Հայկ քհնյ. Շահինեանը՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան

Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ, կիրակի 19 հոկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի հետ միասին սուրբ հռչակուեցան այլ վեց երանելիներ։

լուսանկարը տրամադրած է Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցին

Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ համապատարագեց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած 1 500 հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ ու տարբեր վայրերէն հրաւիրուած լրագրողներ ու լրատուական մարզի գործիչներ։ Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ տէր Հայկ քհնյ. Շահինեանը (լուսանկարուած) նոյնպէս ներկայ էր:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը ներկայացնէր Խաժակ արք. Պարսամեանը իսկ Արամ Ա. Վեհափառի որպէս ներկայացուցիչ Հռոմ ժամանեց Մեսրոպ արք. Սարգիսեանը։

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը՝ Օսմանեան Մարտին քաղաքի հայ արքեպիսկոպոսը, ծնած էր 1869 թուականին՝ նոյն քաղաքին մէջ, ուր դարձած է արքեպիսկոպոս։ Ան Լիբանանի մէջ ձեռնադրուած է քահանայ անդամակցելով Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան եւ Եգիպտոսի մէջ քանի մը տարի քահանայական ծառայութիւն մատուցանելէ ետք, օծուած է եպիսկոպոս։ Բանտարկուած ըլլալով շատ մը ուրիշ հաւացեալներուն հետ միասին, խնդրած են, իրմէ որ հրաժարի իր հաւատքէն իր կեանքը փրկել կարենայու համար։ Բայց ան մինչ վերջ վճռական օրէն դիմադրելով սպաննուեցաւ իր հաւատքին համար՝ 1915 թուականին յունիս 11-ին, Յիսուսի սուրբ սիրտ տօնին օրը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը 2001 թուականին Հռոմի մէջ գլխաւորեց անոր երանացման արարողութիւնը։

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Անկարելի նամակ սիրելի ուսուցչապետիս՝ Ռոպէր Հատտէճեանին․ Տիրուկին հետ

Next
Next

Նշան Պէշիկթաշլեանի «Հայ աղբրտիք»-ը