ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. Պատմական քայլ մը՝ Թորոնթոյի հայեցի կրթութեան ապագային համար

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն կը յայտնէ 15,05 միլիոն տոլարով հսկայական ձեռքբերումի մը մասին, որ նոր էջ մը պիտի բանայ մեր համայնքին համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Կոմիտէին յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ․


ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ՄԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

211 Consumers Road հասցէին գտնուող համալիրը

Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ յաջողութեամբ ձեռք ձգեցինք 211 Consumers Road հասցէին գտնուող համալիր մը, որ պիտի փոխարինէ՝ միաժամանակ գերազանցելով ներկայիս ընթացքի դրուած Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրը։

15,05 միլիոն տոլար արժող այս ձեռքբերումը համայնքի պատմութեան մէջ ամենամեծ տնտեսական ծրագիրն է որ կը հանդիսանայ ազգային կրթութեան եւ համայնքային գործունէութեան երկարաժամկէտ ու կայուն աճն ու ապագան ապահովող վճռական ու ռազմավարական ներդրում մը։

Համալիրի իւրայատուկ կառուցուածքը առիթը պիտի ընծայէ նաեւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 7–12-րդ կարգերու տեղաւորումը նոր համալիրին մէջ, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու աճին ու զարգացումին համար անհրաժեշտ տարածք ստեղծելով ներկայի երկու շէնքերուն մէջ։ Տարիներէ ի վեր, տարածքի սահմանափակումներուն պատճառով բազմաթիւ հայ երեխաներ չեն կրցած ընդունուիլ համայնքիս միակ ամենօրեայ վարժարանը։ Այս ընդլայնումը ուղղակիօրէն կը լուծէ այդ հարցը եւ կ’ապահովէ վարժարանին կայուն ու շարունակական աճը։

Նոր նախաձեռնութեան նպաստելու համար, ACC Beyond հանգանակային արշաւը՝ որ սկզբնապէս մեկնարկած էինք Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի աշխատանքներուն ի նպաստ, պիտի վերամեկնարկուի եւ ուղղուի այս նոր ծրագիրի իրականացումին։

Այս անկիւնադարձը կը խորհրդանշէ կրթական գերազանցութեան եւ ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումի նոր ժամանակաշրջան մը։ Ժամանակակից այս համալիրը ձեռք ձգելով՝ համայնքը կ’երաշխաւորէ գանատահայութեան համար կայուն ու բարգաւաճ ապագայ մը։

Շնորհաւորութի՜ւն թորոնթոհայ համայնքին:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէ

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

ANNOUNCEMENT: A historic milestone for the Armenian community of Toronto

Next
Next

Ինքնատիպ մտաւորականը եւ անոր գրաւոր ժառանգութիւնը. Վազգէն Էթիեմեզեանի հատորին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Թորոնթոյի մէջ