Նշան Պէշիկթաշլեանի «Հայ աղբրտիք»-ը

Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքները կը շարունակեն առիթ ընծայել Թորոնթոյի գրասէր երիտասարդութեան, սերտելու հայ գրականութեան էջերը, զրուցելու այս կամ այն գրողին կամ գործին մասին, ապա պարբերաբար հանդէս գալու՝ ներկայացնելով իրենց աշխատանքին արգասիքը։ Հաւաքներու շարքը ծայր առաւ փետրուար 2012-ին, «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ. այսօր ան ունի իր հաւատաւոր մասնակիցներն ու հետեւորդները։

լուսանկարը տրամադրած է Համազգայինի գրասէրներու խմբակը

Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը վայրն է խմբակի հաւաքներուն. հոն ուր սեղմ միջավայրի մը մէջ կեանքի կը կոչուին հայ գրողներն ու իրենց ստեղծագործութիւնները։ Կիրակի, 14 սեպտեմբերի հաւաքին նիւթը երգիծական գրականութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը գրաւած Նշան Պէշիկթաշլեանն էր, յատկապէս՝ իր «Հայ աղբրտիք» գործը։ Այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբակի անդամներ Նարեկ Գարամարտեանը, Ռիթա Խաչոյեանը, Ալիք Պապօղլեանը, Էլենա Ֆարաճեանը, Հայկ Յարութիւնեանն ու Կապրիէլլա Պաթիկեանը։ Նախքան նիւթին անցնիլը, փակագիծ մը բանալով՝ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութենէն Ռիթա Խաչոյեան շնորհաւորեց երկարամեայ համազգայնական եւ գրող Գրիգոր Հոթոյեանը՝ ծննդեան հարիւրամեակին եւ «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորին հրատարակութեան զոյգ առիթներով։

Երգիծանքը գրական ոճերէն մէկն է, որ կը պարունակէ առաջին հերթին զուարճախոհութիւն (հիւմըր), բայց՝ ոչ միայն։ Ատոր կողքին՝ սրամտութիւն, հեգնանք, չափազանցութիւն... բոլորը ի մի կու գան կազմելու երգիծանքը։ Նիւթերը կու գան մարդ էակէն, ընկերային միջավայրէն, կենցաղէն ու սովորութիւններէն, անձնական փորձառութիւններէ։

Արեւմտահայ գրականութեան մէջ իբրեւ երգիծաբան ծանօթ անուններ էին Յակոբ Պարոնեանն ու Երուանդ Օտեանը։ Քսաներորդ դարու առաջին կիսուն ցանկին աւելցաւ Նշան Պէշիկթաշլեանի անունը։ Նշան Պէշիկթաշլեան ծնած է 1898-ին, Պոլիս։ Բերայի մէջ ստացած է իր նախնական ուսումը։ Փոքր տարիքին նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ ինքնաշխատութեամբ տիրապետած հայերէնին։ Գրել սկսած է տասներկու տարեկանին. գրած է արձակ եւ բանաստեղծութիւն։ Կարճ ժամանակ մը զբաղած է ուսուցչութեամբ։ 1922-ին մեկնած է Յունաստան ու նուիրուած հայ որբերու հայեցի դաստիարակութեան: Այնուհետեւ Եղեռնէն ազատած արեւմտահայ գրողներէն ոմանց նման, ինք եւս վերջնականապէս հաստատուած է Փարիզ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է տասնամեակներ։ Արդիւնքը՝ քսանէ աւելի հատորներու մէջ ամփոփուած բազմաշերտ գրականութեան շօշափելի ժառանգութիւն մը՝ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, երգիծական գործեր, թատրերգութիւն։ Թէ ինչո՞ւ երգիծանք, հաւանաբար պատճառներէն մէկը այն է, որ Պէշիկթաշլեան հաւատացած է ժպիտ պարգեւելու կարեւորութեան։ «Արշալոյսները ժպիտներով կը հիւսուին։ Ժլատներ, ժպտեցէ՜ք, ժպտեցէ՜ք ... ձրի է ժպիտը»։ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն» շարքի երկրորդ հատորին մէջ, Պէշիկթաշլեանի գրականութեան ակնարկելով՝ այսպէս կը բնութագրէ զայն. «Երգիծագիրը ծնունդն է խորքով տարապայմանօրէն զգայուն բանաստեղծին, որ «լացը ծիծաղ է ըրած»՝ իմաստուն մարդու մը ժպիտով դիմաւորելու համար մարդկային տկարութիւնները, թերութիւնները, սխալանքն ու յաւակնութիւնները»։

«Հայ աղբրտիք»-ը լոյս տեսած է Փարիզ, «Տէր Յակոբեան» տպարանէն, 1941-ին. շուրջ յիսուն էջերէ բաղկացած է։ 1927-էն մինչ այդ հրատարակուած իր հատորներուն եօթներորդն է։

Այս տողերը ընթերցողը անմասն չձգելու համար Պէշիկթաշլեան կարդալու վայելքէն, ստորեւ քանի մը հատուած գիրքէն։

Ծայր կ՚առնէ Կոստանդնուպոլսեցիով։ «Պոլսահայը շատ կը սիրէ Աստուածամայրը, բնութիւնը եւ օղին։ Պոլսեցին, եթէ Աստուածամօր նայի, միտքը կ’իյնայ օղին։ Իսկ եթէ օղի խմէ, ամէն կին իրեն Աստուածամայր կ’երեւի։ Իսկ եթէ բնութեան մէջ ըլլայ, կ’աղաղակէ յափշտակուած. -Ծօ՛, աս ինչ աղուոր տեղ է հոս։ Մե՜ղք, մե՜ղք, մե՜ղք։ Շիշէ մը օղի, պնակ մը տոլմա եւ Աստուածամայր մը եթէ ըլլար, հիմա սաստեղը հանդիսաւոր պատարագ մը կ’ընէինք»։ Ու բացատրութեան կարիք չի մնար թէ ինչո՞ւ գրակալին մօտ պատուանդանի մը վրայ խաղողի ողկոյզներուն մէջտեղը իր հանդիսաւոր դիրքը գրաւած է շիշ մը օղին։

«...Խորհուրդ կուտամ ամէնուն՝ մտնել Ակնցիին աչքը։ Ճամբան գիտնալու է սակայն։ Կարելի է անցնիլ իր կռնակէն, թեւերէն կամ վիզէն` հասնելու համար իր աչքին։ Մէկ տեղ կայ միայն, ուրկէ կարելի չէ անցնիլ. անիկա իր գրպանն է։ Անկէ անցնելով` իր աչքը մտնեմ ըսողը կը մնայ Ակնցիին… գրպանը»:

«Կախարդ մըն է [կեսարացին] որ գիտէ ամէն բան ոսկիի վերածելու գաղտնիքը։ Մէկ բան միայն չէ կրցած ոսկիի վերածել` հայերէն լեզուն։... Կեսարացիին դաւանանքը առուտուրն է, տաճարը՝ շուկան, խորանը` խանութը։ Իր աստուածը` ոսկի հորթը, սուրբը՝ արծաթը ու սրբուհին կամ սիրուհին՝ գոհարեղէնը»։

«Զմիւռնահայուն ետեւէն վազած է սատանան ու ըսած անոր, կամացուկ մը.

-Հայրենակից, աննման դուրս եկար, իբրեւ Հայ։ Խրատ մը տամ քեզի. մի հաւնի՛ր ոչ մէկ մարդու, մանաւանդ մի՛ հաւնիր հայ ազգին պատկանող յիմարներուն եւ յամառներուն»։ Ապա լեզուին ակնարկելով՝ « -Պոնժուռ, Վարվարա, թի՞ քանիս, քալա՞ իսէ, այս առտու ո՞ւր էիր, չոճուխս… թիւ սէ՞, օմորֆիմու, Աշոտը Քաթինային չիչէք մը տուաւ…»”

«Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Չէնկիլերի հիմնադիրն է Գող Վասիլ։ Ապահովագրական ընկերութիւնները Չէնկիլերցի գտնուող թաղի մը մէջ մարդ չեն ապահովագրեր, որ եւ է բանի դէմ։ Երբ առարկայ մը կորսնցնեմ, անմիջապէս հիւր կ’երթամ Չէնկիլերցիի տուները»։

«Մեր պատուական Ատափազարցին շատ փափաքած է, որ իր սիրած հայերէնը ըլլայ միջազգային լեզու։ Այս պատճառով իր լեզուն դրած էր թուրքերուն եւ յոյներուն բերնին մէջ` զանոնք ընելով հայախօս։ Յանկարծ տեսած է, որ իրեն լեզու չէ մնացած։ Այն ատեն սկսած է հայերէնի տեղ գործածել հայհոյերէնը»։

Գալով Տարօնցիին՝ «Կարծես Քաջ Վարդանի թոռն է ան, Մեսրոպի աշակերտը եւ Սասունցի Դաւիթին աղբօր տղան։ Իր հոգիին ամէն կողմը բռունցք է` ուղղուած աշխարհի անիրաւութեան դէմ, եւ իր մարմնոյն ամէն կողմը սիրտ է` բաբախող հայ ազգէն եկող ապերախտութեան դէմ։ Հայուն ազգային դիմագիծերը գտնելու համար պէտք է մօտենալ Տարօնցիին։ ...Ան է հնօրեայ գանձապահը դարերէն եկող մեր հարստութեան։ Թող լայն ըլլայ իր արիւնին կանանչը մեր մէջ։ -Եա Մշոյ Սուլթան Սըբ Կարապետ»։

Սրամիտ, խոհուն, պատկերաւոր, ծիծաղ պատճառող, մտածել տուող տողեր, լեզուի ճկունութիւն. այս բոլորը ի յայտ կու գան Պէշիկթաշլեանի գրիչին տակ։ Նշան Պէշիկթաշլեանի գործերուն քիչ թէ շատ ծանօթ մարդը տեղեակ է, որ հեղինակը «նուրբ երգիծանքի վարպետ» կոչումին տիրանալէ անդին, նաեւ ճանչցուեցաւ իբր հմուտ թատերագէտ, երբ լոյսին ընծայեց իր «Թատերական դէմքեր» խորագրով ծաւալուն գործը։

Քսանէ աւելի հատորներու եւ բազմաթիւ անտիպ գրութիւններու տէր Նշան Պէշիկթաշլեան, 8 սեպտեմբեր 1972-ին իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ։ Կեանքի վերջալոյսին, փափաք յայտնած է հրատարակութեան յանձնել իր «Հրաշալուր պատմութիւն հայոց» եւ «Հնդկահաւեր» հատորները, որոնք լոյս տեսան յետ մահու, 1972-ին եւ 1973-ին։

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ Նշան Պէշիկթաշլեանի յիշատակին ումպ մը օղիով։ Տպաւորիչ ընթերցումները բարձր գնահատուեցան հաւաքի աւարտին։ Գրասէրներու խմբակի անդամները տուն մեկնեցան մէկական հայերէն գիրք ու այս անգամ՝ փունջ մը ժպիտ պարգեւած ըլլալու գոհունակութիւնը տանելով իրենց հետ։

Եզրափակելով, «Հայ աղբրտիք» հատորի «Հայը» գրութենէն յատկանշական քանի մը տող ձեզի հետ կը բաժնենք։

«Հայը, երբ կուսակցական է, կը ճառէ ազատութենէ, երբ չէզոք է, կը խօսի միութենէ։ Իբր մարդ՝ անիշխանական է, իբր Հայ՝ ազգայնական։ Անգամ մը որ տիրանայ իր հայրենիքին, կրկին անիշխանական կը դառնայ։...Եթէ տարագրուի կամ աղքատանայ կամ երբ աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը իյնայ, շուտով կը գտնէ հացի ճամբան։ Փորձէ իրեն նպաստ տալ՝ այն ժամանակ կը ծուլանայ, մոլութենէ մոլութիւն կը գլտորի։ Կարելի չէ ոչ սուրով, ոչ հուրով սպաննել զինքը։ Զինքը մեռցնելու միակ միջոցը իրեն նպաստ տալն է։ ....Հայը կապուած է իր ցեղին, իր լեզուին, քիչ թէ շատ` իր օրաթերթին ու գրականութեան եւ մշակոյթին։ Սակայն վայ, եթէ օտար լեզու մը սորվի կարդացածը հասկնալու չափ. կամացուկ մը «մնաս բարով» կ’ըսէ իր մշակոյթին` վերէն նայելով անոր վրայ, ու կը բռնէ այլասերման նրբուղին։ Հայուն իրապէս իր ցեղին կապուած ըլլալը այն ատեն միայն կը հասկցուի, երբ ան, օտար տարածուն լեզու մը գիտնալով հանդերձ, չի հեռանար Մեսրոպին աննման գիրերէն։...Հայը իր տառապանքին չափ բարձր էակ մըն է։ Ան, արիւնաքամ, իր Գողգոթային կատարէն, ներողութեամբ, բարեսիրտ հեգնութեամբ եւ աստուածային քաղցր ակնարկով կը նայի վար`զօրաւորներու խաժամուժներուն, որոնք կը համարձակին դեռ աղմկել Ազատութեան, Արդարութեան, Եղբայրութեան եւ փոքր ազգերու պաշտպանութեան անունով»։ ֎


Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի հոկտ. 2025 (#218) թիւին մէջ:

Previous
Previous

Հայկ քհնյ. Շահինեանը՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան

Next
Next

With this issue Torontohye celebrates its 20th anniversary