«Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» հանգանակային ձեռնարկը՝ ի նպաստ Այնճարի «Բուժման նաւահանգիստ» կեդրոնին

Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցին (լուսանկարը տրամադրած է Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցին)

Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of Canada - AMAC) նախաձեռնութեամբ, շաբաթ, 13 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» խորագիրով հանգանակային ձեռնարկը:

Ձեռնարկին գլխաւոր պատգամաբերն էր Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած՝ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն ու Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ վերապատուելի Յակոբ Ագպաշարեան։

Աւետարանչական առաքելութեամբ՝ բարեսիրական այս ձեռնարկը իր տեսակին մէջ առաջինը չէր Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան համար։ Ան անցեալ տարեշրջանին, 2024-ին, կազմակերպած էր «Միասին արցախահայութեան կողքին» եւ «Միասին լիբանանահայութեան կողքին» զոյգ հանգանակային միջոցառումները Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ։

Սոյն ձեռնարկը ներկայութիւնը կը վայելէր Գրիգոր Պոսթաճեանի՝ Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ Օնթարիոյ նահանգի, հոգեւոր հայրերու, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու վարչական ներկայացուցիչներու, վեր. Յակոբ Ագպաշարեանի, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարան եւ գիշերօթիկ յաճախած աշակերտներու, թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ երաժիշտ արուեստագէտներու:

Բացման խօսքը կատարեց Զէլա Սարմազեան-Գագուսեան, որ ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ նուիրատուներուն։ Ան յիշեց, թէ Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնները ունին նոյն առաքելութիւնը՝ աջակցիլ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներու բարելաւման, ոգեշնչել եւ ծառայել հայազգի զաւակներուն եւ կարօտեալներուն, առանձնայատուկ ուշադրոթիւն յատկացնելով մանուկներուն եւ պատանիներուն։ Ապա՝ ան անդրադարձաւ այս տարուան հոգեւոր եւ կրթական ծառայութիւններու ծիրին, ուր մեծ տեղ կը գրաւեն՝ Լիբանանի հայկական վարժարաններու մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ անոնց աջակցելու միտումով իրականանալիք ձեռնարկերը, որոնցմէ մէկն է «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» խորագիրով ձեռնարկը։

Տիկին Սարմազեան-Գագուսեան ներկայացուց նաեւ վեր․ Յակոբ Ագպաշարեանը, որ ծնած է Պէյրութ, 1986-ին։ Վերջինս կը ծառայէ որպէս՝ հոգեւոր հովիւ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, տնօրէն, ուսուցիչ եւ խորհրդատու՝ Այնճարի Հայ աւետարանական թեմական վարժարանին:

Բացման աղօթքը կատարեց պատուելի Արա Պալգճեան։ Պատուելին յիշեց, թէ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA) 1918-էն ի վեր եւ Գանատայի ընկերակցութիւնը (AMAC) 1984-էն ի վեր, միշտ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանչական առաքելութեան հաւատարիմ մնալով, օգնութեան եւ օժանդակութեան ջահակիրները եղած են հայկական համայնքներուն մէջ։

Գեղարուեստական յայտագիրը երեկոյթին շնորհեց երաժշական մթնոլորտ մը, երբ գանատահայ տաղանդաւոր եւ սիրուած երաժիշտներ իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ ճոխացուցին երեկոն։ Ալին Թօփճեան-Պչագճեան իր բիւրեղ ձայնով երգեց «Բարի է իմ հոգւոյս» եւ «Արարատ լեռան ձիւնապատ սրտից», տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան իր կուռ ձայնով կատարեց «Մայրս» եւ «Իմ Անի» երգերը, իսկ Թալին Երեմեան՝ Սոնա Յովսէփեան-Մարտոյեանի դաշնամուրային նուգակցութեամբ, իր հրապուրիչ ձայնով կատարեց «Բարի արագիլ» եւ «Երեւան Էրեբունի» երգերը։

Այնճարի Հայ աւետարանական գիշերօթիկ վարժարանը (լուսանկարը տրամադրած է Այնճարի Հայ աւետարանական գիշերօթիկ վարժարանը)

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզի մը, որ կը պատմէր Այնճար հայաւանի կազմաւորման պատմութիւնը։ 1939 թուականին Մուսա լեռան ժողովուրդը՝ իր ետին թողած տուն, ստացուածք եւ ամէն բան, իբրեւ գաղթական, անտուն կը հասնի Այնճար, Լիբանան, Ֆրանսական պետութեան օժանդակութեամբ։ Կը կառուցէ եկեղեցի ու 1942-ին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողքին կը հիմնուի Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանը՝ հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու մատղաշ հայ սերունդներուն։ 1947-ին, իբրեւ կարեւոր ծրագիր, դպրոցին կողքին կը բացուի գիշերօթիկի բաժանմունքը, ուր հայ փոքրիկները առաջին անգամ կը զգան ընտանեկան ջերմութիւն, իսկ հազարաւոր պատանիներ կեանքի նոր ու լուսաւոր հորիզոններով կը շարուանակեն իրենց ապագան կերտել:

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը 1956-էն ի վեր կ'ունենայ կրթական բոլոր բաժանմունքները՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։ Ցուցադրուած տեսերիզին եւ պատկերներուն միջոցաւ ներկաները ծանօթացան այդ կառոյցին մանրամասնութիւններուն, տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ուսանողներուն աշխատութիւններուն։

Պատգամաբեր վեր. Յակոբ Ագպաշարեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, նուիրատուներուն, ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին, «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստակայանին եւ «Թորոնթոհայ» թերթին իրենց տարած բարեսիրական աշխատանքներուն համար։ Վերապատուելին ընդգծեց Լիբանանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, դժուարութիւնները եւ ինչու չէ՝ յաջողութիւնները։

Պատգամաբերը պատկերներու եւ տեսերիզի ցուցադրութեան ընդմէջէն յիշեցուց, որ 1942-ին հիմնուած Այնճարի Հայ աւետարանական թեմական վարժարանը տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Այնճարի համայնքին՝ տրամադրելով կրթութիւն, անվտանգութիւն եւ հոգածութիւն՝ դժուար պայմաններէ եկող մանուկներուն: Դպրոցը՝ ռոբոտագիտութիւն, Խաղաղութեան կրթութիւն, «Նախագիծ փոփոխութեան», «Մենք անվար» եւ «Յոյսի սերմեր» ծրագիրներով՝ կը քաջալերէ ստեղծագործութիւնը, պատասխանատուութիւնը, ծառայութիւնը եւ քրիստոնէական արժէքները։ 1947-ին հիմնուած գիշերօթիկ բաժինը, որ Միջին Արեւելքի միակ հայկական հաստատութիւնն է, որ՝ հոգեկան խնամք կը տրամադրէ որբերուն, եւ պատերազմէն կամ բռնութենէ փախած մանուկներուն՝ ապահովելով կերակուր, ապաստան եւ սիրով լի միջավայր: Հոն հոգեբուժական աջակցութիւն կը տրուի որոշ ուսանողներու, որոնք կը պայքարին վախի եւ ինքնավստահութեան պակասի դէմ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային եւ տնտեսական վերիվայրումներու պատճառով, մտային առողջութիւնը խաթարուած փոքրիկներու եւ պատանիներու։

Վերապատուելին՝ լսատեսողական ներկայացումով եւ տեսերիզներու ընդմէջէն խօսեցաւ վերջերս հաստատուած «Բուժման նաւահանգիստ» (Healing Harbour) անունով կեդրոնին մասին, ուր շուտով հոգեբուժական առաքելութիւն պիտի ներգրաւուի՝ մասնագիտական դարմանումներ (professional therapy), խմբային խորհրդատուութիւն (group counseling) եւ այլ օգնութիւններ տրամադրելու կարիքը ունեցող հայ նոր սերունդին։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, որ միշտ պատրաստակամ է եւ ճիգ չի խնայեր «Բուժման նաւահանգիստ»-ի առաքելութեան օժանդակելու, որպէսզի մանուկներն ու պատանիները կարենան յաղթահարել ներքին խոչընդոտները եւ Աստուծոյ շնորհած պարգեւները յայտնաբերեն ու զարգանալով ըլլան յաջողակ չափահասներ կեանքի ասպարէզին մէջ։

Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան յատկանշական պարգեւներ ստացաւ՝ ձեռամբ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի եւ Հռութ Տէմիրճեան-Տէնիքի, իսկ երեկոն՝ իրենց արուեստով ծաղկեցնող երաժիշտներուն՝ գեղեցիկ համադրութեամբ ծաղկեփունջեր նուիրուեցան՝ ձեռամբ Պէթի Գրաճեան- Եփրեմեանի։


Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան (լուսանկարը տրամադրած է Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցին)

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան եւ ընդգծեց Լիբանանի եւ յատկապէս Այնճարի կրթական հաստատութիւններուն առաքելութիւնը, որ սոսկ բարեսիրական, մարդասիրական կամ կրթական առաքելութիւն մը չէ, այլ՝ արմատաւորուած է Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն վրայ, որ մեզ մեր եսասիրութենէն դուրս կը հանէ եւ ուրիշին օգնելու ուղին կը սորվեցնէ, ու Աստուծոյ շնորհքով եւ անհատներու ու եկեղեցիներու հաւատարիմ առատաձեռնութեամբ՝ այս առաքելութիւը կը կատարելագործուի։

Պատուելի Սարգիսեանի աղօթքով ձեռնարկը հասաւ աւարտին։ Տիկին Սարմազեան-Գագուսեան ներկաները հրաւիրեց մասնակցելու առաքելութեան եւ իրենց լումաներով աջակցելու Այնճար հայաւանի նորակառոյց «Բուժման նաւահանգիստ» (Healing Harbour) կեդրոնի զարգացման։

Համադամ հիւրասիրութեան մը շուրջ համախմբուած ներկաները, այս հոգեպարար երեկոյթին մանրամասնութիւնները վերյիշելով, իրենց լումաները յատկացուցին «Բուժման նաւահանգիստ» (Healing Harbour) կեդրոնին։

Նուիրատուները կրնան առցանց այցելել՝ AMAC-ի կայքէջը (յղումը մեկնաբանութիւններուն մէջ) եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել վերոնշեալ հաստատութեան։ ֎


Այս թղթաակցութիւնը լոյս տեսած է հոկտեմբեր 2025 (#218) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Aram I, Prime Minister Mark Carney meet in Ottawa

Next
Next

Անկարելի նամակ սիրելի ուսուցչապետիս՝ Ռոպէր Հատտէճեանին․ Տիրուկին հետ