Մեր առաքելութեան ներշնչողը

լուսանկար՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի

Թորոնթոհայութեան համար հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի վախճանումը հսկայական ու աներեւակայելի թուացող կորուստ մըն է. տասնամեակներ շարունակ մեր բոլորին սիրելի Վարդապետը եղած է մեր կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը՝ ոչ միայն որպէս հոգեւորական, այլեւ որպէս օրինակելի ղեկավար, որուն ներկայութիւնը միշտ վստահութիւն եւ խաղաղութիւն կը ներշնչէր։

Ինծի համար հայր Եղիային կորուստը նաեւ անձնական եւ ընտանեկան յուզիչ հրաժեշտ մըն էր։ Մեր ընտանիքին համար հայ եկեղեցին միշտ եղած է մէկ ու անբաժանելի։ Մենք մեծցած ենք այն գիտակցութեամբ, որ հայ եկեղեցւոյ գմբէթը մէկ է՝ ըլլայ ան Առաքելական (Էջմիածնական թէ Կիլիկեան), Աւետարանական թէ Կաթողիկէ։ Հայր Եղիան այս համազգային սիրոյ եւ միասնութեան կենդանի մարմնաւորումն էր։ Իրեն համար քրիստոնէական առաքինութիւնն ու հայու ինքնութիւնը վեր էին ամէն տեսակ յարանուանական սահմաններէ։ Այո, ան կաթողիկէ հոգեւորական էր, սակայն կը հաւատար, որ մեր ուժը մեր միասնականութեան մէջ է, եւ իր դռները միշտ բաց էին բոլորին առջեւ՝ առանց որեւէ նախապայմանի կամ խտրականութեան։

Որպէս «Թորոնթոհայ»-ի խմբագիր, կրնամ հաստատել, որ հայր Եղիան պարզապէս մեր թերթին ընթերցողը կամ քաջալերողը չէր. անոր կերպարն ու համայնքային կեանքի հանդէպ ունեցած տեսլականը ներշնչման աղբիւր դարձան մեր թերթին որդեգրած առաքելութեան եւ սկզբունքներուն համար։ Մեր տեսլականը՝ ունենալ աշխուժ համայնք մը, որ հաւաքաբար կը նշէ իր յաջողութիւնները, եւ մեր առաքելութիւնը՝ ըլլալ հարթակ մը բոլորին համար, ուղղակիօրէն կ’արտացոլացնեն այն արժէքները, զորս հայր Եղիան կը դաւանէր ու կ’ապրէր ամէն օր։ Անոր ոգեւորութիւնը, երբ ամէն ամիս առաջինը կը ստանար թերթին նոր թիւը, մեզի համար պատուոյ նշան էր եւ վկայութիւն մը, որ մենք կը քալենք իր մատնանշած համերաշխութեան ուղիով։

Հայր Եղիան օրինակելի առաջնորդ էր, որուն առաքինութիւնը կը կայանար իր համեստութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան մէջ։ Ան մեզի ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըլլալ լաւ քրիստոնեայ եւ լաւ թորոնթոհայ։ Այսօր մենք կը սգանք իր կորուստը, բայց նաեւ կը տօնենք իր վաստակաշատ կեանքը, որ պիտի շարունակէ ուղեցոյց ըլլալ մեր համայնքի ապագայ սերունդներուն համար։

«Թորոնթոհայ»-ի այս թիւը սիրով կը ձօնենք հայր Եղիային պայծառ յիշատակին՝ որպէս յարգանքի տուրք այն հոգեւորականին, որ եղաւ այս թերթին հաւատարիմ ջատագովն ու մեր առաքելութեան ներշնչողը։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ ֎

Ռուբէն Ճանպազեան,
խմբագիր


Այս խմբագրականը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2026 (#223) թիւին մէջ:

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Next
Next

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - Փետրուար 2026 February [#223]