Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսները

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին համար յունիս 2024-ը տօնական ամիս էր, որու ընթացքին տեղի ունեցան «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումները, ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:

Ուրբաթ, 7 յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի մուտքին: 48 մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յարակցումով յիշատակի նկարներու, որոնք կը ներկայացնէին Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնը: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 48 շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ’աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ապա՝ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանը կ'ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը: Կը բացուի վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ կը դիմաւորեն իրենց անմեղ ժպիտներով եւ յայտագիրը կը բանան «Հայր մեր» աղօթքով: Անոնք հայերէն լեզուով կ'երգեն «Խաղաղութիւն» երգը եւ կ'ասմունքեն «Երազ մը» բանաստեղծութիւնը: Անգլերէն լեզուով կը ներկայացնեն On My Way եւ One Small Voice երգերը եւ 45 Wish եւ We Are Graduating ասմունքները. իսկ ֆրանսերէնով կ'երգեն Ainsi font, Il etati un Petit Navire, Au Revoir les Copains երգը: Հանդէսի առաջին բաժինը կը փակուի «Հրաժեշտ մանկապարտէզին» երգով:

Կը հասնի սպասուած պահը: Փոխտնօրէն Զէլա Գագուսեանը բեմ կը հրաւիրէ մանկապարտէզի ուսուցիչները եւ անոնց կը նուիրէ ծաղիկներ: Տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխտնօրէն Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը:

Կրթական խորհուրդի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց բազմավաստակ կրթական մշակ, 33 տարիներ վարժարանիս մանկապարտէզի մէջ հայոց լեզու դասաւանդած, սերունդներ դաստիարակած, բոլորին սիրելի Սօսէ Տէրտէրեանը: Ան պարգեւատրուեցաւ ապակեայ գնահատագիրով եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղով, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄ-ի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, պարգեւատրեալը փոխանեց իր սրտի խօսքը, նշելով յիշատակելի դէպքեր եւ զարգացումներ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախկին եւ ներկայ տնօրէններուն եւ պաշտօնակիցներուն եւ յայտնեց, որ պիտի կոչուի հանգստեան: Հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց Տիկին Տէրտէրեանին՝ իր տարիներու վաստակին:

Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան՝ հայկական պարով մը։

Սուրբ Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ տէր Վարդան ծվ. Թաշճեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:

Յաջորդող ուրբաթ օրը, 14 յունիսին, «Գոլոլեան» Նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 40 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Սիւզի Մելիտոնեանը:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեամբ՝ նուիրուած մեր աննման հայրենիքին: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Սեւանա Սարգիսեանը, անգլերէնով՝ Ալինա Կրըշօն եւ ֆրանսերէնով՝ Լիանա Շամահեանը:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը, որ յայտնեց թէ վարժարանիս համայնքը իր յաջողութիւններու բաժինը կը պարտի «աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին»: Պրն․ Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որոնցմով հիմը դրուեցաւ այս վարժարանին:

Ապա, ը. կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Կրթական խորհուրդի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն:

Տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանը արտասանեց իր սրտի խօսքն ու կատարեց պահպանիչը:

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

Եւ վերջապէս, 21 յունիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած 29 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, տիկին Մալխասեանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի եւ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի, եկեղեցիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն: Մալխասեանը յայտնեց, որ այս 29 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան Մուշեղ Իշխանի «Հայ հոգին» եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւններով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Իզապէլ Ակոբը, անգլերէնով՝ Ուինոլա Իսկէնտէրեանը եւ ֆրանսերէնով՝ Սարին Գաբրիէլեանը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով, որ այդ հոգիով է որ թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեանը վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսին վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանել հայրենիքի տարածքներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին. «Վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրէնասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր նուիրուածութեամբ եւ կամաւոր ոգիով եւ քաջ գիտնալով որ ձեր մէջ կ'ապրի եւ կը շարունակէ ծաղկիլ հայու հզօր հոգին, որուն յառած դուք պիտի սաւառնիք արիաբար դէպի ազգային եւ անձնական կեանքի մարտահրաւէրներու դիմաց, ձեր հունձքը, 45-ամեակի հունձքին կողքին, կ'անուանենք «Սարդարապատ» հունձք: Մեր ժողովուրդը կարիքը ունի նոր Սարդարապատի, որուն յաղթերգով նաեւ կ'առաջնորդուինք այսօր: Ձեր կեանքի ընթացքին միշտ յիշեցէ՛ք, որ դուք վերապրած ժողովուրդի շառաւիղներն էք եւ դուք ձեզ կը ճանչնաք որպէս նոր Սարդարապատ եւ չնկաք, միշտ կաք, դեռ կգաք, երբ տան զանգը, ահազանգը, մեր հոգու պարտքը պիտի տանք, յայտարարեց Սարգիսեանը:

12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ՝ տեղի ունեցաւ Մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Խօսք առաւ կրթական խորհուրդի ատենապետ տիար Շարապխանեանը՝ շնորհաւորելով շրջանաւարտները, ծնողները եւ ուսուցիչները:

Ս. Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Վարդան ծվ․ Թաշճեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»-ը, «Սարդարապատ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ: ֎

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Համազգայինի «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերը իրենց կատարումներով հոգեպարար պահեր պարգեւեցին թորոնթոհայութեան

Next
Next

ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը յագեցած է ուսուցողական, դաստիարակչական եւ ժամանցի բազմաթիւ ծրագիրներով