Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն՝ Ալզայմըր հիւանդութեան եւ մտագարութեան մասին

տոքթ. Անի Հասըրճեան

Ալզայմըր (Alzheimer’s) հիւանդութիւնը ընդհանրապէս տարեցներու մօտ պատահած մոռացկոտութիւնն է։ Ան ծերութեան մէջ պատահած ընդհանուր հաւաքական մոռացութեան՝ մտագարութեան (Dementia) մէկ տարբերակն է։

Ալզայմըրը կը յատկանշուի ուղեղի հիւսուածքներու մէջ պէթա օսլայածնական սպիտ (beta amyloid albumin) պարունակող ուղեղային կոյտերու յառաջացումով նաեւ այլ տեսակ Albumin-է կազմուած թելերու խմբաւորումով, որ տարիքի բերումով քիչ մը բնական երեւոյթ է, սակայն անոնց չափազանց կուտակումը հանգոյցներով, կը յառաջացնէ Ալզայմըր hիւանդութիւնը։

Այդ անբնական թնճուկները արգելք կը հանդիսանան ներուղեղային հաղորդակցութեան, եւ բջիջներուն միջեւ կապերու խախտումով ենթական կ՚ունենայ մոռացութիւն, որ կ՚առաջնորդէ նաեւ գործելու անկարողութեան։

Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ տղամարդոց բաղդատած՝ կիները մօտաւորապէս կրկնակի անգամ կ’ունենան Ալզայմըր հիւանդութիւնը, որ կը համարուի մտագարութեան ամենէն տարածուած տեսակը. հիմնական պատճառն այն է, որ կանայք աւելի երկարակեաց են, իսկ ծերութիւնը այս հիւանդութեան ամենէն մեծ պատճառն է: Հիւանդութեան ախտաճանաչումը (diagnosis) դիւրին եւ բացայայտ է, չափազանց մոռացկոտութեամբ, մանաւանդ մօտաւոր անցեալի հարցերուն նկատմամբ, որոնց կ’ուղեկցին այլ ախտանշաններ (signs & symptoms), ինչպէս շարունակական կրկնուող հարցումներ, տարօրինակ գաղափարներ, սխալ եւ անտեղի զգացողութիւն եւ արտայայտութիւններ եւ այլն…

Ալզայմըր հիւանդութիւնը ներկայիս վերջնական ու հիմնական դարմանում չունի, սակայն որոշ դեղեր մասամբ կ՚օգնեն եւ կը բարելաւեն մոռացութիւնը։ Մեծ աշխատանք կը տարուի դարմանումներ գտնելու ուղղութեամբ։

Փաստուած է` աշխոյժ տարեցներ աւելի նուազ հաւանականութիւն կ՚ունենան Ալզայմըրով տառապելու։ Մարզանք, առողջ սնունդ եւ զգաստ ապրելակերպ ունենալու կողքին, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ որոշ չափով կարելի է կանխարգիլել Ալզայմըր հիւանդութիւնը:

Այս նկատողութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը որպէս մարդասիրական, ընկերային, առողջապահական գործունէութիւններու յառաջատար կազմակերպութիւն, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (ARS Toronto Roubina Chapter) դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանրային դասախօսութիւն մը (անգլերէնով)՝ Alzheimer’s Disease and Dementia: Essentials for Patients and Caregivers նիւթով, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ։

Դասախօսական ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեանը,ՀՕՄ-ականներ, համակիրներ եւ ամէն տարիքի հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սարին Փօլատեան-Աբիկեանը։ Ան նշեց ՀՕՄ-ի դերակատարութիւնը հայապահպանութեան տարաբնոյթ գործունէութեան, մասնաւորաբար առողջապահական-դաստիարակչական նիւթերու առնչութեամբ:

Ապա ան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ տոքթ. Հրակ Համպոյեանը (ընտանեկան ընդհանուր բժիշկ եւ տարեցներու մասնագետ, MD & GERIATRICS): Ան Medical Director-ի պաշտօնը կը կատարէ Թորոնթոյի 20 Senior Homes -երու մէջ իր բազմակողմանի մասնագիտական փորձառութեամբ։

Տոքթ. Համպոյեան հետաքրքրական մօտեցումով խօսեցաւ Dementia-ի (թուլամտութեան) 4 տեսակ հիւանդութիւններու մասին, մանրամասնելով Ալզայմըրը, որովհետեւ տարիքի բերումով ընդհանրապէս ամենէն շատ պատահած տեսակն է։

Ան բացատրեց՝ ֆիզիքապէս ուղեղի մէջ եղած փոփոխութիւններու արդիւնքով, ինչպէս անհատը մոռացկոտութիւն եւ նկարագրի փոփոխութիւն ունենալով անկարող կը դառնայ։

Իր պատգամին կարեւորագոյն բաժինն էր՝ կարելի եղած չափով նուազեցնել Ալզայմըրի հաւանականութիւնը եւ կանխարգիլել հետեւեալ ձեւերով՝

1. Մարզանք ընել հետեւողականօրէն։

2. Ընկերային կեանք ունենալ միշտ հաղորդակցութեան մէջ մնալով բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու հետ։

3. Մտային մարզանք ընել կարդալով եւ զանազան խաղեր խաղալով։

4. Վստահ ըլլալ թէ լսողութիւնը լաւ է, եթէ հարկ ըլլայ լսողութեան քննութիւն ունենալ։

5. Առողջութեան կարեւորութիւն տալ։

6. Չծխել։

7. Զգուշանալ հոգեկան ընկճում եւ վհատութիւն (depression) ունենալէ:

8. Զգուշանալ գլուխը վիրաւորելէ։

9. Զգուշանալ չափազանց ոգելից ըմպելիքի գործածութենէն։

10. Առողջ սննդականոն ունենալ։

Տոքթ. Համպոյեանը նկատի ունենալով մոռացկոտութենէ տառապողներու ընտանեկան պարագաներու հոգատարութիւնը, հետեւեալ թելադրութիւնները ըրաւ.

1. Հիւանդին ուշադրութիւնը գրաւել անունը տալով եւ աչքերուն նայելով։

2. Յստակ եւ դանդաղ խօսիլ։

3. Հարցնել դիւրիւն հարցումներ, որոնց պատասխանը «այո» կամ «ոչ» է։

4. Շուարած անձերուն հաւաստիացում տալ։

5. Անցեալի ուրախ յիշատակներու մասին խօսիլ։

6. Ուշադրութիւն դարձնել եւ շարժումներով բացատրութիւններ տալ։

7. Պարզացնել եւ յարգալիր վերաբերմունքով բացատրութիւններ տալ։

8. Կատակներով դրական մթնոլորտ ստեղծել։

9. Համբերատար ըլլալ, եթէ նոյնիսկ կրկնակի խօսակցութեամբ կ’արտայայտուի անձը:

10. Խօսակցութեան նիւթը փոխել, երբ ընկալումը նուազի եւ զգացական վերաբերմունքով ներգրաւել ուշադրութիւնը:

Տոքթ.Համպոյեանը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Ալզայմըրի խնամք Հայաստան (Alzheimer’s Care Armenia) կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։ Ան իր յաճախակի այցելութիւններով, որպէս վարչական անդամ, ներդրում կ’ունենայ զգաստացնելու Ալզայմըրի ախտաճանաչման կարեւորութեան եւ Memory Café-ներու ծրագիրներու կապակցութեամբ։

Դասախօսութեան վերջաւորութեան եղաւ hարց-պատասխանի պահ եւ ներկաներէն շատեր իրենց յուզող հարցումներ ըրին եւ հոգեպարար պատասխաններ ստացան:

Alzheimer’s Society of Toronto Free Counselling, Free Support and Free Education www.alz.to բացատրողական դաստիարակչական բացիկներ բաժնուեցան ներկաներուն։

Փակման խօսքը ըրաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս խիստ շահեկան դասախօսութեան մասին, ի մասնաւորի ընտանեկան պարագաներուն խնամքի ցուցմունքներու կապակցութեամբ։

Ապա Անի Հոթոյեան-Ճոլի եւ Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Անի Հասըրճեան երախտագիտութեամբ եւ գնահատանքով Սքաութ Թիւֆենքճեանի There Is Only the Earth («Միայն աշխարհը կայ») պատկերազարդ գիրքը՝ որպէս յուշանուէր յանձնեցին տոքթ. Հրակ Համպոյեանին։ ֎

***

*Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է մեր մայիս 2024-ի թիւին մէջ. անգլերէնով կարդացէ՛ք դասախօսութեան մասին. էջ՝ 11-ի վրայ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Armenian community celebrates Independence Day in Markham with momentous announcements

Next
Next

Օնթարիոյի հայ ոսկերիչները հանուն արցախահայութեան, հաշմանդամ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն