Թորոնթոհայուն «Թորոնթոհայ»-ը

Հինգ տարի առաջ, փետրուար 25-ին, ամուսինիս հետ հասանք Թորոնթօ, ուր մեզի բոլորովին անծանօթ վայրի եւ գաղութի մէջ՝ կրկին զերոյէն սկսելով, ինքզինքնիս պիտի փաստէինք եւ համայնքին վստահութիւնը շահելով` կեանքի նոր ուղիին վրայ քայլ առ քայլ յառաջանայինք։ «Կրկին» բառը գործածեցի, որվհետեւ բազմիցս նոյն ճամբայէն անցնելով հարթած ենք խորտուբորտ թուացող ճանապարհները ու յամառ աշխատանքի արդիւքով հասած ենք յաջող սլացք մը ապահովել:

Հալէպէն դուրս ելլելնէս ի վեր՝ Երեւանի, Պէյրութի եւ հիմա ալ Թորոնթոյի մէջ կը կրկնուին մարտահրաւէրները, ու Աստուծոյ օրհնութեամբ, յաջողութեամբ համեմուելով կը շարունակուի մեր ամենօրեայ կեանքը։ Հիմա աւելի լաւ ու հասկնալով կ’ըմբռնեմ Ղազարոս Աղայեանի բանաստեղծութեան հետեւեալ տողերը. «Ծիծեռնակը բոյն էր շինում եւ շինում էր եւ երգում, ամէ՛ն մի շիւղ կպցնելիս առաջուան բոյնն էր յիշում…», ու կը շարունակեմ՝ դէպի ուրիշ վայր չգաղթելու համոզումով, նոր շիւղերով հաստատուն դարձնել բոյնս։

Ուրեմն, Թորոնթօ ժամանելուս յաջորդ օրը, նախօրօք հոս հաստատուած գրասէր ընկերուհիներէս մին տեղեկացուց, որ Հայ կերդրոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անդրանիկ Ծառուկեանի՝ «Թուղթ առ Երեւան»-ի անգլերէնի թարգմանուած գիրքին շնորհանդէսը։ Որոշեցինք երթալ, ես՝ շնորհանդէսին ներկայ ըլլալու, ամուսինս՝ իր ընկերները տեսնելու, սակայն տղուս վարձած տունը քաղաքին կեդրոնին մէջ էր, ու մեր չար բախտէն, այդ օրը արկածի մը պատճառով շոգեկառքի երթեւեկութիւն չկար, անսպասելի խճողումի մը պատճառով taxi-ով ալ չկրցանք շարունակել մեզի համար բոլորովին անծանօթ այդ ճամբան, ուստի տուն վերադարձանք ու սպասեցինք, մինչեւ որ ամուսինիս ընկերներէն մէկը եկաւ եւ իր ինքնաշարժով մեզի հասցուց Հայ կեդրոն ու զիս առաջնորդեց դէպի լուսաւոր մե՜ծ դահլիճ մը, ուր հարիւրաւոր հանդիստեսներով լի սրահին մէջ, դժուարութեամբ կրցայ ընկերուհիս գտնել ու ինծի վերապահուած աթոռին մօտենալով հայեացք մը նետեցի շուրջս ու հիացայ թորոնթոհայութեան՝ գրականութեան ու գրագէտի հանդէպ ունեցած սիրոյ ու յարգանքի մօտեցումը նկատելով։ Բնականաբար, ուշ հասած էի, շնորհանդէսը գրեթէ հասած էր աւարտին ու երիտասարդ հեղինակ-թարգմանիչը՝ Ռուբէն Ճանպազեանը, կ’ընդունէր ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Ես ալ ձեռնուեցայ ու շնորհաւորեցի հեղինակը, բայց որո՞ւն միտքէն պիտի անցնէր, որ ես ամիսներ ետք Թորոնթոյի միակ ամսաթերթը հանդիսացող՝ «Թորոնթոհայ»-ի անձնակազմին մաս պիտի կազմէի, ապա՝ «Տիրուկին հետ» խորագիրով անձնական սիւնակս ունենայի, յետոյ՝ խմբագիրի օգնական նշանակուէի, իսկ տարիներ ետք՝ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ ծանօթացած առաջին գրական գործիչ-երիտասարդ հեղինակը դառնար այդ թերթին խմբագիրը, ու մենք միասին՝ հետաքրքրական, պարկեշտ եւ նոյնքան օգտաշատ համագործակցութեան մը շուրջ, օրական քանի մը անգամ, իրարու հետ զրուցելով առաջ պիտի տանէինք մեզի վստահուած գրական աշխատանքը։ Է՜հ, առեղծուած է կեանքը, ուր պատահականութիւն չկայ, այլ ի վերուստ դրուած ծրագիրներ, որոնց ընդմէջէն՝ կամայ-ակամայ պիտի անցնի մարդ արարածը։

Այս ամիս մեր «Թորոնթոհայ» թերթին 200-րդ թիւն է։ Ի՜նչ հոգեկան բաւարարութիւն կը զգամ այսօր, որովհետեւ այդ 200 թիւներուն 55 թիւերէն աւելիին մէջ իմ արդար վաստակս ունեցած եմ։ Այսօրուան պէս կը յիշեմ թերթի հիմնադիր-խմբագիր Կարին Սաղտըճեանին հետ ունեցած առաջին հանդիպումս, որուն ընթացքին ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս տարիներ առաջ մտայղացած էր թորոնթոհայուն ծառայելու ու գաղութի լուրերն ու նորութիւնները արտացոլելու գրական միակ հարթակը հանդիսացող թերթի մը հրատարակութիւնը, որ Հայ կեդրոնի ղեկավարներուն աջակցութեամբ, առաջին անգամ հրատարակուեցաւ հոկտեմբեր 2005 թուականին։

Խմբագիր Կարին Սաղտըճեան, Անապէլ Շարոյեան ու Արա Տէր Յարութիւնեան եռեակը ձեռք-ձեռքի տալով, թիւ առ թիւ հրատարակած եւ երկար տարիներով, ընթերցողին վստահութիւնը շահելով, ապահոված են երկլեզու թերթին յաջող ընթացքը։

Մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ, թերթի հիմնադրութեան անցնող 17 պայծառ տարիներէն ետք, խմբագիրը՝ իր անմար ջահը փոխանցեց Ռուբէն Ճանպազեանին, ու նոր խմբագիրը, նոր ու կանաչաւուն աւիշով շարունակեց պահել Թորոնթոյի հայ գաղութին նուիրուած, անկողմնակալ եւ բոլորին կողմէն սիրուած ու սպասուած «Թորոնթոհայ» թերթին անխափան ընթացքն ու թարմութիւնը։

Ի՜նչ երանելի պիտի ըլլար եթէ մի քանի տարի առաջ կարենայինք նշել թերթին ծննդեան 15-րդ ամեակը, որ դժբախտաբար չիրականացաւ չարաբաստիկ Քովիտին պատճառով։ Այդ օրերուն, բոլորիս համար յստակ եղող մեկուսացման պարտաւորութիւնը նկատի ունենալով, չկրցանք նոյնիսկ տպագիր թերթ հրատարակել։ Այդ ժամանակ ո՛չ միայն ձեռնարկները, հանդիսութիւնները, փորձերը ու ժողովները արգիլուած էին, այլ՝ մարդիկ քով-քովի գալով չէին կրնար ակումբին մէջ սուրճ մը անգամ խմել կամ զրուցել, հետեւաբար այդ օրերուն երկուստեք՝ թորոնթոհայութիւնն ու Հայ կեդրոնը կարօտ մնացած էին իրարու։ Շատ լաւ կը յիշեմ ապրած դառն զգացումս, երբ մօտաւորապէս երկու տարի տեւող արգելափակումներէ ու մեկուսացումներէ ետք Հայ կեդրոն մտայ ու «Թորոնթոհայ»-ին յատկացուած դարաններու որբութիւնն ու դատարկութիւնը տեսնելով՝ ազդեցիկ գրութիւն մը գրեցի ու խոցուած սրտով սպասեցի թերթին վերահրատարակուելուն։ Այդ շրջանին՝ բոլոր ծանօթ ու անծանօթ մարդիկ կը մօտենային ինծի ու կը հարցնէին, թէ ե՞րբ պիտի վերահրատարակէինք թերթը։ Անշուշտ տպագիր թերթին մասին էր խօսքը, որովհետեւ Քովիտի օրերուն առցանց կը հրապարակուէր ան։

Փառք Աստուծոյ, թերթը վերահրատարակուեցաւ։ Ահաւասի՛կ, այս ամիս հրատարակուած 200-րդ թիւն է Թորոնթոյի հայ համայնքին կողմէ սիրուած ու սպասուած «Թորոնթոհայ» թերթին, իսկ յաջորդ տարի քսան տարեկան դարձած «Թորոնթոհայ»-ը պիտի շարունակէ մնալ թարմ ու կենսունակ՝ իր խմբագիրով, անձնակազմով, հրապարակած լուրերով, յօդուածներով, ակնարկներով, հարցազրոյցներով, տեղեկատութիւններով, գովազդներով, ինչպէս նաեւ նոր ու երիտասարդ տաղանդներու դաշտը հանդիսանալով՝ միշտ լաւագոյնը լաւագոյնին մատուցելու սուրբ առաքելութեամբ։

Եթէ այսօր յետադարձ հայեացք մը ուղղեմ «Թորոնթոհայ»-ի ծիրէն ներս անցուցած մօտաւոր հինգ տարիներուս ու գրած հարիւրաւոր յօդուածներուս, չափածոներուս, հարցազրոյցներուս եւ ակնարկներուս՝ պիտի խոստովանիմ, որ այո՛, ես մեր ընթերցողներուն ներկայացուցած եմ սրտիս ու մտքիս կարողութեան աներիզ սահմաններէն բխած գրութիւններ, սակայն թերթն ալ իր կարգին իր օրհնութիւններով ողողած է սիրտս ու համակած՝ հազարաւոր ընթերցողներով, եւ յօդուածներս սպասող սիրելի հետեւորդներով, ինչպէս նաեւ՝ թերթի պարկեշտ, խոնարհ ու համեստ անձնակազմ-գործակիցներով։

Տարիներու ընթացքին, «Թորոնթոհայ»-ը անբացատրելի բերկրանքով լեցուցած է սիրտս, օրինակ՝ երբ մեր անմահ հերոսներէն՝ Քեսապի Քեռիին մասին գրած նիւթէս ետք ստացած եմ անոր հարազատ աղջկան շնորհակալական նամակը…երբ ինծի առիթ ընծայած է հարցազրոյցի մը համար առցանց կապուելու, զրուցելու եւ մօտէն ճանչնալու թորոնթոհայ ազգային հերոս, ազատամարտիկ՝ Քրիստափոր Արթինին…երբ պատեհ առիթը ստեղծած է հայ ականաւոր դէմքերու եւ հռչակաւոր արուեստագէտներու հետ ծանօթանալու ու անոնցմէ հարցազրոյցներ վերցնելու, ինչպէս՝ «Ամերիկացի» ֆիլմի ռեժիսոր-դերասան Մայքըլ Կիւրճեանի, Armenia Uncovered-ի դերասան-երգիծաբան Գէւ Օրգեանի, հռչակաւոր հայրենի դերասան Վարդան Պետրոսեանի, արցախցի նշանաւոր ռեժիսոր Ջիւան Աւետիսեանի, ամերիկաբնակ պարսկահայ ռեժիսոր Մէրի Աբիկի, ցեղասպանութեան հետքերով՝ Արեւմտահայաստանի մասին տեսերիզներ պատրաստող Անի Յարութիւնեանի եւ տակաւին բազմաթիւ մեծամեծներու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու նախագահներու եւ ատենապետներու, հոգեւոր հայրերու, քաղաքական գործիչներու գրականագէտներու եւ մեր ազգի հարիւրաւոր նշանաւոր դէմքերու։ Իսկ ամենէն կարեւորը, որ ինծի համար առիթ ընծայած է ունենալու չափազանց քաղաքակիրթ, բանիմաց, հայրենասէր եւ մարդկային ազնիւ մօտեցում ունեցող լուսամիտ խմբագիրներ (անցեալի եւ ներկայի), որոնք Հայաստանէն հեռու, օտար ափերու վրայ՝ հայոց լեզուին զինուորները դարձած, կանգուն կը պահեն հայ լեզուն ու գրականութիւնը։

Բարի երթ կը մաղթեմ՝ թորոնթոհայուն համար կեանքի կոչուած եւ օրէ օր աւելի թարմացած ու ծաղկած «Թորոնթոհայ» թերթին: Թող ճանապարհդ յաւերժ կանաչ ու արեւշատ ըլլայ, սիրելի՛ «Թորոնթոհայ»։ ֎

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Թորոնթօն ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը

Next
Next

Մատթէոս Զարիֆեանի ծննդեան 130-ամեակին ու մահուան 100-ամեակին նուիրուած հաւաք