«ԼՈՅՍԸ» գեղարուեստական երեկոն՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծական աշխարհի լոյսով համակեց հանդիսատեսը

Լուսանկարները՝ Յակոբ Գուզուեանի

Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակը, Գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, կիրակի, 30 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, «Համազգային» թատերասրահէն ներս ներկայացուց «ԼՈՅՍԸ» գեղարուեստի երեկոն։ Յայտագիրը ընդգրկեց բանաստեղծութիւններու ընտրանի, երգ, պար եւ նուագ։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Էրեբունի» պարախումբի անդամներ, նաեւ երգող ու նուագնողներ։ «ԼՈՅՍԸ» նուիրուած էր հայկական ցեղասպանութան զոհ դարձած հայ բանաստեղծութեան տիտաններէն Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915) եւ Ռուբէն Սեւակի (1885-1915) կեանքին եւ ստեղծագործական վաստակին։ Մտայղացողը, համադրողն ու ղեկավարն էր Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը։ Երեկոյի ընթացքին Գրասէրներու խմբակի երիտասարդ ձայները ապացուցեցին, որ հայ բանաստեղծութիւնը ունի ապագայ, որովհետեւ ունի սիրտ։ Ռուբէն Սեւակն ու Դանիէլ Վարուժանը դարձեալ շունչ առին հանդիսատեսին առաջ՝ երիտասարդ շրթներու վրայ վերածնած, որովհետեւ բառերը ապրեցան, հնչիւնները զգացումներ դարձան։

Յիշատակի երեկոյին սկիզբը, բեմին վրայ՝ վարագոյրը դեռ չբացուած, ցուցադրուեցան երկու բանաստեղծներունլուսանկարները, իրենց կողակիցներուն եւ զաւակներուն պատկերներն ու անոնց նշանաւոր տողերէն մի քանին, որոնք սրտի մօտիկ զգացումներ արթնցուցին հանդիսատեսին մօտ։ Այդ պահուն բեմը լուռ էր զգացողութիւններու թեթեւ ալիքներ կը խաղային ակնդիրներու հոգիներուն մէջ։

Վարագոյրը բացուեցաւ, եւ մեր առջեւ պարզուեցաւ արուեստագէտ Արա Տէր Յարութիւնեանի կնիքը կրող բեմայարդարումը։ , Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի նկարները յայտնուեցան՝ շրջապատուած մեղմ քամիի տակ տատանող ցորենի ոսկեայ ծովով, ուր նուրբ հասկերը կարծես իրենց բանաստեղծութիւնները կ’երգէին։ Խորհրդաւոր էին վառ կեանքի եւ արեան շիթերու բոսորով ներկուած կակաչները ու տպաւորիչ էին բանաստեղծներուն նշանաւոր խօսքերէն ձեռագիր նմուշները, որոնք կը պատմէին անցեալին մասին եւ կարծես խաղաղ կը սպասէին մասնակիցներուն, որոնք պիտի հնչեցնէին այդ տողերուն յաջորդող հարիւրաւոր տողեր։

Կապրիէլլա Պաթիկեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Ալան Յովհաննէսի երաժշտութեան ներքեւ Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանէն զոյգ մը հեզաճկուն պարմանուհիներ, երկնագոյն զգեստներով, սահուն քայլերով մօտեցան Վարուժանի եւ Սեւակի նկարներուն եւ որպէս անմար ճրագ ու վառ հոգիներու խորհրդանիշ՝ զոյգ մը մոմեր տեղադրեցին լուսանկարներուն տակ։ Բեմը սկսաւ լուսաւորուիլ ո՛չ միայն մոմերով ու լոյսերով, այլ բառերով՝ սրտէն ծնած եւ հոգիի մէջ արձագանգող։

«Նախ լոյսն ու ստուերը» ընդգծեցին դիմանկարներուն ուժն ու բնութեան գեղեցկութիւնը, իսկ Վարուժանի «Լոյսը»-ի իւրաքանչիւր բառ ու տարր իր պատմութիւնը սփռեց, բեմի համադրութեան մէջ ստեղծելով յուզիչ եւ քնարական այնպիսի տպաւորութիւն, որ երկար պիտի մնայ ակնդիրներու սրտերուն մէջ։ Բուռն զգացողութիւններով ուղորդուող՝ երիտասարդ ձայներ բարձրացան լռութեան մէջ եւ ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին իրենց թարմ շունչով արթնցուցին Դանիէլ Վարուժանի կրակոտ կանչերն ու Ռուբէն Սեւակի խոհուն մեղեդիները։

Կապրիէլլա Պաթիկեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Այդ օրհնեալ երեկոյին, բեմը դարձաւ հոգիի խորքերուն արձագանգող սրբավայր մը, ուր երիտասարդ սրտերը իրենց ձայնը փոխ առին մեծերու անմահ բառերէն։ Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծական աշխարհը վերապրեցաւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի անդամներուն՝ Կապրիէլլա Պաթիկեանի, Լոռի Պէրպէրեանի, Լարա Տէր Մինասեանի, Էլենա Ֆարաճեանի, Ալիք Պապօղլեանի, Նարեկ Գարամարտեանի, Ժպիտ Քէշիշեանի, Մոսիկ Տանատեանի, Ռիթա Խաչոյեանի եւ Շանթ Տէօքմէճեանի երիտասարդ շունչով, նուիրումով, մաքուր առոգանութեամբ, բեմական ներկայութեամբ եւ խոր ապրումով։

Լոռի Պէրպէրեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

«Լոյսը» քերթուածի բեմական ներկայացումը սկիզբը դրաւ ձեռնարկին։ Ապա Կապրիէլլա Պաթիկեան հանդիսատեսին առջեւ պարզեց օրուան նպատակը. «Այսօր փորձ մը պիտի կատարենք ի մի բերելու երկու ինքնուրոյն լուսաճաճանչ բանաստեղծներ, որոնց կեանքին թելերը երբեմն հանդիպեցան իրարու, երբեմն զուգահեռաբար ընթացան, ի վերջոյ դաժանօրէն ընդհատուելու, երբ հազիւ երեսուն տարիքը ամբողջացուցած էին։ Դանիէլ Վարուժան եւ Ռուբէն Սեւակ։ Թող այսօրուան ներկայացումը համեստ քայլ մը համարուի՝ ի խոնարհումն զոյգ բանաստեղծներուն ծանրակշիռ վաստակին»։

Լարա Տէր Մինասեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Գրասէրներու խմբակի անդամները ներկայացուցին Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի կենսագրութիւնն ու անոնց կեանքէն դրուագներ, նաեւ ամենայն վարպետութեամբ ասմունքեցին բանաստեղծութիւններու ընտրանի,՝ շարունակելով Վարուժանի «Լոյսը» քերթուածէն, դէպի «Հայր, օրհնէ՛», ապա «Դիւցազնի մը սուրին», «Կարմիր հողը», «Նամակ Արաքսիին», «Բարտիները», «Ցան», «Առաջին ծիլեր», «Կակաչներ» եւ «Խաչբուռ» բանաստեղծութիւնները։

Էլենա Ֆարաճեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Ասմունքներուն միջեւ, տուտուկահար Սեյրան Ղազարեանի «Հորովել» նուագով, ուսուցչուհի Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարած «Հայ աստղեր» երգչախումբի անդամ, մեներգող Լիլիթ Նաճարեանի՝ «Ցորեանի ծովեր»-ու երգեցողութեամբ՝ պատկերուեցաւ բանաստեղծութեան ու բնութեան միահիւս քնարանքը, ու բեմին վրայ պատկերուած սլացիկ ցորեանը թռչկոտ ծովու ալիքներով լողաց ու հոսեցաւ Վարուժանի արեւի լոյսին ներքոյ։

Ալիք Պապօղլեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

«Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի անդամները այս անգամ Ռուբէն Սեւակը ներկայացնելով ո՛չ միայն արտասանեցին, այլ՝ բանաստեղծութիւններու եւ արձակ էջերու շնորհիւ բացին իրենց հոգիները, որպէսզի մեծ բանաստեղծին ապրումները անցնին սիրտէ սիրտ։ Ռիթա Խաչոյեան անցումը կատարեց դէպի Սեւակ, ու յաջորդող ասմունքներուն միջեւ մերթ ընդ մերթ ներկայացուեցան Ռուբէն Սեւակի կեանքէն դրուագներ։ Այսպիսով, բեմը դարձաւ հանդիպման վայր մը, ուր «Աստղի մը», «Հին եղանակ», «Էտելվեյս», «Ազատութեան համար», «Ուսանողի նամակներ», «Նուէր Ամանորի» եւ «Եթէ գիտնայի՜ր...» բանաստեղծութիւններու եւ արձակ տողերու ազդեցութեամբ անցեալը թեքուեցաւ ներկային եւ շշնջաց՝ «Ես դեռ կենդանի եմ»։

Նարեկ Գարամարտեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

«Բժիշկի գիրքէն փրցուած էջեր»-էն «Կռունկ»-ի յուզումնալից հատուածին ընթերցումով ու դաշնակահար Մինէլի Շահնազարեանի բացառիկ կատարումով հնչող՝ Կոմիտաս վարդապետի «Կռունկ»-ը՝ (մշակումը՝ Յ. Գէորգեանի) օտարութեան մէջ հնչող հայու տառապանքը, երազն ու հաւատքը վերակենդանացուցին իւրաքանչիւր հանդիսատեսի հոգւոյն մէջ։

Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբէն շնորհալի անդամներուն առինքնող «Եղէգ» պարը, որ յատկապէս այս առթիւ բեմադրուած էր պարուսոյց Նելլի Կարպետեանի կողմէ՝ Խաչատուր Աւետիսեանի քաղցրահունչ երաժշտութեան տակ սիրտեր գրաւեց։

Ժպիտ Քէշիշեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

«Եկո՜ւր», «Երթա՜լ» բանաստեղծութիւններու մեկնաբանութիւնները Ռուբէն Սեւակի սրտի զգացողութիւնները կրկին հրդեհեցին ու բեմը անգամ մը եւս դարձաւ հին յուշերու ու նոր հիացմունքի տեղ, ուր Սեւակը կրկին մեզի հետ օրհնեց ու վառեց հոգիները։

Լիլիթ Նաճարեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Ձեռնարկի աւարտին, «Լոյսով՝ լոյսին» խորագրին տակ մէկտեղուած եզրայանգիչ խօսքին մէջ նշանակալից էր հետեւեալը. «Դանիէլ Վարուժանի բառերէն փոխ առնելով՝ եթէ նշանախեց մը նոյնիսկ յաջողեցանք Վարուժանի ու Ռուբէն Սեւակի հրավառ սրտերէն փոխանցել ձեզի, մենք՝ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի երիտասարդներս գոհ կը մեկնինք այս սրահէն»: Խօսք՝ որ իր մէջ կը պարունակէ Համազգայինի Գրասէրներու խմբակին գիտակից յանձնառութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը։

Մոսիկ Տանատեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Փակումը ինքնին ազդեցիկ պատկեր մըն էր։ Մասնակցող գրասէրները բեմ եկան մէկ առ մէկ՝ յաջորդաբար արտասանելով Վարուժանի «Անդաստան»-ին տողերը, իբր մաղթանք աշխարհի մարդկութեան։ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրասէրներու խմբակի անդամներուն այս բացառիկ երեկոն համադրող եւ ղեկավար՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի շրթներէն հնչեց «Անդաստան»-ին վերջին երկտողը։ Բեմականացման մէջ բանաստեղծութեան քնարական շունչը, հողի ու հացի օրհնութեան պատկերները երիտասարդ ձայներուն մէջ դարձան նորոգուած ու կենդանի, իսկ «Անդաստան»-ի բառերը լոյսի նման տարածուեցան սրահին մէջ՝ մեղմ, ջերմ ու բիւրեղ։

Ռիթա Խաչոյեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Հոգեւոր խնճոյքը իրականութիւն դարձնող բոլոր մասնակիցները խոնարհեցան՝ յոտնկայս ու բուռն ծափահարող հանդիսատեսին առաջ եւ «ԼՈՅՍԸ» գեղարուեստի երեկոն դարձաւ տեսանելի եւ շօշափելի ներկայութիւն մը, որ ո՛չ միայն բանաստեղծական պատկեր էր, այլեւ հաւատք մը ապագային հանդէպ․ լոյս մը, որ կը բխի հողէն, խօսքէն ու երիտասարդ հոգիներէն։ Այդ պահուն Վարուժանի եւ Սեւակի քնարական աշխարհը լուսաւորեց ներկան՝ յուշելով, թէ որքան ալ խաւարը մօտենայ, հայ ոգիին մէջ միշտ կայ յուսալի ու պայծառ լոյս մը։

Շանթ Տէօքմէճեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Գարեգին ծայրագոյն վարդապետ Շխըրտմեան «Պահպանիչ»-ը փոխանցելէ առաջ, ի սրտէ շնորհաւորեց մասնակիցները եւ յայտնեց որ այսպիսի երեկոներու դարձեալ կը սպասէ համայնքը։ Գեղարուեստի այս երեկոյին թողած յուզումն ու ներշնչումը կը շարունակեն ապրիլ մեր հոգիներուն մէջ, իսկ Ռուբէն Սեւակի նուրբ զգացումները եւ Դանիէլ Վարուժանի հզօր խօսքը յաւերժ կը մնան, իբրեւ լուսաւոր ուղեցոյցներ՝ ապրող, ծաղկող եւ պտղաբերող նոր սերունդներու սրտերուն մէջ։ ֎

Դաշնակահար Մինէլի Շահնազարեան (լուսանկարը՝ Յակոբ Գուզուեանի)


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2026 (#221) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Թինտէյլ» համալսարանին մէջ դասաւանդուելիք Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն նիւթը առիթ է հայ ուսանողներուն ծանօթանալու մեր եկեղեցւոյ հարուստ ժառանգութեան. Գեղարդ ծվ. Քիւսպէկեան

Next
Next

Տասնինը ձմեռներու սառոյցը