«Ռուբինա» մասնաճիւղի 63-ամեակի տօնակատարութիւնը վերանորոգման ուխտի օր դարձաւ

Լոյսի, գթութեան եւ ծառայութեան սուրբ ճամբուն վրայ քալող Հայ օգնութեան միութիւնը, իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն դարձած է հայ կնոջ ոգեղէն ուժին մարմնացումը՝ սրտի լայնութեամբ, մտքի պայծառութեամբ եւ գործի անխոնջ նուիրումով։ ՀՕՄ-ը, տարիներու հոլովոյթին մէջ, այնպիսի արժէքաւոր պահեր ստեղծած է, որոնք դարձած են յիշողութեան մէջ դրոշմուած հանգրուաններ՝ լի խորհուրդով, նուիրումով եւ վերանորոգուող հաւատքով։

Լուսանկարը տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղը

Կիրակի, 12 ապրիլ 2026-ին, Հայ կեդրոնի սրահը լեցուած էր ջերմ շունչով մը, որուն մէջ կը միախառնուէին յիշողութիւնը, հպարտութիւնը եւ վերանորոգուող ուխտը։ Այդ օրը ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը կը տօնէր իր գոյութեան 63-ամեակը՝ հաւաքելով իր շուրջը հոգեւորականներ, երեսփոխան՝ Արիս Պապիկեան, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչը, ազգային-քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական մարմիններու եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի եւ մասնաճիւղի վարչութեանց ընկերուհիներ, նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներ եւ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք միասնաբար եկած էին վկայելու ծառայութեան ու նուիրումի մէկ ամբողջ դարաշրջանի մը շարունակութիւնը։

Ձեռնարկը սկսաւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ, երբ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգերը, որոնք սրահը լեցուցին ազգային ոգիով եւ միասնականութեան զգացումով։

Հանդիսավար Նուշիկ Փափազեան-Մելքոնեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ներկաները՝ նշելով այդ օրուան խորհուրդը եւ արժէքը, որ կը գերազանցէ սովորական տարեդարձի սահմանները։

Սրահին մէջ հիւրերը նստած էին արդէն ճաշակով զարդարուած կլոր սեղաններու շուրջ , ուր ճաշերու ճոխ տեսականիները ՀՕՄ-ուհիներու նուիրեալ աշխատանքին արդիւնքն էին ու կ'արտացոլէին ո՛չ միայն հիւրասիրութիւն, այլեւ նաեւ հոգատարութիւն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի օրուան յանձնախումբի ատենապետ Զեփիւռ Խաչատուրեան, որ իր ներշնչող եւ գեղարուեստական արտայայտութեամբ վերակենդանացուց ՀՕՄ-ի դարաւոր ուղին՝ զայն նկարագրելով որպէս «կամքի եւ հաւատքի կոթող», «յոյսի սերմնացան» եւ «ցաւի բալասան»։ Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս կազմակերպութիւնը, անցնելով դժուարութիւններու մէջէն, միշտ մնացած է անխախտ իր կոչումին եւ շարունակած է ծառայել հայութեան՝ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Ատենապետուհիին խօսքը ո՛չ միայն գնահատանք էր անցեալին, այլ նաեւ հաստատում մը՝ շարունակելու նոյն ոգիով, նոյն հաւատքով եւ նոյն նուիրումով։

Սեղանի օրհնութենէն եւ ջերմիկ մթնոլորտի մէջ, համադամ ճաշատեսակները համտեսելու ընթացքին, օրուան կեդրոնական բաժինը կազմեց ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի բովանդակալից եւ բազմաշերտ խօսքը, որ պատկերներու ուղեկցութեամբ ներկայացուց մասնաճիւղին գործունէութեան ամբողջական պատկերը։ Ան նշեց, թէ մասնաճիւղը, իր չորս հարիւր տասնհինգ անդամներով եւ տասնութ յանձնախումբերով, կը շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը՝ կրթական, ընկերային, մշակութային եւ մարդասիրական բոլոր մարզերուն մէջ։

Ընկերուհին մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուց կրթական ոլորտին՝ մասնաւորելով շեշտեց ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին հանդէպ ցուցաբերուած շարունակական նեցուկը, որ այս տարի հասած է նշանակալից թիւերու՝ վաթսունհինգ հազար տոլար «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ, իսկ տասնվեց հազար տոլար Գանատայի շրջանային վարչութեան՝ ընդհանուր ութսունմէկ հազար տոլար նուիրատութեամբ, յատկապէս նշեց պատմական նշանակութիւն ունեցող 500 հազար տոլարի նուիրատութիւնը՝ նոր շէնքի ձեռքբերման համար։ Այս բոլորին մէջ արտացոլուած էր տարիներու անձնուէր աշխատանքը եւ կազմակերպուած ջանքերը։

Լայն անդրադարձի արժանացան կրթաթոշակային ծրագիրները․ այս տարի բարձրացած էին թէ՛ կրթաթոշակներու թիւը, թէ՛ գումարը՝ հասնելով տասներեք համալսարանական եւ երկու քոլէճի ուսանողներու աջակցութեան։ Նշուեցան նաեւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի կողմէ տրուած կրթաթոշակները եւ յատկապէս այն ուսանողներուն, որոնք Թորոնթոյէն են։

Ընկերուհի Հոթոյեան-Ժոլիի խօսքին մէջ ներկայացուեցան ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի (ան կը գործէ 1987-էն ի վեր) աշխատանքները, նաեւ կանանց դերակատարութեան զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները, ներառեալ ղեկավարական դասընթացքները, Կանանց միջազգային օրուան ձեռնարկները, դասախօսութիւնները, դաստիարակչական նախաձեռնութիւնները, որոնք կը զարգացնեն մեր գաղութի անդամները. նաեւ տարեկան տօնավաճառը, Մայրերու oրը, Բարեկենդանը, Տոհմիկ oրը, եւ այլ աւանդական կարեւոր սովորութիւններ, որոնցմով ՀՕՄ-ը զօրավիգ կը կանգնի հայոց մշակութային ժառանգութեան։

Գեղարուեստական բաժինը իր հմայքը բերաւ մթնոլորտին, երբ հնչեց Կոմիտասի «Երազ»-ը, Ռուպինա Քէօշկէրեան-Քէշիշեանի ազդեցիկ կատարողութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ`Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի։

Օրուան պատգամը փոխանցեց տ. Գեղարդ ծվ․ Քիւսպէկեան, որ բարձր գնահատեց Հայ օգնութեան միութեան առաքելութիւնը եւ յատկապէս «Ռուբինա» մասնաճիւղի նուիրեալ գործունէութիւնը։ Ան շեշտեց այն ծառայական ոգին, որ կը բնորոշէ միութեան անդամները՝ տեսնելով անոր մէջ հայ կնոջ նուիրումին, տոկունութեան եւ հայրենասիրութեան վեհագոյն արտայայտութիւնը։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ․ «ՀՕՄ-ը սիրոյ ծառայութիւն է, ոչ միայն կազմակերպութիւն», ընդգծելով, թէ անիկա կառոյցէ աւելի հոգեւոր արժէք մըն է, որ կը շնչէ մարդասիրութիւն եւ ինքնազոհում։

Գերապատիւ հայրը լուսարձակի տակ առաւ ՀՕՄ-ի օր ըստ օրէ ընդարձակուող գործունէութիւնը, որ հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի նոր բարձունքներ։ Ան վերահաստատեց, որ «կամաւորութիւնը մարդուն մէջ դրուած աստուածատուր շնորհք մըն է», եւ յաւելեց, թէ «սէրն ու նուիրումը չեն կրնար փոխարինուիլ ոեւէ արհեստական միջոցներով», յատկապէս այս ժամանակներուն, երբ մարդկային կապերը կը փորձուին նոր ձեւերով։

Լուսանկարը տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղը

Հայր Գեղարդ նաեւ յիշեցուց, թէ ՀՕՄ-ը իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով կը շարունակէ ամրապնդել համայնքային պատկանելիութիւնը՝ սերտօրէն գործակցելով եկեղեցւոյ եւ ազգային միութիւններու հետ, ստեղծելով համերաշխ եւ կենսունակ միջավայր մը, ուր կը ծաղկի հայ ոգին։ Մարդասիրութեան կենդանի օրինակը ներկայացնելով՝ ան մէջբերեց սուրբ Յովհաննէս առաքեալի խօսքը․ «Ինչպէ՞ս կրնաս սիրել զԱստուած, զոր չես տեսներ, եթէ չես սիրեր եղբայրդ, զոր կը տեսնես», ապա յիշեց նաեւ սուրբ Յակոբոս առաքեալի ուսուցումը՝ հաստատելով, թէ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ Այս մէջբերումներով ան կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ իրենց հաւատքը մարմնաւորելու գործով եւ ծառայութեամբ։

Իր խօսքին ընթացքին Գերապատիւ հայրը անդրադարձաւ նաեւ կրթական ասպարէզին մէջ ՀՕՄ-ի նշանակալի ներդրումին՝ նշելով, թէ շաբաթօրեայ դպրոցը միութեան նուիրեալ աշխատանքով վերածուած է ամէնօրեայ վարժարանի, որպէսզի հայ աշակերտը մեծնայ բարենպաստ պայմաններու մէջ եւ անխախտ պահէ իր ազգային ինքնութիւնը։ Ան շեշտեց, որ «համայնքը մեր ինքնութեան հիմքն է եւ ուժի անսպառ աղբիւրը», եւ յորդորեց երիտասարդներուն չտարուիլ արհեստական բանականութեան գայթակղիչ, բայց երբեմն օտարացնող միջոցներով, այլ մնալ սերտ կապի մէջ մարդոց եւ մարդկութեան հետ։ «Ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ է, ծառայեցէ՛ք սիրով եւ հաւատարմութեամբ», ըսաւ ան՝ հրաւիրելով երիտասարդութիւնը ներգրաւուելու բարեսիրական գործին մէջ եւ իրենց բաժինը բերելու ազգային կեանքի հզօրացման։

Գերապատիւ հայրը իր պատգամին աւարտին ըսաւ․ «Աղօթենք, որ Աստուած օրհնէ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը եւ զօրացնէ բոլոր անոնք, որոնք սիրով եւ նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդին»։

Յաջորդը մրցանակաբաշխութիւնն էր, երբ յանձնուեցան ՀՕՄ-ի բազմաթիւ կրթաթոշակներ՝ տարբեր բնագաւառներու ուսանողներուն՝

  • Առաջին տարուան համալսարանական ուսանողի կրթաթոշակ (երեք ուսանող)։

  • Բարձրագոյն ուսման հետեւող համալսարանական ուսանողի կրթաթոշակ (երկու ուսանող)։

  • «Դրօ Նաճարեան» կրթաթոշակ։

  • «Գէորգ եւ Արմէնուհի Գոլոլեան» կրթաթոշակ։

  • «Ներսէս Մխսիարթինեան» կրթաթոշակ։

  • «Առողջապահական գիտութեան» կրթաթոշակ։

  • Ուսումնարանի կրթաթոշակ։

  • Յաւելեալ չորս մրցանակ-կրթաթոշակներ՝ որեւէ տարուան եւ որեւէ ծրագրի հետեւող ուսանողներու։

  • Ինչպէս նաեւ պարգեւատրուեցաւ երիտասարդ կամաւոր մը իր աշխատասիրութեան եւ նուիրումին համար։

«Հայոց կանայք» երգի մեղեդիներով ու երգի կախարդանքով սրահը լեցուեցաւ նուրբ զգացողութեամբ՝ Ռուպինա Քէօշկէրեան-Քէշիշեանի կատարողութեամբ եւ Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի դաշնամուրային ընկերակցութեամբ։ Արուեստագէտ երաժիշտները, առ ի գնահատանք իրենց նուիրումին, ծաղկեփունջերով պարգեւատրուեցան։

Ատենապետ Հոթոյեան-Ժոլիի ձեռամբ, գնահատական գրութեամբ զարդարուն ապակեայ յուշանուէրներով, պարգեւատրուեցան երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող Սիւզի Գալթակեան, Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեան ու Զարուկ Չատրեան, որոնք իրենց զոհողութեան, անձնուէր ծառայութեան եւ ազգային արժէքներու անխախտ պահպանումին շնորհիւ անքակտելի հետք ձգած են գաղութին մէջ։

Յատուկ եւ յուզիչ պահ մըն էր անդամակցութեան զարդասեղի տուչութիւնը, ուր յիսուն, երեսունհինգ, քսանհինգ եւ տասնհինգ տարուան ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները պատուուեցան իրենց նուիրումին համար։

Անդամակցութեան յիսուն տարուան զարդասեղին արժանացան՝ Արփի Աճէմեան եւ Հուրի Նաճարեան՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի կապը հանդիսացող Մարալ Միսիրեանի ձեռամբ։

Երեսունհինգտարուան զարդասեղին արժանացան՝ Ծովինար Աշըգեան, Սօսի Տէրտէրեան, Զարուհի Բրուտեան, Աստղիկ Կարպուշեան, Լորա Մավլեան եւ Արշալոյս Փիլաւճեան՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամ Վարդուկ Պարտագճեանի ձեռամբ։

Քսանհինգ տարուան զարդասեղին արժանացան՝ Մարալ Գաբրիէլեան, Սօսի Կիրակոսեան, Ժանէթ Գիրէջեան, Զուարդ Ծատուրեան, Անահիտ Մարկոսեան, Զանի Մեսրոպեան-Շահինեան եւ Սիլվա Պէտիրեան՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամ՝ Արաքսի Փիլաւճեանի ձեռամբ։

Լուսանկարը տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղը

Տասնհինգ տարուան զարդասեղին արժանացան՝ Լիզա Գաբրիէլեան, Ազնիւ Զարացեան, Շողիկ Զարացեան, Յասմիկ Զարուկեան, Անի Հասըրճեան, Թալին Մահսերէճեան, Քնար Մարտիրոսեան, Յասմիկ Մոմճեան, Արտա Շահինեան, Արծուիկ Չոպանեան, Մարալ Պէքարեան, Սիլվի Օհանեան եւ Մարլէն Ֆէրմանեան՝ «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի ձեռամբ։ Իսկ Անի Հոթոյեան-Ժոլի իր 15-ամեայ զարդսեղը ստացաւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի փոխատենապետ Սիլվա Պետիրեանի ձեռամբ։

ՀՕՄ-ի աւիւնը թարմ պահող նորագրեալ անդամներուն սպասուած երդման պահը հասած էր։ Տեղի ունեցաւ նորագրեալներու երդման արարողութիւնը, երբ տասներեք նորագրեալներ՝ Յասմիկ Շարապխանեանի կնքամայրութեամբ, ուխտեցին հաւատարիմ մնալ ՀՕՄ-ի առաքելութեան։ Պահը խորհրդանշեց շարունակականութիւն, փոխանցում եւ ապագայի վստահութիւն։ Յասմիկ Շարապխանեանին, կնքամօր պաշտօնին որպէս խորհրդանիշ, ՀՕՄ-ի խորհրդանիշը կրող մետաքսեայ կապոյտ վզկապ մը նուիրուեցաւ։ Այսուհետեւ, որպէս աւանդոյթ, այդ խորհրդանշող վզկապը պիտի կրեն յաջորդ տարիներու ՀՕՄ-ի օրուան կնքամայրերը։

Ձեռնարկը հասաւ իր զգացական գագաթնակէտին՝ մոմավառութեամբ եւ կարկանդակի հատումով, երբ վաթսուներեք մոմերը վառեցան՝ խորհրդանշելով անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Երէց ընկերուհի Անժէլ Բանիկեանի եւ կրտսեր սերունդներու մասնակցութիւնը ներկայացնող Իզապէլ Ակոբի ձեռամբ կատարուած մոմավառութեամբ, գեղեցիկ կերպով մարմնացաւ սերունդներու կապը։

Հոգեւոր օրհնութեամբ եւ խմբանկարով փակուեցաւ այդ նշանակալից օրը, որ ո՛չ միայն տօնակատարութիւն էր, այլեւ վերանորոգուած ուխտ։ Այդ օրը յստակ դարձաւ, թէ ՀՕՄ-ը կը շարունակէ մնալ լոյսի ջահ մը հայութեան կեանքին մէջ, իսկ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը՝ այդ ջահը բարձր պահող հաւատարիմ ձեռքերու խումբ մը, որ ապրող ու շնչող ոգի մը՝ որ կը միաւորէ, կը զօրացնէ եւ կ’առաջնորդէ գաղութին զաւակները դէպի լուսաւոր ապագայ։ ֍


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#225) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Next
Next

Brewing connection with Sourj