Համազգայինի «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերը իրենց կատարումներով հոգեպարար պահեր պարգեւեցին թորոնթոհայութեան
Հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի Թորոնթոյի «Գուսան» եւ «Հայ աստղեր» երգչախումբերուն: Թորոնթոհայութիւնը ականատեսը եղաւ, ունկնդրեց եւ հմայուեցաւ հրաշալի այն երեկոյին ընթացքին, երբ հայ երգն ու երաժշտութիւնը վարպետօրէն ներկայացուեցան «Սէր ու կեանք» խորագիրը կրող բարձրորակ տարեկան համերգին ժամանակ:
8 յունիսի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ Հայ երիտասարդական կեդրոնի բեմէն՝ բացառիկ կատարումներով եւ թովիչ երգեցողութեամբ հնչեցին զոյգ երգչախումբերուն՝ բոլոր ճաշակները գոհացնող երգերը։
Ձայներուն ներդաշնակութենէն եւ անթերի երգեցողութեան հնչերանգէն ի յայտ կու գային ամիսներ շարունակ կատարուած հետեւողական աշխատանքը, երգչախումբի անդամներուն միաձուլուած ջանքերը ու համերաշխութեան ոգին․ մէկ խօսքով՝ այդ ամբողջը կը մարմնաւորէր խումբի գեղարուեստական ղեկավար-խմբավարին կատարեալին ձգտելու եւ ամէն ճիգ չխնայելու մարմաջը։
Առաջին անգամն էր, որ զոյգ խումբերը տարեկան ելոյթով միասին հանդէս կու գային։ Համերգը կը կրէր գեղարուեստական ղեկավար Հռիփսինէ Թովմասեանի, երաժիշտ-դաշնակահար Վանիկ Յովհաննսիեանի եւ մանկավարժ-դաշնակահար Թալին Արթինեան Գըլպոզեանի պատասխանատուութեան, արդար աշխատանքին եւ մասնագիտական ուղիին կնիքը։ Սփիւռքի տարածքին հայ անհատը կը գօտեպնդուի հայութեան սեփականութիւնը հանդիսացող երգով, որուն շնորհիւ կը փարի իր ազգային աւանդներուն պահպանմանն ու զարգացմանը։
Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պապեան
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար, Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պապեանը եւ ողջունեց ներկաները։ Բեմին վրայ յայտնուեցան «Հայ աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի անդամները, որոնք իրենց տարիքի իւրայատուկ անմեղութեամբ, սակայն մասնագիտական երգեցողութեան համապատասխան եւ երգչախմբային արուեստի սկզբունքները ամրապնդած կատարեցին իրենց երգերը։
Յայտագիրին առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ խումբ Ա․-ը եւ երգեց «Պապիկս ու մամիկս», «Աշուն», «Անակնկալ», This little light of mine եւ «Զատիկ» երգերը։ Խումբ Բ․-ը կատարեց «Աստղիկների երգ» եւ It’s a beautiful day երգերը, իսկ խումբ Գ․-ը՝ «Ինձ համար դու շող գարուն ու մայր» երգը։ Փոքրիկները, իրենց հոյակապ կատարումով եւ երգացանկի ընտիր երգերով գրաւեցին հանդիսատեսին սրտերը եւ ստացան անոր քաջալերական գնահատանքը, որ դրսեւորուեցաւ ծափերու տարափին միջոցաւ։
«Հայ աստղեր»-ուն յայտագրին երկրորդ բաժինի ընթացքին խումբ Բ․-ն եւ Գ․-ը միասին ներկայացուցին՝ «Երկիր հայրենի», «Ծաղկաձոր», «Բարի արեւ, բարեւ», Il coro del creato testo, «Տիեզերք» եւ People of the sun երգերը եւ հաճելի զգացողութիւն թողեցին հանդիսատեսին վրայ, որ իր հերթին բացագանչութիւններով եւ ծափողջիւններով միացաւ անոնց երգեցողութեան։
Յայտագրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» երգչախումբը եւ ներկայացուց խումբի ղեկավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի կողմէն բծախնդրօրէն ընտրուած եւ թորոնթոհայ գաղութի բոլոր ճաշակները գոհացնող հայկական երգերը։ Հերթաբար հնչեցին հայկական երգերու հին ու նոր գոհարները եւ երգչախումբը իր երգերով պատմեց հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երգեց հայու փառքն ու յաղթանակը, գովերգեց հայ մշակոյթն ու արուեստը։
Երգչախումբին անդամները հիանալի կերպով կատարեցին «Հայաստան» եւ «Երանի թէ» երգերը, որոնցմէ ետք մեներգող Սեւակ Յարութիւնեանը իր արտայայտիչ եւ կուռ ձայնով կատարեց «Անցնում ես նազով» յուզախառն երգը։ Նելլի Թաշճեանի խօսքերով եւ Վանիկ Յովհաննիսեանի երաժշտութեամբ «Մասիսին պաղատանքը» խորագիրով երգին ազդեցութեամբ թորոնթոհայութիւնը անգամ մը եւս ներշնչուեցաւ Մասիսին հասնելու տեսլականով։
(լուսանկարները Յակոբ Գուզուեանի. տրամարուած են Համազգայինի «Գլաձոր» մսանաճիւղի վարչութեան կողմէ)
Երգչախումբը իր շքեղութեամբ, իսկ մեներգող Ռազմիկ Կարպուշեանը իր հիասքանչ ձայնով կատարեցին Պերճ Թուրապեանի թարգմանած, Շարլ Ազնաւուրի «Տարէք ինձ» երգը, եւ ահա հնչեց Ք. Կարա Մուրզայի՝ «Լեպ-հո լէ լէ» ժողովրդական երգը, իսկ Կոմիտասեան «Սրտիկ մալուլ մի՛ մնա» ժողովրդական երգի ազդեցութեամբ թրթռաց թորոնթոհայ հանդիսատեսին սիրտը:
Սրտառուչ էր մեներգողներ Մարինէ Շահինեանի եւ Նշան Փափազեանի կատարած «Երկու կռունկ» երգը, որուն շնորհիւ հայրենիքի շունչն ու մեր նախնեաց օրհնութիւնը թեւածեց հանդիսատեսի հոգիին ներսը։ Մեներգող Նշան Փափազեանի կատարումով հնչած «Սիրոյ հասակ»-ով սիրոյ անաղարտ զգացումներով լի մթնոլորտ մը պատեց ամենուրէք։ Մեներգող Մարինէ Շահինեանի կատարած Համօ Սահեանի «Անունդ տալիս»-ը փշաքաղիչ գլուխ գործոց մըն էր, որուն թովիչ երաժշտութեան հեղինակն է Վանիկ Յովհաննիսեանը։
«Գուսան»-ն ու «Հայ աստղեր»-ը միասին կատարեցին համերգի եզրափակիչ երգը։ Խօսքերը Շարլ Ազնաւուրի եւ երաժշտութիւնը Ժորժ Կարվարենցի՝ «Քեզ համար Հայաստան»-ով թնդած սրահը եւ երգչախումբի անդամներուն համահունչ, հիասքանչ ձայնը եւ արտայայտիչ գեղեցիկ կատարումը իւրայատուկ ջերմութիւն մը ստեղծեց հանդիսատեսին սրտին մէջ։ Կատարումը արժանացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն ու գնահատական բացագանչութիւններուն։
Համերգը ապացոյցը եղաւ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ Վանիկ Յովհաննիսեանի ստեղծագործական կորովի եռանդին եւ եկող սերունդները հայ երգով դաստիարակելու գիտակցութեան:
Բացառիկ համերգը հասաւ աւարտին եւ իրօք եղաւ յաջողութեան կենդանի ապացոյցը՝ ո՛չ միայն մանկական, մանկապատանեկան, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր մեկնաբանելու առումով, այլեւ՝ ապացուցեց խումբի գեղարուեստական ղեկավարին հետեւեալ խօսքերը՝ «Բացի ամիսներու տքնաջան աշխատանքին, իրերայաջորդ փորձերուն, միասնական ու սիրոյ զգացումով համակուած անդամներ ունենալուն՝ երգչախումբը երիտասարդ եւ կենդանի պահելու կարեւորագոյն դերը խաղցող գաղտնիքներէն մէկը կը համարուի երգացանկի ընտրութիւնը, որուն համար մենք անընդհատ որոնման մէջ ենք ու լաւագոյնին հասնելու ջանքերով տիւ ու գիշեր կը ձգտինք՝ այն քաջ գիտակցութեամբ, որ ան կը ծառայէ հայկական մշակոյթի առաքելութեան վսեմութեան եւ հայ երգի անաղարտ պահպանման»։
Այդ երեկոյ, անհուն սիրով ու եռանդուն կեանքով յորդող՝ «Սէր ու կեանք» համերգի մասնակից մեծ ու փոքր անդամները արդարացիօրէն սէր ու կեանք ներշնչեցին՝ իր հայապահպանման վառ օրինակով յաւերժ կենդանի, հայրենասէր եւ մշակութասէր թորոնթոհայ հանդիսատեսին սրտերուն, գիտակցութեան ու հոգիներուն խորքը։ ֎