Շրջանաւարտութեան խանդավառ հանդիսութիւններ՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս
Միջնակարգի աւարտական հանդէս
Լուսանկարը տրամադրած է Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը:
Շաբաթ, 20 յունիս 2026-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանի 8-րդ կարգի աւարտական հանդէսը։
Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն բաժիններէն երեսունմէկ աշակերտներ ներկայացուցին գեղեցիկ եւ բովանդակալից յայտագիր մը, որ կ'ընդգրկէր ասմունքներ, ուղերձներ եւ աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը։ Տեսերիզը կը ներկայացնէր աւարտականներու դպրոցական առօրեան՝ վերապրեցնելով անոնց յուշերը։
Սրտի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէնուհի՝ դոկտ. Արփի Փանոսեան Մըթարթը դպրոցի նախկին տնօրէն Եդուարդ Պալեան եւ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ տ. Զարեհ աւ․ քհն. Զարգարեան։ Անոնք, շնորհաւորելով աշակերտները, փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները եւ ընդգծեցին Շաբաթօրեայ վարժարանին ունեցած կարեւոր դերն ու ներդրումը Սփիւռքի մէջ հայեցի կրթութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ գիտակից հայ մարդ պատրաստելու առաքելութեան մէջ։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու, գնահատագրերու եւ նուէրներու յանձնումը, որմէ ետք աշակերտները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն եւ գնահատանքին։
Կարկանդակի հատումէն ետք, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ ուղղուեցան Splitsville Bowl, ուր միասին վայելեցին հաճելի պահեր, զուարճացան եւ կերտեցին անմոռանալի յիշատակներ։
Մանկապարտէզի աւարտական հանդէս
Լուսանկարը տրամադրած է Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանը:
Շաբաթ, 13 յունիս 2026-ին, Թորոնթոյի հայ համայնքը ականատես դարձաւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանի Ա. կարգի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդիսութեան, որ անցաւ ջերմ, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Ըստ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հրապարակած հաղորդագրութեան, հանդիսութեան բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի տոքթ. Արփի Փանոսեան-Մութարթ: Իր բացման խօսքին մէջ տնօրէնուհին երախտագիտութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ իրենց անսակարկ նուիրումին ու վարժարանին հետ սերտ համագործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ սրտանց շնորհաւորեց փոքրիկ շրջանաւարտները՝ մաղթելով անոնց ուսումնական կեանքի մէջ նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ:
Բացման խօսքէն ետք ընթացք առաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Առաջին դասարանի աշակերտները բեմահարթակը խանդավառեցին իրենց շնորհալի երգերով, պարերով ու գեղեցիկ ելոյթներով՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ ու երկարատեւ ծափահարութիւններուն: Յայտագիրին յատկանշական պահերէն մէկը հանդիսացաւ վկայականներու հանդիսաւոր բաշխումը, որմէ ետք բեմ բարձրացան մանկապարտէզի եւ կոկոն դասարանի փոքրիկները: Անոնք իրենց սիրուն կատարումներով աւելի եւս ճոխացուցին օրուան խորհուրդը եւ մեծ խնդութիւն պատճառեցին հանդիսատեսներուն:
Հանդիսութեան աւարտին իր հայրական պատգամն ու սրտի խօսքը փոխանցեց Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան: Տէր Հայրը յատուկ շեշտեց Գանատայի կառավարութեան դերակատարութիւնը՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով հայ համայնքին եւ յատկապէս նորահաստատ ընտանիքներուն ընձեռուած լայն հնարաւորութիւններուն ու ցուցաբերուած մշտական աջակցութեան համար:
Արժանապատիւ քահանան բարձր գնահատեց տնօրէնուհի դոկտ. Արփի Փանոսեան-Մութարթի, ուսուցչական կազմի, ծնողներու եւ կամաւորներու անդուլ աշխատանքը, որոնք իրենց նուիրումով ու զոհողութեամբ կը նպաստեն հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային արժէքներու անաղարտ պահպանման: Տէր Հայրը նաեւ յատուկ շնորհաւորութիւն եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Թորոնթոյի հանրային վարժարաններու խորհուրդի (TDSB) ծրագրերու համակարգող՝ Այվի Ալեխանտրօյին, վարժարանի կրթական նախաձեռնութիւններուն եւ գործունէութեան հանդէպ ցուցաբերած իր անփոխարինելի աջակցութեան համար:
Այսպիսով, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանի հերթական հանդիսութիւնը փակուեցաւ տօնական բարձր տրամադրութեամբ՝ դառնալով գեղեցիկ եւ անմոռանալի յիշատակ մը աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն համար: