Թորոնթօն ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը

Արշօ Զաքարեան

Կիրակի, 21 ապրիլին, Armenian Community Centre of Toronto - Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի մայր սրահին մէջ ներկայ էին աւելի քան չորս հարիւր հայորդիներ, հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքական զանազան ներկայացուցիչներ՝ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի Թորոնթոյի հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկին։

Օրուան հանդիսավար Վերոնիք Այնէճեան ձեռնհաս կերպով կատարեց իր դերը երեք լեզուներով։ Յոտնկայս Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով բացուեցաւ յայտագիրը, ներկաները նաեւ յոտնկայս յարգեցինք մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակը։ Այնէճեան նշեց, որ որպէս վերապրողներու երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդներ, կը կրենք «մոռցուած ցեղասպանութեան» ցնցիչ հետեւանքը. այն մեր ինքնութեան անուրանալի մասն է ու պէտք է ուրացողներուն դէմ ըլլանք հաստատ կերպով ամբողջ տարուան մէջ եւ հետեւողական ընթացքով։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին աշխարհը լուռ մնաց, աւելի քան չորս հազար զոհ տուինք, ինը ամիսներու շրջափակումէն ետք հարիւր հազարէ աւելի արցախահայեր տեղահանուեցան։ Խօսքը ուղղեց կառավարական ներկայացուցիչներուն, որպէսզի իրենց դիրքերու եւ պաշտօններու միջոցաւ պայքարին ցեղասպանութեան ուրացումի դէմ եւ՝ խեղաթիւրուած իրականութեան։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ամենէն մեծ եւ վտանգաւոր սպառնալիքը Ազրպէյճանի նախագահն է, որ կը համարձակի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը խախտել։

Բոլոր քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւններու ներկայացուցիչները իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան Հայկական ցեղասպանութեան ահաւոր եւ պատմական սեւ էջերուն, պատուելով եւ յիշելով զոհերը, վերապրողներու կամքը եւ վերահաստատելու յանձնարութիւնը դէպի ապահով աշխարհը մը, ուր խտրականութիւնը եւ հալածանքը բաժին չունին։ Նաեւ գովաբանուեցաւ 1923-ի գանատական մարդասիրական Ճորճթաունի որբերու ծրագիրը։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Յունաստանի եւ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոսներն ու ներկայացուցիչները, նախկին խորհրդարանի խօսնակ Տէյւիտ Ուորնըր, փրոֆեսորներ Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչիլ եւ Սթէյսի Չըրչիլ եւ թորոնթոհայ արուեստագէտ Ժիրայր Բարաղամեան։

Խորհրդարանի անդամ եւ նախարար Ֆիլոմինա Թասի (FilomenaTassi) փոխանցեց վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի (Justin Trudeau) պատգամը։ Այս վերջինը, 2018-ին,Գանատայի առաջին վարչապետը եղած է, որ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու մէկ ու կէս միլիոն զոհերու յիշատակը։

Խորհրդարանի անդամ Հէն Տոնկ (Han Dong) անդրադարձաւ Գանատայի եւ Հայաստանի քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ դեսպան ունենալուն եւ նշեց, որ ինք՝ որպէս Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամ, մօտէն կ՚աշխատի նեցուկ ըլլալու Հայաստանի խաղաղութեան եւ կայունութեան։

Հանդիսավարը հրաւիրեց Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի (Armenian National Committee of Canada) ատենապետ Շահէն Միրաքեանը։ Անոր կարճ եւ ազդեցիկ պատգամը յստակ էր։

«Իւրաքանչիւրս ունինք ընտանեկան պատմութիւններ հայկական ցեղասպանութեան մասին, առաւել ականատես եղանք Արցախի քաջ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութեան արարքներուն։ Ինչպէս կրնամ արդար կերպով բացատրել մեր չարչարուած պատմութիւնը, հաւաքական վիշտը եւ արդարացի վախերը», ըսաւ ան։

Ճորճթաունի որբերու ուսուցիչի 24 ապրիլի պատգամին հետեւելով՝ Միրաքեան յորդորեց, որ ապագային նայինք առանց տկարանալու, հետամուտ ըլլանք արդարութեան, ապահովութեան եւ ինքնավարութեան, միայն այն ժամանակն է որ կ’ըլլանք նահատակներուն արժանի զաւակները։

Միրաքեան խօսքը ուղղեց կառավարական ներկայացուցիչներուն, որ պատրաստ ըլլան լսելու մեր ձայնը Հայկական ցեղասպանութեան եւ Ազրպէյճանական բռնակալութեան դէմ։ Յանձնարարեց, որ կարդան Հայ դատի պատգամը համացանցի վրայ եւ օգտագործեն իրենց ուժը եւ դիրքը անմիջական գործի անցնելու։

Օնթարիոյի նահանգապետ Տակ Ֆորտի (FordNation) պատգամը փոխանցեց նախարար Սթէն Չօ (Stan Cho)։ Հայորդի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան (Aris Babikian) իր պատգամը երկլեզու փոխանցեց՝ յիշեցնելով, որ յառաջիկայ ամիսը՝ մայիսը, հայկական մշակոյթի ամիսն է։ Նաեւ յիշեց, որ նախկին վարչապետ Սթիվըն Հարբըր ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Թոմ Ռաքոզօվիգ որպէս սերպ եւ ուղղափառ Քրիտոնեայ հաւատքին պատկանող իսկապէս հիացաւ հայերու կամքով, որոնք անխախտ մնացին իրենց հաւատքին մէջ։ Սփիւռքի ուժը գնահատելով, իր խօսքը աւարտեց՝ «Ձեր կողքին ենք» հաստատումով։

Բժիշկ Ատիլ Սամճի իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը աներեվակայելի արարք է, իւրաքանչիւր անձի, ընտանիքի, ժողովուրդի երազներու խորտակում է։

Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Ճոշ Մէթլօ (Josh Matlow) իր եւ քաղաքապետ Չաուի անունով ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը նման է վէրքի մը, որ չի բուժուիր եւ բաց կը մնայ, մանաւանդ երբ վէրքը պատճառողը կ’ուրանայ զայն։

Մարքամի քաղաքապետը՝ Ֆրանկ Սքարբեթին (Frank Scarpitti), խօսեցաւ Մարքամի «Յոյսի անտառ»-ին մասին, (Forest of Hope), ուր 2015-ին հարիւր ծառեր տնկուեցան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։ Իւրաքանչիւր եղանակ այդ ծառերը տարբեր տեսք կը ստանան. անոնքկեանքի եւ յոյսի նշան են եւ Գանատայի հաստատումը, որ հայութեան կողքին է։

Կաթողիկէ վարժարաններու խնամակալ Անճէլա Քէնըտին առաջարկեց, որ եկող տարիվերապրողներու շառաւիղէներայցելեն դպրոցներ եւ փոխանցեն իրենց նախնիներու պատմութիւնը։

Հանդիսավարը աւարտեց ձեռնարկը ըսելով, որ Թուրքիան պէտք է դիմագրաւէ իր պատմութիւնը, ապա հրաւիրեց ներկաները իրենց ծաղիկները զետեղելու յուշարձանին առջեւ։ Տէրունական աղօթքով աւարտեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան 109-րդ ոգեկոչումը:

Ոգեկոչման ձեռնարկները կը շարունակուին 23-էն 24 ապրիլին։ Յայտարարուեցաւ որ 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8-ին, Մարքամի «Յոյսի անտառ»-ին մէջ պիտի տեղի պիտի ունենայ մոմավարութիւն։ Օթաուայի ցոյցը, ամէն տարուայ նման, տեղի պիտի ունենայ 24 ապրիլին. Հանրակառքերը առաւօտեան ժամը 6-ին պիտի մեկնին Հայ երիտասարդական կեդրոնէն: Նոյն երեկոյ, Թորոնթոյի միջյարանուանական մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ կանոնական աղօթք եւ Զօրեան հիմնարկի աջակցութեամբ՝ Aurora’s Sunrise ֆիլմի ցուցադրութիւնը՝ Համազգայինի թատերսրահէն ներս, (Հայ երիտասարդական կեդրոն): ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

'Never again' cannot become empty words

Next
Next

Թորոնթոհայուն «Թորոնթոհայ»-ը