Մեր ՀՄԸՄ-ը | Անհամբեր սպասուած սկաուտական տարեկան բանակում
Սկաուտական ծրագիրներուն մէջ ամենէն հաճելի, արկածախնդրական եւ հետաքրքրական բաժիններէն են սկաուտական բանակումները…
Գանատայի բնութիւնն ու բարեխառն կլիման կարծէք առաւել եւս ընթացք կու տան պատասխանատուներուն ըստ եղանակի կազմակերպելու տարեկան երկու կամ երեք բանակումներ ․․․
Բանակումի պատրաստութիւնը կը պահանջէ հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանք։ Պատասխանատուները, մասնաճիւղի խմբապետութեան հետ համախորհուրդ, կը ծրագրեն յայտագիրը, դասախօսութիւնները, օրակարգի կէտերը, արշաւները, պտոյտները, կայմի աշխատանքները եւ մօտաւոր մէկ ամսուան նախապատրաստական աշխատանքով կը ներկայանան անդամներուն։
Այս տարուան սկաուտական բանակումը տեղի ունեցաւ յունիս 30-ին, Camp Wetaskiwin մէջ ներկայութեամբ հարիւր մասնակիցներու։ Բանակավայրի պատրաստութեան եւ կայմի կազմութեան համար երէցներու փաղանգը մէկ օր առաջ հասաւ բանակավայր եւ կատարեց նախապատրաստական աշխատանքները։
Բանակումը ընթացք առաւ 30 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9-ին, դրօշակի արարողութեամբ, մասնակցութեամբ գայլ-արծուիկ, արի-արենուշ ու երէց-պարման միաւորներու, ապա տեղի ունեցաւ խմբակային դրութիւն եւ աշխատանքային գործերու բաժանում։
Բանակումին ընթացքին խումբերը ունէին միօրինակ յայտագիր: Անոնք նախ օրը կը սկսէին զարթնումի հրահանգով, որմէ ետք կ’ունենային խմբային մարզանքներ՝ խումբի պատասխանատուներու հսկողութեամբ։
Դրօշակի արարողութիւնը սկաուտական գործունէութեան մէջ իր մասնակի տեղը գրաւած է։ Որեւէ գործունէութեան սկիզբ, սկաուտները իրենց լրիւ տարազներով եւ պատշաճ արտաքինով կը ներկայանան դրօշակի արարողութեան։ Իւրաքանչիւր գործունէութեան սկիզբը, խմբապետութեան կողմէ նշանակուած դրօշակիրներ, որոնք երբեմն առ ի գնահատանք իրեց կեցուածքին դրօշակիր ըլլալու պատուին կ’արժանանան, բացումը կը կատարեն սկաուտական գործունէութեան։
Դրօշակի արարողութեան պահը տպաւորիչ եւ իւրայատուկ է, մանաւանդ, երբ օրուան հերթապահի հրահանգով բոլոր տարազաւոր սկաուտները «Պատուի առ» -ով, իրենց հայացքը կ’ուղղեն դէպի բարձրացող դրօշակներուն եւ ամենայն լրջութեամբ կ’երգեն խմբապետութեանց կողմէն նախապէս որոշուած «Ով հայ արի» կամ «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։
Հաւաքական աշխատանքներն ու միասին կազմակերպուած արշաւներն ու պտոյտները ինքնին կ’օգնեն սկաուտին շաղախուելու խմբակային աշխատանքի եւ հաւաքական ծրագիրի։
Բանակողներ, խումբի պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը ունեցան բանակումի իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին, ինչպիսին են՝ դաշտային եւ ջրային խաղերը, սկաուտական ու մարզական բնոյթով դասախօսական նիւթերը եւ սկաուտական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր խումբի պատասխանատուի կողմէ հարց պատասխանի մրցոյթներ։ Նկատի ունենալով, որ այս տարուան բանակումը կը զուգադիպի համաշխարհային ոտնագնդակի խաղերուն, որոնք տեղի ունեցան նաեւ Գանատայի մէջ, հետեւաբար մասնակցողները ունեցան զանազան յայտագրեր վերոյիշեալ թեմայով։
Բանակողներուն մօտ ամենէն հաճելի յայտագիրներէն մէկն է կերուխումի պահը։ Խումբերը բոլորը միաձայն աղօթելով կը սկսին խոհարար խմբակին կողմէ մատուցուած ճաշը ճաշակելու։
Պատասխանատու եւ ծանր գործերէն մէկն է խոհարարի աշխատանքը։ Վարչութեան կողմէ կ’որոշուի խոհարար խմբակը, որ կ’ունենայ հմուտ խոհարար մը եւ իրեն ընկերակցող օգնական խոհարարներ։ Նախապատրաստական աշխատանքով խոհարար խմբակը կ’որոշէ յարմարագոյն, սննդարար եւ առողջապահական ճաշեր ու մատակարար խմբակին յանձնելով ճաշերու ցուցակը, տեղի կ’ունենան գնման աշխատանքները: Մատակարարներուն, խոհարարներուն հետ համախորհուրդ, կ’աջակցին նաեւ բանակումի իւրաքանչիւր խումբի քանի մը սկաուտներ, որոնք կ’ապահովեն ճաշերու պէտքերը։
Այս տարուան բանակումը եւս ընթացաւ սովորական ժամանակացոյցով եւ նոյն հերթականութեամբ։ Օրական երեք անգամ տեղի ունեցաւ ճաշերու մատակարարումն ու կերուխումի միասնական հաւաքները, մերթ ընդ մերթ հիւթալի պտուղներու եւ քաղցրեղէններու հիւրասիրութեամբ։ Տեղին է նշել, թէ վերոյիշեալ բանակումին խոհարարական աշխատանքները կատարեցին սկաուտ խորհուրդի անդամները՝ մատակարերելով համադամ ճաշեր։
Պահակութիւնն ու բանակավայրի պահպանութեան գաղափարը ինքնին ոգեւորութիւն կը ստեղծէ բանակողներուն մօտ։ Պահակներ հերթական ցանկով տիւ ու գիշեր կը պահեն բանակավայրի ապահովութիւնը, կը հսկեն ելքն ու մուտքը, իսկ չնախատեսուած շարժումի մը պարագային սուլիչի հրահանգով անմիջապէս լուր կու տան հերթապահին, որ իր կարգին կը հսկէ կամ կը սերտէ կացութիւնը։
Սոյն բանակումին յատկանշական էր խարուկահանդէսի ներկայացումը։ Խմբապետներու համախոհութեամբ, օրուան աւարտին իւրաքանչիւր միաւոր իր ներկայացումը կատարեց բանակողներուն առջեւ, որպէսզի առաւել եւս վարժուին նեկայացումներուն։
Ընդհանուր խարոյկը տեղի ունեցաւ բանակումին վերջին օրը, ներկայութեամբ՝ Շրջ․ վարչութեան, Թորոնթոյի վարչութեան եւ Սկ․խորհուրդի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ծնողներու, համակիրներու եւ հիւրերու։
Խարոյկահանդէսի յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ խարոյկի բոցավառութեամբ, որմէ ետք բանակողներ հերթականութեամբ ներկայացուցին հայկական պար, թատրոններ, մարզանքներ, երգեր, կանչեր եւ լոզունքներ։
Բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Բանակողները վայլեցին գեղեցիկ բնութիւնը, սորվեցան զանազան գիտելիքներ, ձեռք բերին կազմակերպչական եւ հաւաքական աշխատանքներու փորձառութիւն, ունեցան անմոռանալի յիշատակներ եւ՝ ցտեսութիւն մաղթելով իրարու մեկնեցան բանակավայրէն։ ֍
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ: