Փոքրիկ ծառիկ
Է.Է. Քամինկզ
(թարգմանութիւն՝ «Թորոնթոհայ»-ի)
փոքրիկ լուռ Սուրբ ծնունդի ծառիկ
այնքա՜ն պզտիկ ես դուն
ծաղիկի մը կը նմանիս աւելի
ո՞վ գտաւ քեզ կանաչ անտառին մէջ
եւ շա՞տ տխրեցար երբ հեռացար անկէ:
նայէ՛, պիտի մխիթարեմ քեզ
քանի որ այնքան անուշ կը բուրես
պիտի համբուրեմ պաղուկ կեղեւդ
եւ ամուր-ամուր գրկեմ քեզ
ճիշտ մայրիկիդ պէս,
միայն թէ մի՛ վախնար
տե՛ս շողշողուն զարդերը
որոնք տարին բոլոր կը քնանան մութ տուփի մը մէջ
երազելով որ դուրս հանուին եւ փայլին,
գնդակները, շղթաները՝ կարմիր ու ոսկեգոյն, փափուկ թելերը,
բա՛ց պզտիկ թեւերդ
եւ բոլորը քեզի պիտի տամ որ բռնես
ամէն ճիւղ իր զարդը պիտի ունենայ
եւ մութ կամ տխուր անկիւն պիտի չմնայ
յետոյ, երբ լման զարդարուած ըլլաս
պատուհանին առջեւ պիտի կանգնիս որ բոլորը տեսնեն
եւ ի՜նչ զարմացած պիտի նային:
բայց դուն շատ հպարտ պիտի ըլլաս
եւ պզտիկ քոյրս ու ես ձեռք-ձեռքի բռնած
վեր նայելով մեր գեղեցիկ ծառին
պիտի պարենք ու երգենք
«Նոյէլ, Նոյէլ»
***
լուսանկարը՝ Kiah OFlanagan-Tasse