Օնթարիոյի հայ ոսկերիչները հանուն արցախահայութեան, հաշմանդամ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն

1995-ին Հայաստանի մէջ հիմնուած Հայ ոսկերիչներու միութեան հիմնադրութենէն չորս տարի ետք՝ 1999-ին, Օնթարիոյի մէջ հիմնուած է անոր մասնաճիւղը ու լանածաւալ գործունէութիւն ծաւալած։ Անցեալի դժուար տարիները ետին ձգած միութիւնը, 2015 թուականին վերածնունդ ապրելով, սկսած է իր բարձրորակ գործունէութիւնը առաջ տանիլ եւ բազմապիսի նուաճումներ կատարել։ Այդ նուաճումներուն մաս կը կազմեն միութեան կազմակերպած տարեկան հաւաքոյթները, որոնց հասոյթը ամբողջովին կը յատկացուի բարեսիրական նպատակներու իրագործման՝ ի մասնաւորի Հայաստանի եւ հայկական օճախներու օգնութեան, իսկ վերջին երեք տարիներուն՝ Արցախին, արցախահայութեան, հաշմանդամ զինուորներուն եւ նահատակներու ընտանիքներուն։

Վաղ դարերէ ի վեր ծնունդ առած հայ ոսկերչութիւնն ու սերունդէ-սերունդ փոխանցուած ոսկերչական նուրբ արուեստը իր ուրոյն եւ արժանավայել տեղը գրաւած է Օնթարիոյի մէջ, ուր հայ ոսկերիչները ո՛չ միայն Գանատայի, այլ՝ համաշխարհային մաշտապով ճանաչում վայելելով՝ հայ արուեստն ու արհեստը բարձր դիրքի վրայ կը պահեն։

Արդարեւ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Oնթարիոյի Հայ ոսկերիչներու միութիւնը (AJA Ontario)՝ իր ատենապետ Վանիկ Ճէլիլեանի, փոխատենապետ Սերճ Շամահեանի եւ յարգարժան անդամներու ջանքերով, 20 մարտ 2024-ին՝ «Լաւաշ» ճաշարանէն ներս յաջողութեամբ ձեռնարկեցին բարեգործութեան նպատակով ընթրիք մը: Պատուոյ հիւրն էր բարեսիրական նպատակներով որոշ ժամանակ Հայսատանի մէջ կեցութիւն հաստատած, ՄգԿիլ համալսարանի շրջանաւարտ, լիբանանաբնակ հոգեբան եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի (AUB) դասախօս Ռիթա Շոհմէլեանը, որ ամիսներ շարունակ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած է տեղահանուած ու Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան, պատերազմէն տուժած հաշմանդամ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Բարեսիրական ընթրիքին ներկայ էին Գանատայի ոսկերիչներու միութեան (CJA) ներկայացուցիչ հիւրեր, Թորոնթոյի հանրածանօթ ոսկերիչներու մեծամասնութիւնը եւ յարգարժան հիւրեր, որոնք իրենց լումաները նուիրաբերեցին նեղ կացութեան մատնուած մեր հայրենակից արցախահայութեան՝ բարօր կեանք մը ապահովելու նպատակով։

Միութեան նախագահ Վանիկ Ճէլիլեան ողջունեց ներկաները եւ յիշեց Հայ ոսկերիչներու միութեան անցած երկար եւ յաջող ճանապարհը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Օնթարիոյի հայ ոսկերիչներու միութեան անդամներուն ու հիւրերուն սրտաբուխ նուիրատուութիւնը եւ վստահեցուց, որ իւրաքանչիւր նուիրատուի կողմէն կատարուած բարեգործութիւնը տեղ պիտի հասնի ու նկարահանումով պիտի ցուցադրուի ոսկերիչներուն եւ միութեան անդամներուն՝ այնպէս ինչպէս յաճախ իրականացած է։

Օրուան հիւրը խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ ոսկերիչներու միութեան եւ անոր յարգարժան անդամներուն, որոնք աջակից դարձած են արցախահայութեան եւ իրեն վստահած են օժանդակութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու գործընթացը։ Ան իր խօսքի աւարտին շեշտեց՝ հաշմանդամ ազտամարտիկներուն աշխատանք սորվերցնելու եւ ապահովելու նպատակով առցանց իրագործուելիք դասընթացքներուն անհրաժեշտութեան մասին եւ ներկաները քաջալերեց արհեստավարժութեան դասընթացքներով աշխատանքի հնարաւորութիւն ստեղծելու եւ գործի հնարաւորութիւն ընծայելու մեր սիրելի արցախահայ ազատամարտիկներուն։

Հաճելի եւ նոյնքան ազդեցիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող ընթրիքը հասաւ աւարտին, ու Օնթարիոյի հայ ոսկերիչներու միութեան տարիներու արդար աշխատանքին եւ բարեսիրական գործունէութեան վրայ աւելցաւ նորը ու այդ յաջող ձեռնարկի աւարտին՝ Արցախի խորհրդանիշ Մամիկի ու Պապիկի պատկերին դէմ, պահը անմահացնող նկարներ նկարուելով բարեգործական նոր հանգրուանի մը նախաքայլը առնուեցաւ։ ֎

*Այս յօդուածը լոյս տեսած է մեր մայիս 2024 թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն՝ Ալզայմըր հիւանդութեան եւ մտագարութեան մասին

Next
Next

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դռնբացէք եւ վերաօծում