Թորոնթոհայութիւնը տարաբնոյթ ձեռնարկներով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
Թորոնթոյութիւնը իր ազգային եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներով, 23-26 ապրիլին, տարբեր ձեռնարկներու ընդմէջէն ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը, վերանորոգելով եւ հաստատելով իր ուխտը՝ արդարութեան եւ հատուցման ջահը միշտ վառ պահելու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ձեռնարկները ժամանակագրական հերթականութեամբ․
Մոմովառութիւն՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախունբին եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) անդամներուն, հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, Մարքամի յիշատակի պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութեան ոգեւորիչ ձեռնարկ մը՝ նուրիուած Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին։
Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը համայնքի հոգեւորականներուն, Կեդրոնական կոմիտէութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներուն, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերուն, թորոնթոհայ գաղութին մէջ գործող միութիւններու, համայքներու եւ կազմակերպութիւններու, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ համակիրներուն:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի եւ Մարքամի մէջ գործող օտարազգի քաղաքական եւ նահանգի մէջ ծառայող ակնառու ներկայացուցիչներ:
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի/«Հորիզոն»-ի
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ լռութեան եւ յարգանքի պահով, որմէ ետք ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ՀՅԴ-ԳՊՄ) «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղերու պատանիները՝ երգչախմբային ելոյթով եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Թորոնթոյի մասնաճիւղի փողերախումբի հնչեղութեամբ, ներկայացուցին օրհներգերը։ Բացման խօսքով հանդէս եկան Բալիկ Ասթուր եւ Յովան Մկրտիչեան, որոնք մատնանշեցին, որ ապրիլեան իրականութիւնը սոսկ անցեալի յիշատակութիւն չէ, այլ մղիչ եւ հրահրիչ ուժ՝ պայքարելու եւ պահաջելու։
Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ հռետորական խօսքերով հանդէս եկան Գանատայի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ տ. Բաբգէն արք․ Չարեան, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան եւ Իտալիոյ Մխիթարեան մայրավանքի Սուրբ Ղազար կղզիի հոգեւոր հովիւ հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան։
Գեղարուեստական յայտագրին մէջ ասմունքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Քէշիշեան, իսկ ջութակով՝ Նշան Փափազեան։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Արիս Պապիկեան, Ճոնաթան Ցաու եւ Ռուտի Քուզեթօ, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Օնթարիոյի նահանգային նախարար Սթիվըն Լէչէ։ Խօսք առին նաեւ Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարբիթի, Ռիչմընտ Հիլի փոխքաղաքապետ Կատուին Չան եւ Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճին Եիփի ներկայացուցիչ Փաթրիք Լի։
Օտարազգի քաղաքական ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց լրիւ աջակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան եւ պահանջատիրութեան գաղափարին, ինչպէս նաեւ շեշտը դրին կրթական համակարգին մէջ Ցեղասպանութեան ուսուցման։
Օրուան պատգամաբերներէն էր Օնթարիոյի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր, որ իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը ծրագրուած եղեռն էր, որ ցարդ շարունակուեցաւ մինչեւ Արցախի շրջափակումը եւ ժողովուրդին բռնի տեղահանութիւնը։
Խորհրդաւոր ձեռարկը վերջ գտաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ տ. Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի սրտի խօսքով եւ աղօթքով։ Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, երբ ներկաները ծաղիկներ եւ մոմեր զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին շուրջ, ինչպէս նաեւ Գանատայի երիտասարդաց միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի երիտասարդներու եւ Գանատայի պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղերու պատանիներուն պատրաստուած Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսին վրայ ներկաներ իրենց պապենական ծննդավայրը ամրագրեցին։
Միջյարանուանական ոգեկոչում՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ մէջ
Միջյարանուանական մարմինը՝ ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8-ին կազմակերպած էր սուրբ եւ անմահ պատարագ, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին։
Պատարագը կը վայելէր ներկայութիւնը Ս.Աստուածածին Հայց․ առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ․ Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի, տ․ Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի, Ս. Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, փոխառաջնորդ տ. Զարեհ աւ․ քհն․ Զարգարեանի, հովիւի օգնական տ. Հայարի քհն. Թանաշեանի, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ․ Հայկ քհն․ Շահինեանի եւ Հայ Աւետարանական համայքի հովիւ՝ պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի, Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, սարկաւագաց եւ դպրաց դասուն, վարչական ներկայացուցիչներուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին։
Լուսանկարները՝ Պերճ Բարսեղեանի
Օրուան պատարագը մատուցեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` տ. Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան։ Հաւատացեալ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ պատարագին եւ մասնակից դարձաւ աղօթքին։
Ազգային շաբաթօրեայ Ս․Սահակ եւ Ս․ Մաշտոց երգչախումբի աշակերտները հանդէս եկան փունջ մը հայրենասիրական երգերով։
Օրուան պատկամաբերն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ տ. Հայկ քհն․ Շահինեան:
Աւարտին, հոգեւորականերու, սարկաւագաց, դպրաց դասին նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի զետեղում՝ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող յուշարձանին շուրջ։ Ներկաները իրենց մեխակները զետեղելով մասնակից դարձան «Կարգ բարեխօսութեան»։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Blood for memory արիւնատուչութեան արշաւը
Շաբաթ, 25 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը, յաջողութեամբ պսակուեցաւ Blood for memory արիւնատուչութեան արշաւը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան (ACMAO - Armenian Canadian Medical Association of Ontario) եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի համատեղ կազմակերպութեամբ՝ այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը համախմբեց հայ համայնքի անդամները՝ յիշատակի եւ մարդասիրական ծառայութեան ոգիով։
Լուսանկարները՝ ACMAO-ի
Բոլոր նուիրատուները նախապէս գրանցուած էին եւ լրացուցած էին համապատասխան կարճ որակաւորման հարցաշարը, ապահովելով կազմակերպուած եւ սահուն ընթացք։ Արեան նուիրատուութիւնը տեղի ունեցաւ երկու կեդրոններու մէջ՝ Վաունի եւ Ռիչմընտ հիլի Canadian Blood Services-ի կեդրոններուն մէջ։
Արեան տուչութեան այս իւրայատուկ գաղափարը ծնունդ առած էր 2015-ին՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, Զուիցերիոյ հայ երիտասարդութեան կողմէ։ Նպատակն էր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու թափուած արեան դիմաց, իբրեւ կենդանի յիշատակ եւ մարդասիրական քայլ, արիւն նուիրել համայն մարդկութեան՝ փրկելու նոր կեանքեր։
Թորոնթոյի հայ գաղութը այդ օրերուն նոյնպէս մեծ խանդավառութեամբ միացած էր այս շարժումին։ 2015 ապրիլ 12-ի առաջին նուիրատուները եղած էին Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանն ու իր երկու որդիները, որոնք իրենց օրինակով բացին տուչութիւնը։
Որպէս յարգանքի տուրք եւ շարունակականութեան նշան, այս տարուան արշաւի առաջին նուիրատուն եղաւ ACMAO-ի հիմնադիրներէն եւ առաջին նախագահ տոքթ. Ժիրայր Թռնամեանը. թորոնթոհայ բժիշկին յաջորդեց իր եղբօրորդին ու միութեան ներկայ նախագահը՝ տոքթ. Քրիստիան Թռնամեանը։
Թորոնթոհայ հոծ բազմութեամբ՝ Հայ կեդրոնէն ներս ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ՝ նուիրուած Մեծ եղեռնի 111-ամեակին։
Ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը՝ համայնքի հոգեւորականներուն, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներուն, Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն, Թորոնթոյի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերուն, թորոնթոհայ գաղութի մէջ գործող միութիւններու, համայքներու եւ կազմակերպութիւններու, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ համակիրներուն:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի օրհներգներու հնչեղութեամբ եւ սկաուտներու տողանցքով սկիզբ առաւ ձեռնարկը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի երիտասարդական միութեանէն Աւետիս Գրժիքեան, որ խրախուսիչ եւ պայքարի կոչով հրաւիրեց ներկաները անխափան եւ անվհատ կերպով շարունակելու պայքարը եւ իրականացնելու ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումը։
Տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի
Օրուան հանդիսավարներ Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան եւ Աւետիս Գրժիքեան հերթականութեամբ հրաւիրեցին գեղարուեստական յայտագրին մէջ բաժին ունեցողները՝ տուտուկահար Ճիւան Ստեփանեանը, ջութակահար Նշան Փափազեանը, ասմունքող Սարին Փոլատեան Աբիկեանը, մեներգող Փաթիլ Սարգիսը, խմբային ասմունքի՝ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակետներէն Վան Տէր Յարութիւնեանը, Գայանէ Յարութիւնեանը եւ Լարա Տէր Մինասեանը։ Տեղին է նշել, որ սրահի մուտքին կար ձեռային աշխատանք մը, որ կը պատկերէր Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսը իր քաղաքներով եւ գիւղերով, ուր ներկաները իրենց պապենական հողերու ծննդավայրը ամրագրեցին քարտէսի վրայ։ Մուտքին կար նաեւ անմոռուկ ծաղիկներու հունտեր, որոնք ներկաներուն կողմէ ցանուեցան որպէս յաւերժութեան եւ վերածնունդի խորհրդանիշ։
Օրուան պատկամաբերն էր, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան (պատշաճեցուած ուղերձը՝ առաջին էջին վրայ)։ Սարգիսեան նախ ներկայացուց կեանքի ելեւէջները եղեռնէն ճողոպրած այն յիսուն որբացած հայ մանուկներուն, որոնք թշուար, անօթեւան եւ դաժան պայմաններով հասած էին Գանատայի Ճորճ Թաուն շրջանը՝ չգիտակցելով, թէ ինչպիսի դժուարութիւն կը սպասէր իրենց հեռաւոր Գանատայի մէջ, նամանաւանդ երբ երկրի այն ժամանակուան պատասխանատուները փորձեցին ձուլել զիրենք օտարազգի դպրոցներու մէջ, ըստ ծրագրուած նոր օրէնքին։
Սարգիսեան որպէս օրինակ բերաւ Գուրգէն Մարգարեանը․ այն յիսուն որբերէն մէկը, որ յետագային դարձաւ երդուեալ Դաշնակցական՝ Գարեգին նժդեհի ձեռամբ, Գանատայի Սէնթ Քաթրինզի մէջ։ Մարգարեան յետագային եղաւ Թորոնթոյի ՀՅԴ կոմիտէութեան ղեկավարներէն մին եւ տարիներ ետք՝ նուիրեալ տնօրէն Արիս Պապայեանի հետ, 1979-ին, հիմը դրին ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին։
Սարգիսեան ակնարկեց Մեծն եղեռնի զոհերուն մեզի պատգամած գաղափարախօսութեան, մատնանշելով այդ յիսուն որբերը, որոնք հակառակ Գանատական կառավարութեան որդեգրած ձուլումի ծրագիրներուն, ի շնորհիւ հայ բարերարներու, կառչած մնացին իրենց հաւատքին եւ հիմը դրին հայապահպանման գաղափարին։ Ան անդրարարձաւ հայու անկոտրում կամքին եւ հայապահպանման աշխատանքին, մէջբերելով Շահան Նաթալիի «Առանց հայրենիքի ազգ չի կրնար ըլլալ եւ առանց ազգի հայրենիք չկայ» խօսքը։
Բանախօսը շեշտեց, թէ հայապահպանման եւ հայակերտումի աշխատանքներուն մէջ իր եզակի եւ ուրոյն տեղը կը գրաւէ հայ ընտանիքը, որ անմիջական կապը, մղիչ ուժը եւ հիմնական կռուանն է հայապահպանման ծրագրին, իսկ Թորոնթոյի հայ դպրոցը իր հիմնադրութենէն ի վեր կրցած է ձեւաւորել եւ կերտել հայ պատանիին եւ ապագայի հայուն ինքնութիւնը՝ սորվեցնելով հայ աշակերտին, որ՝ «Քրիստոնէութիւնն է մեր հաւատքը, Եռագոյնն է մեր դրօշը, «Մեր հայրենիք»-ն է մեր օրհներգը, մերն է միացեալ Հայաստանը»։ Ան իր խօսքին մէջ ի յայտ բերաւ վարժարանի կատարած նուաճումներն ու տարած հայապահպանման աշխատանքները։
Բանախօսը իր խօսքին մէջ ներկայացուց թէ ինչպէս Սէնթ Քաթրինզի մէջ Գարեգին Նժդեհ խումբ մը երդուեալ դաշնակցականներու կու տայ իր պատգամն ու յուսադրիչ խօսքերով կը հրահրէ անոնց գոյութիւնը, բացատրելով, թէ ինչ տեսլականով հիմնած է Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան «Ցեղակրօն» ուխտը։
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնը գօտեպնդիչ եւ հպարտանքի արտայայտութեամբ յայտարարեց թորոնթոհայութեան առած նոր քայլը, նոր դպրոցի հիմնադրութիւնը, որ պիտի շարունակէ գործել նախնիներու կտակով՝ հայապահպանման եւ հայակերտումի աշխատանքներուն մէջ։
Ան իր խօսքին մէջ ի յայտ բերաւ Հայաստանի ներկայ վարչապետին ամօթալի ծրագիրները եւ խոստումները ժողովուրդին՝ ի նպաստ քուէներու, սակայն քանի դեռ ազգայնասէր հայ կայ եւ սփիւռքի ափերուն մէջ կը կատարէ հայապահպանման ծրագիրները ու նահատակներու արեան կանչով եւ վերապրածներու ոգիով պիտի շարունակէ իր երթը դէպի հզօր եւ ամբողջական Հայաստանի կերտումը։
Ան իր խօսքին աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն, ըսելով՝ «բոլորս միասին՝ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ ընտանիք, դաստիարակենք մեր զաւակները ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեամբ, սերմանենք անոնց մէջ պահաջատիրութեան ոգին ու ընթանանք նախնիներու հետքերով։ Սփիւռքի մէջ այս տեսլականով ապրեցաւ եւ գործեց հայը եւ արձանագրեց փայլուն յաղթանակներ։ Նոյնը նաեւ այսօր սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ու նախնիներու հրամայականով պիտի առաջնուրդուինք․ զոհաբերութիւն, գոյութիւն արդարութիւն, մանուկ, երիտասարդ, ազատագրութիւն, գաղափար եւ Հայաստան»։
Աւարտին, հ. Գարեգին ծվ․ Շխըրտմեան հանդէս եկաւ «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք հոծ բազմութիւնը ուղուեցաւ Հայ կեդրոնի դէմ կանգնած յուշակոթող եւ ծաղիկներ մատուցեց անմահ նահատակներու յիշատակին, ապա «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ ձեռնարկը։
111-ամեակ… 111 քմ վազքարշաւ
ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի երիտասարդական ընկերներու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ վազքարշաւ մը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։ Վազքարշաւի նուիրատուութեան բաժինէն մաս մը պիտի յատկացուէր Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Յոյսի օճախներ» (Hearths of Hope ) ծրագրին, որ կը միտի տուներով ապահովելու անօթեւան մնացած արցախահայերը։
Տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի
Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 9-ին Ալպէրթ Աճեմեանի վազքարշաւով։ Տեղին է նշել, որ Ալպէրթը վազեց ամբողջ հարիւր տասնմէկ քիլոմեթր, իրեն միացաւ Սամ Մանուկեանը երեսուն քիլոմեթրէն եւ ամէն տասը քիլոմեթրին ԳԵՄ-ականներու խումբ մը։ Սոյն վազքարշաւը տեւեց մինեւ յաջորդ առաւօտ ժամը 9։30, երբ վազող խումբին միացան ժողովուրդէն երիտասարդներ, պատանիներ եւ փոքրեր, որոնք վազեցին տասնմէկ քիլոմեթր եւ կամ քալեցին հինգ քիլոմեթր։
Սոյն նախաձեռնութեան բացումը կատարուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որոնց յաջորդեց Էլիզապէթ Գանտահարեանի բացման եւ ողջոյնի խօսքը։ Գանտահարեան ըսաւ. «Այսօրուան ձեր ներկայութիւնը լուրջ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի մեզի համար։ Այսօր կ'աւարտի ցեղասպանութեան 111-ամեակը։ Երախտապարտ ենք ձեզի, որ երկրորդ տարին ըլլալով այս վազքը մեծ քաջալերանքի արժանացաւ։ Այս նախաձեռնութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք տակաւին կը յիշենք եւ կու գանք ըսելու, որ ունինք մէկ դատ, մէկ նպատակ եւ մէկ պահանջատիրութիւն»։
Աշխուժ եւ եզակի այս նախաձեռնութիւնը, ջերմ ընդունելութիւն ունեցաւ թորոնթոհայերուն կողմէ, որոնք վազեցին Հայ կեդրոնի շրջակայ թաղամասերը եւ մէկուկէս ժամ ետք վերադարձան հաւաքման վայրը, ուր հիւրասիրութեամբ եւ յիշատակելի նկարահանումներով աւարտեցին նախաձեռնութիւնը։ ֍