Տասնինը ձմեռներու սառոյցը
լուսանկարը՝ Ռուբէն Ճանպազեանի (Պոլիս, 2026)
ժամանակը.
պաղ մայթին վրայ կանգ առած,
ուր տասնինը անգամ
պոլիսէն թորոնթօ
(ու հիմա երեւան)
սառը հալեցաւ
առանց սրբելու զարնուած աղաւնիին շունչը։
տասնութամեայ մատներուս արանքին
թանաքը ցամքեցաւ,
բայց յիշողութիւնը՝
թաց,
դարձաւ անջրպետ մը
երէկուան ու վաղուան միջեւ։
այնտեղ, ուր կօշիկին ծակը կը նայէր երկնքին,
հիմա տասնինը ձմեռներու սառոյցը կը բնակի։
քարացած հառաչ,
որ մայթերէն կը սողայ,
որպէս անաւարտ նախադասութիւն մը՝
զոր զարկին,
բայց չկրցան սպանել։
ճշմարտութիւնը՝
ծանր կապար,
որ թուղթին վրայ սեւ արցունք դարձաւ,
ու այդ օրէն ի վեր՝
ամէն գրիչ
կը փնտռէ իր կորսուած հաւասարակշռութիւնը։
տասնինը տարուան հեռաւորութիւնը
կամուրջ մըն է՝
շինուած ոսկորէ ու կամքէ,
ուր բացակայութիւնդ աւելի բարձր կը հնչէ,
քան մեր բոլոր բառերը։
անծանօթ ու հեռաւոր ուսանողի մը աչքերուն մէջ՝
դուն դեռ կը քալես դէպի ակօսները վաղուան,
ու ամէն յունուարի պաղութեան մէջ,
կը դառնաս լոյս
մեր անդամալոյծ խիղճերուն տակ։