Տիրուկին հետ. Խոցուած քարտէսին երգը

Կան քաղցր յուշեր, որոնք տարիներու ընթացքին կը վերածուին մորմոքի, դառնացած աղաղակի։ Կան անցեալի օրհնութիւններէն ծնած մեղեդիներ, որոնք սահմաններու մէջ բանտարկուած՝ ապականած ճիչերու կը վերածուին։ Կան նաեւ անեղծ զգացումներ, որոնք եղծուած իրականութեան առջեւ տեղի կու տան լացի ու կոծի։ Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ եղծուած իրականութիւնը միայն քարտէսի վրայ գծուած պատկեր է… Աւա՜ղ, եղծուած են արեան կանչերը, հողի կենարար բուրմունքի հոգին, եւ խոցուած է քարտէսին անլուռ ուխտը։

Հալէպի, Հայաստանի եւ Պէյրութի մէջ տարիներ շարունակ Հայերէն լեզու եւ Հայոց պատմութիւն դասաւանդելով՝ հայեցի կրթութեամբ ու հայրենասիրութեամբ սնուցած եմ աշակերտներս։ Սկսած եմ Հայկ նահապետէն եւ հասած մինչեւ մեր օրերու հերոսներուն, ու անոնց յաղթանակներու հպարտութեամբ լեցուցած եմ նոր սերունդին միտքն ու հոգին։

Երբեք չեմ մոռնար միջնակարգի աշակերտներուս աչքերը, որոնք հրապուրիչ փայլք մը կը ստանային, երբ անոնք կը սորվէին գծել Հայաստանի եւ Արցախի միացեալ քարտէսը։ Իսկ ինչպէ՞ս մոռնալ նախակրթարանի փոքրիկներուն աչքերը, որոնք մէյ մէկ ճրագ դարձած, իրենց անհունութեան մէջ կը դրոշմէին հայրենի քարտէսին պատկերը։

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս առաջին դասարանի աշակերտներուս հետ, մեծ կտորներով փազըլի վերածուած գունաւոր քարտէսին շերտերը գետին կը փռէինք, ու փոքրիկները՝ հրճուանքով, հոս ու հոն տարածուած մարզերը կը միացնէին իրարու եւ անունները կրկնելով կը սորվէին հայրենիքի մարզերն եւ սահմանները ու հոն՝ այդ քարտէսին վրայ, Արցախը կը փայլէր իբրեւ շողշողուն արեւ։

Աշակերտներս, այդ դասապահերու ընթացքին, ո՛չ միայն քառակուսի քիլոմեթրերու թիւ կը սորվէին, այլ՝ պատկանելիութիւն։ Անոնք ո՛չ միայն մարզերը կը ճանչնային, այլ նաեւ՝ ունեցածով պարծենալ ու անոր տէր կանգնիլ կը սորվէին։ Ես հպարտութեամբ կը պատմէի Արցախի հերոսամարտին մասին ու այն հերոսներուն, որոնք խաչի նշանը իրենց զգեստին վրայ գծած՝ աղօթքէն ու յաղթական պարերէն ետք մահը կը դիմագրաւէին։ Այդ դասապահերու ընթացքին փոքրիկներուն աչքերը կը լեցուէին հրաշքի կայծերով, եւ պատմութիւնը կարծես կենդանի կը դառնար անոնց դիմաց, ու անոնք կը դառնային փառքի զրահներ հագած փոքրիկ Մոնթէներ։

Անոնց կը պատմէի նաեւ անձնական այս յուշս․ Արցախի ազատագրումէն ետք, մեր ընտանեկան խրախճանքներու աւարտին, երբ սեղանին վրայ կը դնէինք կարկանդակը, անոր վրայ երեք մոմեր կը վառէինք։ Աղջիկս, որ «Արցախ» եւ «Ղարաբաղ» անունները յաճախ լսած էր, օր մը ըսաւ՝ «Մոմերէն մէկը Հայաստանը կը խորհրդանշէ, միւսը՝ Արցախը, իսկ երրորդը՝ Ղարաբաղը»։ Հալէպի առաջնորդարանին մէջ բարձր դիրք վայելող հօրս ժողովական ընկերներէն ամենէն տարեցը ժպտելով բացատրեց անոր, թէ Արցախն ու Ղարաբաղը նոյնն են։ Վեցամեայ աղջիկս անմիջապէս՝ «Ուրեմն թող այս երեք մոմերը խորհրդանշեն Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը», պատասխանեց։ Ծիծաղեցանք, ու այդ պահուն մեր ծիծաղին մէջ այնքան հպարտութիւն կար, որ աշխարհը կարծես ամբողջութեամբ մերը ըլլար։ Այս յուշը լսելով՝ աշակերտներս, իրենք ալ իրենց տուներուն մէջ․ խրախճանքներու աւարտին, սկսան երեք մոմեր վառել, որովհետեւ հայրենասիրութեան սերմերով արդէն հարստացած էր անոնց մանկական հոգին։

Ա՜խ, Արցա՛խ, Արցա՛խ։ Ի՛մ քաղցր Արցախ...

Այս յուշերը գրած պահուս յիշեցի նաեւ մօրս՝ հիւմորով լեցուն գանգատները։ Իննսունական թուականն էր, Արցախեան շարժումի օրերն էին, ու հօրս միակ երազը Արցախն էր։ «Ես ալ պիտի երթամ ու կռուիմ», անդադար կը կրկնէր ան։ Մայրս ժպտելով կը պատասխանէր ու կ’ըսէր՝ «Կեանքիդ մէջ զէնք չես բռնած, քեզ չեն ընդունիր»։ Այս խօսքին վրայ հայրս կը սրտնեղէր, իսկ մայրս իր ծիծաղը հօրմէս հազիւ կը թաքցնէր։

Ծիծաղաշարժ գանգատ մը եւս ունէր մայրս. ուրեմն այդ օրերուն հայրս ամէն գիշեր երազին մէջ կռիւ կը մղէր թշնամիին դէմ ու քնացած տեղը կը գոռար․ «Դուն Արցախին տէրը չե՛ս, հեռացի՛ր, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ», իսկ մայրս այդ մղձաւանջին զոհը դառնալով՝ անքուն գիշերներ կ’անցնէր։ Հայրս, իր անուշ քունը կորսնցուցած՝ արդարութեան ճանապարհը կը փնտռէր, իսկ մայրս յաղթանակի աւետիսին կը սպասէր՝ «Երէկ նորէն չկրցանք հանգիստ քնանալ» կրկնելով։ Մեր տան մէջ ամէն ինչ կը դառնար Արցախի շուրջ։ Հօրս խօսքերը մինչեւ այսօր կը հնչեն ականջներուս մէջ։ Անոր աչքերուն մէջ կար անհանգստութիւն, բայց նաեւ հողատիրոջ՝ հողին կրկին տիրանալու անսասան հաւատք…ու այդ անսասան հաւատքով կռուեցան մեր առիւծները եւ Արցախը ազատագրեցին ու վերադարձուցին իսկական տիրոջը, ապա՝ ո՛չ միայն ծնողքս, այլ համա՜յն հայութիւնը հանգիստ քուն մը քաշեց։

Արցախի ազատագրումէն ետք ծնողքս բազմիցս Արցախ գացին՝ հայրենադարձ ընտանիքներ հոն հաստատելու։ Այն օրերուն Արցախը բառ չէր պարզապէս, այլ՝ նպատակ, ուխտ եւ սրբութիւն։ Մենք խոստացանք մասունքի պէս պահել զայն՝ եւ պահեցինք։ Իսկ այսօ՛ր…այսօր, հօրս ունեցած նոյն անհանգստութիւնը՝ սրտիս մէջ բոյն հիւսած է։ Այդ գունաւոր քարտէսը, զոր աչքի լոյսի պէս կը պահէինք, այսօր խոցուած է ու խունացած։ Այն հողերը, զորս մեր արեան գնով ազատագրեցինք, այսօր անիրաւ կերպով ուրիշին ձեռքին մէջ են։

Սիրտս կը մղկտայ ի տես անարդարութեան։ Անարդարութի՜ւն, այս բառը շատ անհեթեթ է այս պարագային։ Ահաւասիկ քանի մը օր առաջ բնութեան մէջ պատրաստուած ճաշի ֆիլմաշարի մէկ բաժինը դիտեցի։ Լեռներն ու դաշտերը դրախտի պատկերներու նման կը բացուէին դէմս, իսկ տան պարտէզը, ուր ճաշը կը պատրաստուէր՝ սրտամօտ ու հարազատ կը թուէր ըլլալ։ Երբ խոհարարը հայկական նախշերով սփռոցը, նուռով ու խաղողով զարդարուած պնակները տեղադրեց մեծկակ սեղանին վրայ ու իր զաւակները սեղանին շուրջ հաւաքելով սկսաւ թրքերէն խօսիլ ու ակնդիրներուն դառնալով՝ «Հրամեցէ՛ք, Քարվաճառ» յայտարարեց, ես արիւնաքամ դարձայ եւ արցունքոտ աչքերով ակամայ շշնջացի. «Որո՞ւն, ո՞ւր կը հրաւիրես։ Թող հարա՛մ ըլլայ ձեր ամէն մէկ պատառը, զոր խլեցիք մեզմէ։ Թող հարա՛մ ըլլայ ձեր ապագան՝ այն հողերուն վրայ, ուր մեր արիւնն է թափուած։ Քարվաճառի մեր հայկական հողին եւ հայու տան կողոպտուած պարտէզին մէջ նկարահանուած այդ տեսերիզն ալ գետինը մտնէ՛, դուք ալ հետը…

Բայց մորմոքն ու անէծքը բաւարար չեն։ Կորսուածը լացով չի՛ վերադառնար։ Եռաբլուրի լռութեան մէջ ննջող մեր հերոսները կը սպասեն մեզի՝ իրենց երազած արդարութիւնը տուն բերելու։ Ալ հերի՛ք է, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայինք փոքրացող քարտէսին ու փոքրնանք։ Մինչեւ ե՞րբ։

Մենք՝ կա՛մ պիտի կորսնցնենք մենք մեզի, եւ կամ պիտի մեծնանք այնքան, որ վերագծենք մեր ճշմարիտ քարտէսը։ Մեր պատմութիւնը կոչուած չէ կորուստի խաւարով աւարտելու, այլ՝ վերադարձի կենդանի խոստումով, որ կը սնանէ մեր հոգին եւ անսասան կը պահէ մեր կամքը։

Վերադարձի այդ լոյս խոստումը այսօր թող զարդարէ մեր օրերը ու անով լուսաւորուի Արցախի մթնած ներկան, մինչեւ որ անցեալի վարդագոյն յուշերով շնչող քարտէսը, յաղթական երգերու խլացուցիչ արձագանգի ներքոյ, իր բեհեզէ պատմուճանը հագնի ու մեզ առաջնորդէ դէպի յաւերժական ու սրբազան վերադարձ։ ֍


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2026 (#225) թիւին մէջ: Լուսանկարը՝ Սարին Աւետիսեանի:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Հայաստան ապրիլը ինծի համար ունի շատ մեծ առաւելութիւններ»

Next
Next

«Ռուբինա» մասնաճիւղի 63-ամեակի տօնակատարութիւնը վերանորոգման ուխտի օր դարձաւ