ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը այս տարի եւս յաջողութեամբ փակեց ուսումնական տարին
Մեծաթիւ շրջանաւարտներով ամավերջի հանդէսները անգամ մը եւս հաստատեցին գաղութի կենսունակութիւնը
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին համար յունիս 2026-ը տօնական ամիս էր, որու ընթացքին տեղի ունեցան «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանի
ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:
Մանկապարտէզի աւարտական հանդէս
Լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը:
Ուրբաթ, 5 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի մուտքին: Յիսունմէկ մանուկներ, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յիշատակի նկարներու յարակցումով մը, որ կը ներկայացնէր ծիլ կարգէն մինչեւ ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնները: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ'աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգեր, ու ապա վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեան կ'ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը: Կը բացուի վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ կը դիմաւորեն իրենց անմեղ ժպիտներով: Ապա անոնք հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով կ’երգեն եւ ասմունքեն եւ հանդէսի առաջին բաժինը կը փակուի հայկական պարով մը, որ մեծ խանդավառութիւն կը պատճառէ ներկաներուն:
Եւ կը հասնի սպասուած պահը: Տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխտնօրէնուհի Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը:
Այսպիսով, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան՝ հայկական պարով մը։
Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հովիւ՝ տ. Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:
Միջնակարգի աւարտական հանդէս
Լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը:
Յաջորդող ուրբաթ օր, 12 յունիսին, «Գոլոլեան» նախակրթարանի ընթացքը աւարտող քառասունվեց աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի հանդիսութիւնը: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ Սիւզի Մելիտոնեան:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան ասմունքով: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Ծովինար Սարգիսեան, անգլերէնով՝ Սեպուհ Սարգիսեան եւ ֆրանսերէնով՝ Արեւ Խաչատուրեան:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց թէ վարժարանը իր յաջողութիւններու բաժինը կը պարտի աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որով հիմը դրին այս վարժարանին:
Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:
Տէր Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու կատարեց պահպանիչը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Երկրորդականի աւարտական հանդէս
Լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը:
Եւ վերջապէս, Ուրբաթ, 19 յունիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած քսանինը երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցի Աշխէն Մալխասեանի ցուցմունքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերէն ետք, տիկին Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը եկեղեցիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն, եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց որ այս քսանինը երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան բանաստեղծութիւններով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Անի Հրեշտակեան, անգլերէնով՝ Միլա Սերայտարեան եւ ֆրանսերէնով՝ Լարա Տէր Մինասեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով, որ այդ հոգիով է որ թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսներուն վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանել հայրենիքի տարածքներու կամ ազգային հերոսներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին:
«Խոստացած էի այս դասարանին, որ նախքան աւարտելը միասին պիտի այցելենք 211 Consumers Road-ի մեր նոր շէնքը եւ անոնք պիտի ըլլան առաջինները, որոնք կը տեսնեն շէնքը որպէս դասարան եւ այնտեղ ունենան կարճ դասապահ մը միասին: Այցելութեան առիթը ունեցանք երէկ, երբ մեր դասապահին նիւթը նուիրումի մասին էր, թէ ինչպէ՞ս ամէն թորոնթոհայ սերունդ եղաւ հեռատես, անոնց ծրագիրները միշտ ի շահ մեր գաղութի ապագային էին եւ հերթը ահաւասիկ այսօր մերն է, որ նուիրուինք ապագայ սերունդներուն: Այո՛, այս բեմին նստած քսանինը աշակերտները պիտի չ վայելեն այս շէնքը որպէս աշակերտ այսօր, բայց փառք պիտի տան, երբ իրենց զաւակներուն համար տեղ կ'ունենանք այս վարժարանէն ներս տասնեակ տարի յետոյ: Ահա սուրբ գործի գաղափարը, որ ամէն սերունդ, յենուելով իր նախորդի հաստատած ամուր հիմքերուն, պատուով կը դառնայ անոր ջահակիրը ու կը ծառայէ ի շահ գալիք սերունդներուն,— ըսաւ Սարգիսեան եւ աւելցուց,—
Գարեգին Նժդեհն այս առաքելութիւնը լաւագոյնս պատկերացուցած էր հետեւեալ խօսքերով «Գերազանցի՛ր նախորդներիդ: Կռուիր այնպէս, որ քո ընթացքով հեշտացնես քեզնից յետոյ միեւնոյն նպատակի համար կռուողների գործը, քանզի ով չի գերազանցում իր նախորդներին, նա անարգում է նրանց անունը՝ մեղանչելով ոգու զարգացման օրէնքի դէմ, դա ասել է, որ քո սերունդն աւելի մեծ պարտականութիւն ունի, քան ունէր անցնող սերունդը, եւ որ պարտականութեան մէջ քո բաժինը՝ առիւծի բաժինն է, ամենամեծը»:
Սարգիսեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ․ «Վկայելով՝ ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրենասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր նուիրուածոթեամբ եւ կամաւոր ոգիով եւ քաջ գիտնալով, որ ձեր մէջ կ'ապրի եւ կը շարունակէ ծաղկիլ հայու հզօր հոգին, որուն յառած դուք պիտի սաւառնիք արիաբար դէպի ազգային եւ անձնական կեանքի մարտահրաւէրներու դիմաց՝ ձեր սրտին պահելով Նժդեհի խօսքերը, որոնք կ'արձագանգեն անցեալէն եւ կը մարմնաւորուին այսօրուան մեր գաղութին կատարած ազգափրկիչ գործերով՝ ձեր հունձքը, կ'անուանենք «Գարեգին Նժդեհ» հունձք»:
12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ Կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:
Ս. Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հովիւ՝ տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»ը։ «Գարեգին Նժդեհ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղղուելու դէպի լուսաշող ապագայ: ֍
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#227) թիւին մէջ: Թղթակցութիւնն ու լուսանկարները տրամադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը: