Երաժշտութեան եւ հայրենասիրութեան խտացումը՝ Համբարձում Ճապուրեանի յիշատակին նուիրուած հատորին մէջ
Հովանաւորութեամբ` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի, մեկենասութեամբ Գրիգոր եւ Քրիսթին Ճապուրեան ամոլի, խմբագրութեամբ` դոկտ. Մեսրոպ ծվ. Թոփալեանի, լուսահոգի երաժիշտ Համբարձում Ք. Ճապուրեանի (1951-2022) անթառամ յիշատակին ձօնուած «Մեր ժամանակին մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» նորատիպ գիրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 1 դեկտեմբեր 2024-ին, Թորոնթոյի Համազգային «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս։ Գիրքը թորոնթոհայութեան ներկայացուց Լիբանանէն յատուկ հրաւէրով Թորոնթօ ժամանած դոկտ. Մեսրոպ ծվ. Թոփալեան (Մեսրոպ Հայունի)։
Շնորհանդէսը ներկայութիւնը կը վայելէր՝ հոգեւոր հայրերու, կազմակերպութիւններու վարչական ներկայացուցիչներու, Համբարձում Ճապուրեանի ընտանիքի անդամներուն, եղբօր, հարազատներուն, արուեստագէտ բարեկամներուն, թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներու, գրասէրներու եւ երաժշտասէրներու։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սիւզի Նաճարեան եւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Գեղարուեստական յայտագիրով մը հայկական բիւրեղ մեղեդիներ լսուեցան տուտուկահար Սեյրան Ղազարյանի կատարողութեամբ եւ որուն ազդեցութեամբ լուսահոգի Համբարձում Ճապուրեանի հոգին կարծես սկսաւ թեւածել ներկաներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։
Ամբողջ շնորհահանդէսի ընթացքին, արուեստագէտ, գեղանկարիչ Թամարա Յարութիւնեան պաստառի վրայ, տուեալ պահի ազդեցութեամբ, կը գծէր Հայաստանի գեղատեսիլ բնութիւնն ու վայրերը յիշեցնող գծագրութիւն մը։
Բարեկամներուն յիշատակութեան պահը հասած էր։ Յակոբ Ճանպազեան յուզումնախառն պահեր ապրեցաւ իր մտերիմ բարեկամը յիշելով, ապա՝ գիրքի արժէքին մասին վկայելով ըսաւ․ «Վաւերագրական նշանակութիւն ունեցող այս հրատարակութիւնը յուշարձան մըն է, համազգային շրջանակներուն ծանօթացնելու բիւրեղ արձագանգը Համբիկի երգարուեստին, որ լաւապէս բանաձեւած էք արխիւային եւ կոթողային այս հատորին մէջ»։ Ապա՝ ան երաժիշտին մասին ըսաւ․ «Հ․ Ճապուրեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ աշուղական, հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ եկեղեցական երգարուեստի մէջ իր բերած նպաստի ընթացքին եղաւ անանձնական եւ անաչառ։ Ան իր հաւատքը վերածեց գործի․․․»։
Ուշագրաւ էր երաժիշտ Լեւոն Իշխանեանի յուզմունքը, երբ ան թաց աչքերով ու սեղմուած կոկորդէն արտաբերած խօսքերով կը յիշէր լուսահոգի երաժիշտ ընկերոջ հետ ունեցած յիշատակելի ելոյթները, փորձերու պահերը ու անոր յատուկ երաժշտասիրութիւնն ու մեծ տաղանդը։ Նշանակալից էր այն յուշը, որ Հ․ Ճապուրեան Լեւոն Իշխանեանին նուիրած էր հայկական նոտաներու հարիւրաւոր էջեր պարունակող պայուսակը։
Իշխանեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս «Սարի սիրուն եար» երգը իր դուստրը մանկութեան ժամանակ լսած ու սորված էր Հ․ Ճապուրեանէն։ Ան եւ իր երգչուհի դուստրը` Թալին Իշխանեանը, միասին կատարեցին նոյն այդ երգը եւ ոգեղէն խոր իմաստով իւրայատուկ ջերմութիւն մը պարգեւեցին ներկաներուն։
Դոկտ. Մեսրոպ ծվ. Թոփալեան (Մեսրոպ Հայունի) մատենախօսական ելոյթով հանդէս եկաւ եւ որպէս գիրքին խմբագիր նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատուաբեր հրաւէրին համար, ապա՝ գիրքին մասին ըսաւ․ «Այս գիրքը կը հրատարակուի ի յիշատակ Համբարձում Ք. Ճապուրեանի: Ազնիւ մեկենասն է Գրիգոր եւ Քրիսթին Ճապուրեան ամոլը: Հատորն ունի 166 էջ, գունաւոր եւ պատկերազարդ է, ճոխ է իր լուսանկարներով: Տպագրութիւնը մաքուր է եւ անկնահաճ։
«Հատորը կը բաղկանայ տասը բաժիններէ՝ «Անուանաթերթ» եւ «Ի յիշատակ» (էջ 1-4), «Նախերգանք» (էջ 5-10), «Յառաջաբան» (էջ 12-15), «Կենսագրական» (էջ 17-34), «Օրհնանք» (էջ 35-46), «Մեր Հարազատին» (էջ 47-60), «Ներբողանք» (էջ 61-94), «Նկարագրականք» (էջ 95-132), «Կեանքն ու վաստակը՝ նկարատետրով...» (էջ 133-163) եւ «Բովանդակութիւն» (էջ 164-166)։ Հատորին առջեւի կողքի ներսիդին կպցուած պիտի տեսնէք USB կրիչ (flash drive) մը, որուն վրայ Համբարձում Ճապուրեանի նուագած կտորներէն պիտի ըմբոշխնէք եղանակներ»:
Ծայրագոյն վարդապետը գիրքի խորքին իմաստային ու բովանդակային տուեալները ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց եւ յայտնեց, թէ գիրքին «Նախերգանք»-ը կը սկսի «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքով եւ «Ողջոյն քեզ, Մարիամ» հրեշտակային ողջունատրութեամբ: Անոնց կը յաջորդէ իմաստասիրական-աստուածաբանական սահմանումը՝ «Հայատրոփ սրտով տուտուկահար-սրնգահարը՝ յաւերժի՛ն» վերտառութեամբ: «Իբր բանաւոր ու մահկանացու էակներ՝ ﬔծերն ալ կ’երթան յանգելու յաւերժութեան, բայց անոնց վաստակը կը մնայ աշխարհին մէջ իբր յուշակոթող. անոնց առջեւ ամէն մարդ ոչ ﬕայն կը խոնարհի ակնածանքով, այլ նաեւ կ’առաջնորդուի այն խորհրդածութիւններով, որոնք կը բացայայտեն անցաւորէն անանցաւորին ճանապարհը՝ տանող անմահութեան, յաւերժին...:
Անոնցմէ ﬕն, ﬔր «փոքր ածու»-էն, երաժշտական բնագաւառին ծիրէն ներս, հանդիսացաւ յաւերժին մէջ այսօր լուսաբնակ Համբարձում Ք. Ճապուրեան (1951-2022), որուն այս յուշամատեանին խմբագրութիւնն երբ խնդրուեցաւ տրուպէս, ստանձնեցի աﬔնայն սիրով ու պատասխանատուութեամբ»:
Մեսրոպ Հայունի հատորին տասը բաժինները մանրամասնելէ ետք իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը յայտնեց Գրիգոր Ճապուրեանին, Արշակ Փոլատեանին, Այիտա Տոնոյեանին, Ամալիա Տոնոյեանին, Նազելի Նալպանտեանին, Համբիկ Էլմաճեանին ու Մարի Ճապուրեանին, որոնց ժիրաժիր օգնութեամբ կարելի եղած էր լոյս ընծայել այս յուշագիրքը:
Մեսրոպ Հայունի հատորին մէջ տեղ գտած նկարատետրին թիւ 142 պատկերին մասին հետեւեալ յիշատակութիւնը ըրաւ. «Նկարը կը ներկայացնէ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» խաչքարային նորաքանդակը՝ այս մակագրութեամբ. «Ի յիշատակ երաժիշտ Համբարձում Ք. Ճապուրեանի (1951-2022), նուիրատուութեամբ իր եղբօր՝ Գրիգոր Ք. Ճապուրեանի եւ իր ընտանիքին»:
Մեր Շնորհալի հայրապետին (1102-1173) յաւերժատար վախճանումին 850-ամեակին առիթով պատրաստել տրուած այս յուշաքարը պիտի տեղադրուի Լիբանան, Զմմառ, «Տիրամօր վերափոխում» դարաւոր հայավանքի շրջափակին մէջ՝ օրհնութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ՆԱԳՏՏ Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին»:
Պահը հասած էր լուսահոգի երաժիշտ տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեանի եղբօր՝ մեկենաս Գրիգոր Ք. Ճապուրեանին, որ այս առիթով իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ․ « Եղբօրս անթառամ յիշատակն է, որ այսօր կը համախմբէ մեզ: Ոգեկոչումի այս համախմբումին՝ ինծի թոյլ տրուի մէջբերելու մեր պատմահօր՝ Մովսէս Խորենացիի այս հանրածանօթ վկայութիւնը. «Մահկանացու ծնեալ՝ անմահ զիւրն յիշատակ եթող:
«Յարգելով տարբեր համեմատութիւններու առկայութիւնը՝ կը համարձակիմ ըսելու, թէ անցեալէն այս վկայութիւնը ներկային մէջ վկայութիւնն է Համբարձում Ք. Ճապուրեանի մասին, որովհետեւ Պատմահօր իմաստութեամբ, «ինչպիսին է մարդը եւ ինչպիսին է անոր գործը, այդպիսին է անոր վերաբերող պատմութիւնը: Ստուգիւ, պատմութիւնը կը վկայէ Համբարձում Ք. Ճապուրեան մարդուն եւ հայուն, անոր գործին ու վաստակին մասին՝ զինք դարձնելով մահկանացու անմահը»:
Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Համզգայինի վարչութեան, դոկտ. Մեսրոպ ծվ. Թոփալեանին եւ դեսպան դոկտ. Արշակ Փօլատեանին, ներկաներուն, ձեռնարկի մասնակիցներուն, վկայութիւն տուող անձնաւորութիւններուն եւ Լեւոն Իշխանեանին:
Բացառիկ էր տեսաերիզը, ուր ցուցադրուեցան երաժիշտին կենսագրութիւնը, բազմաթիւ երկիրներու մէջ իր կատարած անթիւ ու անհամար նուագներն ու ելոյթները, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհահռչակ նուագախումբերու եւ երաժիշտներու հետ ունեցած համերգները։
Տէրունական աղօթքով, բարի մաղթանքներով եւ հոգիի խաղաղութեան առիթ տուող խօսքերով ընթացած գինեձօնին յաջորդեց գիրքի մակագրումը։ Բոլոր ընտանիքներուն նուիրուեցան մակագրուած օրինակ մը, ինչպէս նաեւ մէկ ամիս առաջ դոկտ. Մեսրոպ ծվ. Թոփալեանի լոյս ընծայած «Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102-1173)» մատենիկը:
Շնորհահանդէսի աւարտին, ճոխ հիւրասիրութեան շուրջ համխմբուած ներկաները առիթ ունեցան զրուցելու եւ յարգանքով վերյիշելու մեր ժամանակի մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէր Համբարձում Ք. Ճապուրեանի բարձր արուեստին անգնահատելի արժէքը։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2025 թիւին մէջ: