ՏԻՐՈՒԿԻՆ ՀԵՏ | Ամպերէն վեր… եւ հոս՝ նորեկ «Նարեկ»
Երբեմն աչքերս կը փակեմ, ո՛չ թէ աշխարհէն փախչելու, այլ՝ տեսնելու այլ աշխարհ մը, որ սովորական աչքերով դժուար է նշմարել։ Այդ պահերուն հոգիս կը բարձրանայ ամպերէն վեր՝ դէպի լոյսով շաղախուած հովիտ մը, ուր քամին աւելի խաղաղ է, լոյսը՝ աւելի մեղմ, իսկ մարդկային սրտերը՝ աւելի ընդարձակ։
Այդ հովիտին մէջ տուները քարերով չեն շինուած, այլ՝ վստահութեամբ։ Փողոցները՝ հոն ապրողներուն սրտերուն պէս լայն են։ Դռները երբեք ամբողջովին չեն փակուիր, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ իր դիմացինը օտար չի՛ նկատեր, այլ՝ ընտանիքի մէկ մասնիկը։ Այդ աշխարհին մէջ մէկը բոլորին համար կ՚աշխատի, իսկ բոլորը՝ մէկուն։ Հոն մարդը չի՛ հարցներ՝ «Ի՞նչ պիտի շահիմ», այլ կը մտածէ՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ»։
Ամէն առաւօտ եկեղեցւոյ զանգերը ո՛չ միայն աղօթքի կը կանչեն, այլեւ կը հրաւիրեն սիրոյ, ծառայութեան եւ միաբանութեան։ Ակումբի սրահները կը լեցուին կենդանի ձայներով, մշակութային տան բեմերը երբեք չե՛ն մթնիր, որովհետեւ ամէն սերունդ իր երգը, իր լեզուն, իր պարն ու իր ժառանգութիւնը կը փոխանցէ յաջորդին։ Այդ աշխարհին մէջ մրցակցութիւն կայ, բայց ո՛չ փառքի համար, այլ՝ նուիրումի։
Կը շրջիմ այդ երեւակայական հովիտին մէջ եւ ամէն անկիւնէ նոր պատմութիւն մը կը ծնի։ Օր մը կը տեսնեմ տարեց այրի մը, որ եկեղեցւոյ բակին մէջ դժուարութեամբ կը քալէ։ Դեռ չեմ հասցներ մտածելու, թէ ո՞վ պիտի հասնի անոր օգնութեան, երբ երեք երիտասարդներ արդէն մօտեցած են օգնութեան։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը շնորհակալութեան կը սպասէ, անոնք կ՚օգնեն, որովհետեւ օգնութիւնը իրենց համար պարտականութենէ աւելի՝ կեանքի բնական շունչ է։
Յաջորդ օրը դպրոցի մը մէջ եմ։ Նկարատետրը տուն մոռցող աշակերտ մը արցունքոտ աչքերով կը մտնէ դասարան։ Մինչ ան կը փորձէ պահել իր տխրութիւնը, դասընկերները անոր կը բաժնեն իրենց ունեցածը եւ քանի մը վայրկեան ետք ան ո՛չ միայն նկարատետր կ'ունենայ, այլ նաեւ գունաւոր մատիտներ, ռետիններ եւ ամենակարեւորը՝ ամբողջ դասարանին սէրն ու հոգածութիւնը։ Այդտեղ սէրը այլեւս դասաւանդուող նիւթ մը չէ, այլ՝ կենդանի օրինակ։
Այդպէս է նաեւ մշակութային տան մէջ։ Փոքրիկ մը երգին բառերը կը մոռնայ, բոլորը կը սպասեն մինչեւ փոքրիկը կրկին հանգիստ շունչ մը առնէ, ապա՝ նոյն տողը կը սկսին երգել միաձայն։ Այդ աշխարհին մէջ մէկուն սխալը բոլորին պատասխանատուութիւնն է։
Տարիները կ՚անցնին, նոր ընտանիքներ կը կազմուին եւ նոր ծնունդներ կը հնչեցնեն կեանքի առաջին ճիչերը։ Դպրոցին բակը եւ մշակութային կեդրոնը այլեւս նեղ կը դառնան, իսկ հին պատերը կարծես. «Մենք ձեզ պահեցինք եւ մեծցուցինք, հիմա ձեր կարգն է մեզ պահելու եւ մեծցնելու», կ’ըսեն։
Եւ ահա՛, այդ օրը համայնքի պատասխանատուները կը նստին նոյն սեղանին շուրջ։ Անոնք, առանց անձնական փառք փնտռելու՝ «Ինչպէ՞ս կրնանք մեր զաւակներուն աւելի լայն տուն մը կառուցել», կը մտածեն։ Ծրագիրներ կը պատրաստուին, հաշուարկներ կը կատարուին, սակայն գումարները մեծ են, երբեմն՝ վախցնելու չափ մեծ, բայց երբ նպատակ մը ծնունդ առնէ սրտերու մէջ, թիւերը այլեւս պատնէշ չեն ըլլար։
Տուներէն ծրարներ կու գան, խնայատուփեր կը բացուին եւ տարիներով հաւաքուած խնայողութիւնները իրենց ճշմարիտ հասցէն կը գտնեն։ Է՜հ, ոչ ոք աղքատացաւ, ընդհակառակը՝ ամբողջ համայնքը հարստացաւ, որովհետեւ կառուցուողը ապագան էր։ Այդ կրթական ու մշակութային նոր կեդրոնին պատերուն մէջ հայերէն պիտի հնչէր, պատուհաններէն աղօթքներ պիտի բարձրանային, միջանցքներէն հայ մանուկներ պիտի անցնէին՝ իրենց ուսերուն վրայ կրելով նախնիներու երազները, ու այսօրուան այս նուէրը՝ իրենց վաղուան ինքնութիւնը պիտի դառնար։
Երկար ժամանակ կը կարծէի, թէ այս ամէնը միայն երազ մըն է։ Այնպիսի գեղեցիկ երազ մը, որ կը գտնուի ամպերէն վեր՝ անտեսանելի աշխարհի մը մէջ, բայց օր մը աչքերս բացի եւ հասկցայ, որ այդ աշխարհը հեռու չէր, այլ՝ ձեռքիս մէջ, առօրեայիս մէջ եւ իմ ժողովուրդիս մէջ։
Այդ աշխարհին անունը՝ Թորոնթոյի հայ գաղութ էր։
Եւ յանկարծ ամէն բան իր տեղը գտաւ. եկեղեցւոյ զանգերը այլեւս երազի ձայներ չէին, դպրոցի զանգը իսկապէս կը հնչէր, ակումբի սրահներուն մէջ ծիծաղներ կային եւ երիտասարդական մշակութային տան բեմին վրայ իսկական երեխաներ կը մեծնային ու իրենց փոքրիկ քայլերով կը շարունակէին մեծ պատմութիւն մը գրի առնել։
Եւ ահա, ես դարձեալ յիշեցի իմ ուսուցչական տարիները։ Տարիներ առաջ, Լիբանանի նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ պաշտօնավարելու բախտը ունեցած էի։ Հոն, հազարաւոր մանկական աչքերու մէջ տեսած էի նոյն փայլը՝ առաջին օրուան երկիւղը, հրճուանքն ու հպարտութիւնը եւ առաջին անգամ բեմ բարձրացող փոքրիկի սրտին արագ զարկերը։
Մեծ զոհողութիւններով հիմնուած դպրոցներն ու մշակութային տուները միայն քարերով կառուցուած վայրեր չեն, այլ՝ յիշողութեան տաճարներ։ Կը յիշեմ այն առաւօտները, երբ ամենէն առաջ ես կը հասնէի դպրոց եւ կը նկատէի որ դպրոցը երեխաներէն առաջ կ՚արթննար եւ շունչը պահած կը սպասէր անոնց ժամանման։ Տաճարի մը խաղաղութիւնը ունեցող դասարանները, մաքուր գրատախտակները, լուռ գրասեղանները, գոյնզգոյն պատերը կը սպասէին փոքրիկներուն ձայներուն, որոնք պիտի հնչէին ու կեանքի կոչէին այդ սուրբ օճախը։ Ամէն տարեշրջանի առաջին օրը ինծի կը թուէր, թէ դպրոց կամ ակումբ յաճախողը միայն երեխան չէր, այլ՝ յոյսը։
Եւ այսօր, տարիներ ետք, նոյն զգացումով կը նայիմ ապագային, որովհետեւ գիտեմ, որ մէկ սրտէն միւսին փոխանցուող լոյսը երբեք չի՛ մարիր, ընդհակառակը՝ այսօրուան փոքրիկը վաղը կրնայ վերադառնալ հոս որպէս ուսուցիչ, կամաւոր, առաջնորդ եւ կամ բարերար։
Այո՛, այդ լոյսը մեզի հասաւ ու լուսաւորեց մեր էութիւնը։ Մեր եկեղեցւոյ եւ ակումբին կողքին կանգնած հսկայ շէնքին առաջին անգամ ըլլալով նայեցանք ուրիշ աչքերով։ Կարծես ան մեզի կը սպասէր եւ անոր պատերը լուռ կերպով կ՚ըսէին. «Ես ձեր գալուն կը սպասէի»։
Անոր կանչը մեր սրտերով լսեցինք ու երկար սպասուած օրը հասաւ՝ 4 յուլիս 2026, եւ տարիներու աշխատանքը, աղօթքները, նուիրումը եւ համայնքի ջանքերը մէկ կէտի վրայ միացան։ Եւ այդ օրը ծնունդ առաւ անուն մը, որ թորոնթոհայութեան համար յայտնութիւն մը դարձաւ՝ «Նարեկ»․․․ ու այդ արտասովոր պահուն անցեալն ու ապագան իրարու ձեռք բռնեցին։
Կան անուններ, որոնք մարդիկ չեն ընտրեր, ապա կը հասնին իրենց ժամանակին։ Ահաւասիկ, մեր համայնքի պարագային՝ նորեկ Նարեկը դարձաւ այդ սպասուած եւ խոստումնալից անունը, որ շատոնց մեր մէջ էր՝ մեր եկեղեցիներու աղօթքներուն, մայրերու մրմունջներուն, ուսուցիչներու համբերութեան եւ մեր երեխաներու առաջին հայերէն բառերուն մէջ։
Ու Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոն«-ը դարձաւ խոստում մը՝ հայ լեզուն, մշակոյթը եւ երեխաներուն երազները իրականութիւն դարձնող ընդարձակ տուն մը։
Ու Նարեկը դարձաւ աղօթք, յիշողութիւն եւ ապագայի կանչ։ Եւ ճիշտ այդ պահուն Աստուծոյ՝ թորոնթոհայութեան համար պատրաստած հրաշքի ժամանակը ի յայտ եկաւ եւ երկինքն ու երկիրը իրարու մօտեցան։
Ու Նարեկը դարձաւ Թորոնթոյի հայ սրտին՝ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցոյ, Հայ կեդրոնին եւ Երիտասարդական մշակութային տան կից շնչող սրտի զարկը։
Հիմա ամառ է։ Նարեկին միջանցքները տակաւին լուռ են, դասարաններուն մէջ աթոռները համբերութեամբ աշակերտներուն կը սպասեն, գրատախտակները մաքուր են, պատուհաններէն ներս դեռ միայն արեւի շողերը կը մտնեն, բայց այդ լռութիւնը երկար պիտի չտեւէ։
Շուտով պիտի գայ 20 սեպտեմբեր 2026-ը, առաջին զանգը պիտի հնչէ, փոքրիկ ոտքեր պիտի վազեն այդ միջանցքներէն, հայերէն առաջին բառեր պիտի ծնին նոր շրթներէ եւ այդ պատերը հայկական թոքերով պիտի շնչեն ու հայկական մշակոյթով պիտի լեցուին։
Ահա՛, այդ օրը պիտի հասկնանք, որ մեր երազած դրախտը երբեք ամպերէն վեր չէր։
Դրախտը՝ մարդ իր ունեցածէն ուրիշին բաժին հանելու պահն է, եւ շնորհակալութիւն չսպասող ժպիտին մէջ է։
Դրախտը՝ սերմնացան ուսուցիչին ցանած սերմին պտուղին մէջ է։
Դրախտը՝ իր զաւկին ապագային համար իր բաժինը նուիրող ծնողքին զոհողութեան մէջ է։
Դրախտը՝ իր անցեալը յարգող, ներկան կառուցող եւ ապագան իր երեխաներուն վստահող համայնքին մէջ է։
Օր մը, երբ ապագայ սերունդ մը անցնի Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի միջանցքներէն, պիտի լսէ տարիներ առաջ այս երազին հաւատացող եւ երկրային դրախտը կառուցող համայնքին լուռ շունչը։ Ան պիտի գիտնայ, որ այս պատերը միայն աղօթքներով կառուցուած չեն, այլ՝ հայու ոգին կենդանի պահող ս. Գրիգոր Նարեկացիի շնորհած յաւերժական խոստումով եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ու Անոր երկնային կամքով։ ֍
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ: Նկարը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ: