«Հայաստան ապրիլը ինծի համար ունի շատ մեծ առաւելութիւններ»

Զրոյց՝ երեւանաբնակ թորոնթոհայ Ալէք Օհանեանին հետ

Այնքան մեծ հրճուանք է, երբ կը զրուցես երիտասարդ թորոնթոհայերու հետ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ կը պատմեն իրենց Հայաստան հաստատուելու որոշումին եւ այստեղ կառուցած իրենց կեանքին մասին։ Այս անգամուան մեր հարենադարձը թորոնթոհայ Ալէք Օհանեանն է, որ մէկուկէս տարի առաջ հաստատուած է Հայաստան։ Թորոնթոյի մէջ ուսումը աւարտելէն ետք մասնակցած է «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) ծրագրին, այնուհետեւ տարիներ տեւած կարճ այցելութիւններէ ետք որոշած է հաստատուիլ Հայաստան՝ կարենալով աշխատանքն ու առօրեան համակարգել հայաստանեան կեանքին։ Ալէքը իր փորձառութեամբ կը կիսուի մեր ընթերցողներուն հետ եւ կու տայ խորհուրդներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ՝ Հայաստան տեղափոխուիլ ցանկացողներուն։


Սալբի Սաղտըճեան- Կը պատմէ՞ք ձեր մասին։ Ո՞ւր ծնած էք եւ ի՞նչ է ձեր մասնագիտութիւնը։

Ալէք Օհանեան- Ծնած եմ Թորոնթօ։ Ծնողներս Գանատա գաղթած են Լիբանանէն։ Ինձմէ չորս տարեկան մեծ Տանիէլ անունով եղբայր մը ունիմ։ Պզտիկ տարիքէս ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ՀՅԴ-ԳՊՄ) մաս կազմած եմ, մինչեւ 6-րդ դասարան յաճախած եմ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, այնուհետեւ օտար, կաթողիկէ դպրոց մը, ապա՝ St. Robert's Catholic Secondary School: Այդ ժամանակաշրջանին գաղութին հետ ամենէն մեծ կապս եղած է Պատանեկանն ու Երիտասարդականը (ՀՅԴ-ԳԵՄ) , այնուհետեւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը, որոնց մէջ վարած եմ պատասխանատու պաշտօններ։ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւն (Information technology - IT) ուսանած եւ «Սենեքա» ուսումնարանին մէջ, այդ ընթացքին մէկ տարի փորձաշրջանի (internship) մասնակցած եմ Canadian Tire ընկերութեան մէջ։ 2016-ին սկսայ աշխատիլ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեմ աշխատիլ Blueprint Software Systems ընկերութեան մէջ, որ Թորոնթօ կը գտնուի։ Քանի մը շաբաթ առաջ տասնամեակս էր այս ընկերութեան մէջ։ Սկսած եմ որպէս կրտսեր ճարտարագէտ (junior engineer), իսկ հիմա երէց տնօրէն (senior director) եմ եւ պատասխանատու ամբողջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան աշխատախումբին։

Սալբի- Ինչպէ՞ս սկսաւ ձեր կապը Հայաստանի հետ։

Ալէք- 2011-ին առաջին անգամ մասնակցեցայ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարին, 2015-ին. ուսումս աւարտելէս անմիջապէս ետք, «Դէպի Հայք»-ի Վանաձորի ծրագրին մասնակցեցայ եւ չորս ամիս Վանաձորի մէջ նոր հիմնուած IT ընկերութիւններու մէջ աշխատեցայ։ Եւ որովհետեւ 2011-ի փորձառութիւնը ունէի, շատ հեշտ եղաւ, նոյնիսկ իմ կապերովս կրցայ շատ այլ կամաւորներու օգտակար ըլլալ եւ քաղաքը ծանօթացնել։ Չորս ամիս մնալու առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ Երեւանէն դուրս, Վանաձորի պէս տեղ մը ապրիլը քեզի շատ աւելի արագ կը մօտեցնէ Հայաստանին։ Ինչպէս օրինակ՝ եթէ եւրոպական երկրի մը մայրաքաղաքէն դուրս երկրորդ, երրորդ կարգի քաղաքի մը մէջ ապրիս, կը կարծեմ, այդ երկրի մշակոյթին աւելի արագ կը ծանօթանաս։

Սալբի- Ինչպէ՞ս որոշեցիք հաստատուիլ Հայաստան։

Ալէք- Քանի տարի առաջ արձակուրդիս մէկ ամիսը Հայաստան անցուցի։ Յետոյ նկատեցի, որ ինչ որ բան փոխուած է մէջս։ Ընկերներուս շրջանակը այս տարիներուն ընթացքին շատ մեծցած է եւ երեւի այդ տարին էր՝ զգացի որ կրնամ աւելի երկար մնալ։ Ընկերութեանս հետ խօսեցայ, որ կը փափաքիմ աւելի երկար մնալ, եթէ արտօնէք։ Համաձայնեցան, եւ նոյնիսկ առաջարկեցին Հայաստանի ժամով աշխատիլ, բայց նուազագոյնը քանի մը ժամ յարմարիլ նաեւ Թորոնթոյի ժամերուն։ Մէկ ամիս երկարաձգելս եղաւ երկու ամիս, երկուն եղաւ երեք, յետոյ չորս (գանատական վիզան չորս ամիս է)։ Թորոնթօ վերադառնալէս ետք, յաջորդ տարուան արձակուրդիս նորէն ուզեցի Հայաստան գալ եւ երկար մնալ, ղեկավարս համաձայնեցաւ, պայմանաւ՝ որ եթէ դժուարութիւններ յառաջանան, անմիջապէս վերադառնամ։ Այդ ալ ինծի համար շատ ընդունելի էր, երկորդ անգամ մըն ալ չորս ամիսով եկայ, երրորդ անգամ մըն ալ եւ կարծեմ վերջին չորս ամիսը նոյեմբեր 2023-էն փետրուար 2024 էր։ Երբ վերջին անգամ Թորոնթօ վերադարձայ, կը մտածէի յաջորդ անգամ երբ պիտի երթամ։ Ամռան Հայաստանի մէջ մօտիկ ընկերներուս հարսանիքները կային, ծնողներս ալ քաջալերեցին, վստահեցնելով, որ երբ ուզեմ, կրնամ վերադառնալ։ Այդպիսով՝ որոշեցի գալ եւ մնալ։

Սալբի- Երբ կարճ ժամանակով կու գայիք, եւ հիմա որ մէկուկէս տարիէ արդէն հոս էք, երեւէ բան փոխուեցա՞ւ Հայաստան ապրելու ձեր պատկերացումին մէջ։

Ալէք- Չէ, չեմ կարծեր, որովհետեւ արդէն 2011-էն ի վեր կարճ ժամանակներով շատ Հայաստան եղած էի։ Երբ սկսայ չորս ամիսով գալ, կային դժուարութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար լուծուեցան, որովհետեւ աւելի երկար ժամանակ ունէի սերտելու, պրպտելու, հասկնալու, քաղաքը աւելի լաւ ճանչնալու։ Արդէն գիտէի՝ ուր կ’ուզեմ ապրիլ, առօրեայ կեանքս ինչպէս դասաւորեմ եւ այլն։ Երկար մնալը շատ բան չփոխեց, պարզապէս ապրանքներս շատցան, փոխադրուիլը դժուարացաւ։

Սալբի- Հայաստանէն Գանատա առցանց, հեռավար (online, remote) աշխատիլը ի՞նչ դժուարութիւններ կը ստեղծէ, կամ առաւելութիւններ ունի՞։

Ալէք- Չեմ կրնար ըսել դիւրին է, բայց հետաքրքրական է։ Հայաստանի ժամով աշխատիլը վստահ դիւրին է, որովհետեւ բնական կեանք կ’ապրիս. ընդհանրապէս առտուան 10-էն երեկոյեան 6-ը կ’աշխատիմ, երբ թորոնթոյի մէջ ժամերը փոխուին՝ 11-7-ը, որ Թորոնթոյի ժամով առտուան 10-ը կ’ըլլայ եւ կը հասցնեմ ժողովներու ալ մասնակցիլ։ Դժուար կ’ըլլայ, երբ պէտք է ուշ ժամերուն ժողովներու մասնակցիմ, կամ Թորոնթոյի օրուան ընթացքին տարբեր խնդիրներ յառաջանան։ Այդ ժամանակ 8-9 ժամ աշխատելու փոխարէն կրնայ 12-14 ժամ աշխատիմ։ Ամենէն մեծ դժուարութիւնը այդ է։ Բախտաւոր եմ, որ գործընկերներս բաւական լաւ կազմակերպուած են, կառավարման (management) հետ կապուած շատ դժուարութիւններ չկան։ Մեծ առաւելութիւն է նաեւ, որ ղեկավարս առտուան ժամը 6-ին կը սկսի աշխատիլ, եւ ես ժամանակ ունիմ իր հետ տարբեր ծրագիրներ մշակելու, խնդիրներու մասին խօսելու, նոր գաղափարներ պրպտելու եւ այլն։ Միւս առաւելութիւնը, որ մեր քով հերթապահութեանն(on call) հասկացողութիւնը կայ, որ եթէ server-ները խնդիր ունենան կամ ինչ որ լուրջ բան մը ըլլայ մէկը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ աշխատելու, որովհետեւ մեր յաճախորդները համաշխարհային են։ Հոս ըլլալու մեծ առաւելութիւնը այն է, որ ոչ ես եւ ոչ ալ Թորոնթոյի մեր աշխատախումբի անդամը պէտք ունինք գիշերները մտահոգուելու։ Ես այստեղի ցերեկուան ժամերուն պատրաստ կ’ըլլամ, ինքը այնտեղի։ Ուրեմն՝ երկուքս ալ կրնանք շատ հանգիստ մեր երեկոյեան կեանքը ապրիլ, ընկերներով հանդիպիլ։

Կարծեմ առօրեայ գործիս համար շատ աւելի առաւելութիւններ կան, քան անպատեհութիւններ, որ լաւ է։ Իրականութեան մէջ, եթէ Թորոնթոյի ժամանակով իրիկունները աշխատէի, հաւանաբար չէի փոխադրուեր, որովհետեւ ինծի համար Հայաստանի համն ու հոտը ընդհանրապէս իրիկուններն են, երբ ամէն մարդ գործը վերջացուցած է, ընկերներու հետ հանդիպելու, ժամանակ անցնելու ժամանակ կ’ունենաս։

Սալբի- Եթէ գործդ կայուն է, Հայաստան ապրիլը ի՞նչ առաւելութիւններ ունի։

Ալէք- Շատ առաւելութիւններ կան, բայց նաեւ կարեւոր է, որ եթէ մէկը կ’ուզէ փոխադրուիլ, իմ կարծիքովս՝ սկիզբէն պէտք է գործը անպայման հաստատած ըլլայ, որովհետեւ չմտածուած գալը դժուարութեան առջեւ կը դնէ քեզի։ Գիտեմ անձիք, որոնք առանց գործ ունենալու կամ ճարելու Հայաստան փոխադրուած են, եւ տեսած եմ՝ թէ մեծ յուսախաբութիւն ապրած են, ոչ թէ Հայաստանէն, այլ իրենց կայացուցած որոշումէն։ Բոլորս գիտենք, որ Երեւան ապրիլը արդէն աժան չէ, մանաւանդ կեդրոն ապրիլը։ Օրինակ՝ ինծի պէս մարդիկ, որոնք նախապէս առանձին չեն ապրած եւ տան վարձքի խնդիր չեն ունեցած, հոս գալով նուազագոյնը հազար գանատական տոլար վարձք պէտք է տան։

Սալբի- Թորոնթոյի մէջ միութենական կեանքի մէջ աշխուժ կեանք ունեցած էք, հոս ինչպէ՞ս կը լրացնէք այդ բացը։

Ալէք- Հոս տարբեր է, որովհետեւ հայապահպանութեան, գաղութ պահելու մտահոգութիւնը չունիս, այնտեղի կեանքը այստեղ չկայ, գաղութդ ամէն տեղ է, ամէնը հայ են, լեզուդ ալ ամէն տեղ է։ Ուրեմն՝ ուրիշ բաներով պէտք է զբաղիս։ Հոս առիթներ կան կոմիտէներուն կամ յանձնախումբերու մէջ աշխատելու, բայց նոյնը գործերով չէ։ Շատ մը կուսակցական գործեր կրնաս ընել, որ Թորոնթօ չես ըներ, որովհետեւ հոն կարիքը չկայ, բայց հոս կարիքը կայ, կամ հակառակը։ Հետաքրքրական է, բայց բան մըն է որ սկիզբէն պէտք է ընդունիս։ Օրինակ՝ եթէ Թորոնթոյի մէջ Ամառնային փառատօնի յանձնախումբի մէջ աշխատիլը քու զբաղումդ էր, հոս պէտք է ուրիշ զբաղում մը գտնես, եթէ ոչ՝ պարապութիւն մը կը զգաս կեանքիդ մէջ։

Բայց ընկերային կեանքը պահելը, իմ կարծիքովս, շատ աւելի դիւրին է, որովհետեւ ինչպէս ըսի, Հայաստանի գիշերուան կեանքը լման տարբեր է։ Երեւանը Թորոնթոյի հետ բաղդատած պզտիկ քաղաք է, Թորոնթոյի քաղաքի կեդրոնի (downtown) աշխուժութիւնը հոս Երեւանի փոքր կեդրոնն է, նոյնիսկ եթէ Կոմիտասի շրջանը կ’ապրիս (Արաբկիր վարչական շրջան), քսան վայրկեանէն արդէն քաղաքի կեդրոն կը հասնիս։ Երեւանի մէջ կան հազարումէկ տարբեր տեղեր, ուր կրնաս երթալ, կամ նոր բացայայտել։ Տասը վայրկեան քալելով կրնաս ընկերոջդ տունը երթալ, մեքենայ քշելու պէտք չունիս, որ ինծի համար մեծ առաւելութիւն է։

Սալբի- Ինչպէ՞ս է ընկերային կեանքը հոս։

Ալէք- Ընդհանրապէս լաւ, բայց իմ շրջանակս խառն է. մեծ մասը սփիւռքահայեր են՝ թորոնթոհայեր, ամերիկահայեր, սուրիահայեր, պարսկահայեր․ մարդիկ, որոնք Հայաստան տեղափոխուած են եւ տարիներու ընթացքին արդէն իմ շրջանակիս մէջ էին։ Մեծ մասը երիտասարդականի միջոցով ծանօթացած եմ, օրինակ՝ Ռուբէնը Թորոնթոյէն, միւս ընկերներս Ամերիկայէն եւ այլն։ Այդ շրջանակի ընկերներուս հետ շաբաթը քանի մը անգամ հանդիպելու առիթը կ’ունենամ։ Ես նաեւ մինակս դուրս ելլելու սովորութիւն ունիմ, գարեջրատուն (pub) մը երթալու, գործիս հետ կապուած բաներ կարդալու։ Այնտեղ հայաստանցի ընկերներու հետ կը հանդիպիմ, որոնց մեծ մասը IT աշխատողներ են եւ նոյն սովորութիւնը ունին. գործէն ետք կ’ուզեն տեղ մը երթալ, նստիլ եւ իրենց գործին վերաբերեալ լուրեր կարդալ։ Այդ կողմէն հետաքրքրական է իրենց հետ մասնագիտական զրոյցներ ընելը եւ Հայաստանի ու սփիւռքի կեանքին մասին խօսիլը։

Հոս տարբեր է, որովհետեւ հայապահպանութեան, գաղութ պահելու մտահոգութիւնը չունիս, այնտեղի կեանքը այստեղ չկայ, գաղութդ ամէն տեղ է, ամէնը հայ են, լեզուդ ալ ամէն տեղ է։

Սալբի- Այստեղի IT ոլորտին մասին ընդհանրապէս գաղափար ունի՞ք, հետաքրքրուա՞ծ էք։

Ալէք- Շատ չեմ խորացած, բայց գաղափար ունիմ․ IT ոլորտը շատ զարգացած է եւ դեռ կը զարգանայ։ Շատ մը ընկերութիւններ կան, որ արդէն Հայաստանի մէջ գրասենեակներ ունին, կան նաեւ Հայաստանի մէջ գրասենեակ ունեցող օտար ընկերութիւններ, որոնք չեն բացայայտուած, որովհետեւ միայն ծրագրաւորողներ ունին եւ Հայաստանէն վաճառք չեն ըներ։ Բայց երբեմն կը տեսնես, որ հսկայական, համաշխարհային ընկերութիւն մը Հայաստանի մէջ ծրագրաւորող մը կը փնտռէ, յետոյ իրենց կայքին վրայ կը նայիս, թէ իրենք Հայաստան գրասենեակ չունին։ Ատիկա ցոյց կու տայ, որ ինչ որ պահուած, թաքուն IT ոլորտ մըն ալ կայ, որմէ ամէն մարդ տեղեակ չէ։ Ուրեմն՝ ինչքան մէկը կը կարծէ որ IT ոլորտը զարգացած է, ատկէ շատ աւելին զարգացած է, ինչը որ հետաքրքրական է։ Մասնագէտները շատ-շատ են, ընկերութիւններուն որակը եւ մակարդակը զարմանալիօրէն շատ բարձր է։ Եթէ մէկը կայ, որ IT ոլորտին շատ մօտ չէ, կամ չէ պրպտած, կը զարմանայ, որ որքան հսկայական ընկերութիւններ հոս գրասենեակներ ունին, եւ որ Հայաստանի IT ընկերութիւնները աշխարհին ինչ բաներ տուած են եւ կը շարունակեն տալ։

Սալբի- Ի՞նչ դժուարութիւններ ունիք այստեղ։

Ալէք- Մենակ ապրելու սովորական դժուարութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը յաղթահարես։ Կենցաղային գործեր՝ մաքրութիւն, ճաշ, առտու կանուխ ճիշտ ժամուն արթննալ։ Բախտաւոր եմ, որ մաքուր հայերէն գրել, կարդալ, խօսիլ արդէն գիտէի նախքան Հայաստան փոխադրուիլս։ Ուրեմն՝ լեզուական դժուարութիւն ընդհանրապէս չկար։ Նաեւ որովհետեւ շատ երկար ժամանակ Հայաստան գալ-երթալս օգնած էր արեւելահայերէնին շատ ծանօթ ըլլալուս։ Մինակս դուրս ելլելու ամենէն մեծ առաւելութիւններէն մէկը արեւելահայերէնին եւ տեղի խօսակցական ոճին վարժուիլն է, slang բառեր սորվիլը։

Սալբի- կը մտածէ՞ք հոս ընտանիք կազմելու մասին։ Ձեր ապագան հայրենիքի մէջ կը տեսնէ՞ք։

Ալէք- Թէեւ այդ ուղղութեամբ չեմ աշխատած դեռ, բայց այո, կը մտածեմ եւ կը փափաքիմ։ Կը կարծեմ հոս շատ առաւելութիւններ կան, քան Թորոնթոյի մէջ։ Գիտենք, որ Թորոնթոյի գաղութը կը գոյատեւէ, նոր դպրոցի շէնքը գնեցինք, դպրոցն ալ պիտի շարունակուի, գաղութն ալ պիտի շարունակուի, բայց ես հոս աւելի հանգիստ եմ հիմակուհիմա։ Կան մտահոգութիւններ՝ դպրոցներու մակարդակին, մասնաւոր (private) դպրոցներու սղութեան կամ առողջապահական համակարգին մասին, որոնք արդար են։ Մինչեւ ես ընտանիք կազմելու պատրաստ ըլլամ, կրնայ ըլլալ, որ այդ մտահոգութիւնները այդքան լուրջ չըլլան, կամ բնաւ չըլլան։ Հոս կեանքը, կը կարծեմ, ընդհանրապէս աւելի հանգիստ է եւ ընկերային մթնոլորտը, որ մեզի համար առաւելութիւն է, կը կարծեմ պզտիկներուն համար ալ առաւելութիւն է։

Բախտաւոր եմ, որ մաքուր հայերէն գրել, կարդալ, խօսիլ արդէն գիտէի նախքան Հայաստան փոխադրուիլս։ Ուրեմն՝ լեզուական դժուարութիւն ընդհանրապէս չկար։ Նաեւ որովհետեւ շատ երկար ժամանակ Հայաստան գալ-երթալս օգնած էր արեւելահայերէնին շատ ծանօթ ըլլալուս։

Սալբի- ի՞նչ խորհուրդ կու տաք Հայաստան հաստատուիլ ցանկացողներուն։

Ալէք- Ամենէն մեծ առաջարկս այն է, որ ինծի պէս քանի մը ամիսով գան, քիչ-քիչ, փորձեն, որովհետեւ շատ բաներ կան, որոնց պէտք է վարժուին։ Կարճ ժամանակ երթալ-գալը առիթ կու տայ, որ քաղաքին աւելի ծանօթանաս եւ տեսնես ուր կ’ուզես ապրիլ եւ ինչպէս կ’ուզես ապրիլ։ Ամէն մէկ տուն իր առաւելութիւններն ու դժուարութիւնները ունի, Թորոնթոյի պէս չէ, ուր հարիւրաւոր նոր շէնքեր կան եւ բոլորը մօտաւորապէս նոյն են։ Հոս ամէն տեսակի տուն կայ, կողք կողքի երկու շէնք, մէկը միւսին հետ կապ չունի։ Իմ կարծիքովս փորձելը ամենէն կարեւոր բանն է։ Երկրորդը, կամ առաջինը գործ ունենալն է, իսկ ընկերային շրջանակ ունենալը մեծ առաւելութիւն է, եթէ ծանօթ մարդ կայ, կեանքդ կենցաղային իմաստով շատ աւելի կը դիւրացնէ։

Այլ հարց մը եւս՝ պէտք չէ մէկը Հայաստան փոխադրուի, այդ մտածումով որ ինքը կրնայ Հայաստանը փոխել, պէտք է փոխադրուի, որովհետեւ ինքը կ’ուզէ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը, բարելաւում մը կամ յառաջխաղացք մը ընել, եւ այդ ընթացքին, կամ այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին կրնայ որեւէ բան փոխել։ Բայց մարդիկ որոնք գերակայության բարդոյթ (superiority complex) ունին եւ կը մտածեն, որ Հայաստան կը տեղափոխուին, որ այդ երկիրը փոխեն, իմ կարծիքովս՝ սխալ մօտեցում է, առաւել՝ ապարդիւն է։ Պէտք է տեղացիի եւ սփիւռքահայու միջեւ երկխօսութիւն ըլլայ, որ մէկը միւսին քիչ մը փափուկցնէ: Այդ շփումին որպէս արդիւնք է, որ ամէն մարդ իրարու շատ աւելի լաւ կը հասկնայ։ Բոլորս իրարմէ սորվելիք ունինք իրականութեան մէջ։ Եթէ շատ նեղմիտ (closed-minded) մնաս եւ կարծես, չէ, իմ ձեւս ամենէն ճիշտն է, այն ատեն տեղ մը չես հասնիր եւ շատ արագ կը սկսիս դժգոհելու։ Պէտք է շատ բաց մտքով մօտենաս եւ տեղափոխուիս։ ֍


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#225) թիւին մէջ:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Next
Next

«Ռուբինա» մասնաճիւղի 63-ամեակի տօնակատարութիւնը վերանորոգման ուխտի օր դարձաւ