Թորոնթոհայ Քամի Աբրահամեան ընտրուած է 2025-ի TIFF Director's Lab-ի մասնակիցներէն մէկը

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»–Թորոնթոհայ արուեստագէտ, հեղինակ ու բեմադրիչ Քամի Աբրահամեան ընտրուած է 2025-ի TIFF Director’s Lab-ի տասնվեց մասնակիցներէն մէկը։ Այս մրցակցային, տաղանդի զարգացման հնգօրեայ ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին` Թորոնթոյի միջազգային ֆիլմի փառատօնի (TIFF) ընթացքին։ Ըստ Armenian Film Society-ին, Աբրահամեանը TIFF Director’s Lab-ին կը մասնակցի իր «We Are Our Mountains» («Մենք ենք մեր լեռները») ֆիլմով:

Քամի Աբրահամեան (լուսանկարը առնուած Lantana Publishing-ի կայքէջէն)

Ծրագիրը նորահաս տաղանդներ կը կապէ աշխարհահռչակ տնօրէններու, արտադրողներու, գործակալներու եւ տարածողներու հետ։ Մասնակիցները նաեւ իրաւասու կ՚ըլլան արժանանալու հեղինակաւոր կրթաթոշակներու:

Աբրահամեան ծնած եւ մեծցած է Թորոնթոյի արուարձաններէն մէկուն մէջ. ան շրջանաւարտ է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի միջնակարգէն։ Բեմադրած է զանազան ներկայացումներ (ինչպէս՝ «Սիրելի Արմէն») եւ կարճ ֆիլմեր (ինչպէս՝ «Transmission» եւ «Ensouled»): Ան Լուսինէ Ղուկասեանի հետ համահեղինակն է «The Brighter I Shine» («Որքան, որ պայծառ փայլիմ») մանկական գիրքին, որ կը պատմէ հայ երեխայի մը մասին, որուն տարեդարձը լեցուն է ընտանիքով, ուտեստներով ու պատմասացութեամբ՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս աւանդութիւններն ու նախնիներու պատմութիւնները կը ձեւաւորեն ինքնութիւնը: Իր ստեղծագործական աշխատանքները կը կեդրոնանան նախնիներու յետապահանջի (ancestral reclamation), սփիւռքեան ապագայապաշտութեան (diasporic futurism) եւ տեսլական աշխարհի կերտումի (visionary worldbuilding) վրայ:

«Մենք ենք մեր լեռները» ֆիլմի հրատարակուած համացոյցը հետեւեալն է. «Շահանը՝ յոգնած ակտիվիստ մը, որ դարձած է մարդասպան, կը հեռանայ իր երեխայէն՝ միանալու կանանց աշխարհազօրին Արեւմտեան Ասիոյ լեռներուն մէջ։ Թէեւ դժկամութեամբ, ան կապ մը կը հաստատէ գաղափարապաշտ յեղափոխականի մը հետ՝ վերջնական պաշտպանութիւն մը կազմակերպելու այն փորձարարական ուժերուն դէմ, որոնք դժոխային կերպով մտադիր են ոչնչացնելու իրենց հայրենիքը»։

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

«Աստուած լեռը կը տեսնէ, ձիւնը կը դնէ». Տիրուկին հետ

Next
Next

Համազգայինի ArtLinks-ը հիանալի հնարաւորութիւն է արուեստի ճիւղերուն մօտէն ծանօթանալու