Ինքնատիպ մտաւորականը եւ անոր գրաւոր ժառանգութիւնը. Վազգէն Էթիեմեզեանի հատորին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Թորոնթոյի մէջ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Կիրակի, 15 մարտի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին, Համայզգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ վաղամեռիկ մտաւորական, գրող եւ հրապարակագիր Վազգէն Էթիեմեզեանի «Գրական եւ իմացական էջեր» hատորին շնորհանդէսը՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրադարան-գրատարած յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Գիրքը պիտի ներկայացնէ բանաստեղծ, գրական–վերլուծական յօդուածներու հեղինակ եւ հատորին խմբագիր՝ մոնթրէալաբնակ մտաւորական Յարութիւն Պէրպէրեան:
«Գրական եւ իմացական էջեր»-ը մէկ հատորի տակ կը համախմբէ Էթիեմեզեանի գրական ստեղծագործութիւնները եւ իմացական յօդուածներն ու գրախօսականները, որոնք լոյս տեսած են «Ահեկան»-ի, «Սփիւռք»-ի, «Ազդակ»-ի,«Դրօշակ»-ի եւ «Բագին»-ի էջերուն մէջ, 1960-1985 թուականներու միջեւ:
Վազգէն Էթիեմեզեան (1943-1996) սփիւռքահայ մտաւորականութեան այն ինքնատիպ դէմքերէն է, որուն վաստակը կը տարածուի գրականութեան, հրապարակագրութեան, խմբագրական աշխատանքի եւ ուսուցչութեան դաշտերուն մէջ։
Էթիեմեզեան ծնած է Հալէպ, 1943-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ՝ աշակերտելով Մխիթարեան միաբանութեան հայրերուն։ Միջնակարգ ուսումը կ'ամբողջացնէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Պրէօվէի դասարանի աշակերտ դառնալէ տարի մը առաջ, անհատաբար կը ներկայանայ պետական քննութեանց եւ յաջողութիւն կ'արձանագրէ: Տնօրէնութիւնը կը մերժէ ընթացք տալ դասարան մը «ցատկելու» անոր պահանջին, որուն լոյսին տակ, հարկադրուած՝ երկրորդական ուսումը կը շարունակէ «Aleppo College»-ի մէջ: 1963-ին փոխադրուած է Պէյրութ, ուր յաճախած է Ամերիկեան համալսարանի ճարտարապետութեան դասընթացքներուն։ Ուսումնառութեան ծարաւը զինք առաջնորդած է դէպի Գանատա (1968-1975), ուր Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի համալսարաններուն մէջ խորացած է գրականագիտութեան, իմաստասիրութեան, ընկերաբանութեան եւ քաղաքական գիտութեանց մէջ։ Ուսման տարիներուն զուգահեռ, ան կեանքի ապրուստը ապահոված է յաճախ ծանր ֆիզիկական աշխատանքով։
1975-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկման նախօրեակին, Էթիեմեզեան վերադարձած է Պէյրութ՝ հաստատակամ որոշումով հոն մնալու եւ իր մասնակցութիւնը բերելու հայ համայնքի վերակենդանացման գործին։ Լիբանանի մէջ ան լծուած է բազմաբնոյթ գործունէութեան: Դասաւանդած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանին, Զարեհեան դպրեվանքին եւ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ. եղած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, աշխատակցած է «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ին եւ «Բագին» գրական հանդէսին։ Իր յօդուածները ստորագրած է Վ.Է., Վարազդատ, Ն. Դիմաքսեան եւ այլ գրչանուններով: 1985-ին հիմնած է իր սեփական «Մորմոք» գրաշարատունը՝ տիրապետելով համակարգչային արդի արհեստագիտութեան։
Էթիեմեզեանի գրականութիւնը (օրինակ՝ «Յարալէզ» պատմուածքը) կը կեդրոնանայ սփիւռքահայ ինքնութեան, յիշողութեան եւ օտար միջավայրի հետ յարաբերութեանց բարդ խնդիրներուն վրայ։ Իբրեւ հրապարակագիր, ան ունէր խորունկ, երբեմն «դժուարամատչելի» եւ ինքնատիպ ոճ, ուր քաղաքական իրադարձութիւնները կը վերլուծէր փիլիսոփայական եւ մշակութային ոսպնեակով։
Յօդուածներու եւ գրախօսականներու ճամբով, Էթիեմեզեան անդրադարձած է դասական հեղինակներու, ինչպիսիք են՝ Հրաչեայ Աճառեան, Յ. Ճ. Սիրունի, Մկրտիչ Արմէն, Յակոբ Մնձուրի, Վազգէն Շուշանեան, Յարութ Կոստանդեան, Մուշեղ Գալշոյեան եւ Հրանդ Մաթեւոսեան: Միւս կողմէ՝ ան ներկայացուցած է աւելի երիտասարդ, ժամանակակից կամ «դժուար» հեղինակներ՝ Զարեհ Որբունի, Կարօ Արմենեան, Վահէ Օշական եւ Գրիգոր Պըլտեան:
Էթիեմեզեանի մտաւորական վաստակին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ «Մշակոյթի արմատներուն ընդմէջէն» խորագիրը կրող տասնչորս յօդուածներէ բաղկացած շարքը։ Այս գրութիւնները լաւագոյնս կը ցոլացնեն հեղինակին հետաքրքրութեանց լայն շրջանակը՝ ընդգրկելով լեզուի, յիշողութեան, բարոյականութեան եւ սեռային ազատութեան հարցերը։
Իր վերլուծումներուն մէջ Էթիեմեզեան վարպետօրէն կը մէջբերէ միջազգային համբաւ վաստակած մտածողներ, ինչպիսիք են՝ Լուիճի Փիրանտելլօն, Ալպեր Քամիւն ու Քառլ Եունկը, փաստարկելով, որ ընկերային ու քաղաքական երեւոյթները պէտք է դիտարկել նախ եւ առաջ մշակութային խորքի վրայ։
Իբրեւ դաշնակցական գործիչ, ան խուսափած է լուսարձակներէ՝ նախընտրելով լուռ ու անշահախնդիր գործը։ Պատերազմի ամենէն դաժան օրերուն, անձնական օրինակով մասնակցած է համայնքային կեանքի ամենէն պարզ ու անհրաժեշտ աշխատանքներուն։
Վազգէն Էթիեմեզեան մահացած է անակնկալօրէն, 1996-ին, 53 տարեկան հասակին։
15 մարտի շնորհանդէսին գիրքը պիտի ներկայացնէ հատորին խմբագիրը՝ Յարութիւն Պէրպէրեանը, որ մեր քաղաքը յատկապէս այս ձեռնարկին համար պիտի գտնուի: Պէրպէրեան տասնամեակ մը ամբողջ եղած է «Բագին» հանդէսի խմբագիր ու ապա խմբագրական կազմի երկարամեայ անդամ եւ աշխատակից։ Ան նոյնպէս ծնած է Հալէպ։ Աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի անգլիական գրականութեան եւ Մոնթրէալի Մըքկիլ համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը, արժանանալով մագիստրոս կոչումին։ 1980-ական թուականներուն փոխադրուած է Մոնթրէալ, ուր մինչեւ օրս հայ գրականութիւն կը դասաւանդէ Ս. Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս։ Հեղինակն է բանաստեղծական չորս հատորներու՝ «Կորիզ» (1979), «Ոսպնեակ» (1984), «Անցման եղանակ» (1993) եւ «Սահմաններ» (2007):
Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրադարան-գրատարած յանձնախումբը սիրով կը հրաւիրէ թորոնթոհայութիւնն ու գրասէր հանրութիւնը այս շատ հետաքրքրական շնորհադէսին՝ մօտէն ծանօթանալու յայտնի մտաւորական եւ հրապարակախօս Վազգէն Էթիեմեզեանին, եւ ներկայացուող գիրքին ընդմէջէն բացայայտելու անոր բազմակողմանի գրական վաստակն ու խորունկ իմացական աշխարհը։