Մատթէոս Զարիֆեանի ծննդեան 130-ամեակին ու մահուան 100-ամեակին նուիրուած հաւաք
Գարունը շուտ հասած էր Թորոնթօ, կարծես թէ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի ներկայացնելիք, պոլսահայ քնարերգակ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի նուիրուած հաւաքի փորձերուն ընթացքին ընթերցուած բանաստեղծութիւններուն հնչիւնները հասած էին երկինք ու արեւը իր ջերմութեամբ, ժամանակէն առաջ, ողողած էր թորոնթոհայ գրասէրներու զգացումները: Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի՝ «Գարուն չէ, լելակները չծաղկեցան տակաւին. սակայն կայ ու կը մնայ իր գրական ժառանգութիւնը։ Այսօրուան բանաստեղծական ընտրանին կ’ընծայենք վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի յիշատակին։ Ժամը 2-ին կը տեսնուինք», դիմատետրային գրառումով, գրասէրներու սրտերուն մէջ փթթած լելակները՝ խմբակի անդամներուն ներկայացնելիք բանաստեղծութիւններով պատրաստ էին ծաղկելու այդ օր։
Փետրուար 2012-էն ի վեր յառաջացած Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքներուն շարքը, «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի առաջնորդութեամբ՝ հայ երիտասարդը մօտեցուցած է հայ գրականութեան ու մեր ժառանգած արժանիքներուն: Արդարեւ, այդ հաւաքներուն վերջինը տեղի ունեցաւ շաբաթներ առաջ։
Յատկանշական եւ յուզախառն, միեւնոյն ժամանակ հպարտութիւն ներշնչող օր մըն էր այդ կիրակին․ 3 մարտ 2024-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի ծննդեան 130-ամեակին ու մահուան 100-ամեակին նուիրուած հաւաքը, որուն ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի գրասէրներու խմբակէն վեց երիտասարդներ՝ Ռիթա Խաչոյեանը, Շանթ Տէօքմէճեանը, Ալիք Պապօղլեանը, Էօժենի Բարսեղեանը, Կապրիէլլա Պաթիկեանն ու Հայկ Յարութիւնեանը։
Հանդիսավար Ռիթա Խաչոյեան՝ «Ի՞նչ գիտէք Մատթէոս Զաիֆեանի մասին» խորագիրով եւ բանաստեղծին կեանքին հետ առնչուող հետաքրքրական հարցումներ հարցուց ներկաներուն ու անոնց պատասխանները ստանալէն ետք հատուածներ ներկայացուց՝ 1894-ին, Պոլսոյ Կէտիկ-Փաշայի մէջ ծնած հայ գրականութեան անմահ արժէքներէն Մատթէոս Զարիֆեանի կենսագրութենէն։ Հանդիսավարը անդրադարձաւ բանաստեղծին՝ կեանքի ու մահուան միջեւ ունեցած պայքարի կենսափորձով բոցավառող եւ ի վերուստ շնորհուած տաղանդին ու իր կեանքի վերջին երեք տարիներուն լոյս ընծայած՝ «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր» (1921) ու «Կեանքի ու մահուան երգեր» (1922) հատորներուն մասին, որոնք մեծանուն բանաստեղծին մնայուն պատուանդանը դարձան առ այսօր։
Այո՛, հակառակ անոր, որ 30 գարուններ ունեցող կարճատեւ կեանք մը ապրեցաւ Զարիֆեան, սակայն իր ինքնատիպ ու վճիտ քնարերգութեամբ՝ անմահ ժառանգութիւն մը կտակեց հայ ժողովուրդին։ Զարիֆեան կարդացողը, անոր բանաստեղծութեան մէջ գտաւ թախծոտ, քնքուշ եւ անխառն սիրոյ գեղեցիկ ու գրաւիչ աշխարհ մը։
Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջտեղը զետեղուած պաստառէն ցուցադուեցան Զարիֆեանի պատկերները, վկայականները եւ կեանքի հանգրուանները յիշեցնող նկարները, որոնց զուգահեռ՝ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի երիտասարդները ընթերցեցին Զարիֆեանի՝ մեզի ժառանգած բանաստեղծութիւններէն ընտրանի մը։
Երիտասարդներէն Շանթ Տէօքմէճեան ընթերցեց բոլորիս հանրածանօթ ու այնքա՜ն սիրուած «Կարեկցութիւն»-ը, «Հոգի՞ս էր»-ն ու «Կեանքը երազ է» բանաստեղծութիւնները։ Ալիք Պապօղլեանը մեկնաբանեց «Չըսի»-ն եւ «Քեզմէ հեռու»-ն, Էօժենի Բարսեղեանը՝ «Յոյս-տարակոյս»-ն ու «Մի դպիք»-ը, Կապրիէլլա Պաթիկեանը՝ «Լեռներն իմ երազիս», Հայկ Յարութիւնեանը՝ «Այն տղան»։ Սիրոյ եւ տրտմութեան մասին գրուած Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնները վճիտ ու զուլալ արուակի պէս հոսեցան երիտասարդներուն շրթունքներէն եւ անոնց թարմութիւնով ու գեղեցկութեամբ պարուրեցին ունկնդիրներուն ներաշխարհը, ու Մ. Զարիֆեանի սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքն ու մարդկայնութիւնը վերստին կնքուեցան ու լուսարձակեցին։
(լուսանկարները տրամադրած է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը)
Հանդիսավար Ռիթա Խաչոյեանի զգացաշարժ կերպով մեկնաբանած` «Կեանքը... հոյակապ հրաշալիք մըն է» վերնագիրը կրող գրութեան մէջ տեղ գտած՝ «Ա՜խ, կեա՜նքը, կեա՜նքը…: Ինչպէ՜ս կ’ուզեմ կմախացած բազուկներուս ամբողջ յուսահատութիւնովը փաթթուիլ անոր ու պաղատիլ, որ չլքէ՜զիս», հատուածին մէջ այնքան ցաւ կար եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացում: Անոր ընդմէջէն ներկաները զգացին 19 տարեկանին առաջին անգամ ըլլալով թոքախտին պատճառած ցաւը զգացող եւ 11 տարի հիւանդութեան դէմ պայքարող ու դարմանումի համար առողջարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ մաշած երիտասարդին տարիները, եւ միեւնոյն ժամանակ համտեսեցին Զարիֆեանի բնաւ չկորսնցուցած յոյսը՝ գեղեցիկը սիրելու եւ կեանքին հիացմունքով փարելու իր հոգեկան անհուն քնքշութիւնը։
Շատ յուզիչ էր Մատթէոս Զարիֆեանի կտակը, Ռիթա Խաչոյեանի մեկնաբանութեամբ՝ «Եթէ մեռնիմ, օտար աստղերու տակ, հեռուն, այն ատեն՝ քանի մը արցունք բաւ է ինծի. բայց եթէ հողակոյտս մօտ ըլլայ քեզի, կ՚ուզեմ որ, ամէն գարունի, գող-գող լելակ բերես ինծի. շատ կը սիրեմ ես այդ ծաղիկը... Լելակի գոյն ունէին աչքերը այն երկու աղջիկներուն, որոնք սիրեցին զիս ու տառապեցան, եւ որոնց սիրոյն արժէքը շա՜տ ուշ գնահատեցի ես, գնահատեցի միայն այն ատեն՝ երբ մէկ ոտքս գերեզման իջած էր արդէն։ Արցո՜ւնք կամ լելակ. չմոռնաս» (ՕՐ. Վ. -Ի ԱԼՊՈՄԷՆ)։
Զարիֆեան ամուր թելերով կապուած էր կեանքին, սակայն դժբախտաբար երեսուն տարի ապրեցաւ ան, ու թոքախտը արագօրէն հիւծեց մարզիկի կենսունակութեամբ օժտուած երիտասարդին մարմինը։
Չափազանց ազդեցիկ եւ նոյնքան հաճելի հաւաքի աւարտին՝ դաշնամուրի վրայ Արամ Խաչատուրեանի գործերէն մին նուագեց Մինելի Շահնազարեանը ու երաժշտութեան հնչիւններուն քնքշութիւնը եկաւ ամբողջացնելու դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւող Զարիֆեանի՝ մեզի պարգեւած ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը, սէրն ու յուզմունքը իմաստաւորող գրականութիւնը։
Ձեռնարկի աւարտին, գրադարանէն տրամադրուած գիրքեր նուիրուեցան բոլոր մասնակցողներուն ու խմբային նկարով մը անմահութեան յանձնուեցաւ կեանքի ու մահուան միջեւ տառապալի ու ծանր պայքարի իր կենսափորձով ու բանաստեղծական բոցավառումով համակուած քնարերգակ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին նուիրուած հաւաքը։ ֎