ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը յագեցած է ուսուցողական, դաստիարակչական եւ ժամանցի բազմաթիւ ծրագիրներով

Ամառուան արձակուրդը սկսաւ ու ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը 2024-ի դպրոցական տարեշրջանի աւարտական յաջող հանդիսութիւններէն ետք հայ աշակերտներուն առջեւ դարձեալ կը բանայ իր դռները, որովհետեւ ամրան, հոն պիտի գործէ ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը, ուր հայ աշակերտը հայեցի դաստիրակութեան եւ այլազան գիտելիքներով օժտուելու կողքին՝ դաստիարակչական հմտութիւններով պիտի հարստանայ ու ընկերային ճոխ մթնոլորտի մէջ պիտի վայելէ իր արձակուրդը։

ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի հիմնադրումը ունեցած է հետաքրքական պատմական մը. 1970-ին «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութիւնը նախաքայլը առած է հիմնելու Հայ օգնութեան միութեան Թորոնթոյի ամառնային վարժարանը, որուն յանձնառու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, իսկ ՀՕՄ-ի ամառնային վարժարանը ճամբարի վերածուած է 1991-ին, երբ Թորոնթոյի գաղութը բախտը ունեցած է օժտուելու ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանով:

Անցեալին 67 երկսեռ աշակերտներով սկսած ամառնային վարժարանը, այսօր, որպէս ամառնային ճամբար ունի 350-է աւելի աշակերտներ: ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը դպրոցական բնոյթ չունի, սակայն աշակերտները հոն ութ շաբաթներու ընթացքին կը զինուին զանազան հմտութիւններով, որոնք օգտակար կը դառնան իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Անոնք կը սորվին կարագապահութիւն եւ օրէնքի պահպանում, անոնց մէջ կը զարգանայ համագործակցութեան եւ ընկերասիրութեան ոգին, կը սորվին իրարու օգնել, պատասխանատու ըլլալ փոքրիկներուն հանդէպ, եւ անշուշտ անոնց մէջ կը զօրանայ հայկական ոգին, որովհետեւ անոնք օրական դրութեամբ առիթը կ’ունենան հայերէն մտածելու, հայերէն խօսելու, երգելու եւ պարելու:

Ամառնային ճամաբարին տեւողութեան, առաքելութեան եւ առօրեային մասին գաղափար ստանալու համար զրուցեցինք ճամբարի տնօրէնուհի Լալա Պարտագճեանին հետ, որպէսզի մեր սիրելի ընթերցող ծնողներուն փոխանցենք ճշգրիտ տեղեկութիւններ, որպէսզի անոնք ալ ճամբարի առօրեային ծանօթանալով՝ առիթ ունենան արձանագրելու իրենց զաւակները։
«ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի հիմնական առաքելութիւնը հայապահպանումն ու հայկական մշակոյթի փոխանցումն է, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի գործածութիւնը՝ արդիական միջոցներ օգտագործելով. նաեւ խաղերու միջոցաւ հայ մանուկին ու պատանիին տալ հայեցի առողջ եւ դրական դաստիարակութիւն», շեշտեց տնօրէնուհին։

Տիկին Լալան տեղեկացուց, որ 2024-ի ճամբարը կը սկսի 2 յուլիսին եւ կ’աւարտի 23 օգոստոսին, ութ շաբաթներու տեւողութեամբ, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 4, անվճար հսկողութիւն՝ ժամը 8-էն 9-ը, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4-էն 5-ը:

Ճամբարի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 10 յուլիսին: Արձանագրութիւնները պիտի սկսին 1 յունիսէն սկսեալ, իւրաքանչիւր շաբաթ, արձանագրութիւնները կը բացուին երկուշաբթի օրերը եւ կը շարունակուին մինչեւ հինգշաբթի երեկոյեան:

Տարիքի կապակցութեամբ, հետեւելով Օնթարիօ նահանգի ամառնային ճամբար յաճախելու կանոնաւոր տարիքային ընդունման օրէնքին, ՀՕՄ-ի ճամբար յաճախելու տարիքն է 4-12։

Այս տարուան ճամբարին ծրագիրը կ’ընդգրկէ՝
- Երկուշաբթի- հայերէն լեզուի հետաքրքրական յայտագիր հետեւեալ նիթերով՝ Սփիւռք,աշխարհագրութիւն, հայ մարզիկներ, հայ հնարողներ, հայ հերոսներ, հայկական խոհանոց, արուեստ (պար, երաժշտութիւն, թատրոն) եւ Արցախ:
- Երեքշաբթի- լողաւազան։ Տիկին Լալան վստահեցուց, որ փոքրիկներուն ապահովութիւնը առաջնահերթութիւն սեպելով՝ կոկոն, ծաղիկ եւ առաջին դասարանի աշակերտներուն համար ջրային նոր խաղեր ու խաղալիքներ ապահոված են, որպէսզի անոնք ապահով եւ հաճելի ժամանակ անցնեն ճամբարէն ներս, իսկ մնացեալ խումբերը՝ փոքր խումբակներ կազմելով, խորհրդատուներուն ղեկավարութեամբ, ապահով ձեւով պիտի մեկնին լողաւազան՝ գործածելով TTC:
- Չորեքշաբթի- անվճար ճաշ՝ pizza, Ճատրակի դասընթացքներ (չորս շաբաթներու տեւողութեամբ) եւ coding/robotics դասընթացքներ (չորս շաբաթներու տեւողութեամբ):
- Հինգշաբթի- զանազան նորութիւններով ծրագրուած in-house activities. հինշաբթի օրերը նաեւ շաբաթական թէմայի օրն է: Ութ շաբաթներու թէմաներն են` Canada Day, Armenian Day, Sports Day, Inside Out Day, Favourite Colour Day, Hawaiian Day, Crazy Hair Day,- Paint Your Face Day։
- Ուրբաթ- շաբաթական պտոյտ (զանազան նոր վայրեր):

Տնօրէնուհին նշեց, որ ճամբարին խումբերը կը կոչուին հայկական անուններով:

Ճամբարը այս տարի իր առօրեայ ծրագրին մէջ պիտի գործածէ IXL ուսումնական կայքէջը՝ թուաբանական խաղերու միջոցաւ՝ զարգացնելու ճամբարի աշակերտներուն թուաբանական գիտելիքները։

Վարդավառի յաջորդող երկուշաբթին ճամբարի աշակերտները պիտի մասնակցին եկեղեցւոյ պատարագին եւ ստանան հաղորդութիւն:
Իւրաքանչիւր շաբաթ կ’ընտրուին ճամբարի լաւագոյն խորհրդատուն եւ աշակերտը, որոնք կը ստանան քաջալերանքի նուէր։ Ճամբարը ունի նաեւ մարքէթ(խանութ):

ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբար յաճախելը կարեւոր է ո՛չ միայն հայ դպրոցական փոքրիկին համար, այլ նաեւ՝ զանոնք հսկող խորհրդատուներուն, որոնց ընդունման տարիքը նուազագոյնը 18 տարեկան է։ Անոնք պէտք է տիրապետեն հայերէն եւ անգլերէն լեզուներուն, ունենան փորձառութիւն փոքրիկներու հետ աշխատելու, ըլլան աշխոյժ, եռանդուն, նուիրուած եւ քաջալերող, եւ վերջապէս ունենան ղեկավարելու կարողութիւն:

«ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը, ամառնային ամիսներու ընթացքին, հայ երիտասարդներուն առիթ կ'ընծայէ ապահով եւ հայեցի մթնոլորտի մէջ աշխատելու հայ մանուկներու եւ պատանիներու հետ՝ իրենց մէջ սերմանելով հաւաքական կեանքի փոխհանդուրժողական եւ յարգանքի ոգին, միաժամանակ ձեռք բերելով աշխատանքի փորձառութիւն եւ ապագայ ղեկավարի պատրաստութիւն: Ամառնային ճամբարը նաեւ հայ ծնողքին կ'ընծայէ մտքի հանգստութիւն եւ աշխատելու առիթ ամառնային ամիսներուն, վստահելով իրենց զաւակները Ամառնային ճամբարի անձնակազմին, քաջ գիտակցելով ճամբարի ապահով, առողջ եւ հայեցի մթնոլորտին կարեւորութիւնը»,- եզրափակեց տնօրէնութիւն՝ մատնանշելով որ ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարին եռակի դրական կարեւորութեան եւ օգուտին մասին: Ան հրաւիրեց թորոնթոհայ մանուկները մաս կազմելու այս հոյակապ ծրագրին։ ֎

(լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի յանձնախումբը)

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսները

Next
Next

Մայերու օրուան առիթով` Մայերու օրուան առիթով` ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած շրջապտոյտը դէպի գինեգործարան