենք, գտնենք, ուսումնասիրենք, բայց փառք Աստուծոյ, արդէն ունինք հայ դասախօսներ, որոնք ամերիկեան, գանատական կամ եւրոպական զանազան համալսարաններու մէջ կը դասաւանդեն եւ յատուկ ուսումնասիրած են որոշ ժամանակաշրջաններ: Որոշեցինք իրենց դիմել եւ բոլորն ալ մեծ սիրով ընդառաջեցին։ Օրինակ՝ դոկտ. Մայքլ Փափազեանը, դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանը պիտի մասնակցին որպէս հիւր դասախօսներ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնը՝ մեր շատ սիրելի Րաֆֆի Սարգսեանը, պիտի դասախօսէ Ցեղասպանութեան ժամանակահատուածի մասին։ Հանդիպեցանք թորոնթոհայ դոկտ. Տանիէլ Օհանեանին, որ մեծ սիրով, գաղափարներով ու իր փորձառութեամբ օգտակար եղաւ մեզի, բաւական լաւ ուղղութիւններ տուաւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց զանազան առիթներու կամ նիւթերու վերաբերեալ օգտակար ըլլալու մեզի: Հետեւաբար, ունինք բաւական լաւ, հարուստ դասախօսական խումբ, որ մասնագէտ է եւ պիտի սիրով ներկայացնէ այդ նիւթերը:


Մելիտոնեան- Իսկ սակե՞րը. անոնք, որոնք ազատ ունկնդիր են եւ անոնք, որոնք նիշ պիտի ստանան նոյն սակը պիտի վճարե՞ն:

Հայր Գեղարդ- Նախ, ըսեմ, որ վճարումները ուղղակի պիտի երթան համալսարանին. եկեղեցւոյ կամ Ազգային առաջնորդարանի հետ կապ չունին: Անոնք, որոնք պիտի արձանագրուին, վճարումները պիտի յղեն համալսարանին: Նիշ (credit) ստացող աշակերտներուն համար հազար վեց հարիւր գանատական տոլար է: Իսկ անոնք, որոնք ազատ ունկնդիրի կարգավիճակով պիտի մասնակցին, այսինքն՝ անոնք, որոնք այդ դասընթացներուն պիտի հետեւին, բայց պարտաւորութիւնը չունին քննութիւն յանձնելու, ուսումնասիրութիւններ ընելու եւ այլն, որոնք ինքնազարգացումի կամ իրենց հետաքրքրութեան համար կ’ուզեն եկեղեցւոյ պատմութեան ծանօթանալ, ընդլայնել իրենց գիտելիքը, իրենց պարագային չորս հարիւր տոլար է:

Շատ երկար մտածելու պէտք չկայ. բացառիկ առիթ է համալսարանական մակարդակի, Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ծանօթանալու: Եթէ առիթ ունիք, մի փախցնէք: Իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն է՝ Ազգային առաջնորդարանի կողմէ ու «Թինտէյլ» համալսարանի հետ համագործակցաբար՝ Առաջնորդ սրբազանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով եւ հսկողութեամբ, որ կը վայելէ նաեւ Վեհափառ հօր՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ կաթողիկոսի օրհնութիւնը: Վեհափառը Գանատա իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ «Թինտէյլ» համալսարան, ուր Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1 700-ամեակի առիթով դասախօսութիւն մը ներկայացուց: Այդ առիթով, Վեհափառը համալսարանի տնօրէնութեան հետ հանդիպեցաւ, իր առաջարկները եւ ցուցմունքները տուաւ եւ հետեւաբար իւրայատուկ երեւոյթ մըն է ասիկա, Հիւսիսային Ամերիկայի մաշտաբով, չըսելու համար համաշխարհային մաշտաբով. չեմ գիտէր, եթէ Եւրոպա, այսպիսի բան մը կայ, բայց Հիւսիսային Ամերիկայի մաշտաբով Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացք համալսարանի մէջ կը կարծեմ իւրայատուկ երեւոյթ է:

Ընդհանրապէս կը խօսինք եւ կը մտահոգուինք, որ հայ երիտասարդները, հայ ուսանողները, համալսարանականները եկեղեցիէն քիչ մը հեռու կը մնան, չեն հասկնար, հեռու կը պահեն իրենք զիրենք եւ այլն։ Ահաւասիկ առիթ է, որ եկեղեցին ինք երթայ համալսարան՝ հոն, ուր որ են երիտասարդները եւ ինքը՝ երիտասարդներու միջավայրի մէջ, երիտասարդներու լեզուով ներկայացնէ մեր եկեղեցւոյ խոր պատմութիւնը, որմէ իմաստութիւն պիտի քաղենք, որմէ փորձառութիւն պիտի շահինք, որմէ եկեղեցւոյ դերն ու տեղը պիտի հասկնանք մեր կեանքին մէջ, մեր մշակոյթի մէջ, մեր ազգային ինքնութեան մէջ եւ այդ բոլորը աւելի պիտի հաստատէ, ամրացնէ մեր հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը։ Կը կարծեմ, որ կարեւոր դասընթացք մըն է ոչ միայն գիտելիքի իմաստով, այլեւ իսկապէս ինքնաճանաչումի իմաստով: Ո՞վ ենք մենք վերջիվերջոյ. կ’ապրինք բազմամշակութային ընկերութեան մը մէջ։

Գանատայի մէջ ամէն ազգ իր գոյնը, իր համը, իր հոտը, իր տեղը ունի: Մենք ալ ունինք եւ լաւ է, որ գիտնանք եւ երբ ուրիշներուն ներկայանանք, աւելի ինքնավստահ ըլլանք եւ հոգեբանօրէն եւ մարդկայնօրէն ալ աւելի առողջ ըլլանք, հանգիստ զգանք, որ ով ենք մենք եւ ինչպէս մեզ կրնանք ծանօթացնել, ներկայացնել: Եւ որքան ուսումնասիրենք Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, այդքան աւելի պիտի տեսնենք անոր մէջ գտնուող գանձերը եւ հասկնանք այդ արժէքը, աւելի հպարտ պիտի զգանք։ Աստուծոյ փառք պիտի տանք, որ այդպիսի հայրեր ունեցած ենք, այդպիսի իմաստուն ղեկավարներ, որոնք մեր եկեղեցւոյ ճամբով կրցած են մեր ժողովուրդին հաւատք ներշնչել, Քրիստոսը քարոզել: ֎


Այս հարցազրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2026 (#221) թիւին մէջ: Լուսանկարը՝ «Թինտէյլ» (Tyndale) աստուածաբանական համալսարանի:

Սիւզի Մելիտոնեան

Սիւզի Մելիտոնեանը «Նոր հայ հորիզոն»-ի վարիչ տնօրէնն ու արտադրիչն է:

Previous
Previous

ՄԱՀԱԶԴ. Հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեան

Next
Next

«ԼՈՅՍԸ» գեղարուեստական երեկոն՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծական աշխարհի լոյսով համակեց հանդիսատեսը