«Աստուած լեռը կը տեսնէ, ձիւնը կը դնէ». Տիրուկին հետ
Աշխարհի ո՞ր հայը չի գիտեր Պարոյր Սեւակի «․․․եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք, կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք» տողերը, եւ կամ որեւէ առիթով անոնց՝ բեմէն հնչած ժամանակ, ունկնդրողը, կամայ ակամայ, չի բարձրաձայներ հայութեան հպարտութիւն ներշնչող այս նախադասութիւնները։ Հակառակ անոր, որ պարտութիւններու կամ ճակատագրական վերիվայրումներու սեմին կանգնած ենք ու անլսելի աղաղակով «զարթնո՛ւմ» կը գոռանք, բայց եւ այնպէս՝ անցողիկ դէպքերու, ժամանակներու եւ արհաւիրքներու շարքին կը սեպենք կատարուածները: Ապա՝ հպարտութեան եւ պարծանքի առիթ տուող անհատնում յիշարժան դէպքերն ու դէմքերը, յաղթանակներն ու հերոսները յիշելով` կը զովացնենք մեր սրտերը ու Սեւակի նշանաւոր տողերը կրկնելով հպարտ կը զգանք եւ ուժ կ’առնենք՝ դժուարութիւններուն դիմակայելու ու չարը խափանելու։
Ճիշտ այդպէս ալ եղաւ մեզի հետ․ երբ հեռաւոր Տոմինիքեան Հանրապետութեան ծովեզերեայ պանդոկին փոքրիկ սրճարանին մէջ, քոլոմպիացի մեծ մօր ու թոռնուհիին, եւ մեր՝ ամուսնոյս ու իմ, անակնկալ հանդիպման արդիւնքով յայտնաբերուած հեռաւոր «Արմէնիա»-ն ու անոր յաջորդող իրադարձութիւնները կրկին բորբոքեցին հոգւոյս խորքին անշէջ մնացող հայ ըլլալու հպարտութեան ճրագը։
Մէկ օր առաջ, երեկոյեան, աճպարարի ներկայացման ժամանակ, ներկայ զբօսաշրջիկներէն մի քանին բեմ բարձրացան ու` անոր թելադրանքները իրականացնելով, հաճելի անակնկալներու առիթ տալով՝ աղաւնիներ, նապաստակներ ու այլ կենդանիներ դուրս հանեցին անոր գլխարկէն։ Այդ զբօսաշրջիկներէն մէկն ալ վաթսունհինգ տարեկանը անց, սպիտակ կարճ մազերով, նիհար, մանրակազմ, կեանքով եռուն ու իր շարժուձեւերով հանդիսատեսը զուարթացնող ու անոնց ծափողջիւններուն արժանացող այն քոլոմպիացի կինն էր, որուն հետ պիտի հանդիպէինք ու զրուցէինք յաջորդ առաւօտ։ Առանց իրարու լեզուները իմանալու, պիտի հասկցուէինք, ապա բարեկամանալով՝ Տոմինիքէն դէպի Քոլոմպիա, հոնկէ ալ դէպի Հայոց աշխարհ թիավարէինք։
Արմէնիա, Քոլոմպիա (լուսանկարը՝ colombiatours.travel-ի)
Առաւօտեան սուրճի ժամն էր, ու մենք մեր լեղի սուրճերը ըմպած ժամանակ սրճարանէն ներս մտան այդ կինն ու իր տասներկուամեայ թոռնուհին եւ «Պուէնոս տիազ» ըսելով սկսան մեզի հետ խօսելու։ Մենք ալ սպաներէնով բարեւեցինք։ Արդէն անկէ անդին չէինք կրնար անցնիլ՝ պարզապէս՝ «Բարեւ, Աստուծոյ բարին»… ուստի անգլերէնով սկսանք խօսիլ կնոջ հետ ու մէկ օր առաջուան հաճելի պահերը յիշելով՝ խնդացինք։ Պարզուեցաւ, որ քոլոմպիացի կինը՝ Լուզ Սթելլան, անգլերէն չի գիտեր, հետեւաբար անոր թոռնուհին սկսաւ մեր խօսածները թարգմանել անոր, եւ հակառակը՝ մեզի, ու այդպիսով քանի մը նախադասութիւն փոխանակեցինք։ Մենք՝ ամուսինս ու ես, սկսանք իրարու հետ հայերէն խօսիլ, իսկ իրենք, մինչեւ իրենց սուրճերուն պատրաստուիլը, իրենց մայրենիով սկսան հաղորդակցիլ։ Երբ անոնք քանի մը անգամ «Արմէնիա» բառը կրկնեցին, մենք զարմացանք ու իրարու նայելով՝ «Մենք առիթը չունեցանք այս կնոջ՝ մեր հայ ըլլալը յայտնելու», «Արդեօք ուրկէ՞ գիտցաւ մեր հայ ըլլալը», «Ան ինչո՞ւ «Արմէնիա» անունը կը կրկնէ», «Արդեօք մեր խօսած լեզուին հայերէն ըլլալը իմացա՞ւ», սկսանք հարց տալ իրարու։ Ես, անվարան, կնոջ դառնալով՝ հարցուցի՝ «Արմէնիա բառը կը կրկնէք, ինչո՞ւ։ Արդեօք մեր խօսած լեզուէն մեր հայ ըլլա՞լը իմացաք»։ Կնոջ աջքերը սկսան փայլիլ ու՝ «Այս գիշեր իմ ծննդավայրս՝ Արմէնիա պիտի երթամ, եղբայրս հոն կ’ապրի, ան բարձրաստիճան զինուորական է», ըսաւ ուրախութեամբ, իսկ ես հրճուած՝ «We are Armenians too», ըսի ու մեծ ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքիս, կարծելով որ կինն ալ հայ է, քոլոմպիահայ։ «Արմէնիա, Քոլոմպիա՞», հարցուց կինը ուրախութեամբ, ու ես այդ երկվայրկեանին աղօտ յիշեցի, որ Քոլոմպիոյ մէջ Արմէնիա անունով քաղաքի մը մասին տեղ մը կարդացեր էի անցեալին։ Սկսայ Google-ը պրպտել, եւ ահա՛ 1880 թուականին հայ կալուածատէրերու կալուածին անունով կոչուած քաղաքին պատմութիւնը փռուեցաւ մեր աչքին առաջ։ Ահաւասիկ այդ քաղաքին անունն էր, որ անընդհատ կը կրկնէր մեր սպանախօս խօսակիցը. այն քաղաքին, որ Ցեղասպանութենէն ետք վերանուանուած էր «Արմէնիա», ի յիշատակ Եղեռնի զոհերուն։ Գրութիւնը հեռախօսովս սպաներէնի թարգմանեցի, որ կարդայ եւ իմանայ իր շատ սիրելի ծննդավայրին անուանումին իսկական պատմութիւնը: Ան սկսաւ հետաքրքրուիլ եւ զարմանալ հոն գրուած տեղեկութիւնները ուշի ուշով կարդացած պահուն։
«Հիմա մեր Ամէնիոյ, այսինքն՝ Հայաստանի նկարները ցոյց տամ», ըսի ու թոռնուհիին թարգմանութեան միջոցաւ սկսայ պատմել մեր երկրին հոգեթով վայրերուն, բնութեան, գեղեցկութեան ու մեր ազգի պատմութեան մասին։ Կնոջ ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ մեր դրօշին գոյները տեսաւ, որոնք մօտաւորապէս Քոլոմպիոյ դրօշին գոյներն են, սակայն հակառակ շարուած։ Ան շատ զարմացաւ, երբ կարդաց Սպիտակի երկրաշարժին մասին ու ըսաւ, որ «Արմէնիա» քաղաքը զարմանալիօրէն ունեցած էր Հայաստանի ճակատագիրը, երբ 1999-ին, զօրաւոր երկաշարժի պատճառով, աւերուած էր քաղաքին զգալի մէկ մասը, ուր զոհուած էր 1 230 մարդ։
Քոլոմպիա՜… Արմէնիա՜… Հայաստա՜ն…։ Սուրիա ծնած ու Գանատա հաստատուած զոյգ մը հայեր եւ Քոլոմպիոյ Արմէնիոյ մէջ ծնած օտարականը՝ Տոմինիքեան սրճարանին մէջ պիտի հանդիպին ու հայութեան եւ Հայաստանի մասին երկար պիտի զրուցեն եղեր` տարբեր լեզուներով։ Առեղծուած։
Մէկ ժամէն աւելի զրուցեցինք՝ առանց մէկս միւսին լեզուն հասկնալու, իսկ սրճարանի սպասեակն ու կնոջ թոռնուհին հանդիսացան մեր անպաշտօն թարգմանիչները, որոնք հետաքրքրուած կը թարգմանէին մեր վերջ չունեցող զրոյցները։ Հեռաձայնի թիւերը փոխանակեցինք ու խոստացանք իւրաքանչիւրս մեր չտեսած «Արմէնիա»-ն այցելել, մենք՝ Քոլոմպիոյ Արմէնիան, ինքը՝ մեր Հայաստանը։
Միեւնոյն գիշեր սկսայ պրպտել հայկական ծագում ունեցող քաղաքներու, թաղամասերու ու վայրերու մասին։ Պարզուեցաւ, որ չգիտցածներս գիտցածներուս քառապատիկն էին։ Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ բաւական մեծ է թիւը «Արմէնիա» կոչուած քաղաքներուն։ Այդ երկիրներէն ոմանք են՝ Եթովպիա, Էքուատոր, Էլ Սալվատոր, Հոնտուրաս, Ամերիկա, Պանկլատէշ, Ազրպէյճեան, Յունաստան, Ռուսիա, Ուքրանիա, Ռումանիա, Իտալիա, Հունկարիա եւ այլուր։ Հայերուն ու Հայաստանի անուան նուիրուած եւ «Արմէնիա» կոչուած թաղամասեր ու հրապարակներ ալ կան Գանատայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Սլովաքիոյ, Արժանթինի, Մարոքի, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ, Հնդկաստանի, Ղրիմի, Լեհաստանի, Մալեզիոյ, Չիքոսլովաքիոյ, Կիպրոսի, Սպանիոյ, Ուրուկուէյի, Պրազիլի, Պաղեստինի, Ամերիկայի մէջ եւ այլուր։ Այս բոլոր յիշածներէս ոմանք պատմութեան ընթացքին անուանուած են մեր անունով, ոմանք ալ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք՝ ի յիշատակ մեր ազգի մէկ ու կէս միլիոն զոհերու յիշատակին։
Այս բոլորը անշուշտ հպարտութեան առիթ կու տան ու Սեւակին՝ «Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք․․․» նախադասութիւնը կը յիշեցնեն։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Պէյրութի մեր վարձած տան պատշգամին դէմ՝ «Արմէնիա թաղամաս» ցուցանակը տեղադրուած էր, եւ այդ թաղին անուանումը մեր տանտիրոջ՝ ողորմած պարոն Գրիգոր Տէր Ստեփանեանին հօրը ջանքերով իրականացած էր։ Այդ ցուցանակը դիտելով ըմպած սուրճերս աւելի համեղ կը թուէին ըլլալ այդ օրերուն, իսկ այնտեղի արաբ դրացիներուն՝ հայերուն հանդէպ ունեցած յարգանքն ու ակնածանքը մեր թեւերուն տակը տեղաւորուած ձմերուկներուն չափ կը կրկնապատկուէին։ Միեւնոյնն էր մեր ծննդավայրին՝ Հալէպի մէջ գտնուող Հոգետան, Սիս թաղամասին եւ այլ հայաբոյր վայրերու հայկական կառոյցներուն, դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն շուքին տակ հասակ առած եւ ուրճացած է մեր հայու հոգին։ Նոյնպէս հոս՝ Թորոնթոյի մէջ հպարտանալու առիթները միշտ անհամար են. ահաւասիկ Գանատայի Ճորճթաունը, ուր հաւաքուած ու նոր կեանքի հետքերով յառաջացած հայ որբուկներուն շունչը տակաւին կ’արձագանգէ նոր սերունդներու սրտերուն ու խիղճերուն վրայ, իսկ Թորոնթոյի մէջ մեր հայկական կառոյցները, եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները, որոնք հայու սուրբ օճախ դարձած՝ խունկ ու կնդրուկ կը բուրեն մեր գիտակցութեան եւ հոգիներուն մէջ։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս երեք տարիներ շարունակ Թորոնթo քաղաքի կեդրոնի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից մանկապարտէզին մէջ պաշտօնավարած ժամանակս եկեղեցի մտած եւ աղօթք բարձրացուցած եմ Աստուծոյ, առանց գիտնալու, թէ հայ եկեղեցին երկար տարիներով այդ եկեղեցւոյ մէջ գործած է, երբ տակաւին հայկական եկեղեցի չունէինք Թորոնթոյի մէջ։ Ի՜նչ սրտառուչ պահ էր հարցազրոյցի այն պահը, երբ տ. Զարեհ աւ․ քհն․ Զարգարեանէն իմացայ այդ իրողութեան մասին։ Ուստի գացի եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի եկեղեցւոյ խնամակալութեան ու այս անգամ աւելի կուռ հաւատքով աղօթեցի՝ այն գիտակցութեամբ, որ այդ եկեղեցւոյ պատերն անգամ օծուած էին հայկական աղօթքներով ու շարականներով։
Այս բոլոր պրպտումներէն, յիշողութիւններէն եւ ապրած կեանքի հետքերէն մտքով ճեմելէ ետք, սկսայ պրպտել մեր՝ ազգիս ծագման թուականը։ Անշուշտ ես շատ լաւ գիտեմ մեր ծագման պատմութիւնն ու թուականը, սակայն հետաքրքրութիւնս այն էր, թէ արդեօք Google-ը ի՞նչ կը գրէ մեր մասին։ Կը գրէ, թէ հայ ժողովուրդը աշխարհի հնագոյն ժողովուդներէն մին է, իսկ Հայաստանը աշխարհի առաջին հինգ հին երկիրներէն մէկն է ու այդպէս ալ կը մնայ…։ Իսկ մեր թշնամիները ո՞ւր էին այդ ժամանակ, երբ մենք մեր հողերուն տէրն էինք ու Հայաստանը՝ իր Մեծ Հայքով ու Փոքր Հայքով մերն էր...անշո՛ւշտ, որ անոնց երկիրը եւ նոյնիսկ անոնց անունն անգամ գոյութիւն չունէր։
Այո՛, մենք կայինք, կանք, պիտի մնանք ու տակաւին շատնանք՝ հակառակ բոլոր մեծ ու պզտիկ արհաւիրքներուն։ Հոգ չէ թէ դժուար օրերէ կ’անցնինք, եւ կամ մտատանջ ենք ազգովին․․․վստահ եմ, որ այս ձիւներն ալ կը հալին ու ձնծաղիկը իր գունաւոր գլուխը դուրս հանելով կը ժպտի Հայոց աշխարհին, այնպէս չէ՞։ Պատմութեան ընթացքին մենք ի՜նչ դժուարութիւններ անցուցած ենք ու ի՛նչ անել կացութիւններէ դուրս ելած ենք, այս իրավիճակէն ալ դուրս կու գանք՝ առաջ Աստուած։ Չմոռնանք, որ մեր երկիրը հնագոյններուն մէջ պատուաբեր տեղ ունի, չմոռնանք որ մենք հնագոյն ազգերէն մէկն ենք, չմոռնանք որ մեր սուրբ լեռան՝ Արարատին պէս միշտ բարձր ենք, չմոռնանաք որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, չմոռնանք որ մեր հետքերն ու պատուական անունը ամէն տեղ է եւ ամենուրեք, եւ չմոռնանք որ հակառակ Ցեղասպանութեան՝ մենք տակաւին հայօրէն կ’ապրինք եւ կ’արարենք։ «Աստուած լեռը կը տեսնէ, ձիւնը կը դնէ», կ’ըսէ նշանաւոր առածը, հետեւաբար մեր գլխուն բազմած ձիւնը հալեցնող կարմիր արեւները շուտ բերենք ու ձնծաղիկին դուրս գալուն ժամանակը արագացնենք։ Արագացնե՛նք, հը՞, արագացնե՛նք... ֎
Այս սիւնակը հրատարակուած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2025-ի (#216) թիւին մէջ: