Մայերու օրուան առիթով` Մայերու օրուան առիթով` ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած շրջապտոյտը դէպի գինեգործարան
Գարնան ջերմ օրերէն մին նուիրուած է մեր լոյսի շաւիղը հանդիսացող առաքինի մայրերուն․ խորքին մէջ տարուան ո՛չ միայն մէկ օրը, այլ՝ ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան եւ ինչո՛ւ չէ՝ ամէն երկվայրկեան մօր սիրոյ, զոհողութեան եւ նուիրումին նուիրուած տօն մըն է, որ կը մարմնաւորուի զաւակներուն՝ իրենց անձնուէր մօր նկատմամբ տածած յարգանքին եւ սիրոյ զգացումներուն մէջ, իսկ այդ նշեալ մայիսեան լուսաշող օրը համընդհանուր տօն կը հանդիսանայ, ուր զաւակները համախմբուած ընտանիքին շուրջ կը պատուեն իրենց սրբալոյս մայրերը։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի մեծ ու բազմանդամ ընտանիքն ալ անմասն չի՛ մնար եւ ամէն տարի՝ որդիասէր մօր եւ զաւակի փոխադարձ վեհագոյն զգացումով առաջնորդուած, ամիսերու տարուած աշխատանքի արդիւնքով, այլազան նորութիւններ բովանդակող ձեռնարկներով՝ կը համախմբէ իր սիրալիր անդամները՝ նշելու հայ մօր տօնը։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի այս տարուան Մայրերու օրուան նուիրուած միջոցառումը պտոյտ-հացկերոյթ մըն էր, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 4 մայիս 2024-ին, Նիւմարքէթի Holland Marsh Wineries գինեգործարանին մէջ:
Մայրերու օրուան յանձնախումբի անդամները ամիսներ շարուանակ պատրաստուած էին իւրօրինակ եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ նշելու այդ սուրբ տօնը, ուստի այնպիսի գեղատեսիլ վայր մը ընտրած էին, ուր մասնակիցները մայիսեան զմայլելի բնութիւնը վայելելու եւ պտտելու կողքին, գինեգործութեան հետ կապուած նոր գետելիքներ պիտի ամբարէին, զգլխիչ գինիներ պիտի համտեսէին, համադամ ուտելիքներով լիառատ սեղաններու շուրջ բերկրալի պահեր պիտի ըմբոշխնէին եւ անակնկալներով լի արտասովոր օրուան մը յիշատակը պիտի դրոշմէին իրենց սրտերուն մէջ։
Այս առիթով «Թորոնթոհայ»-ը զրոյցեց յանձնախումբի ատենապետ Անի Իպրահիմիին հետ, որ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս այդ միջոցառման մասնակցած էին 90 կիներ, որոնք Հայ կեդրոնէն երկու հանրակառքերով ճամբայ ելած էին դէպի գինեգործարան: Ան նշեց, որ Holland Marsh Wineries-ի մէջ, իրենց անցուցած կէսօրը յագեցած էր հետաքրքիր եւ բովանդակալից գինեգործական շրջագայութեամբ, ուր իրենց առաջնորդող մասնագէտը մանրամասնօրէն եւ հանգրուան առ հանգրուան բացատրած է գինիի պատրաստման եղանակները եւ վերջնական արտադրանքի ներկայացման գործընթացը։
Ատենապետը գնահատեց յանձնախումբին կատարած ամիսներու աշխատանքները ու այդ բացառիկ օրուան մասին մանրամասնելով ըսաւ․ «Այդ օրը ընդհանրապէս զուարճալի ժամեր անցուցինք թէ՛ արեւոտ գարնանային օդը վայելեցինք, թէ՛ զանազան գինիներու տեսակները համտեսեցինք եւ թէ՛ համեղ ճաշերով ճոխ սեղաններու շուրջ նստած, ուրախ մթնոլորտի մէջ հաճելի անակնկալներով լիացած՝ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին եւ Մայրերու օրուան յանձնախումբին ծրագրած ու ի գործ դրած յաջող ձեռնարկին մասնակիցները դարձանք։
Ընկերուհի Պէթթի Գրաճեան-Եփրեմեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ Պարոյր Սեւակի՝ «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութեամբ զգացաշարժ պահեր շնորհեց ներկաներուն։
Համեղ ուտեստներով եւ քաղցրեղէնով լի սեղաններուն շուրջ համխմբուած ներկաները վայելեցին Նիկոլ Չոչեանի հոյակապ երգեցողութեամբ կատարուած երկու երգերը, որոնցմէ ետք հնչած երգերուն եւ երաժշտութեան ընկերկցութեամբ՝ հայկական շուրջպարեր պարեցին անոնք, խաղերու մասնակցեցան, իսկ վիճակահանութեան 14 մրցանակները շահող անհատները եւ մուտքի տոմսին վրայ նշուած թիւով օրուան բախտաւոր ընտրուող անձը խանդավառութեամբ ստացան իրենց նուէրները։
Շատ գեղեցիկ օրուան կէսօրէն ետքը, մասնակիցները, հնարաւորութիւն ունեցան զբօսնելու գինեգործարանի գեղատեսիլ տարածքին մէջ, ուր լճակին շուրջ ու կանաչաւուն բնութեան գիրկը ճեմելու եւ յիշատակի նկարներ նկարուելու հնարաւորութիւնը ունեցան։
Գինեգործարանէն դուրս եկանք՝ հիանալի յիշողութեամբ լիացած, մտերմիկ մթնոլորտով շրջապատուած, ջերմ ու անմահ պահեր ապրելով, վերադարձանք Հայ կեդրոն ու հոնկէ մեր տուները։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Մայրերու օրուան յանձնախումբին աշխատանքները պսակուած էին յաջողութեամբ, իսկ ներկաները գոհունակութեամբ վայելած էին հայ մայրերուն նուիրուած անմոռանալի նախաձեռնութիւնը եւ այդ շրջագայութեան յիշարժան պահերը անմահացուցած՝ հարիւրաւոր պատկերներու շրջանակներուն մէջ։ ֎