Հայաստանի սիրուած «Ակունք» ազգագրական համոյթը՝ Թորոնթոյի մէջ, 4 հոկտեմբերին

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» – Հայկական մշակութային ժառանգութիւնն ու ազգային աւանդութիւնները արժեւորելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու նպատակով, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հայրենիքէն հրաւիրած է «Ակունք» ազգագրական համոյթը, որ ելոյթներ պիտի ունենայ Մոնթրէալի, Գէմպրիճի եւ Թորոնթոյի մէջ:

լուսանկարներեը՝ «Ակունք» համոյթին

Թորոնթոյի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 4 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ:

««Ակունք» ազգագրական համոյթը մեզի կու գայ մեր երկրի ակունքներէն, մեզի ներկայացնելով ճոխ երգացանկ մը Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններէն։ Եկէ՛ք, միասնաբար վայելե՛նք այս շատ գեղեցիկ համոյթը», յաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ Գանատայի շրջանային վարչութիւնը:

Հիմնադրուած 1974-ին Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտէն ներս՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ազգագրագէտ, բանահաւաք Մարօ Մուրադեանի կողմէ, համոյթին մէջ ընդգրկուած էին Պատմական Հայաստանի Վան, Մուշ, Սասուն, Շատախ եւ այլ բնակավայրերէն 1915 թուականին տեղահանուած բնիկ հայ ազգաբնակչութեան առաջին կամ երկրորդ սերունդը ներկայացնող մոտ 30 հոգի։ 6 նոյեմբեր 1977-ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կայացաւ խումբին առաջին պաշտօնական ելոյթը: Համոյթը Գանատայի մէջ առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է 1988 թուականին: 2016 թուականին, «Ակունք»-ը ստացաւ պետական կարգավիճակ՝ հաւատարմօրէն իրականացնելով հայ ազգային երաժշտական ու ծիսական մշակութային արժէքաւոր աւանդութիւնները պահպանողի ու զարգացնողի առաքելութիւնը: Համոյթի ստեղծագործական խումբին ղեկավարն է Արթուր Շահնազարեանը:

Թորոնթոյի ելոյթին տոմսեր ապահովելու համար այցելեցէ՛ք` https://simpli.events/e/TOR:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Համազգայինի ArtLinks-ը հիանալի հնարաւորութիւն է արուեստի ճիւղերուն մօտէն ծանօթանալու

Next
Next

«Արիւնը կը քաշէ». «Փոշի ազգ»-ի լացող մարդուն աղջիկը Թորոնթոյէն Երեւան կը պատմէ իր ընտանիքի պատմութիւնը (որ նաեւ մեր բոլորին պատմութիւնն է)