ԻՄ ՊՐԻՍՄԱԿԷՍ | Ֆութպոլը ազգերը միաւորող բեմահարթա՞կ է, թէ ազգամիջեան հակամարտութիւններ սրող մարզախաղ

Լուսանկարը՝ Ապիկեյլ Քիկընին

Ազգային հաւաքականի շապիկ կրող ոտնագնդակի (ֆութպոլի) մարզիկները, կրկնելէ ետք ազգային քայլերգը՝ կ’ուղղուին խաղավայրի կանաչ մարգագետին, նոյն տրամադրութեամբ եթէ իրենց քայլերը պիտի ուղղէին մարտադաշտ՝ ահեղութեամբ պաշտպանելու իրենց երկրի դրօշը, երբեմն նոյնիսկ ազնուական մրցումի մը հունէն դուրս բերելով մցապայքարի մթնոլորտը, միալարի հասնող հանդիսատեսներու աչքին առջեւ եւ ի հեճուկս միջազգային բոլոր զսպիչ կանոններու կիրարման։

Հարց կը ծագի թէ ֆութպոլը ժողովուրդները միացնող օղա՞կ է, թէ պառակտիչ գործօն: Իրականութիւնը այն է, որ չենք գտնուիր սոսկ մարզական խաղաձեւի մը երեւոյթին առջեւ։ Հակառակ որ հազար հազարաւորներ կարեւորութիւն կ’ընծայեն այս տիպի մարզաձեւին։ Աւելի'ն, քաղաքական իրադարձութիւններէն եւ զինուորական ընդհանրումներու լուրերէն աւելի միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անհամաչափ կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնեն անոր առնչակից իրադարձութիւնները։

Այս մարզաձեւը, հետզհետէ աւելի քաղաքական երանգաւորում կը ստանայ։ Պետութիւններու առաջին քաղաքական դէմքերու հետեւողականութիւնն ու ներկայութիւնը խաղերուն, անոնց կողմնորոշումները եւ մեկնաբանութիւնները կու գան փաստելու, որ սոսկական մարզական խաղաոճի մը հանդիսատեսը չենք:

Պատմական իրադրութիւն մը դեռ թարմ է մարդկային յիշողութեան մէջ, թէ ինչպէս Հարաւային Ամերիկայի երկու պետութիւններ պատերազմ յայտարարեցին իրարու դէմ՝ միջ-պետական ֆութպոլի խաղերու աւարտին՝ երբ Ֆութպոլի պատերազմը (guerra del fútbol), կամ ծանօթ «100 ժամ տեւած պատերազմ»-ը տեղի ունեցաւ1969-ին Էլ Սալվատորի եւ Հունտուրասի միջեւ։ Պատերազմը կայծ առաւ 14 յուլիս 1969-ին, երբ Էլ Սալվատորի բանակը յարձակում շղթայազերծեց Հունտուրասի վրայ: Պատերազմը, թէեւ կարճատեւ էր, սակայն մեծ հետեւանքներ ունեցաւ երկու երկիրներուն համար: Յունիս 1969-ին երկու երկիրները հանդիպեցան ՖԻՖԱ-ի (FIFA) աշխարհի առաջնութեան զտման մրցակցութեան: Առաջին խաղը տեղի ունեցաւ Հունտուրասի մէջ, ուր Հունտուրասի համակիրները գործադրեցին խուլիկանութիւններ: Երկրորդ խաղը կայացաւ Սան Սալվատորի մայրաքաղաքին մէջ։ Հունտուրասի խումբի իջեւանած պանդոկին մօտ, Սալվատորի երկրպագուներուն խռովարարութիւններուն հետեւանքով արձանագրուեցան քանի մը մարդկային զոհեր։ Խաղը շահեցաւ Էլ Սալվադորը՝ 3–0։ Մրցումէն ետք, հակասալվատորական խռովութիւններ տեղի ունեցան ամբողջ Հունտուրասի տարածքին։ Մինչ այդ, Ֆութպոլէն անդին, երկու հարեւան երկիրներու միջեւ անուղղակի ու դիւանագիտական-տնտեսական լարուած լուրջ տարկարծութիւններ կային, որոնք կը խմորուէին տնտեսական, ընկերային, տարածքային գետնի վրայ՝ յանգեցնելով հարիւրաւոր մարդկային կորուստներու եւ հազարաւոր քաղաքացնիներու արտագաղթման:

Հայկական քաղքականութիւնն ալ ցմրուր ճաշակեց ֆութպոլային քաղաքկանութեան բաժակէն՝ երբ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակաւ, օրուան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի նախաձեռնութիւնը, համախոհութիւն եւ բարի դրացիութեան կամք արտայայտելու քայլը, բանալի միջոցը գտաւ ֆութպոլի գնդակին ու կանաչ մարզադաշտի լեզուով ներկայացուած դիւանագիտութեան կիրառմամբ: Արդիւնքը, ըստ նախագահ Սարգիսեանի գնահատականին՝ «... ֆուտպոլային դիւանագիտութեան ընթացքում մեր ուղարկած գնդակը մնաց Թուրքիայի դաշտում, իսկ սրանց վարած էդ դիւանագիտութեան ընթացքում, ցաւօք սրտի, թուրքական պայրաքթարները յայտնուեցին մեր երկրում։ Սա է տարբերութիւնը»: 2008-ի ազգային խումբերու փոխադարձ հանդիպումներու ընդմէջէն, հայկական կողմը իր այս քայլով, իբր թէ կը փորձէր հասկցնել միջազգային հանրային կարծիքին, որ ամէն ինչ կատարեց որպէս դրական շարժ ու բարի կամեցողութիւն, դրացի Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան եզր մը գտնելու համար, որը հանդիպեցաւ թուրքերու անպարկեշտ եւ կողմնակալ մօտեցումներուն՝ հայ-ազերիական հակամարտութիւններու խնդրով: Այսպիսով, հայկական կողմը վերջ տուաւ անոր գործնական ընթացքին եւ կացինահարեց իր իսկ նախաձեռնած «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը»:

Վերեւ յիշատակուած ֆութպոլի մարզաշխարհի եւ քաղաքականութեան սերտ աղերսման փաստարկները հաշուի առած՝ այս տարուան 2026-ի Մոնտիալէն ընդգծելի ինչ դասեր կարելի է քաղել.

Ուշագրաւ է, որ ՖԻՖԱ-ն կազմակերպիչ մարմինը անհամեմատելի նիւթական եկամուտ ապահոված է այս մրցաշարքէն՝ շուրջ 13 միլիառ տոլար: Ան այս մէկէն քաջալերուած 48 երկրի մասնակցութեան թիւը յաջորդ մոնտիալին կը ծրագրէ բարձրացնել 64-ի:

Մարզական փառատօնը իր մարզական ազնիւ մրցակցութեան իմաստէն երթալէն կը պարպուի՝ վերածուելով մեծ շուկայական առ ու ծախի թատերաբեմի:

Քափէ Վերտէի խօսուն օրինակին առջեւ կ’արժէ կանգ առնել: Փոքր երկիր մը, հազիւ 500 հազար բնակչութիւն ունեցող, Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ քանի մը փոքր կղզիներու վրայ ծաւալած, որ ատենօք եղած է Փորթուկալական գաղութ: Չնայած մարզական աշխարհի մէջ անոր շատ համեստ ներկայութեան եւ դեռատի մարզական պատմութեան, կրցաւ մրցիլ եւ արձանագրել մեծ յաջողութիւն, նոյնիսկ աշխարահռչակ հաւաքականններու դիմաց, արժանանալով միջազգային մարզական դիտորդներու եւ ֆութպոլի երկրպագուներու համակրանքին: Այս մէկը կու գայ փաստելու, որ փոքր երկիրներն անգամ մեծ յաջողութիւններ կրնան արձանագրել ամէն մակարդակի վրայ, երբ ունին անկոտրում կամք եւ պայքարունակ ոգի: Այս ամէնը կ’ըսենք, չնայած Հայաստանի եւ Քափէ Վերտէի պատմականօրէն յարաբերութիւնները շատ ալ վարդագոյն վիճակ չունէին, հաշուի առնելով անոր կողմնակալ մօտեցումները։ Արդարեւ, երբ այդ երկիրը 1992-93-ին մաս կազմեց ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին, կողմ եղաւ ազերիական վարկածներուն: Սակայն, այդ օրերու Հայաստանի իշխանութիւնները Քափէ Վերտէի պատասխանատուներուն պարզեցին, թէ ո'վ է հայ ժողովուրդը, որուն զաւակներէն մին՝ Գալուստ Կիւպէնկեանը, ներդրում ունեցած էր այդ երկրին մէջ, եւ անոր հաստատութեան բարիքներէն մեծապէս օգտուած էին՝ իրենց երկրի զարգացման համար:

Հայաստանի քաղաքական մօտեցումները կարելի դարձուցին, որ նշեալ երկիրի քուէարկութեան ոճը փոխուի եւ ընդհանրապէս աւելի չէզոք ու մեղմ կողմնորոշում ցուցաբերէ։

Ֆութպոլը, այլ մարզաձեւի չի նմանիր իր ունեցած հոծ միջազգային ժովրդականութեան եւ հետեւորդներու անսահման տաքարիւնութեան: Նկատառելի էր, որ շատ մը ազգային հաւաքականներ,_ մինչեւ վերջին երկվայրկեան պայքարելով եւ երբե՛ք չյուսահատելով, շրջեցին կացութիւններ՝ ապահովելով յաղթանակ: Սակայն այս պատկերին առընթեր, ականատես եղանք շատ բացայայտ եւ կողմնակալ որոշումներու, մարզախաղի օրէնքը ծուռ հայելիով ներկայացնելու փորձերու՝ արհեստագիտական պտոյտքներու թիւր օգնութեամբ: Սակայն միւս կողմէ պէտք է հաստատել, որ արդիական միջոցները (օրինակ՝ VAR - Video assistant referee, Վիտիօ օգնական իրաւարար), օգնեցին որ հետեւորդներու աչքէն եւ հանրային կարծիքէն բան չվրիպի, ու կարելի չըլլայ բան թաքցնել՝ շնորհելով երկրորդ առիթ եւ թափանցիկութիւն, առնուած որոշումները վերատեսութեան ենթարկելու, որպէսզի տուեալ որոշումը մնայ արդար եւ զոհ չերթայ հապճեպ սուլիչի մը:

Կը յուսանք, որ այս մօտեցումը՝ արդարութիւնը հաստատելու վերաքննութիւնը, համատարած երեւոյթ կը դառնայ մարդկայնութիւնը հետաքրքրող բոլոր ոլորտներու նկատմամբ, քանզի քաջութիւն կ’ուզէ առնուած որոշում մը չեղեալ համարելը ու ետ քայլ առնելը՝ արդարութիւն հաստատելով:

Քաղաքական իմաստով այլ երեւոյթներու առջեւ գտնուեցանք, երբ Արժանթինի նման ազգային հաւաքականի անդամներ պաստառ պարզեցին։ Անգլիոյ դէմ, յաղթանակէն ետք, հպարտօրէն աղաղակելով՝ «Las Malvinas son Argentinas» գրութեամբ, թարգմանաբար՝ «Մալվինեան կղզիները արժանթինեան են» ըսելով: Փաստօրէն եւ արդարօրէն յիշեցնելով մարդկութեան, որ արժանթինցիք 44 տարի ետք ոչ միայն համակերպեր են կղզիներու կորուստին հետ, այլեւ պահանջատէր են: Արդ, 14 յունիս 1982-ին, բրիտանական ուժերը բռնատիրացան կղզիին, 10 շաբաթ տեւած մարտերէ ետք։ Արժանթին պատերազմի առաջին օրերուն իր իշխանութիւնը տարածած էր կղզիներուն վրայ, սակայն, չդիմանալով գերուժ Անգլիոյ հրետանային հարուածներուն, յանձնուեցաւ եւ քաշուեցաւ այդ երկրամասէն:

Արժանթինի մարզիկներու յանդուգն քայլին դիմաց, մեր առաջ կը պարզուի հակոտնեայ այլ երեւոյթ մը, երբ ոչ մարզական ամօթալի պատկերի առջեւ գտնուեցանք նոյն ինքն արդարութեան վերահաստատման լոզունգը յուշող Արժանթինի մարզիկներու կողմէ, որոնք կռնակ դարձուցին Սպանիոյ խումբին բաժակի տուչութեան պահուն:

Այս բոլորը մատնանշելով, կրնանք եզրակացնել, որ մեծ ճիգ կը թափուի կարգ մը միջազգային ուժերու կողմէ՝ ֆութպոլը քաղաքականցնելու: Փաստօրէն նախագահ Թրամփի անտեղի միջամտութիւնը՝ շրջելու ՖԻՖԱ-ի առնուած դաշտի որոշումները, կու գան այդ մէկը հաստատելու։

Ֆութպոլը եւ մարզարուեստը ընդհանրապէս, հարկաւոր է հեռու պահել քաղաքական եւ միջազգային հակմարտութիւններու շրջագիծէն՝ պահելով անոր ազնիւ եւ վեհանձն ոգին ու միլիառաւոր երկրպագուներու ազնիւ տրամադրութիւնները, ըմբոշխնելու մարզական բարձր խաղի մակարդակ, արդար մրցակցութեան շրջագծի մը մէջ: ֍


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ:

Ժան Հալլաճեան

Ծնած է Հալէպ, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը եւ վկայուած որպէս ելեկտրոնիք ճարտարագէտ։ Սուրիոյ մէջ եղած է ազգային-կուսակցական աշխոյժ գործիչ. գործօն դերակատարութիւն ունեցած է «Գանձասար» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան մէջ եւ վարած՝ «Արեւելք» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը։ 2000 թուականէն ի վեր կը բնակի Թորոնթօ, ուր կը շարունակէ իր մասնագիտական աշխատանքն ու հանրային ծառայութիւնը: Յայտնի հրապարակախօս է, որ յօդուածներով հանդէս կու գայ հայկական մամուլին մէջ։

Previous
Previous

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2026 SEPTEMBER [#229]

Next
Next

Մեր ՀՄԸՄ-ը | Անհամբեր սպասուած սկաուտական տարեկան բանակում