Համազգայինի ArtLinks-ը հիանալի հնարաւորութիւն է արուեստի ճիւղերուն մօտէն ծանօթանալու
Երեսունին դռները զարնելը այդքան դիւրին չէր, որքան որ մտահոգիչ` մանաւանդ համազգայանական անձի մը համար, որ ալ ոչ Hamazkayin Forum-ի կրնայ մասնակցիլ, ոչ ալ Hamazkayin YouthLinks Europe-ի, բայց Hamazkayin ArtLinks-ը սրտի մխիթարութիւն է, քանի որ կարելի է մասնակցիլ մինչեւերեսունչորս տարեկան։
լուսանկարը տրամադրած է Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը
Խրախուսիչ էր գիտնալ ArtLinks-ի մասին, թէ զանազան տաղանդաւոր վարիչներ կու գան վարելու այս աշխատանոցները։ 2024-ին անձնական պատճառներով չէի կրցած մասնակցիլ, սակայն երբ 2025-ի թուականը նշուեցաւ, բոլորին ըսի, որ զիս չհարցնեն այդ շաբաթավերջին, քանի որ ժամանակս պիտի տրամադրեմ այս աշխատանոցներուն:
Օրը հասաւ, Արազին եւ Արմէնին հետ միասին Հայ կեդրոնին առջեւէն մէկնեցանք դէպի Հարինկթըն. Քէպէքի ճամբան հաճելի էր, մեր հայկական տուներու մէջ եղած պատմութիւնները իրարու պատմելով՝ գրեթէ առանց դադար առնելու հասանք Cammac բանակավայրը։ Յանձնախումբը արդէն պատրաստ կը սպասէր հասնող անդամներուն. մեր սենեակներուն բանալին առինք եւ բարձրացանք։ Իւրաքանչիւր սենեակ անուանուած էր երգահան երաժիշտի մը յիշատակին։ Իմս Տոմենիքօ Սկարլաթիին էր, որ իտալացի երաժիշտ էր։ Բանակավայրին ամէն մէկը անկիւնը դաշնամուր կար, կարծես երաժշտանոց կը մտնես, իսկ բնութիւնը` սիրտ ներգրաւող։ Պատուհանիս ծայրէն սկսայ դիտել գեղեցիկ ծառերը։ Հեռաձայնի գիծերը շատ տկար էին, որ բաւական դրական եղաւ առօրեայէն հեռանալու համար։
Ժամը 8-ին ծանօթացաման ժամն էր։ Սէրուժ Գրաճեան մեր մէջ, գինիի բաժակները լեցուցին յանձնախումբի անդամները, կենաց խմելով սկսաւ առաջին երեկոն։ Հետաքրքրական էր նստիլ ճանչցուած անձի մը հետ եւ խօսիլ որպէս բարեկամի։ Բոլորս ծանօթացանք իրարու, Մոնթրէալէն, Լոս Անճելոսէն եւ Գեմպրիճէն եկողներ կային, իսկ Թորոնթոյէն՝ ես։ Ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեան իր ընկերային ոճով բաւական խանդավառեց ծանօթացման երեկոն. ժամն էր պարոն Սէրուժէն խնդրելու որ նուագէ. հրապուրիչ պահեր էին. ինք կը նուագէր եւ մենք կ’երգէինք առանց կենալու։ Մոցարթի եւ Ֆէյրուզի խառնուրդը լսած է՞ք Սէրուժին։ Արդէն կէս գիշերը անցած էր, երբ մեր սենեակները գացինք, որ պատրաստուինք յաջորդ օրուան։ Ամէն մէկ օրը ունէր նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք եւ ազատ ժամեր։ Ուրբաթ նախաճաշէն ետք Սէրուժի աշխատանոցն էր. ան խօսեցաւ զանազան երաժշտական գիտելիքներու մասին, նշեց հայկական եւ դասական երաժշտութիւններու նօթերու մասին, ապրեցանք երաժշտութիւնը, երեւակայեցինք իր նուագած ժամանակ։ Շատ գոհացուցիչ դասապահ մը եղաւ, մանաւանդ երաժշտութեամբ հետաքրքրուողներուն համար։ Միւս աշխատանոցը գրելու մասին էր (creative writing) Նէնսի Գրիգորեանի հետ։ Ան պատմեց իր հրատարակութիւններուն մասին եւ խնդրեց, որ մեր ընտանեկան նկարը դնենք եւ գրենք անոր մասին։ Բոլորս մեր գրիչներով յարձակեցանք թուղթերուն վրայ. շատ հետաքրքրական էր տեսնել ստեղծագործ միտքեր երիտասարդ սերունդին մէջ։
Յաջորդ օրուան աշխատանոցներէն մէկը տոքթ Անի Շահինեանի հետ էր, որ խօսեցաւ հայկական ձեռագիրներու մասին: Հետաքրքրական էր կարդալ գրաբարով գրուած ձեռագիրներ, որոնց տողադարձն անգամ դժուար էր հասկնալ։ Իսկ միւսը՝ Վանա Ասատուրեանի հետ, որ բացատրեց, թէ դերասաները ինչպէս պէտք է հանգիստ զգան իրարու հետ նախքան իրենց դերին մէջ գտնուիլը։
Բոլոր աշխատանոցները շատ հետաքրքրական էին։ Մեր ազատ ժամերը պարեցինք, երգեցինք, նաւակ (canoe) թիավարեցինք, մարզանքներ ըրինք, գիշերը խարոյկ վառեցինք, երգի խաղ խաղցանք եւ շատ-շատ հաճելի ժամեր անցուցինք միասին։ Յանձնախումբը ոչ մէկ ճիգ խնայեց երիտասարդները ուրախ պահելու։ Կը քաջալերելեմ՝ յաջորդ շրջանին բոլոր 21-34 տարեկան երիտասարդները մասնակցին ArtLinks-ին։ 2026-ինը նախատեսուած է Քալիֆորնիոյ մէջ: ֎
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2025 (#216) թիւին մէջ:
ծանօթ. Համազգային ArtLinks երիտասարդական ցանցի հաւաքները կը շաղկապեն Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մշակոյթով խանդավառ երիտասարդները՝ ընտրանի հայ արուեստագէտներու հետ։ ArtLinks ցանցի աշխատանոցները մասնակիցներուն կը տրամադրեն երկխօսութեան միջավայր մը համբաւաւոր հայ արուեստագէտներու հետ, որոնք կու գան ստեղծագործական գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, պարարուեստի, սինեմայի, լրագրութեան եւ նոր քարոզչական միջոցներու բնագաւառներէն:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արեւմտեան ու Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններուն ջանքերով ծնունդ առած է ArtLinks ծրագիրը՝ 2015-ին: