Անկարելի նամակ սիրելի ուսուցչապետիս՝ Ռոպէր Հատտէճեանին․ Տիրուկին հետ

Առաւօտ կանուխ ժամը 7-ին, շաբթուան միւս օրերուն նման, Թորոնթոյի 401 մայրուղիին վրայ կը շտապէի դէպի աշխատանքիս վայրը։ Ինքնաշարժիս վրայ, ոչ շատ բարձր, կը թռչէին թիւով եօթը գանատական սագեր, որոնց խլացուցիչ ճիչը սգակիր գուժկաններու լացուկոծը կը յիշեցնէր։ Աշունը իր պաղ շունչը սկսած էր փչել Թորոնթոյի տարածքին ու, բնականաբար, թռչուններուն գաղթը սկսած էր, սակայն այսպիսի բանի ականատեսը չէի եղած նախապէս։ Տասը վայրկեան շարունակ սագերը առաջնորդեցին ընթացքս, երամները զիրար կանչեցին, աջէն-ձախէն եկան իրարու միացան ու հեռացան գացին դէպի տաքուկ բնութեան գիրկը։

Մանկապարտէզ հասայ ու նախքան դասարան մտնելս դիմատետրս բացի, եւ․․․ գո՜յժ…մէկ դար շարունակ, մօտաւորապէս հարիւր գարուններ ապրած ու հայ գրականութեան հարիւր հազարաւոր ադամանդեայ էջեր նուիրած հայ լեզուի տիտանը՝ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, յաւերժի ճամբորդ եղած էր։ «Որբացանք» կը գրէր «Նոր Մարմարա» թերթը…կարդացի ու սեւակիր սագերուն նման սկսայ մսիլ, լռելեան ճչացի, հեծկլտան մանուկի պէս լացի ու դիմատետրիս մէջ հետեւեալ տողերը գրեցի՝

«Չար գոյժը եկաւ Պոլիսէն,
Սգա՛ սիրտ իմ, սեւեր կապէ։
Կաղնին՝ հայ գրականութեան
Տապալեցաւ, որբացանք մենք։

Երկինք ցնծա՛, կարմիր կապէ
Ու աւետէ տիտաններուն,
Որ գրական դաշտն ամպերուն
Հարստացաւ գրչով ոսկի»։

Տնօրէնուհիիս մօտենալով՝ «մեծ հայրս կորսնցուցի» ըսի ու այդ նոյն մայրուղիէն անցնելով տուն վերադարձայ՝ հայ գրականութեան սիրահար երամներուն հետ սգալու։ Անկողինիս քովի փոքրիկ սեղանին վրայ խնամքով դրուած եւ ամէն օր կարդացուող` Ռ. Հատտէճեանի ձեռամբ մակագրուած «Անկարելի նամակ մեր սիրելիներուն» գիրքին տողերուն մէջ սուզուեցայ ու որոշեցի այս անգամ իմ կողմէս անկարելի նամակ մը գրել՝ շատ սիրելի եւ անմոռանալի պարոն Ռոպէրին։

«Պարոն Ռոպէր, շատ կը ներես, որ ինծի նուիրած տասնեակ գիրքերէդ միայն երեքը կրցայ հետս բերել Գանատա։ 2004-ին Հայաստանի մէջ մեր ծանօթութենէն ի վեր երեք երկիր փոխեցի, եւ իւրաքանչիւրին մէջ բոյնիս շիւղերը կպցուցած ժամանակ, նախկին բոյնս յիշելով, հազիւ քանի մը անգին իրեր կրցայ հետս տեղափոխել։ Հիմա, յետադարձ հայեացքով, երբ անցեալ երթամ ու գրականութեանդ հետ ծանօթանալուս օրը յիշեմ, կը հրճուիմ։ Երեւանի մէջ կայացած ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցներէն մէկն էի, ու այդ շրջանին մեր տնօրէն՝ գրականագէտ պարոն Սուրէն Դանիէլեանը գիրք մը դրաւ ափերուս մէջ եւ ըսաւ․ «Տիրուկ ջան, առաջին քսանհինգ էջերը կարդա՛ եւ դրանցից մի պարբերութիւն ընտրիր, որպէսզի վաղը հեղինակին ներկայութեամբ ընթերցես»։ Անծանօթ հեղինակի մը գործերը ընթերցելը շատ դժուար բան էր ինծի համար, սակայն ուրկէ՞ գիտնայի, որ այդ գիշեր Հատտէճեանի գրիչին արեւովը պիտի լուսաւորուէր միտքս ու հոգիս։ Այնպիսի հիասքանչ գիրք մըն էր ձեռքս անցածը, որ անկէ քսանհինգ էջեր միայն ընթերցելը մեղանչելու համազօր արարք մը պիտի ըլլար։ Մինչեւ առաւօտ գիրքը ծայրէ՜-ծայր կարդացի, ապա ընտրեցի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի երկխօսութեան հատուածը, ուր Սահակ Պարթեւ կը մեծարէր ուսուցչապետը եւ հրաժեշտի պահուն անոր Սուրբ աջը կը համբուրէր։ Կը յիշե՞ս, պարոն Ռոպէր այդ պահը, երբ բեմին վրայ այդ հատուածը ընթերցելէս ետք յուզուեցայ եւ աջդ համբուրեցի, այդ աջը, որով ոսկեման թելերով հիւսուեցաւ պոլսահայ ներկայ գրականութեան պատմութիւնը։

Մեր երկրորդ հանդիպումը այդ դասընթացքի աւարտական հանդիսութեան օրն էր, երբ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն ասմունքելէս ետք վկայագիրս ձեռամբդ ստացայ…ի՜նչ երանելի պահ եւ պատուաբեր յիշատակ։

Հալէպ վերադարձիս հրապարակած գիրքերէդ միայն մի քանի հատը կրցայ գտնել ու անյագ փափաքով կարդացի զանոնք, կարդացի՜ ու կարդացի՛։ Կը զարմանայի, թէ պատկերուած այդ բոլոր առօրեայ դէպքերը ինչպէ՞ս կրցած էիր փիլիսոփայական մօտեցումով, հոգեբանական վերլուծումներով, քաղցրահամ պատմելաձեւով եւ գրական բազմապիսի զարդանախշերով հարստացնել ու մատուցել ընթերցողներուդ։ Գիտե՞ս քանի անգամ՝ «Պտոյտ հայ բանաստեղծութեան քուլիսներուն մէջ» եւ «Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ» գիրքերդ կարդացած, անոնցմէ օգտուած ու զանոնք աշակերտներուս ընթերցած եմ, իսկ՝ «Յակոբ Պարոնեան վերադարձաւ» չափով փոքր, բայց արժէքով հսկայ եւ ծանրակշիռ գիրքիդ միջոցաւ որքա՜ն աւելի մօտէն ճանչցած եւ հասկցած եմ Յակոբ Պարոնեանի երգիծանքը, անձը ու անոր անհատական գիծերը։

Ինչպէս որ գիտես, մեր երրորդ հանդիպումը ծրագրուած էր 2009-ին։ Այո՛, անյագ փափաքն ունէի Պոլսոյ պատրիարքարանը, հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները այցելելու, պոլսահայ հեղինակներուն ու բանաստեղծներուն (Դուրեան, Մեծարենց, Յակոբ Մնձուրի, Ռ․ Պէրպէրեան, Զահրատ, Զարիֆեան, Հրանդ Տինք․․․) շիրիմներուն վրայ խունկ ծխելու եւ ամենէն կարեւորը՝ անոնց շառաւիղը հանդիսացող, գրականութեան կենդանի դեսպան Ռ․ Հատտէճեանն իր «Մարմարա»-ի խմբագրատան մէջ տեսնելու։ Խմբագրատուն այցելելն էր նպատակս, սակայն այդ այցելութիւնը նախախնամութեան դրսեւորումով դարձաւ երեք օրերու վրայ երկարող անմոռանալի յուշերու շարան մը։ Կը յիշե՞ս, թէ ինչպէ՞ս «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի՝ այդ օրերու տնօրէն Զաւէն Եկաւեանին հետ պայմանաւորուած էինք հանդիպիլ խմբագրատանդ մէջ, այդպէս ալ եղաւ, ապա՝ քու բարի կամեցողութեամբդ ու անոր հիւրասիրութեան շնորհիւ այցելեցինք Սուրբ փրկիչ հիւանդանոցը, Հայոց պատրիարքարանը ու Պալըքլը հայկական գերեզմանատունը։

Խմբագրատան մէջ մեր հանդիպման օրը գիտցայ, թէ արուեստի սիրահար հոգիդ որքա՜ն կը սիրէր գեղեցիկն ու բարին։ Ընտանիքիս անդամները քու փափաքիդ համաձայն խմբագրատանդ մէջ երգեցին, նուագեցին, եւ ես ասմունքեցի։ Յետոյ ծանօթացանք զաւակներուդ՝ Արիին ու Այգին։ «Քանի՞ հատ գիրք կրնաս հետդ տանիլ», հարցուցիր ժպիտով, ու ես՝ «Որքան որ տաս, կը տանի՛մ», ըսի. ուստի տասնեակ գիրքեր մակագրեցիր, նուիրեցիր ինծի ու ընտանիքիս անդամներուն եւ յաջորդ օրն իսկ մեր՝ խմբագրատուն այցելելու լուրը նկարով մը հրապարակեցիր «Մարմարա»-ի առաջին էջին վրայ։ Որքա՛ն երախտապարտ եղանք ամուսինս ու ես, իսկ զաւակներս որքա՛ն հրճուեցան իրենց նկարը տեսնելով ու իրենց անունները հոն կարդալով։

Երբ քեզի «Ուսուցչապետ» կ’անուանէի, կը ծիծաղէիր ու՝ «Ես ո՛չ ուսուցչապետ եմ, ո՛չ ալ ուսուցիչ», կ’ըսէիր ինծի՝ այդ տիտղոսը մերժելով, իսկ ես կը պնդէի՝ «Չէ՛, իմ ուսուցչապետն ես»։ Եւ ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չէիր, երբ գիրքերդ կարդալով քեզմէ շա՜տ բան սորվեցայ, գրականութեան պարտէզներուն բուրաւէտ վարդերուն գոյներն ու բոյրերը ընկալեցի, եւ նոյնիսկ քու գրած վերնագիրներէդ մէկը՝ «Համբերէ, որ համ բերէ» նախադասութիւնը կեանքի նշանաբանս ըրի։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ ինծի սորվեցուցիր ամէն օր փոքրիկ թուղթի մը վրայ գրառումներ կատարել ու անոնց մասին նիւթեր գրել, եւ ինծի ցոյց տուիր գրպանիդ մէջ պահած թղթիկը, որուն վրայ առօրեայ անցուդարձի կամ կարեւոր իրադարձութեան մը վերնագիրը գրած էիր, որպէս յիշեցում յաջորդ օրուան գրելիք նիւթիդ։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ ինծի առանց գրականութեան դասեր տալու, գիրքերուդ միջոցաւ շարահիւսել սորվեցուցիր եւ անոնց ընդմէջէն պոլսահայ հեղինակներն ու գրականութիւնը մանրամասնօրէն ինծի եւ ընթերցողներուդ ներկայացուցիր։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ մեզ՝ ընտանիքս, մեծարելով քու սուրբ օճախիդ մէջ հիւրընկալեցիր ու մեր նուիրած գրիչը հայրենի պարգեւներով եւ շքանշաններով յորդող ապակեայ պահարանին մէջ զետեղեցիր։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ մեր հեղինակներուն յիշած կամ ապրած Պէյօղլուն, Օրթագիւղը եւ Դուրեանի Սկիւտարը տեսնելու արժանի ըրիր զիս։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ սիրած գիրքիս կողքի նկարին՝ Յակոբ Պարոնեանի արձանին մօտ տարիր ու Պարոնեանի մասին գրածներուդ բացատրութիւնները տուիր ինծի։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ «Մարմարա»-ին բաժանորդագրուելով ու ամէն օր գրականութիւնդ ընթերցելով միտքս արտայայտելու հորիզոններս ընդլայնեցիր։ Ինչպէ՞ս ուսուցչապետս չես, երբ քու թելադրանքովդ ու մեծահոգի օրիորդ Մաքրուհի Յակոբեանի հիւրընկալութեամբ հայաբնակ Գնալը կղզին տեսանք, «Մարմարա» ծովուն մէջ լողացինք ու Գրիգոր Զօհրապի երեք մանչերուն մկրտուած եկեղեցին ու մկրտարանը այցելեցինք։ Հիմա Պոլսոյ մէջ ունեցած այդ բոլոր յիշատակները կը փայփայեմ ու ամուսինիս նկարահանած տեսերիզը դիտելով, յուզուելով, կը վերապրիմ այդ թանկագին պահերը։ Գիտեմ, հիմա դարձեալ պիտի ծիծաղիս ու մերժես, բայց այդ բոլորը յիշելով ինչպէ՞ս դրժեմ կամ մերժեմ ուսուցչապետս ըլլալդ։

Երկու տարիներ ետք, 2011-ին, Հայաստանի մէջ իրականացած մեր չորրորդ հանդիպման նախօրեակին աղի արցունք թափեցի։ Շատ լացի, որովհետեւ հեռուստալիքէն տեղեկացայ, որ տիկին Սիւզանին եւ օրիորդ Մաքրուհիին հետ Հայաստան ժամանած էք, սակայն ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պիտի կարենայի գտնել ձեզ։ Շատ չարչարուեցայ, բայց գոնէ վերջին վայրկեանին ձեզ գտայ։ Հակառակ անոր, որ միայն քսան վայրկեան ունէիք նախքան ձեր Պոլիս մեկնիլը, սակայն այդ վայրկեանները ու ձեր թելադրանքները իմ դէմս այնպիսի գրական լայն դռներ բացին, որ անոնց շնորհիւ ծանօթացայ լուսահոգի պարոն Մարգար Շարապխանեանին, գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեանին եւ տասնեակ գրագէտներու հետ կապեր ստեղծեցի, ու այդ կապերուն շնորհիւ գրողներու միութեան, Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին եւ ազգային գրադարանին մէջ ելոյթներ ունեցայ։ Հիմա համոզուեցա՞ր ու հաւատացի՞ր, որ ուսուցչապետս ես, թէ տակաւին չե՛ս ընդունիր ու մերժելով կը ծիծաղիս։

Ա՜խ, պարո՛ն Հատտէճեան, դժբախտաբար, չգիտցայ որ 2014-ին, Հայաստանի մէջ կայացած մեր հինգերորդ անակնկալ հանդիպումը մեր հանդիպումներուն վերջինը պիտի ըլլար։ Հրապարակին մօտ անակնկալ ձեւով հանդիպեցանք, բայց կամովին՝ երկու օրերու տեւողութեամբ, ընտանիքիդ հետ պտըտեցանք Երեւանի գեղատեսիլ վայրերը ու մտերմացանք ողորմած տիկին Սիւզանին, զաւակիդ՝ Արիին ու հարսիդ՝ Քարոլինին։ Ձեզի հետ պտըտած ժամանակ աւելի վարդագոյն դարձած էր մեր սիրելի մայրաքաղաքը։ Կը յիշե՞ս հրաժեշտի պահուն, երբ այտերդ համբուրելէ ետք խոնարհեցայ եւ աջդ համբուրեցի։ Համբուրեցի, այդ փառահեղ աջդ, բայց ո՞ւրկէ գիտնայի, որ հրաժեշտի դրոշմ մը պիտի ըլլար այդ մէկը ու վերջակէտով փակէր մեր հանդիպումներու ցանկին վերջին տողը։

Սիրելի՛ պարոն Ռոպէր, տակաւին քառասուն օրեր պիտի թեւածես երկրի վրայ, արդեօք այդ ընթացքին այս նամակս պիտի հասնի՞ս ընթերցելու։ Այս քառասուն օրերու ընթացքին արդեօք որքա՜ն գրառումներ պիտի ընես եւ որքա՜ն նիւթեր հաւաքես…։ Արդեօք դրախտի մէջ ալ պիտի գտնե՞ս քեզ ոգեշնչող տանդ դէմի ծովեզերքին նմանը։ Արդեօք դրախտ հասնելէդ ետք ինչպիսի՞ դրախտային երանգներով պիտի զարդարես ոսկելար քնարէդ արձագանգող պատմուածքներդ…է՜հ, երնէկ դրախտի մէջ բնակող ընթերցողներուդ։

Սիրելի՛ ուսուցչապետ, տարիներ առաջ Պոլիսէն վերադարձիս յօդուած մը գրած էի ու զայն վերնագրած էի՝ «Հսկայ սիրտ մը կը բաբախէ Պոլսոյ մէջ»։ Ափսո՜ս, հազար ափսո՛ս, որ Հսկայ սիրտդ այսօր դադրած է բաբախելէ, բայց քու շունչդ հոս է, հո՛ս՝ գրականութեանդ իւրաքանչիւր տառին, վանկին ու բառին մէջ։

Ուսուցչապե՛տ, այսօր թաց աչքերով կը խոստանամ օր մը Պոլիս գալ՝ դամբարանիդ վրայ առ Աստուած աղօթք մը բարձրացնելու ու անմահ յիշատակդ յարգելու, բայց այս անգամ եթէ 2009 թուականին նման Շիշլիի գերեզմանատան դռները գոց ըլլան, ո՞վ պիտի հեռաձայնէ եւ պահակներուն պատուիրէ, որ անոնք փակ դռները բանան եւ զիս ներս առնեն։ Ո՞վ, ըսէ՝ ո՞վ…։ Ո՞վ պիտի կարենայ հոն հսկող պաշտօնեաներուն ըսել, որ զիս առաջնորդեն դէպի քեզ ու աւետեն, որ աշակերտդ եկած է իր ուսուցչապետին հետ վեցերորդ հանդիպումը իրականացնելու ու տարիներ առաջ հոն դրուած վերջակէտէն ետք նոր էջ մը բանալու։

Նամակս կը դրոշմեմ միշտ գրելու խոստումով։

Բարի ճանապարհ դէպի անմահութիւն, սիրելի՛ ուսուցչապետ»: ֎


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի հոկտեմբեր 2025 (#218) թիւին մէջ: Առցանց կը հրատարակենք պարոն Հատտէճեանին մահուան քառասունքի առիթով:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» հանգանակային ձեռնարկը՝ ի նպաստ Այնճարի «Բուժման նաւահանգիստ» կեդրոնին

Next
Next

Հայկ քհնյ. Շահինեանը՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան