«Կառուցելու առողջ ապագայ Հայաստանի համար» դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ

տոքթ. Անի Հասըրճեան

Օնթարիոյի Գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան (Armenian Canadian Medical Association of Ontario - ACMAO) գերագոյն նպատակներէն են՝ օժանդակել Հայաստանի առողջապահական համակարգի վերելքին եւ բժշկական դաստիարակչական միջոցառումներ կազմակերպելով՝ նպաստել Օնթարիոյ նահանգի հայութեան։ Այս միտումով, կիրակի, 5 մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, ACMAO-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դաստիարակչական հանրային դասախօսութիւն մը «Կառուցելու առողջ ապագայ Հայաստանի համար» նիւթով, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։

Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Գրիգոր Պալապանեան, որ յատուկ հրաւիրուած էր Մոնթրէալէն։ Ան Սուրբ Յակոբ երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ է եւ իր Ընտանեկան բժշկութեան ուսումը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն։ 2022-ին, երեք ամիսներ Հայաստանի մէջ «Դէպի հայք» (Birthright Armenia) ծրագիրին մասնակցած է որպէս նոր շրջանաւարտ երիտասարդ բժիշկ։ Յուլիս 2023-ին մասնակցած է Համաշխարհային հայ բժշկական գիտաժողովին, Հայաստանի մէջ։ Ան յաջորդող ամիսներուն մեծ հետաքրքրութեամբ երկու անգամներ եւս Հայաստանի առողջապահական համակարգին աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ օժանդակելու միտումով՝ Հայրենիք մեկնած է ու զանազան հիւանդանոցներու եւ Սփիւռքի բժշկական ընկերակցութիւններու աշխատանքին մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած։

Ան դասախօսութեան ընդմէջէն ոգեւորութեամբ ներկայացուց իր ուղղակի նկատումներն ու ապագայի հեռանկարը Հայաստանի առողջապահութեան համակարգին համար, մասնաւորաբար շեշտելով նախնական խնամքի կարեւորութիւնը։

Անդրադառնալով «Ինչո՞ւ կարեւոր է կեդրոնանալ առաջնային խնամքին» հարցումին՝ ան ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ նախնական խնամքը բաւականաչափ յառաջացած չէ։ Նախնական առողջապահական յառաջացած համակարգ մը ունենալը մեծապէս կը նպաստէ մասնագիտական ծառայութիւններու արդիւնագործութեան։ Նաեւ նիւթական մեծ խնայողութիւններ կ՚ունենայ համակարգը, երբ առաջնագիծի բժիշկները ախտաճանաչումը կարենան ընել եւ հիւանդը ուղղել մասնագիտական հետազօտութեան:

Այն երկիրներուն մէջ ուր առողջապահութեան կիզակէտը բարձր կը հակակշռէ նախնական խնամքը աւելի քան մասնագիտական խնամքը, մահերու թիւերը աւելի նուազ են։

«Ի՞նչ է նախնական խնամքի ռազմավարութիւնը» հարցումին իր տեսակէտը պարզելով, տոքթ. Պալապանեանը ըսաւ, թէ պէտք է սփիւռքը ներառնել մասնագէտներու եւ հմուտ փորձագէտներու կարողութիւններէն օգտուելով, մասնաւորաբար բժիշկներու վերարժեւորման դասաւանդութիւններ կազմակերպելով։ Արդի պայմաններով կարելի է առցանց կատարել դաստիարակչական գիտելիքներու փոխանակումը։
Նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւնները պէտք է աւելի ծրագրուած ըլլան եւ զանազան կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, հիմնուած ուսումնասիրութիններու վրայ։

Մեծ գնահատանքով ան նշեց սփիւռքի ներդրումը Առողջապահութեան նախարարութեան մէջ, ուր չորս մասնագէտ բժիշկներ խրատատուի դերակատարութիւնով հայրենիք ներգաղթած են։

Ան նաեւ յիշեց բազմաթիւ յաջող գործունէութիւններ սփիւռքի շարք մը բժշկական կազմակերպութիւններու ներդրումով, որոնք Հայաստանի առողջապահութեան համակարգի վերելքին մեծապէս նպաստած են։

Վերջաւորութեան տոքթ. Պալապանեան քաջալերեց սփիւռքի հայ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն մասնակցութիւնը յառաջիկայ Հայ բժշկական համաշխարհային գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յուլիս 2025-ին, Մատրիտի մէջ, Սպանիա։

Մանրամասնութիւններուն համար կարելի է այցելել amwc2025.org կայքէջը։ ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Տիրուկին հետ. Խապրիկ մը

Next
Next

International scholars confirm the incontestable nature of the Armenian Genocide