Տիրուկին հետ. Խապրիկ մը
Երեք շաբաթ առաջ, յաղթանակներու ամսուն՝ մայիսի երկրորդ շաբաթուան ընթացքին Հայաստանէն Թորոնթօ վերադարձայ։ Վերադարձայ, բայց կարծես միտքս ու հոգիս մնացին հոն։ Այո՛, միտքս ու հոգիս։ Հիմա պիտի ըսէք, թէ սխալ ձեւով կ’արտայայտուիմ։ Ո՛չ, բնա՜ւ։ Շատ լաւ գիտեմ, որ «խելքս ու միտքս» կապակցութիւնը կը գործածենք ընդհանրապէս եւ կամ՝ «սիրտս ու հոգիս»-ը, բայց ես ո՛չ խելքս, ո՛չ ալ սիրտս կրցայ հոն ձգել։
Խելքս հոն չձգեցի, այլապէս պիտի խելագարուէի։ Չհարցնէք՝ «Ինչո՞ւ», պատճառները անթիւ են ու անհամար․ «Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ»։ Քանի մը պատճառ եթէ թուեմ, թերեւս կրնամ գաղափար մը տալ։
Գիտեմ, որ մեր պատմութեան ընթացքին յաղթանակներու կողքին պարտութիւններ ալ ունեցած ենք, սակայն 21-րդ դարուն, ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ այսքան խեղճանա՞լ, այսքան ամօթալի իրավիճակի մէջ յայտնուի՞լ, 32 տարիներ առաջ մեր պապենական հողերը վերադարձուցած եւ յաղթական դիրք վայելող մեր քաջարի ժողովուրդը այս վիճակին հասնի՜ ու Խամսայի Մելիքութեան ժառանգը, Մեծն Տիգրանի՝ Տիգրանակերտը եւ Մոնթէի աչքի լոյսը՝ հեռո՜ւն, շա՜տ հեռուն թողած՝ շան բեռնին լափ դարձնէ՞։
Օրը ցերեկով այս ի՞նչ մղձաւանջ է։
Թէքէեանը ցեղասպանութեան մասին գրած տողերուն մէջ կ’ըսէ. «Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…»։ Ա՜խ, Թէքէեան, երանի՜ ողջ ըլլայիր ու տեսնէիր, թէ ինչպէ՞ս այսօր, լոյսին տակ եւ օրը ցերեկով, ամբողջ աշխարհին աչքին առաջ մեր հողը անգամ մը եւս կը յանձնուի թշնամի լաճերուն։
Չէ՛, յանկարծ չկարծես, որ մենք կամովին հեռացանք հոնկէ, կամ աչքի լոյսի պէս չփայփայեցինք զայն ու չպատերազմեցանք անոր փրկութեան համար, կամ թէ Մամիկին ու Պապիկին աչքերուն կայծը ու անոնց՝ հողին մէջ տարածուած արմատները պահելու համար հազարաւոր զոհեր չտուինք։
Բռնագրաւուած մեր Արցախի հողին սիրոյն մատաղ եղող հինգ հազար երիտասարդներուն մայր մտած արեւը վկայ, որ մենք պատերազմեցա՛նք, պայքարեցա՛նք, դուրսէն ու ներսէն թեւ ու թիկունք կանգնեցանք մեր հայրենակից արցախցիներուն, արիւն քրտինք թափեցինք, սակայն դիւահար ու մոլեգին հողմը մեզի պատէ-պատ զարկաւ, ամիսներով սոված ու ծարաւ պահեց, արիւնաքամ դարձուց մեր ամբողջ էութիւնը ու մեզ շպրտեց դէպի անորոշութեան բանտը, ուր ճար խորհող ու յոյսի եզր փնտռողն անգամ իր անշունչ ու անճար մնացած տան դրան ոսկեայ բանալին գրպանին մէջ սեղմած, սեւ ճակատագրի աղտոտ թաթով ապտակ կերած՝ ապշած մնաց․․․ու ետին նայող եւ տան ուրագիծն անգամ չտեսնող հայուն տան բանալին իր փայլքը հողմին յանձնելով՝ տժգունեցաւ։
Եւ հիմա Հայաստան հայրենիքին մէջ, արցախցին՝ իր տան բանալիին դժբախտութիւնն ու դառնութիւնը իր իսկ մորթին վրայ կրելով, որպէս օտար ուրուական՝ Հայաստանի եղբայրներուն աչքերուն մէջ հայկական անձագիրը կ’որոնէ, եւ երբեմն հայու աչքերուն մէջի յուսահատութիւնն ու անորոշութիւնը նկատելով՝ օտար աչքերուն նուաղուն լոյսն անգամ լուսաւոր ջահերու մոգական խաղերով կը մագնիսեն զինք, եւ օտար ափերու մէջ կանաչ ծիլ մը նշմարող մեր եղբայրը՝ Հայաստանը խղճին մէջ սեղմած, Արցախն ալ հոգւոյն խարսխած՝ թեւեր կ’առնէ, կռունկ կը դառնայ, կը սաւառնի՜ ու ետ նայելով սիրտ արիւնելու չափ զիլ ձայնով՝ «Անո՜յշ հայրենիք», կը կանչէ՜ ու․․․ կու լայ։
Ա՜խ, Թէքէեանս, մեզ դարձեալ կոտորոցին, կո-տո-րե-ցին…եւ հիմա մեր Արցախն ու մեր քաղցր հայրենիքին կարգ մը գիւղերը կ’ողբան թրքերէն խoսակցութիւններ լսելով, անոնք իրենց տէրերուն վերադարձի ճամբան կը սպասեն, բայց ապարդիւն…
Արդեօք գացածը ետ կու գա՞յ, ինչպէ՞ս...գերբնական ուժի մը կարիքը ունինք ազգովին, եւ՝ անոր հաւատացող հոգի ու սիրտ։ Սասնայ ծռերուն շառաւիղները ո՞ւր են, ո՛ւր։ Մհե՛ր, դեռ մինչեւ ե՞րբ բանտարկուած պիտի մնաս ժայռերուն սառած պատերուն մէջ։ Ե՛լ, ժամանակը եկած է։ Ե՛լ, ժողովուրդդ քեզ կը կանչէ։
Այս ամէնը իրականութիւններ են, իրադարձութիւն մը պատմեմ, որ հաւատաք։ Ապրիլի կիսուն հասայ Հայաստան, յաջորդ օրն իսկ փոխադրամիջոցի վարորդին հետ զրուցեցինք Հայաստանի ընդհանուր կացութեան մասին։ Ես կը փորձէի արեւելահայէրէնով հաղորդակցիլ, ըստ երեւոյթին, ինքն ալ միեւնոյն ջանքը կը թափէր, ու երբ Հայաստանի ո՞ր շրջանէն ըլլալը հարցուցի՝ «Արցախից եմ, քոյրի՛կ», եղաւ պատասխանը ու աղերսելով խնդրեց, որ բարձր գնահատեմ իրեն հետ ունեցած ուղեւորութիւնս։ «Շատ սիրով, եղբա՛յր», պատասխանելէս ետք խօսակիցս դառնոտ սրտին կոտրած շղթային ցաւոտ հատիկները շարեց դէմս։ «Քոյրի՛կ ջան, մէկ-մէկ որ լսում են ղարաբաղցի եմ՝ գնահատական չեն տալիս ու սուտ վկայութիւններով մրոտում վարքս։ Ես ճակտի քրտինքով ուզում եմ երեխէքս պահել, բայց հենց իմանում են Արցախից եմ, «Գնացէ՛ք ձեր տուն ու մեզ հանգիստ թողէ՛ք» են ասում։ Միթէ մենք մեր կամքով թողեցի՞նք մեր տունն ու տեղը։ Եթէ էսպէս, վիրաւորանքով պիտի շարունակուի կեանքս, ես էլ ուրիշների նման կը թողնեմ ուրիշ երկիր կը գնամ», ըսաւ ան։
Բերանս բաց մնաց։ Մարդ իր հարազատ երկրին մէջ օտարանա՜յ, ինչո՞ւ, ի շահ որո՞ւն, թուրքի՞ն։ Կարծեմ թէ շատ չէ թիւը արցախցի եղբօր հետ այս ձեւով վարուողներուն։ «Այրած սրտի մխիթարանք է» չըսէ՛ք, չեմ ուզեր հակառակը մտածել։ Եթէ նոյնիսկ այդպէս է, ուրեմն այդպիսի մտածելակերպ ունեցողներուն խելքին կաղապարը փոխել կամ կոտրել պէտք է, սակայն ո՞վ պիտի հանդգնի կոտրել այդ կարծրատիպը։ Արիւնակից եղբօր հանդուրժող մօտեցումին ոստերը խնամող հայուն պէտքը ունինք այսօր։
Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ միասնութեան կարիքը ունինք, չէ որ Չարենցը ըսած էր՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։ Չարենցը շատ լաւ բան ըսած էր, բայց այդ խօսքը գործադրողներ եղա՞ն։ Այս տարի ալ Ապրիլ 24-ին, նախորդ տարիներուն նման, Ծիծեռնակաբերդի ճանապարհին միասնական էինք, սակայն տարին միայն մէկ անգամ միանալով կը փրկուի՞նք։
Ահաւասի՛կ, հիմա ալ Գարեգին Նժդեհին ժառանգածին կը մօտենան ու մեր հայրենիքի քարտէսը օրէ-օր կը փոքրանայ։ Արդեօք միասնութեան ժամանակը չէ հասա՞ծ։ Ասոր վերջը ո՞ւր պիտի հասնի, ըսէ՛ք, մեր փրկութեան գաղափարը ո՞ւր պահուըտած է։
Սիրելի՛ ընթերցող, խելքս Հայաստանի մէջ չձգելու պարագան որոշ չափով պարզաբանեցի, միեւնոյնը սրտիս պարագան է, եթէ սիրտս հոն մնար, հաստա՛տ պիտի պայթէր ու հազար կտոր ըլլար։
Խեղճ սիրտս ինչպէ՞ս դիմանար ի տես հազարաւոր հաշմանդամ դարձած երիտասարդներուն, որոնք, փառք Աստուծոյ՝ ողջ, բայց ոչ առողջ վերադարձած էին տուն։
Սիրտս ինչպէ՞ս դիմանար Եռաբլուրին ընդլայնացած տարածքին հազարաւոր առիւծներու նինջին անկենդան շունչին մռնչիւնը լսելով ու սեւազգեստ առիւծածին մայրերուն սիրտ ճմլող աղի արցունքի հեղեղը տեսնելով, իսկ որբերը, ա՜խ մեր թշուառ որբերը...
Սիրտս ինչպէ՞ս արիւնլուայ չըլլար, երբ երկրաշարժի զոհ գացած եւ տարիներ ետք վէրքերը մասամբ մը բուժած սիրուն Գիւմրիէն դէպի Ապարան տանող ճանապարհի եզրին՝ կարմիր կակաչներու փոխարէն, արեան բոսորով պատուած ու սեւ հողի մրուրին յանձնուած լուսապսակ ճակատով հերոսներու գերեզմանաքարերու սեւ ու սպիտակ պատկերներէն ինծի նայելով՝ «Մենք հայրենիքի պաշտպաններն ենք․․․մեզ յիշեցէ՛ք ու մեր զոհուելուն պատճառը մի՛ մոռնաք», ըսող տղոց ականջ խլացնող արդար կանչը լսելով։
Սիրտս ինչպէ՞ս մէջտեղէն չժայթքէր, երբ հանրակառքին մէջ քովս նստող պսպղուն աչքերով, Արցախի 44-օրեայ պատերազմին մասնակից, արցախցի երիտասարդը՝ իր զոհուած ընկերներուն նկարները ցոյց տալով, լալով կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս գաղթի ճանապարհը բռնելէ առաջ գացած եւ նահատակ ընկերներէն ներողութիւն խնդրած էր, անոնց գերեզմանը ամայի ձգելուն ու հեռանալուն համար։ Երիտասարտը հեռախօսին նայելով՝ «Ներեցէ՛ք, տղէ՛ք, մի օր պիտի վերադառնանք» ըսելով արցունքները կը սրբէր, իսկ անդին հայ տանտիրոջ կշտամբանքներէն սիրտը ուռած շուշեցին, ետին ձգած շքեղ առանձնատան ու պարտէզին նկարները ցոյց կու տար։
Այս ցաւերուն դիմանալու սիրտ պէտք էր, չէ՞։ Այս յաղթական մայիսը ի՛նչ սրընթաց հեւքով վազեց ու յաղթական դիրքը թողած՝ սուգի ու ցաւերու ամիս դարձաւ։
Այս ամէնուն ականատես ըլլալով մտածեցի, թէ որպէս մանկավարժ, ի՜նչ բախտաւոր էինք անցեալին, երբ տասնեակ տարիներով դպրոցին ու ակումբին մէջ մեր ազգին սխրանքներն ու քաջագործութիւնները կը պատմէինք նոր սերունդին ու Մայիսեան յաղթանակներով պարծենալով Արցախ աշխարհին քարտէզը կը գծէինք գրատախտակին վրայ։ Հիմա նախկինէն աւելի բարդացած է hայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու առաքելութիւնը, որուն ընթացքին պարտութեան մէջ առկայծող յաղթանակի ոգիին կայծ տալու ջանքեր պիտի թափեն ու պայծառ տեսլականի մը ծիածանէն կախուելով անձրեւին մէջ արեւ պիտի փնտռեն։
Մայիսեան յաղթանակներ ըսի ու կրկին յիշեցի, որ Հայաստանի այսօրուան մայիսն ալ մեր երկրին ներկայ կացութեան նմանած, ու ինծի պէս շուարած, մոլորուած, խառնաշփոթ ու խելացնոր դարձած էր։ Ան, ամսուն մէկէն մինչեւ մեկնելու օրս, մարտ ամսուան խենթի շապիկը հագած՝ մէկ կ’անձրեւէր, մէկ կը փոթորկէր, կարկուտներ կը տեղացնէր, կայծակներուն ու որոտումներուն հետ կը կռուէր ու անխղճօրէն գլխուս ձիւներ կը մաղէր եւ հոգւոյս մէջ վիհեր կը բանար։
Հայաստանի մայիսը շատ չարչարեց զիս ու հիւնդացուց՝ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, արտաքնապէս ու ներքնապէս։ Ա՜խ, այս «յաղթութիւններու» ամիսը հին օրերուն կարօտ ձգեց զիս։ Հիւանդացայ, մայիսի շողշողուն օրերուն կարօտ մնալով հիւանդացայ։
Հիւանդութիւնս շալակիս, խելքս ու սիրտս ափերուս մէջ ամուր սեղմած օդանաւ նստայ ու կարծեցի, որ կրցայ փրկել զանոնք զոհեր դառնալէ, սակայն մտքիս ու հոգիիս կանչը լսելով՝ ձեռքէս սպրդելով վազեցին անոնք ու հոն մնալով անշունչ քարացան։ Քարացան, որովետեւ ժողովուրդին մեծամասնութեան հետ ձեռք-ձեռքի տուած, շունչերը բռնած, անել կացութենէն դուրս գալու ճար մը խորհիլ փորձեցին։
Հիմա ես Թորոնթոյի մէջ, իսկ խելքս ու միտքս, սիրտս ու հոգիս եւ բոլոր զգայարանքներս Հայաստան՝ յոյսի նշոյլ մը կը փայփայեն եւ հոն արցունքի հեղեղին մէջ, առ Աստուած բարձրացած աղօթքներուն հետ՝ «Արդեօք այսօրուան Մայիսեան անձրեւը օրհնաբեր վարդերու աւետիսը պիտի բերէ՞․․․» հարցումը հայրենիքի կապոյտ երկնքի եզրին ուրուագծուած կը տեսնեն, եւ՝ «Այո՛, պիտի յուսանք, սպասենք ու Վարուժանի խօսքերը յիշելով, վարդահեղեղ Արշալոյսի գալստեան ոտնաձայնը առնելով, բարին ակնկալենք», պատասխանը կը հասնի աշխարհի չորս կողմերուն ծուարած հայորդիներու խղճին եւ անոնք՝ «Ականջս կանչեց» ըսելով՝ խապրիկ մը կը սպասեն դրախտավայր հայրենիքէն։ ֎
Լուսանկարը՝ Արցախ, 2017. Լորա Օհաննէսեան