Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դռնբացէք եւ վերաօծում
Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնքը 1953-ին կառուցած է Թորոնթոյի առաջին հայկական եկեղեցին Ուուտլոն եւ Եանկ խաչմերուկին մօտ։ Նորակառոյց եկեղեցին անուանակոչուած է Սուրբ Երրորդութիւն՝ առ ի երախտագիտութիւն Անկլիքան Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, որ հիւընկալած էր հայ համայնքը 1928-1953 թուականներուն։
Նոյեմբեր 1987-ին ծուխը կառուցեց Թորոնթոյի Սքարպորօ արուարձանին մէջ գտնուող ներկայի Սուրբ Երրորդութիւն հայց․ առաք․ եկեղեցին, որ օծուած էր ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի։
8 յունուար 2024-ին, Թեմիս փոխառաջնորդ եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ․ Զարեհ աւ․ քհնյ․ Զարգարեանի եւ Ծխական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ՝ սկսաւ 37 տարիներու բազմաբնոյթ գործունէութիւն ծաւալած եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքը, որ կ’ընդգրկէր կառոյցի ներքին պատերու եւ սիւներու ներկի, Սուրբ խորանի սալակապատումի, ձայնային եւ տեսանկարահանման համակարգի եւ գորգերու ներոգութիւնները։
(լուսանկարները՝ Պերճ Բարսեղեանի)
Ս․ Յարութեան տօնի նախօրեակին, 30 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։30-ին, տեղի ունեցաւ դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը՝ ձեռամբ Գանատայոց թեմի առաջնորդ տէր Աբգար եպս․ Յովակիմեանի՝ առընթերակայ ունենալով փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ․ քհնյ․ Զարգարեանը, հոգեւոր հովիւի օգնական տ․ Հայարի քհնյ․ Թանաշեանը։ Արարողութեան ներկայ էին Ս․ Գիրգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Եղիա ծվ․ Քիրէճեանը եւ հաւատացեալներ։ Արարողութենէն ետք Դպրաց դասի երգեցողութեան ներքոյ հոգեւոր դասը եւ հաւատացեալները մուտք գործեցին վերանորոգուած եկեղեցի։
Առաջնորդ սրբազան հայրը վերստին օծեց մայր խորանը, յարակից խորանները, մկրտութեան աւազանը, հիմնասիւները, նորակերտ մարմարեայ մոմավառութեան սեղանը եւ սրբանկարը։
Տէր Զարեհ աւ․ քահանան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր իր ներկայութեան եւ եկեղեցնոյ վերաօծման արարողութիւնը կատարելու համար, յատուկ շնոհակալութիւն յայտնեց վերանորոգութեան աշխատանքները ստանձնած ժրաջան վարպետներուն, որոնք ոչ միայն իրենց աշխատանքով, այլեւ հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց անսակարկ հաւատքով եւ նուիրական ուգիով աւարտին հասցուցին շինարարական աշխատանքները։ Առ այդ՝ Սրբազան հօր ձեռամբ ստացան գնահատագիրներ եկեղեցւոյ հովիւին եւ Ծխական խորհուրդին կողմէ։
Վերաօծման արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի սաները կատարեցին Սուրբ զատկուան ճրագալոյցի սուրբ գրային ընթերցումները։ Ճրագալոյցի սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Գանատահայոց առաջնորդ տէր Աբգար եպս․ Յովակիմեանը։
Նորաօծ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ զատկուան եւ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Զարեհ աւ․ քհնյ․ Զարգարեանը։ ֎